Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 9

Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ երջանիկ ըլլալ

Ընտանիքդ ինչպէ՞ս կրնայ երջանիկ ըլլալ

1. Ընտանեկան երջանկութեան համար, ամուսնութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։

Ուրախ լուրերուն Աղբիւրը՝ Եհովան՝ երջանիկ Աստուած է եւ կ’ուզէ որ ընտանիքները երջանիկ ըլլան (Ա. Տիմոթէոս 1։11)։ Ան ամուսնութեան Հիմնադիրն է։ Ընտանեկան երջանկութեան համար օրինական ամուսնութիւնը կարեւոր է, քանի որ երեխաները մեծցնելու համար՝ ապահով միջավայր կը հայթայթէ։ Քրիստոնեաները ամուսնութիւնը արձանագրելու նկատմամբ տեղական օրէնքները պէտք է յարգեն։ —‏ Կարդա՛ Ղուկաս 2։1, 4, 5։

Աստուած ամուսնութիւնը ինչպէ՞ս կը նկատէ։ Ան կ’ուզէ որ ատիկա տղամարդու եւ կնոջ միջեւ մնայուն միութիւն մը ըլլայ։ Ան կ’ուզէ որ ամուսինը եւ կինը իրարու հաւատարիմ ըլլան (Եբրայեցիս 13։4)։ Եհովան կ’ատէ ամուսնալուծումը (Մաղաքիա 2։16)։ Սակայն, ան կ’արտօնէ որ քրիստոնեաները ամուսնալուծուին եւ վերամուսնանան, եթէ իրենց կողակիցը շնութիւն գործէ։ —‏ Կարդա՛ Մատթէոս 19։3-6, 9։

2. Ամուսին մը եւ կին մը իրարու հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուին։

Եհովան տղամարդն ու կինը ստեղծեց, որպէսզի ամուսնութեան մէջ իրար ամբողջացնեն (Ծննդոց 2։18)։ Որպէս ընտանիքի գլուխ, ամուսին մը իր ընտանիքին նիւթապէս հոգ տանելու եւ Աստուծոյ մասին սորվեցնելու մէջ առաջնորդութիւն պէտք է առնէ։ Ան իր կինը անձնուրացօրէն պէտք է սիրէ։ Ամուսինը եւ կինը իրար պէտք է սիրեն ու յարգեն։ Որովհետեւ բոլոր այրերն ու կիները անկատար են, երջանիկ ամուսնութեան մէկ բանալին է՝ ներել սորվիլ։ —‏ Կարդա՛ Եփեսացիս 4։31, 32. 5։22-25, 33. Ա. Պետրոս 3։7։

3. Եթէ ապերջանիկ ամուսնութիւն մը ունիս, կողակիցդ պէ՞տք է լքես։

Եթէ ամուսնութեանդ մէջ խնդիրներ կը դիմագրաւես, պէտք է երկուքդ ջանաք իրարու հետ սիրով վարուիլ (Ա. Կորնթացիս 13։4, 5)։ Աստուծոյ Խօսքը չի յանձնարարեր ամուսնական սովորական խնդիրները լուծելու համար բաժանումի դիմել։ —‏ Կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 7։10-13։

4. Զաւակնե՛ր, Աստուած ձեզի համար ի՞նչ կ’ուզէ։

Եհովան կ’ուզէ որ երջանիկ ըլլաք։ Ձեր պատանեկութիւնը ինչպէ՛ս վայելելու առնչութեամբ, ան ձեզի լաւագոյն խրատը կու տայ։ Ան կ’ուզէ որ ձեր ծնողներուն իմաստութենէն ու փորձառութենէն օգտուիք (Կողոսացիս 3։20)։ Եհովան նաեւ կ’ուզէ որ իր եւ իր Որդւոյն կամքը ընելով ուրախանաք։ —‏ Կարդա՛ Ժողովող 11։9–12։1. Մատթէոս 19։13-15. 21։15, 16։

5. Ծնողնե՛ր, ձեր զաւակները ինչպէ՞ս կրնան երջանկութիւն գտնել։

Պէտք է ծանր աշխատիք ձեր զաւակներուն ուտելիք, բնակարան եւ հագուստ ապահովելու համար (Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Բայց որպէսզի ձեր զաւակները երջանկութիւն գտնեն, հարկ է նաեւ որ անոնց սորվեցնէք, որ Աստուած սիրեն եւ իրմէ սորվին (Եփեսացիս 6։4)։ Աստուած սիրելու առնչութեամբ ձեր հանդիսացած օրինակը կրնայ խորապէս ազդել ձեր զաւակին սրտին։ Երբ ձեր տուած ցուցմունքները Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ ըլլան, ձեր զաւակին մտածելակերպը դրական կերպով կը կաղապարուի։ —‏ Կարդա՛ Բ. Օրինաց 6։4-7. Առակաց 22։6։

Զաւակները կ’օգտուին, երբ զիրենք կը քաջալերէք ու կը գովէք։ Ասկէ զատ, անոնք սրբագրուելու եւ կրթուելու կարիք ունին։ Այսպիսի մարզում զիրենք կը պաշտպանէ այն վարքէն, որ կրնայ երջանկութիւնը իրենցմէ խլել (Առակաց 22։15)։ Բայց կրթութիւնը բնաւ պէտք չէ կոշտ կամ անգութ կերպով տրուի։ —‏ Կարդա՛ Կողոսացիս 3։21։

Եհովայի վկաները շատ մը գիրքեր կը հրատարակեն, որոնք յատկապէս գրուած են ծնողներուն եւ զաւակներուն օգնելու համար։ Այս գիրքերը Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած են։ —‏ Կարդա՛ Սաղմոս 19։7, 11։