Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ուրիշներ ի՞նչպէս կրնան օգնել

Ուրիշներ ի՞նչպէս կրնան օգնել

«ԵԹԷ որեւէ բան կրնամ ընել քեզի համար, հաճիս, ըսէ՛». շատերս այս է որ կ’ըսենք սիրելի մը կորսնցուցած բարեկամի կամ ազգականի մը։ Անշուշտ, անկեղծօրէն կ’ըսենք։ Որեւէ բան ընելու պատրաստ ենք։ Բայց արդեօք սուգի մէջ եղողը մեզի հեռաձայն բանալով կ’ըսէ՞. «Մտածեցի բանի մը մասին որ կրնաս ընել ինծի օգնելու համար»։ Ընդհանրապէս ո՛չ։ Որոշ է ուրեմն, որ մե՛նք կարգ մը նախաքայլեր պէտք է առնենք, եթէ իրապէս կ’ուզենք օգնել եւ մխիթարել սգաւոր անհատ մը։

Աստուածաշունչի առակ մը կ’ըսէ. «Մէկ յարմար ժամանակին խօսուած խօսքը ոսկի խնձորներ են արծաթի զարդերի մէջ»։ (Առակաց 15։23. 25։11, Արարատ) Իմաստութիւն կը պահանջէ գիտնալու համար ի՛նչ ըսել եւ ինչ չըսել, ի՛նչ ընել եւ ինչ չընել։ Ահաւասիկ սուրբ գրային կարգ մը թելադրութիւններ, որոնք օգտակար եղած են կարգ մը սգաւորներու։

Ի՛նչ Ընել ...

Մտի՛կ ըրէք. Յակոբու 1։19–ն կ’ըսէ՝ ‘Արագ եղէք լսելու’։ Օգտակար բան մը որ կրնաք ընել, վշտահարին ցաւերը բաժնեցէք, անոր մտիկ ընելով։ Ոմանք երբեմն իրենց մահացած սիրելիին, անոր մահուան պատճառ եղող արկածին կամ հիւանդութեան, կամ մահուընէ ետք իրենց ունեցած զգացումներուն մասին խօսելու կարիքը կը զգան։ Ուստի հարցուցէք. «Կ’ուզե՞ս այս մասին խօսիլ»։ Ձգեցէք որ իրենք որոշեն։ Իր հօրը մահուան մասին մտածելով, երիտասարդ մը ըսաւ. «Իրապէս ինծի օգնեց, երբ ուրիշներ հարցուցին թէ ի՛նչ պատահած էր եւ ետքը իրապէս մտիկ ըրին»։ Համբերութեամբ եւ կարեկցութեամբ մտիկ ըրէք, առանց անպայմանօրէն պատասխաններ կամ լուծումներ տալու հարկադրանքը զգալու։ Թոյլ տուէք որ անոնք արտայայտեն ինչ որ կ’ուզեն ձեզի հետ բաժնել։

Զիրենք վստահեցուցէք. Վստահեցուցէք զիրենք որ իրենց ձեռքէն եկածը ըրին (կամ այն ինչ որ գիտէք որ շիտակ եւ դրական է)։ Վստահեցուցէք զիրենք որ ինչ որ կը զգան՝ տխրութիւն, բարկութիւն, յանցապարտութիւն կամ ուրիշ որեւէ զգացում՝ անսովոր բան մը չէ։ Անոնց խօսեցէք ձեր ճանչցած կարգ մը անհատներու մասին, որոնք նոյնանման կորուստ մը ունեցան եւ ի վերջոյ լաւ կերպով ապաքինեցան։ Առակաց 16։24–ը կ’ըսէ որ այսպիսի «վայելուչ խօսքեր» «ոսկորներուն բժշկութիւն են»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։11, 14

