ԳԼՈՒԽ 7
Քարոզելու մեթոտները. Ամէն միջոց գործածել՝ մարդոց հասնելու
1, 2. ա) Յիսուս ի՞նչ մեթոտ գործածեց մեծ թիւով ներկաներու խօսելու համար։ բ) Քրիստոսի հաւատարիմ աշակերտները ինչպէ՞ս իր օրինակին հետեւած են եւ ինչո՞ւ։
ԲԱԶՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐ լիճի մը եզերքը Յիսուսին շուրջը կը հաւաքուին, բայց ան նաւակ մը կը մտնէ եւ քիչ մը անդին կ’երթայ։ Ինչո՞ւ։ Ան գիտէ թէ ջուրին մակերեսը իր ձայնը պիտի բարձրացնէ եւ այդ մեծ թիւով ներկաները պիտի կարենան իր պատգամը աւելի յստակ կերպով լսել (կարդա՛ Մարկոս 4։1, 2)։
2 Թագաւորութեան հաստատման ժամանակաշրջանին, Քրիստոսի հաւատարիմ աշակերտները իր օրինակին հետեւեցան։ Անոնք նորանոր մեթոտներ գործածեցին, Թագաւորութեան բարի լուրը մեծ թիւով մարդոց հասցնելու համար։ Թագաւորին առաջնորդութեամբ, Աստուծոյ ժողովուրդը կը շարունակէ արհեստագիտութեան նորագոյն մատչելի մեթոտները օգտագործել եւ փոխուող պարագաներուն համակերպիլ։ Մենք կ’ուզենք կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասնիլ, առաջ որ աշխարհին վերջը գայ (Մատ. 24։14)։ Նկատի առ միայն կարգ մը մեթոտներ, որոնք գործածած ենք մարդոց հասնելու, ուր որ ալ ըլլան։ Նաեւ մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ընդօրինակել հաւատքը անոնց՝ որոնք Թագաւորութեան հաստատման ժամանակաշրջանին բարի լուրը քարոզեցին։
Մեծ թիւով մարդոց հասնիլ
3. Տեսնելով որ լրագիրները կը գործածենք, ճշմարտութեան թշնամիները ինչո՞ւ զայրացան։
3 Լրագիրներ։ Եղբայր Ռասըլն ու իր ընկերակիցները սկսան Դիտարան–ը հրատարակել 1879–ին, Թագաւորութեան պատգամը շատերու հասցնելու համար։ Բայց 1914–էն տասնամեակ մը առաջ, Քրիստոս կարծես հարցերը այնպէս մը ուղղեց, որ բարի լուրը աւելի մեծ թիւով մարդոց հասնէր։ Իրարայաջորդ դէպքերը սկսան 1903–ին։ Այդ տարի, դոկտ. Է. Լ. Իթըն՝ Փէնսիլվանիոյ բողոքական կղերներու խումբի մը խօսնակը, մարտահրաւէր կարդաց Չարլզ Թէյզ Ռասըլին, որ Աստուածաշունչի վարդապետական նիւթերուն շուրջ բանավէճեր ունենան։ Ռասըլին ուղարկած նամակին մէջ, Իթըն գրեց. «Կը կարծեմ որ հանրային բանավէճ մը կարգ մը հարցերու մասին, որոնց շուրջ ես եւ դուն տարակարծիք ենք. . . մարդիկը մեծապէս պիտի հետաքրքրէ»։ Ռասըլն ու իր ընկերակիցներն ալ խորհեցան թէ մարդիկ պիտի հետաքրքրուին. անոր համար կարգադրութիւններ եղան որ բանավէճերը հրատարակուին նշանաւոր լրագրի մը մէջ (The Pittsburgh Gazette)։ Լրագրին յօդուածները ա՛յնքան հռչակաւոր դարձան եւ Ռասըլ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները ա՛յնքան յստակ ու համոզիչ կերպով բացատրեց, որ լրագիրը իրեն առաջարկեց իր դասախօսութիւնները ամէն շաբաթ հրատարակել։ Այդ զարգացումը տեսնելով, ճշմարտութեան թշնամիները որքա՜ն զայրացան։
1914–ին աւելի քան 2000 լրագիրներ Ռասըլի քարոզները կը հրատարակէին
4, 5. Ռասըլ ի՞նչ յատկութիւն ցուցաբերեց, եւ պատասխանատու եղբայրները ինչպէ՞ս կրնան զինք ընդօրինակել։
