ԳԼՈՒԽ 1
«Քու թագաւորութիւնդ գայ»
1, 2. Եհովան անձամբ ի՞նչ ըսաւ Յիսուսի առաքեալներէն երեքին, եւ անոնք ինչպէ՞ս հակազդեցին։
ԵԹԷ Եհովա Աստուած անձամբ քեզի ուղղութիւն տայ որ բան մը ընես, ինչպէ՞ս կը հակազդես։ Ինչ որ ալ ըլլայ անոր խնդրանքը, անշուշտ որ խանդավառութեամբ գործի կը լծուիս։
2 Ք.Ե. 32–ի Պասեքէն քիչ ետք, Յիսուսի առաքեալներէն երեքը,– Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէս,– այսպիսի փորձառութիւն մը ունեցան (կարդա՛ Մատթէոս 17։1-5)։ Մինչ Յիսուսին հետ ‘բարձր լերան’ մը վրայ կը գտնուէին, տեսիլքով մը տեսան իրենց վարդապետը որպէս փառաւոր երկնային Թագաւոր։ Տեսիլքը ա՛յնքան իրական կը թուէր որ Պետրոս փորձեց անոր մէջ բաժին բերել։ Մինչ Պետրոս կը խօսէր, ամպ մը զիրենք ծածկեց։ Ապա Պետրոսն ու միւս երկու առաքեալները յստակ կերպով լսեցին Եհովայի ձայնը,– առանձնաշնորհում մը՝ որ քիչեր վայելած են։ Հաստատելէ ետք թէ Յիսուս իր Որդին է, Եհովան ըսաւ. «Ատոր մտիկ ըրէք»։ Առաքեալները այդ աստուածային ուղղութեան անսացին։ Անոնք Յիսուսի սորվեցուցածները մտիկ ըրին եւ ուրիշները քաջալերեցին որ նոյնը ընեն (Գործք 3։19-23. 4։18-20)։
3. Եհովան ինչո՞ւ կ’ուզէ որ Որդիին մտիկ ընենք, եւ ո՞ր նիւթը լաւ կ’ըլլայ որ քննարկենք։
3 Այդ բառերը,– «Ատոր մտիկ ըրէք»,– Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած են մեր օգտին համար (Հռով. 15։4)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Յիսուս Եհովային խօսնակն է։ Ամէն անգամ որ ան կը սորվեցնէր, կը խօսէր ճշմարտութիւններու մասին, որոնք իր Հայրը կ’ուզէր որ գիտնանք (Յովհ. 1։1, 14)։ Յիսուս ամէնէն շատ ո՞ր նիւթին մասին խօսեցաւ։ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին,– երկնային մեսիական կառավարութիւնը, որ կազմուած է Քրիստոս Յիսուսէն եւ 144,000 իշխանակիցներէ։ Անոր համար, լաւ կ’ըլլայ որ այս կարեւոր նիւթը ուշի–ուշով քննարկենք (Յայտ. 5։9, 10. 14։1-3. 20։6)։ Բայց, նախ եւ առաջ քննարկենք թէ Յիսուս ինչո՛ւ այսքան խօսեցաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։
«Սրտին աւելցուքէն. . . »
4. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ որ Թագաւորութիւնը իր սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի։
4 Թագաւորութիւնը Յիսուսի սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի։ Ինչո՞ւ կրնանք այսպէս ըսել։ Քանի որ մեր խօսքերը ցոյց կու տան այն ինչ որ մեր սրտին մէջ կայ,– այսինքն՝ մեր խօսքերը կը յայտնեն այն ինչ որ իսկապէս կարեւոր է մեզի համար։ Յիսուս ինք ըսաւ. «Բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի» (Մատ. 12։34)։ Յիսուս ամէն պատեհութիւն օգտագործեց որ Թագաւորութեան մասին խօսի։ Չորս Աւետարաններուն մէջ Թագաւորութեան մասին աւելի քան 100 ակնարկութիւններ կան, որոնց մեծամասնութիւնը Յիսուսի խօսքերուն մէջ նշուած է։ Ան Թագաւորութիւնը իր քարոզչութեան բնաբանը դարձուց, ըսելով. «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկ. 4։44)։ Նոյնիսկ իր յարութենէն ետք, Յիսուս շարունակեց իր աշակերտներուն խօսիլ Թագաւորութեան մասին (Գործք 1։3)։ Յստակ է որ Յիսուսի սիրտը Թագաւորութեան հանդէպ գնահատութեամբ լեցուն էր, ինչ որ զինք մղեց որ ատոր մասին խօսի։