Մատչելի եղէք. Մատչելի եղէք, ո՛չ միայն առաջին քանի մը օրերը, երբ շատ բարեկամներ ու ազգականներ ներկայ են, այլ նոյնիսկ ամիսներ ետք, երբ ուրիշներ իրենց բնական առօրեային վերադարձած են։ Այս կերպով կ’ապացուցանէք որ «բարեկամ» մըն էք, այնպիսի բարեկամ մը որ «նեղութեան» ատեն իրենց կողքին էք։ (Առակաց 17։17) «Մեր բարեկամները հոգ տարին որ մեր երեկոները յայտագրուած ըլլային, երկար ժամանակ տան մէջ առանձին չմնալու համար», կը բացատրէ Թերեզան, որու զաւակը ինքնաշարժի արկածով մը մահացած էր։ «Ասիկա մեզի օգնեց որ մեր ունեցած պարապութեան զգացումին տոկանք»։ Մահուընէ ետք, երկար տարիներ կարգ մը տարեդարձներ, ինչպէս ամուսնութեան տարեդարձը կամ մահուան թուականը, կրնան ճնշիչ պահեր ըլլալ ողջ մնացողներուն համար։ Ինչո՞ւ այսպիսի թուականներ չարձանագրէք ձեր օրացոյցին վրայ, որպէսզի երբ այդ օրը գայ կարենաք մատչելի ըլլալ եւ եթէ հարկ ըլլայ, կարեկցաբար թիկունք կանգնիք։

Եթէ իրական կարիք մը նշմարէք, մի՛ սպասէք որ ձեզմէ խնդրուի. դուք նախաքայլը առէք

Պատշաճ նախաքայլեր առէք. Կարգ մը գործեր կա՞ն որոնք պէտք է կատարուին։ Պզտիկներուն հոգ տանելու կարիքը կա՞յ։ Հեռուէն եկող բարեկամներն ու ազգականները մնալու տեղ մը ունի՞ն։ Սիրելի մը կորսնցուցած անհատներ յաճախ այնքան շշմած կ’ըլլան որ նոյնիսկ չեն գիտեր թէ իրե՛նք ինչ պէտք է ընեն, ուր մնաց որ ուրիշներուն ըսեն թէ ինչ կերպով կրնան օգտակար ըլլալ։ Ուստի, եթէ նկատէք որ իրական բանի մը կարիքը կայ, մի՛ սպասէք որ ձեզմէ խնդրուի. դուք նախաքայլը առէ՛ք։ (Ա. Կորնթացիս 10։24. համեմատել՝ Ա. Յովհաննու 3։17, 18) Իր ամուսինը կորսնցուցած կին մը կը յիշէ. «Շատեր ըսին՝ ‘Եթէ կայ բան մը որ կրնամ ընել, ըսէ՛ ինծի’։ Բայց բարեկամուհի մը չհարցուց։ Ան ուղղակի ննջասենեակ գնաց, մահուան պատճառաւ աղտոտած անկողնին սաւանները հանեց եւ լուաց զանոնք։ Ուրիշ բարեկամուհի մը, դոյլի մը մէջ ջուր դրաւ ու մաքրադեղեր առնելով գորգին վրայ ամուսինիս փսխած տեղը քերեց ու մաքրեց։ Քանի մը շաբաթ ետք, ժողովքի երէցներէն մէկը իր գործի հագուստներով ու գործիքներով եկաւ եւ ըսաւ. ‘Գիտեմ որ շինուելիք բաներ ըլլալու են. ի՞նչ են անոնք’։ Իմ սրտիս մէջ մեծ տեղ մը կը գրաւէ այդ մարդը, որ մէկ ծխնիի վրայ կախուած դուռը նորոգեց եւ ելեկտրական սարքը շտկեց»։—Համեմատել՝ Յակոբու 1։27