4 Շուտով նոր լրագիրներ ուզեցին Ռասըլի դասախօսութիւնները հրատարակել։ 1908–ին Դիտարան–ը տեղեկագրեց որ քարոզները «կանոնաւորաբար 11 լրագիրներու մէջ» կը հրատարակուէին։ Բայց լրագրութեան գործէն հասկցող եղբայրներ Ռասըլին ըսին, որ եթէ Ընկերութեան գրասենեակները Փիթցպըրկէն աւելի հանրածանօթ քաղաք մը փոխադրէ, աւելի՛ լրագիրներ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած յօդուածներ պիտի հրատարակեն։ Եղբայրներուն խորհուրդը եւ այլ ազդակներ հաշուի առնելէ ետք, 1909–ին Ռասըլ գրասենեակները փոխադրեց Պրուքլին, Նիւ Եորք։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Փոխադրուելէն միայն քանի մը ամիս ետք, շուրջ 400 լրագիրներ դասախօսութիւնները կը հրատարակէին. եւ այդ լրագիրներուն թիւը երթալով կ’աւելնար։ Երբ Թագաւորութիւնը 1914–ին հաստատուեցաւ, արդէն աւելի քան 2000 լրագիրներ Ռասըլի քարոզներն ու յօդուածները կը հրատարակէին չորս լեզուներով։
5 Այդ զարգացումէն ի՞նչ կարեւոր դաս մը կը սորվինք։ Անոնք՝ որոնք Աստուծոյ կազմակերպութեան մէջ որոշ չափով հեղինակութիւն ունին, լաւ կ’ըլլայ որ Ռասըլի խոնարհութիւնը ընդօրինակեն։ Ինչպէ՞ս։ Երբ կարեւոր որոշումներ կը կայացնեն, լաւ կ’ըլլայ որ ուրիշներուն խորհուրդը հաշուի առնեն (կարդա՛ Առակաց 15։22)։
6. Լրագրի մը մէջ հրատարակուած ճշմարտութիւնները ինչպէ՞ս ազդեցին անհատի մը։
6 Այդ լրագիրներուն մէջ հրատարակուած Թագաւորութեան ճշմարտութիւնները մարդոց կեանքը փոխեցին (Եբ. 4։12)։ Օրինակ, Օրա Հեթսըլը, որ 1917–ին մկրտուեցաւ, այն անձերէն էր՝ որոնք ճշմարտութիւնը առաջին անգամ այսպիսի յօդուածներու միջոցաւ ճանչցան։ Ան ըսաւ. «Ամուսնանալէս ետք, մօրս այցելելու համար գացի Ռոչեսթըր, Մինիսոթա։ Երբ հասայ, տեսայ որ ան լրագիրէ մը յօդուածներ կը կտրէր։ Այդ յօդուածները Ռասըլին քարոզներն էին։ Մայրս բացատրեց այն ինչ որ այդ քարոզներէն սորված էր»։ Օրան իր սորված ճշմարտութիւնները ընդունեց եւ շուրջ վեց տասնամեակ հաւատարմօրէն Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ծանուցանեց։
7. Պատասխանատու եղբայրները ինչո՞ւ լրագիրներու գործածութիւնը վերատեսութեան ենթարկեցին։
7 1916–ին, երկու կարեւոր դէպքեր պատճառ դարձան որ պատասխանատու եղբայրները վերատեսութեան ենթարկեն լրագիրներու միջոցաւ բարի լուրը քարոզելու մեթոտը։ Առաջին, Մեծ պատերազմին պատճառաւ դժուար էր տպագրական իրերը գնել։ 1916–ին, Բրիտանիոյ մէջ, Ընկերութեան լրագիրներու բաժանմունքը տեղեկագրեց. «Այժմ աւելի քան 30 լրագիրներ Քարոզները կը հրատարակեն։ Շատ հաւանական է որ այս թիւը մեծապէս նուազի, քանի որ թուղթին գինը երթալով կը բարձրանայ»։ Երկրորդ, եղբայր Ռասըլ մահացաւ 31 հոկտեմբեր 1916–ին։ Ուստի, Դիտարան–ի 15 դեկտեմբեր 1916 թիւը ծանուցանեց. «Հիմա որ եղբայր Ռասըլ մահացած է, քարոզները ա՛լ պիտի չհրատարակուին լրագիրներուն մէջ»։ Թէեւ այս մեթոտը վերջ գտաւ, բայց այլ մեթոտներ, ինչպէս՝ «Ստեղծագործութեան պատկերատրամը», շարունակեցին մեծ յաջողութիւն գտնել։