5-7. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Թագաւորութիւնը Եհովայի սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի. լուսաբանէ՛։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ Թագաւորութիւնը մեր սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի։
5 Թագաւորութիւնը Եհովայի սրտին մէջ ալ յատուկ տեղ ունի։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Յիշէ թէ Եհովան իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց։ Որդիին խօսքերուն եւ ուսուցումներուն աղբիւրը Ի՛նքն է (Յովհ. 7։16. 12։49, 50)։ Ան նաեւ ներշնչեց Յիսուսի կեանքին եւ ծառայութեան հետ կապ ունեցող այն բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք արձանագրուեցան չորս Աւետարաններուն մէջ։ Պահ մը նկատի առ թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։
Լաւ կ’ըլլայ որ իւրաքանչիւրս մենք մեզի հարց տանք. ‘Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սրտիս մէջ յատուկ տեղ ունի՞’
6 Երեւակայէ որ ընտանեկան ալպոմ մը կը կազմես։ Շատ նկարներ ունիս, բայց ալպոմին մէջ ամէնը չեն բաւեր։ Ի՞նչ կ’ընես։ Որոշ նկարներ կ’ընտրես։ Ձեւով մը, Աւետարանները կը նմանին ալպոմի մը, որ Յիսուսին մասին յստակ պատկեր մը կու տայ։ Եհովան գրի առնել չտուաւ Յիսուսի իւրաքանչիւր խօսքն ու արարքը երբ ան երկրի վրայ էր (Յովհ. 20։30. 21։25)։ Փոխարէն, Իր հոգին աւետարանագիրները առաջնորդեց որ գրի առնեն այն խօսքերն ու արարքները, որոնք իրե՛ն համար կարեւոր են, եւ որոնք մեզի կ’օգնեն հասկնալու Յիսուսի ծառայութեան նպատակը (Բ. Տիմ. 3։16, 17. Բ. Պետ. 1։21)։ Որո՛վհետեւ Աւետարանները լեցուն են Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին Յիսուսի ուսուցումներով, կրնանք եզրակացնել որ Թագաւորութիւնը Եհովայի սրտին մէջ յատուկ տեղ ունի։ Պահ մը մտածէ. Եհովան կ’ուզէ՛ որ իր Թագաւորութեան մասին գիտնանք։
7 Լաւ կ’ըլլայ որ իւրաքանչիւրս մենք մեզի հարց տանք. ‘Աստուծոյ Թագաւորութիւնը սրտիս մէջ յատուկ տեղ ունի՞’։ Եթէ այո՛, պիտի տենչանք լսել այն ինչ որ Յիսուս ըսաւ եւ սորվեցուց Թագաւորութեան մասին,– անոր կարեւորութիւնը, եւ ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ պիտի գայ։
Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս ‘պիտի գայ’
8. Յիսուս ինչպէ՞ս Թագաւորութեան կարեւորութիւնը ամփոփեց։
8 Նկատի առ տիպար աղօթքը։ Պարզ բառեր գործածելով, Յիսուս Թագաւորութեան կարեւորութիւնը ամփոփեց, ցոյց տալով թէ անիկա ի՛նչ պիտի իրագործէ։ Այդ աղօթքին մէջ եօթը խնդրանքներ կան։ Առաջին երեքը կապ ունին Եհովայի նպատակներուն հետ. իր անուան սրբացումը, իր Թագաւորութեան գալը եւ իր կամքին կատարուիլը ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ (կարդա՛ Մատթէոս 6։9, 10)։ Այդ երեք խնդրանքները իրարու սերտօրէն առնչուած են։ Եհովան մեսիական Թագաւորութեան միջոցաւ իր անունը պիտի սրբացնէ եւ իր կամքը կատարէ։
9, 10. ա) Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս պիտի գայ։ բ) Աստուածաշնչական ո՞ր խոստումին կատարումը կը տենչաս տեսնել։