Հիւրասէր եղէք. Աստուածաշունչը մեզի կը յիշեցնէ՝ «Հիւրասիրութիւնը մի՛ մոռնաք»։ (Եբրայեցիս 13։2) Մասնաւորաբար սուգի մէջ եղողներուն հանդէպ հիւրասիրութիւնը պէտք չէ մոռնանք։ Փոխանակ ըսելու՝ ‘Ե՛րբ որ ուզես, կրնաս գալ’՝ թուական մը եւ ժամ մը որոշեցէք։ Եթէ մերժեն, դիւրութեամբ մի՛ հրաժարիք ձեր որոշումէն։ Թերեւս քիչ մը ազնուօրէն քաջալերելու կարիքը ըլլայ։ Թերեւս անոնք կը մերժեն հրաւէրը, վախնալով որ ուրիշներուն ներկայութեան իրենց զգացումները չկարենան զսպել։ Կամ՝ թերեւս յանցաւոր կը զգան այսպիսի ժամանակի մը մէջ ուրիշներուն հետ ճաշելու կամ անոնց ընկերակցութիւնը վայելելու համար։ Յիշեցէք Աստուածաշունչի մէջ յիշուած հիւրասէր կինը՝ Լիդիան։ Իր տունը հրաւիրելէն ետք, Ղուկաս կ’ըսէ՝ «Ստիպելով տարաւ մեզ»։—Գործք 16։15

Համբերող եւ հասկացող եղէք. Սիրելի մը կորսնցուցածներուն առաջին խօսքերը թող ձեզ չզարմացնեն։ Յիշեցէք որ անոնք կրնան բարկացած եւ յանցապարտ զգալ։ Եթէ զգացական պոռթկումները ձեզի դէմ ուղղուած ըլլան, ձեր կողմէ համբերութիւն եւ ներատեսութիւն կը պահանջուի, որպէսզի բարկութեամբ չպատասխանէք։ «Ձեր վրայ հագէ՛ք գութը, ողորմութիւնը եւ քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, երկայնմտութիւնը», կը յանձնարարէ Աստուածաշունչը։—Կողոսացիս 3։12, 13

Նամակ մը գրեցէք. Յաճախ անտեսուած է ցաւակցական նամակի մը կամ բացիկի մը արժէքը։ Ի՞նչ է անոր առաւելութիւնը։ Խլիրդէն իր մայրը կորսնցուցած Սինտին կը պատասխանէ. «Բարեկամ մը սիրուն նամակ մը գրեց ինծի։ Անիկա իրապէս օգնեց, քանի որ կրկին ու կրկին կրնայի կարդալ զայն»։ Այսպիսի քաջալերական նամակ մը կամ բացիկ մը «համառօտ» պէտք է ըլլայ, բայց՝ ջերմօրէն գրուած։ (Եբրայեցիս 13։22) Անոր մէջ կրնաք ըսել որ իր մասին կը մտածէք եւ թէ հանգուցեալին հետ մասնայատուկ յիշատակ մը կը բաժնէք, կամ անիկա կրնայ ցոյց տալ որ մահացած անհատը ի՛նչպէս ազդած է ձեր կեանքին։

Անոնց հետ աղօթեցէք. Սգաւոր անհատին համար եւ անոր հետ ձեր աղօթքներուն արժէքը մի՛ թերագնահատէք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդարին ջերմեռանդ աղօթքը շատ ազդեցութիւն ունի»։ (Յակոբու 5։16) Օրինակ, իրենց ի նպաստ ձեր աղօթքը լսելը կրնայ անոնց օգնել որ յանցապարտութեան նման բացասական զգացումները փարատեն։—Համեմատել՝ Յակոբու 5։13-15

Ի՛նչ Չընել ...

Հիւանդանոցին մէջ ձեր ներկայութիւնը կրնայ քաջալերել կորուստ ունեցողը

Ինչ ըսել կամ ընել չգիտնալու պատճառաւ հեռու մի՛ կենաք. Կրնանք մենք մեզի ըսել. ‘Վստահ եմ որ առանձին մնալու կարիքը ունին’։ Բայց թերեւս հեռու կը կենանք, քանի որ կը վախնանք որ սխալ բան մը ըսենք կամ ընենք։ Սակայն, երբ բարեկամներ, ազգականներ կամ հաւատակիցներ հեռու մնան, թերեւս սգաւորը ինքզինք աւելի մինակ զգայ եւ ասիկա իր ցաւը աւելցնէ։ Մի՛ մոռնաք որ ամենէն ազնիւ խօսքերն եւ արարքները յաճախ ամենէն պարզերն են։ (Եփեսացիս 4։32) Պարզապէս ձեր ներկայութիւնը կրնայ քաջալերութեան աղբիւր մը ըլլալ։ (Համեմատել՝ Գործք 28։15) Իր աղջկան մահուան մասին մտածելով, Թերեզան կ’ըսէ. «Մէկ ժամուան մէջ, հիւանդանոցին նախասրահը մեր բարեկամներով լեցուեցաւ. բոլոր երէցները եւ իրենց կիները հոն էին։ Կիներէն ոմանք իրենց մազերուն փաթոյթները քակելու ժամանակ չէին ունեցած, ուրիշներ իրենց գործի հագուստներով էին։ Անոնք ամէ՛ն բան ձգած եւ եկած էին։ Անոնցմէ շատերը ըսին որ չեն գիտեր թէ ի՛նչ ըսեն, բայց անիկա կարեւոր չէր, կը բաւէր որ եկած էին»։