8. «Ստեղծագործութեան պատկերատրամ»ի արտադրութիւնը ի՞նչ աշխատանք պահանջեց։
8 Տեսողական ներկայացումներ։ Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները շուրջ երեք տարի աշխատեցան արտադրելու «Ստեղծագործութեան պատկերատրամը», որ առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուեցաւ 1914–ին (Առ. 21։5)։ Անիկա շարժապատկերներու, ձայնագրութիւններու եւ գունաւոր ապակիէ սահիկներու (slides) նոր ներկայացում մըն էր։ Հարիւրաւորներ Սուրբ Գրային դէպքեր խաղարկեցին. նոյնիսկ անասուններ պարփակուած էին։ 1913–ի մէկ տեղեկագրութիւնը ըսաւ. «Նոյին պատմութիւնը խաղարկելու համար, մեծ կենդանաբանական պարտէզի մը անասուններուն մեծամասնութիւնը օգտագործուեցաւ»։ Իսկ արտադրութեան մէջ գործածուած հարիւրաւոր ապակիէ սահիկներուն վրան աշխատեցան գեղարուեստագէտներ՝ Լոնտոնէն, Նիւ Եորքէն, Փարիզէն եւ Ֆիլատելֆիայէն։ Անոնք մէկ առ մէկ սահիկները ներկեցին։
9. Ինչո՞ւ այդքան ժամանակ եւ գումար տրամադրուեցաւ «Պատկերատրամը» պատրաստելու։
9 Ինչո՞ւ այսքան ժամանակ եւ գումար տրամադրուեցաւ «Պատկերատրամը» պատրաստելու։ 1913–ին կայացուած համաժողովներուն ընթացքին որոշում մը առնուեցաւ որ կ’ըսէր. «Շատ յստակ դարձած է որ ամերիկեան լրագիրները որեւէ ժամանակէ աւելի կը յաջողին մարդոց կարծիքը կաղապարել՝ ծաղրանկարներով եւ պատկերներով. . . ։ Ասկէ զատ, շարժապատկերներն ալ արդիւնաւէտ եղած են եւ ընդունելութիւն գտած են։ Այս բոլորը մեզ,– յառաջադէմ քարոզիչներս եւ աստուածաշնչական դասարանի ուսուցիչներս,– մղած է վստահ ըլլալու որ շարժապատկերներու եւ սահիկներու գործածութիւնը ազդու եւ ընդունելի մեթոտ է»։
10. «Պատկերատրամը» ո՞ր տարողութեամբ ցուցադրուեցաւ։
10 1914–ին, իւրաքանչիւր օր «Պատկերատրամը» ցուցադրուեցաւ 80 քաղաքներու մէջ։ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ շուրջ 8 միլիոն մարդիկ այդ ներկայացումը դիտեցին։ Նոյն տարին, «Պատկերատրամը» ցուցադրուեցաւ Աւստրալիոյ, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Դանիոյ, Զուիցերիոյ, Նոր Զելանտայի, Նորվեկիոյ, Շուէտի եւ Ֆինլանտայի մէջ։ Արտադրութեան կարճ տարբերակը, որ շարժապատկերներ չէր պարփակեր, պատրաստուեցաւ ցուցադրուելու գիւղաքաղաքներու մէջ։ Այդ տարբերակը,– «Եւրեքա տրամա»ն,– արտադրելը աւելի աժան էր եւ զայն փոխադրելը՝ դիւրին։ 1916–ին, կա՛մ «Պատկերատրամը» եւ կամ «Եւրեքա տրամա»ն թարգմանուած էր գերմաներէն, դանօ–նորվեկերէն, իտալերէն, լեհերէն, հայերէն, յունարէն, շուէտերէն, սպաներէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։
1914–ին ընթացքին, «Պատկերատրամ»ը ցուցադրուեցաւ ներկաներով լեցուն սրահներու մէջ
11, 12. «Պատկերատրամ»ը ինչպէ՞ս ազդեց երիտասարդի մը, եւ ան ի՞նչ օրինակ կը հանդիսանայ մեզի։
11 «Պատկերատրամ»ին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ 18 տարեկան Շարլ Ռոներին վրայ։ «Անիկա ներկայացուեցաւ գիւղիս՝ Գոլմարի մէջ, Ալզաս, Ֆրանսա», ըսաւ Շարլ։ «Սկիզբէն իսկ տպաւորուեցայ Աստուածաշունչի ճշմարտութեան յստակ ներկայացումով»։