9 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՞ս պիտի գայ։ Երբ կ’աղօթենք՝ «Քու թագաւորութիւնդ գայ», կը խնդրենք որ Թագաւորութիւնը վճռական քայլ առնէ։ Երբ Թագաւորութիւնը գայ, ամբողջովին երկրի վրայ պիտի տիրէ։ Անիկա պիտի վերացնէ այժմու չար աշխարհը, ներառեալ՝ բոլոր մարդակերտ կառավարութիւնները, եւ արդար նոր աշխարհ մը բերէ (Դան. 2։44. Բ. Պետ. 3։13)։ Ապա, Թագաւորութեան ներքեւ, ամբողջ երկրագունդը դրախտի մը պիտի վերածուի (Ղուկ. 23։43)։ Աստուծոյ յիշողութեան մէջ եղողները ետ կեանքի պիտի բերուին եւ դարձեալ պիտի միանան իրենց սիրելիներուն (Յովհ. 5։28, 29)։ Հնազանդ մարդիկ կատարելութեան պիտի հասնին եւ անվերջ կեանք վայելեն (Յայտ. 21։3-5)։ Վերջապէս, Եհովա Աստուծոյ կամքը պիտի կատարուի. երկրի վրայ եւ երկինքի մէջ կատարեալ ներդաշնակութիւն պիտի ըլլայ։ Չե՞ս տենչար տեսնել Աստուծոյ այդ խոստումներուն կատարումը։ Յիշէ թէ ամէն անգամ որ կ’աղօթես որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, Աստուծմէ կը խնդրես որ այդ թանկարժէք խոստումները կատարուին։
10 Յստակ է որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը տակաւին չէ ‘եկած’։ Մարդակերտ կառավարութիւնները դեռ կ’իշխեն երկրի վրայ եւ արդար նոր աշխարհը տակաւին գոյութիւն չունի։ Բայց ուրախ լուր կայ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հաստատուա՛ծ է,– ինչպէս որ պիտի տեսնենք յաջորդ գլուխին մէջ։ Իսկ հիմա տեսնենք թէ Յիսուս ի՛նչ ըսաւ Թագաւորութեան հաստատման եւ գալուն ժամանակին մասին։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի հաստատուէր
11. Աստուծոյ Թագաւորութեան հաստատման նկատմամբ Յիսուս ի՞նչ ցոյց տուաւ։
11 Յիսուս ցոյց տուաւ թէ Թագաւորութիւնը պիտի չհաստատուէր Ք.Ե. առաջին դարուն,– հակառակ անոր որ իր աշակերտներէն ոմանք այդպէս կ’ակնկալէին (Գործք 1։6)։ Նկատի առ թէ ան ի՛նչ ըսաւ երկու տարբեր առակներու մէջ, որոնցմէ մէկը թերեւս պատմեց Ք.Ե. 31–ին, իսկ միւսը՝ Ք.Ե. 33–ին։
12. Որոմին առակը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ թէ Թագաւորութիւնը Ք.Ե. առաջին դարուն չհաստատուեցաւ։
12 Որոմին առակը։ (Կարդա՛ Մատթէոս 13։24-30)։ Յիսուս այս առակը իր աշակերտներուն պատմեց եւ բացատրեց թերեւս Ք.Ե. 31–ի գարնան (Մատ. 13։36-43)։ Ահաւասիկ առակին ամփոփումն ու անոր իմաստը. առաքեալներուն մահէն ետք, Բանսարկուն որոմ (կեղծ քրիստոնեաներ) պիտի ցանէր ցորենին («թագաւորութեանը որդիներ»ուն կամ օծեալ քրիստոնեաներուն) մէջ։ Թէ՛ ցորենին եւ թէ որոմին թոյլ պիտի տրուէր որ ժամանակաշրջան մը մէկտեղ աճին, մինչեւ որ գար հունձքի եղանակը, այսինքն՝ «աշխարհիս վերջը»։ Հունձքի եղանակը սկսելէ ետք, որոմը պիտի քաղուէր։ Ապա, ցորենը պիտի ժողվուէր։ Այսպէս, առակը ցոյց կու տայ թէ Թագաւորութիւնը պիտի հաստատուէր ոչ թէ Ք.Ե. առաջին դարուն, այլ երբ աճման եղանակը աւարտէր։ Ինչպէս որ դէպքերուն զարգացումը ցոյց տուաւ, 1914–ին աճման եղանակը աւարտեցաւ եւ հունձքի եղանակը սկսաւ։
13. Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ, որ երկինք վերադառնալէն անմիջապէս ետք մեսիական Թագաւոր պիտի չգահակալուէր։