Անոնց վրայ ճնշում մի՛ բանեցնէք որ իրենց վիշտը յայտնելէ ետ կենան. Թերեւս կ’ուզենք ըսել՝ ‘Լաւ, հերիք է, մի՛ լար’։ Բայց նախընտրելի է ձգել որ արցունքները հոսին։ «Կը խորհիմ որ կարեւոր է թոյլ տալ որ սգաւորը իր զգացումները յայտնէ եւ զանոնք դրսեւորէ», կ’ըսէ Քաթրինը, իր ամուսնոյն մահուան մասին մտածելով։ Ետ կեցէք ուրիշներուն ըսելէ թէ ի՛նչպէս պէտք է զգան։ Իսկ մի՛ խորհիք որ դուք ալ ձեր զգացումները պէտք է պահէք, իրենց զգացումները պաշտպանելու համար։ Ընդհակառակը, «լացողներուն հետ լացէ՛ք», կը յանձնարարէ Աստուածաշունչը։—Հռովմայեցիս 12։15

Շուտով մի՛ յանձնարարէք որ հանգուցեալին հագուստներէն կամ անձնական պիտոյքներէն ձերբազատուին, առաջ որ անոր համար պատրաստ ըլլան. Կրնանք խորհիլ որ իրենց համար նախընտրելի է որ յիշատակներ արթնցնող առարկաներէն ձերբազատուին, որոնք կրնան կերպով մը վիշտը երկարել։ Բայց այս պարագային չի՛ կիրարկուիր՝ «Աչքէ հեռու՝ սրտէ հեռու» առածը։ Սգաւոր անհատը կարիքը կրնայ զգալ որ դանդաղօրէն հանգուցեալը իրմէ հեռացնէ։ Յիշեցէք Աստուածաշունչին տուած նկարագրութիւնը Յակոբ նահապետի հակազդեցութեան մասին, երբ իրեն հաւատացուցին որ իր կրտսեր որդին՝ Յովսէփը, գազանի մը կողմէ յոշոտուած էր։ Յովսէփի արիւնաթաթախ պատմուճանը Յակոբի ցոյց տալէ ետք, ան «իր որդիին համար շատ օրեր սուգ ըրաւ։ Իր բոլոր որդիներն ու իր բոլոր աղջիկները զինք մխիթարելու ելան. բայց ինք մխիթարուիլ չէր ուզեր»։—Ծննդոց 37։31-35

Մի՛ ըսէք. ‘Ուրիշ երախայ մը կրնաս ունենալ’. Զաւակ մը կորսնցուցած մայր մը կ’ըսէ. «Կ’ընդվզէի երբ մարդիկ ինծի ըսէին որ ուրիշ զաւակ մը կրնամ ունենալ»։ Թէեւ լաւ միտումով կ’ըսեն, բայց վշտահար ծնողի մը համար կորսուած զաւակը ուրիշի մը կողմէ փոխարինուելու մասին եղած խօսքերը կրնան ‘սուրի պէս խոցոտել’։ (Առակաց 12։18) Ոեւէ երախայ ուրիշ երախայի մը տեղը չի՛ կրնար առնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ամէն մէկը անզուգական է։