12 Առ ի արդիւնք, Շարլ մկրտուեցաւ եւ 1922–ին լիաժամ ծառայութեան ձեռնարկեց։ Իր առաջին նշանակումներէն մէկն էր՝ Ֆրանսայի մէջ «Պատկերատրամը» ներկայացնել։ Այդ գործը նկարագրելով, Շարլ կ’ըսէ. «Ինծի նշանակուեցան զանազան գործեր,– ջութակ նուագել եւ հաշիւի ու հրատարակութիւններու ծառան ըլլալ։ Նաեւ, ինձմէ խնդրուեցաւ ներկաները լուռ պահել յայտագիրը սկսելէն առաջ։ Ընդմիջումին ընթացքին հրատարակութիւնները կը ներկայացնէինք։ Իւրաքանչիւր եղբօր կամ քրոջ սրահին մէկ մասը կը նշանակէինք։ Անոնք իրենց ձեռքը բազմաթիւ հրատարակութիւններ կ’ունենային եւ իրենց նշանակուած մասին մէջ իւրաքանչիւր անձի կը մօտենային։ Ասկէ զատ, իւրաքանչիւր սրահի մուտքին հրատարակութիւններով լեցուն սեղաններ ունէինք»։ 1925–ին, Շարլ հրաւիրուեցաւ ծառայելու Պրուքլինի Բեթէլին մէջ, Նիւ Եորք։ Հոն, ան նշանակում ստացաւ ծառայելու որպէս նուագախումբի ղեկավար՝ նոր հաստատուած ռատիօկայանին (WBBR)։ Այս եղբօր օրինակը նկատի առնելէ ետք, մենք մեզի հարց տանք. ‘Պատրա՞ստ եմ ընդունելու որեւէ նշանակում որ ինծի կը տրուի՝ Թագաւորութեան պատգամը տարածելու մէջ բաժին բերելու համար’ (կարդա՛ Եսայի 6։8)։
13, 14. Բարի լուրը տարածելու համար ռատիոն ինչպէ՞ս գործածուեցաւ (տե՛ս « WBBR–ի յայտագիրները» եւ « Պատմական համաժողով մը» շրջանակները)։
13 Ռատիօ։ 1920–ական թուականներուն «Պատկերատրամ»ին գործածութիւնը նուազեցաւ։ Բայց Թագաւորութեան բարի լուրը աչքառու կերպով տարածելուն մէջ մեծ դեր խաղցաւ ռատիոն։ 16 ապրիլ 1922–ին, եղբայր Ռատըրֆորտ դասախօսութիւն մը տուաւ Ֆիլատելֆիոյ «Մեթրոփոլիթըն Օփերա Հաուս»ին մէջ (Փէնսիլվանիա), եւ որ ռատէոյի ճամբով սփռուեցաւ։ Շուրջ 50,000 մարդիկ մտիկ ըրին «Հիմա ապրող միլիոնաւորներ բնաւ պիտի չմեռնին» դասախօսութիւնը։ Ապա, 1923–ին առաջին անգամ ըլլալով համաժողովի մը նիստը ձայնասփռուեցաւ։ Առեւտրական ռատիօկայաններ գործածելու կողքին, պատասխանատու եղբայրները որոշեցին թէ իմաստութիւն պիտի ըլլար մեր անձնական ռատիօկայանը ունենալ։ Անիկա հաստատուեցաւ Սթէթըն Կղզիին մէջ, Նիւ Եորք, եւ կոչուեցաւ WBBR։ Առաջին ձայնասփռումը տեղի ունեցաւ 24 փետրուար 1924–ին։
1922–ին շուրջ 50,000 մարդիկ «Հիմա ապրող միլիոնաւորներ բնաւ պիտի չմեռնին» դասախօսութեան ձայնասփռումը մտիկ ըրին
14 WBBR–ին նպատակը բացատրելով, Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 1924 թիւը ըսաւ. «Կը հաւատանք որ ռատիոն ցարդ ամէնէն խնայողական եւ ազդու կերպն է ճշմարտութեան պատգամը տարածելու»։ Ապա աւելցուց. «Եթէ Տէրը յարմար տեսնէ, որ ճշմարտութիւնը տարածելու համար այլ ռատիօկայաններ ալ հաստատուին, ան նիւթական միջոցները պիտի հայթայթէ» (Սաղ. 127։1)։ 1926–ին, Եհովայի վկաները ունէին վեց ռատիօկայաններ։ Երկուքը կը գտնուէին Միացեալ Նահանգներուն մէջ,– WBBR–ը՝ Նիւ Եորքի մէջ իսկ WORD–ը՝ Շիքակոյի մօտ։ Միւս չորսը կը գտնուէին Քանատայի հետեւեալ շրջաններուն մէջ. Ալպերթա, Բրիտանական Քոլոմպիա, Սասքաչուան եւ Օնդէրիօ։