13 Մնասներուն առակը։ (Կարդա՛ Ղուկաս 19։11-13)։ Յիսուս այս առակը պատմեց Ք.Ե. 33–ին, երբ վերջին անգամ ըլլալով Երուսաղէմ կ’ուղղուէր։ Իր ունկնդիրներէն ոմանք խորհեցան, որ Երուսաղէմ հասնելուն պէս ան իր Թագաւորութիւնը պիտի հաստատէր։ Այս գաղափարը ճշդելու եւ ցոյց տալու համար թէ Թագաւորութեան հաստատուիլը տակաւին հեռու է, Յիսուս ինքզինք համեմատեց «ազնուական մարդ»ու մը հետ, որ «հեռու երկիր գնաց՝ իրեն թագաւորութիւնը առնելու» a։ Յիսուս պիտի երթար «հեռու երկիր»՝ այսինքն երկինք, ուր իր Հօրմէն թագաւորական իշխանութիւն պիտի ստանար։ Բայց ան գիտէր որ երկինք վերադառնալէն անմիջապէս ետք մեսիական Թագաւոր պիտի չգահակալուէր։ Փոխարէն, ան Աստուծոյ աջ կողմը պիտի նստէր եւ սպասէր մինչեւ նշանակուած ժամանակը։ Ինչպէս որ յետագային ի յայտ դարձաւ, այդ նշանակուած ժամանակը դարե՜ր ետք եկաւ (Սաղ. 110։1, 2. Մատ. 22։43, 44. Եբ. 10։12, 13)։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ
14. ա) Յիսուս ինչպէ՞ս պատասխանեց իր չորս առաքեալներուն ուղղած հարցումին։ բ) Յիսուսի մարգարէութեան կատարումը ի՞նչ կ’ըսէ մեզի իր ներկայութեան եւ Թագաւորութեան մասին։
14 Յիսուսի մահէն քանի մը օր առաջ, իր առաքեալներէն չորսը իրեն հարցուցին. «Քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատ. 24։3. Մար. 13։4)։ Յիսուս անոնց պատասխանեց՝ տալով մանրամասն մարգարէութիւն մը, որ արձանագրուած է Մատթէոս 24–րդ եւ 25–րդ գլուխներուն մէջ։ Հոն, ան թուեց զանազան համաշխարհային իրադարձութիւններ, որոնք ցոյց պիտի տային իր «գալուստ»ին կամ «ներկայութեան» (ՆԱ) ժամանակաշրջանը։ Իր ներկայութեան սկիզբը զուգահեռ պիտի ընթանար Թագաւորութեան հաստատման հետ, իսկ գագաթնակէտը՝ Թագաւորութեան գալուն հետ։ Շատ մը ապացոյցներ կան, որոնք ցոյց կու տան թէ Յիսուսի մարգարէութիւնը 1914–էն ի վեր կը կատարուի b։ Այսպիսով, այդ տարին կը նշէ իր ներկայութեան սկիզբը եւ Թագաւորութեան հաստատուիլը։
15, 16. «Այս սերունդը» արտայայտութիւնը որո՞ւն կ’ակնարկէ։
15 Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ։ Յիսուս չըսաւ թէ ատիկա ճիշդ ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ (Մատ. )։ Բայց ան ըսաւ բան մը, որ պէտք է մեզի վստահեցնէ, թէ Թագաւորութեան գալը իրապէս շա՛տ մօտ է։ Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ Թագաւորութիւնը պիտի գար «այս ազգը», կամ «այս սերունդը» (ԱԾ), մարգարէական նշանին կատարման ականատես ըլլալէ ետք (կարդա՛ 24։36Մատթէոս 24։32-34)։ «Այս սերունդը» արտայայտութիւնը որո՞ւն կ’ակնարկէ։
16 «Այս սերունդը»։ Յիսուս անհաւատնե՞րը ի մտի ունէր։ Ո՛չ։ Նկատի առ թէ որո՛նք էին իր ունկնդիրները։ Յիսուս այս մարգարէութիւնը տուաւ քանի մը առաքեալներու, որոնք «իրեն գացին առանձին» (Մատ. 24։3)։ Առաքեալները շուտով սուրբ հոգիով պիտի օծուէին։ Նկատի առ նաեւ իր ըսածին բովանդակութիւնը։ «Այս սերունդ»ին մասին խօսելէ առաջ, Յիսուս ըսաւ. «Թզենիէն առակ մը սորվեցէք. որ երբ անոր ոստերը կակուղնան ու տերեւները ցցուին, կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է։ Նոյնպէս դուք երբ այս ամէն բաները տեսնէք, գիտցէք թէ մօտ է դռներուն քով»։ Յիսուսի օծեալ հետեւորդները,– եւ ոչ թէ անհաւատները,– իր մարգարէացած բաները պիտի տեսնէին եւ անոնց նշանակութիւնը պիտի ըմբռնէին՝ հասկնալով որ Յիսուս «մօտ է դռներուն քով»։ Ուրեմն, երբ Յիսուս «այս սերունդ»ին մասին կը խօսէր, ան ի մտի ունէր իր օծեալ հետեւորդները։