Հանգուցեալին անունը յիշելէն անպայմանօրէն մի՛ խուսափիք. Մայր մը կը յիշէ. «Շատեր տղուս՝ Ճիմիին անունն անգամ չէին յիշեր, ոչ ալ իր մասին կը խօսէին։ Կրնամ ըսել որ ասիկա քիչ մը վիրաւորեց զիս»։ Ուստի, պայման չէ որ նիւթը փոխէք, երբ հանգուցեալին անունը յիշուի։ Հարցուցէք անհատին որ իր սիրելիին մասին կ’ուզէ՞ խօսիլ։ (Համեմատել՝ Յոբայ 1։18, 19 եւ 10։1) Սիրելի մը կորսնցուցած կարգ մը անհատներ կը գնահատեն բարեկամներէ լսել թէ հանգուցեալին ո՛ր մասնայատուկ յատկութիւնները կը սիրէին։—Համեմատել՝ Գործք 9։36-39

Անխոհեմաբար մի՛ ըսէք՝ ‘թերեւս այսպէս աւելի լաւ էր’. Մահուան դրական մէկ կողմը գտնել ջանալը վշտահար ‘վատասիրտները մխիթարելու’ չի ծառայեր։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։14) Երիտասարդ կին մը իր մօրը մահուան մասին խորհելով, կ’ըսէ. «Ոմանք կ’ըսէին, ‘Ա՛լ չի տառապիր’, կամ՝ ‘Վերջապէս հանգստացաւ’։ Բայց ես չէի ուզեր լսել զայն»։ Այսպիսի արտայայտութիւններ կրնան ողջերուն այն թելադրութիւնը տալ որ պէտք չէ տխուր զգան, կամ թէ կորուստը շատ յատկանշական չէր։ Ինչ ալ ըլլայ պարագան, անոնք շա՛տ տխուր կրնան զգալ, քանի որ իրենց սիրելիին պակասը պիտի զգան։

Նախընտրելի է չըսել՝ ‘Գիտեմ ի՛նչ կը զգաս’. Իրապէս կրնա՞ս զգալ։ Օրինակ, եթէ զաւակ մը չէք կորսնցուցած, կրնա՞ք գիտնալ թէ ծնող մը ինչ կը զգայ երբ զաւակ մը կորսնցնէ։ Իսկ եթէ կորսնցուցած էք, պէտք է գիտակցիք որ ուրիշներուն զգացումները ճիշդ նոյնը կրնան չըլլալ։ (Համեմատել՝ Ողբք 1։12) Սակայն, եթէ յարմար կը տեսնուի, թերեւս օգտակար կրնայ ըլլալ ըսել թէ ձեր սիրելին կորսնցնելէ ետք ինչպէս կրցաք դուք ձեզ գտնել։ Կին մը որու աղջիկը սպաննուած էր, որոշ չափով մխիթարուեցաւ, երբ աղջիկ մը կորսնցուցած ուրիշ մայր մը բացատրեց թէ ինչպէս կրցաւ իր բնականոն կեանքին վերադառնալ։ Ան ըսաւ. «Աղջիկը կորնսցուցած մայրը իր պատմութիւնը չսկսաւ, ըսելով. ‘գիտեմ ինչ կը զգաս’։ Ան պարզապէս պատմեց իր պարագան եւ թոյլ տուաւ որ անոնց հետ իմ կապս տեսնեմ»։

Սիրելի մը կորսնցուցած անհատի մը օգնելը ձեր կողմէ կարեկցութիւն, ներատեսութիւն եւ շատ սէր կը պահանջէ։ Մի՛ սպասէք որ սգաւորը ի՛նք գայ ձեր քով։ Պարզապէս մի՛ ըսէք. «Եթէ կրնամ բան մը ընել ...»։ Դուք անձամբ գտէք թէ ինչ «բան» կրնաք ընել, ապա հարկ եղած նախաքայլը առէք։

Տակաւին քանի մը հարցումներ կը մնան. Աստուածաշունչի յարութեան յոյսին մասին ի՞նչ կրնանք ըսել։ Անիկա ի՞նչ նշանակութիւն կրնայ ունենալ ձեզի եւ ձեր մեռած սիրելիներուն համար։ Ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ որ անիկա վստահելի յոյս մըն է։