ԴԱՍ 3
Ռախաբ Եհովային հաւատաց
Եկուր երեւակայենք որ գացեր ենք Երիքով քաղաքը։ Այս քաղաքը Քանանի երկրին մէջ է։ Անոր մէջ ապրող մարդիկը Եհովային չեն հաւատար։ Հոն, Ռախաբ անունով կին մը կայ։
Ռախաբ, երբ պզտիկ աղջիկ էր, շատ պատմութիւններ լսած էր։ Ան լսած էր, թէ Մովսէս ինչպէ՛ս կարմիր ծովը բացաւ եւ իսրայէլացիները Եգիպտոսէն դուրս հանեց։ Ռախաբ նաեւ լսած էր, թէ Եհովան ինչպէս իսրայէլացիներուն օգնեց, որ կռիւներու մէջ իրե՛նք յաղթեն։ Իսկ հիմա, ան կը լսէ թէ իսրայէլացիները իր ապրած Երիքով քաղաքին քով կեցեր են։
Ռախաբ լրտեսները պաշտպանեց, քանի որ Եհովային կը հաւատար
Գիշերով մը, երկու իսրայէլացի լրտեսներ Երիքով քաղաքը կը մտնեն։ Անոնց կ’ըսենք լրտեսներ, քանի որ գաղտնի կերպով կը մտնեն որ տեսնեն թէ ի՛նչ կայ հոն։ Այս երկու լրտեսները Ռախաբին դուռը կը զարնեն։ Ռախաբ անոնց կ’ըսէ որ ներս մտնեն եւ հոն ալ մնան։ Վերջը, Երիքովի թագաւորը կը գիտնայ թէ քաղաքին մէջ լրտեսներ կան եւ թէ անոնք Ռախաբին տունը գացեր են։ Թագաւորը մարդիկ կը ղրկէ որ զանոնք բռնեն։ Ռախա՞բ ինչ կ’ընէ։ Ան երկու իսրայէլացիները իր տունին տանիքը կը հանէ, եւ կ’ըսէ որ հոն պահուըտին։ Երբ թագաւորին մարդիկը իր քով կու գան, Ռախաբ կ’ըսէ. «Լրտեսները հոս էին, բայց անոնք արդէն քաղաքէն դուրս ելած են։ Եթէ հի՛մա երթաք, կրնա՛ք զանոնք բռնել»։ Գիտե՞ս Ռախաբ ինչո՛ւ լրտեսներուն կ’օգնէ։— Քանի որ Եհովային կը հաւատայ եւ գիտէ թէ Եհովան Քանանի երկիրը իսրայէլացիներուն պիտի տայ։
Առաջ որ լրտեսները Ռախաբի տունէն դուրս ելլեն, իրեն բան մը կը խոստանան։ Անոնք կ’ըսեն թէ երբ Երիքովի մէջ կռիւ ընեն, թէ՛ ինք եւ թէ իր ընտանիքը պիտի չմեռնին։ Գիտե՞ս անոնք Ռախաբին ի՛նչ կ’ըսեն որ ընէ։— Անոնք կ’ըսեն. «Ա՛ռ այս կարմիր պարանը եւ պատուհանէդ կախէ։ Եթէ այդպէս ընես, տունիդ մէջ ո՛վ որ կայ, պիտի չմեռնի»։ Ռախաբ ճիշդ անոնց ըսածին պէս կ’ընէ։ Գիտե՞ս ետքը ի՛նչ կ’ըլլայ։—
Քանի մը օր վերջ, իսրայէլացիները առանց ձայնի քաղաքին շուրջը կը դառնան։ Անոնք վեց օր քաղաքին շուրջը կը քալեն, ամէն օր մէկ անգամ։ Բայց եօթներորդ օրը, անոնք քաղաքին շուրջը եօ՛թը անգամ կը դառնան։ Յետոյ բոլորն ալ բարձր ձայնով կը
պոռան։ Եւ այն ատեն Եհովան քաղաքին պատերը կը փլէ։ Բայց այն տունը որուն պատուհանէն կարմիր պարան մը կախուած է, չի փլիր։ Նկարին մէջ կը տեսնե՞ս։— Ռախաբ ու իր ընտանիքը կ’ազատին։Ռախաբէն ի՞նչ կը սորվիս։— Ռախաբ Եհովային հաւատաց, քանի որ շատ աղուոր բաներ լսած էր իր մասին։ Դո՛ւն ալ շատ աղուոր բաներ կը սորվիս Եհովային մասին։ Ռախաբին պէս դուն ալ Եհովային կը հաւատա՞ս։— Գիտե՛նք որ կը հաւատաս։