17. «Սերունդ» բառին եւ «այս ամէն բաները» արտայայտութեան իմաստները ի՞նչ են։
17 «Այս ազգը [«սերունդը», ԱԾ] պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէն բաները ըլլան»։ Այս խօսքերը ինչպէ՞ս պիտի կատարուին։ Պատասխանելու համար, պէտք է «սերունդ» բառին եւ «այս ամէն բաները» արտայայտութեան իմաստները գիտնանք։ Աստուածաշունչին մէջ, «սերունդ» բառը յաճախ կ’ակնարկէ տարբեր տարիքի պատկանող մարդոց, որոնք որոշ ժամանակաշրջանի մէջ կ’ապրին։ Անիկա չափազանց երկար չէ եւ վերջ ունի (Ել. 1։6)։ «Այս ամէն բաները» արտայայտութիւնը կը պարփակէ բոլոր մարգարէացուած դէպքերը, որոնք պիտի կատարուէին Յիսուսի ներկայութեան ընթացքին, ատոր սկիզբէն,– 1914–էն,– մինչեւ ատոր գագաթնակէտը՝ «մեծ նեղութիւն» (Մատ. 24։21)։
18, 19. «Այս սերունդ»ին մասին Յիսուսի խօսքերէն ի՞նչ կրնանք հասկնալ, եւ ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։
18 Ուրեմն, ինչպէ՞ս կրնանք հասկնալ «այս սերունդ»ին մասին Յիսուսի խօսքերը։ Սերունդը կը բաղկանայ երկու օծեալ խումբերէ։ Առաջին խումբին պատկանողները անոնք են, որոնք 1914–ին տեսան նշանին կատարման սկիզբը, իսկ երկրորդ խումբը կը պարփակէ առաջին խումբին ժամանակակից օծեալները։ Երկրորդ խումբին պատկանողներէն ոմանք գալիք նեղութեան սկիզբին ականատես պիտի ըլլան։ Երկու խումբերը կը կազմեն մէկ սերունդ, քանի որ սուրբ հոգիով օծուելէ ետք ատեն մը նոյն ժամանակաշրջանին մէջ ապրեցան c։
19 Ի՞նչ կրնանք եզրակացնել։ Մենք գիտենք, թէ որպէս Թագաւորութեան Թագաւոր՝ Յիսուսի ներկայութեան նշանը ակնյայտ է ամբողջ աշխարհին մէջ։ Նաեւ կը տեսնենք թէ օծեալ քրիստոնեաները, որոնք տակաւին ողջ են եւ «այս սերունդ»ին մաս կը կազմեն, կը ծերանան. բայց եւ այնպէս բոլորը պիտի չմեռնին մեծ նեղութիւնը սկսելէն առաջ։ Ուստի, կրնանք եզրակացնել թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը շա՛տ շուտով պիտի գայ եւ երկրի վրայ տիրէ։ Ի՜նչ ոգեւորիչ պիտի ըլլայ տեսնել կատարումը այն աղօթքին, որ Յիսուս մեզի սորվեցուց. «Քու թագաւորութիւնդ գայ»։
20. Այս գիրքը ի՞նչ կարեւոր նիւթ նկատի կ’առնէ, եւ ի՞նչ պիտի քննարկենք յաջորդ գլուխին մէջ։
20 Բնաւ չմոռնանք այն ինչ որ Եհովան ի՛նք ըսաւ իր Որդիին մասին երբ երկինքէն խօսեցաւ. «Ատոր մտիկ ըրէք»։ Ճշմարիտ քրիստոնեաներ ըլլալով, կը տենչանք այդ աստուածային ուղղութեան անսալ։ Մեզ շատ կը հետաքրքրէ ամէն բան որ Յիսուս ըսաւ եւ սորվեցուց Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին։ Այս գիրքը նկատի կ’առնէ Թագաւորութեան իրագործումները թէ՛ անցեալին եւ թէ ապագային։ Յաջորդ գլուխը պիտի քննարկէ այն հետաքրքրաշարժ զարգացումները, որոնք կապ ունին Աստուծոյ Թագաւորութեան հաստատման հետ երկնքի մէջ։
a Յիսուսին առակը թերեւս իր ունկնդիրներուն յիշեցուց Արքեղայոսը՝ Մեծն Հերովդէսին որդին։ Մահանալէ առաջ, Հերովդէս իրեն ժառանգորդ նշանակեց Արքեղայոսը, որ Հրէաստանի եւ այլ շրջաններու վրայ իշխէ։ Բայց իշխանութեան գլուխը անցնելէ առաջ, Արքեղայոս նախ պէտք էր երկար ճամբորդութիւն մը կատարէր դէպի Հռոմ՝ Օգոստոս կայսրին հաւանութիւնը ստանալու համար։
b Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 9–րդ գլուխը։