15, 16. ա) Քանատայի կղերները ինչպէ՞ս հակազդեցին մեր ձայնասփռումներուն։ բ) Ռատիոյի դասախօսութիւններն ու տունէ տուն ծառայութիւնը ինչպէ՞ս զիրար լրացուցին։
15 Աստուածաշունչի ճշմարտութեան այս լայնատարած ձայնասփռումը քրիստոնէական աշխարհի կղերներուն աչքէն չվրիպեցաւ։ Ալպերթ Հոֆմէն, որ Սասքաչուանի ռատիօկայանին մէջ տարուած մեծ աշխատանքէն լաւատեղեակ էր, ըսաւ. «Երթալով աւելի՛ մարդիկ սկսան ճանչնալ Աստուածաշունչի Աշակերտները [ինչպէս որ Եհովայի վկաները այդ ատեն կը կոչուէին]։ Մարդիկ հոյակապ վկայութիւն ստացան մինչեւ 1928, երբ կղերները ճնշում բանեցուցին կառավարական պաշտօնեաներուն վրայ։ Առ ի արդիւնք Աստուածաշունչի Աշակերտներուն բոլոր ռատիօկայանները Քանատայի մէջ իրենց արտօնագրերը կորսնցուցին»։
16 Ասով հանդերձ, Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասախօսութիւնները շարունակուեցան ձայնասփռուիլ առեւտրական ռատիօկայաններէն (Մատ. 10։23)։ Այս յայտագիրները աւելի ազդու դարձնելու համար, Դիտարան–ին մէջ եւ Ոսկեդար–ին մէջ (որ այժմ կը կոչուի Զարթի՛ր) տպուեցաւ ցուցակը այն առեւտրական ռատիօկայաններուն, որոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը կը ձայնասփռէին, որպէսզի դռնէ դուռ ծառայող հրատարակիչները կարենան մարդիկը քաջալերել, որ դասախօսութիւնները մտիկ ընեն տեղական ռատիօկայաններէն։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Յունուար 1931–ի Տեղեկագիր–ը ըսաւ. «Ռատիոյին գործածութիւնը եղբայրներուն օգնեց դռնէ դուռ ծառայութեան ընթացքին։ Գրասենեակը շատ մը տեղեկագրութիւններ ստացաւ, որոնք ցոյց տուին թէ մարդիկ ձայնասփռումները մտիկ ըրին եւ եղբայր Ռատըրֆորտին դասախօսութիւնները մտիկ ընելէ ետք փափաքեցան իրենց առաջարկուած գիրքերը առնել»։ Տեղեկագիր–ին մէջ ձայնսփռումներն ու տունէ տուն ծառայութիւնը նկարագրուեցան որպէս «Տէրոջ կազմակերպութեան քարոզելու երկու հոյակապ մեթոտները»։
17, 18. Պարագաները փոխուելով հանդերձ, ռատիոն ինչպէ՞ս շարունակեց բարի լուրի տարածման մէջ դեր խաղալ։
17 1930–ական թուականներուն առեւտրական ռատիօկայաններ գործածելուն նկատմամբ հակառակութիւնը սաստկացաւ։ Ուստի, 1937–ի վերջաւորութեան Եհովայի ժողովուրդը նոր պարագաներուն յարմարեցաւ։ Անոնք դադրեցան յայտագիրներ ձայնասփռելէ այդ առեւտրական ռատիօկայաններէն եւ ա՛լ աւելի տունէ տուն ծառայութեան վրայ կեդրոնացան a։ Բայց եւ այնպէս, ռատիոն շարունակեց կարեւոր դեր խաղալ Թագաւորութեան պատգամը տարածելու կարգ մը հեռաւոր կամ քաղաքական գետնի վրայ մեկուսացած երկիրներու մէջ։ Օրինակ, 1951-1991 Գերմանիոյ Արեւմտեան Պերլինի մէկ ռատիօկայանը կանոնաւորաբար Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած դասախօսութիւններ կը ձայնասփռէր, եւ այսպէս անոնք՝ որոնք այդ ատեն կ’ապրէին Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ, կրցան Թագաւորութեան պատգամը լսել։ 1961–էն սկսեալ, Հարաւային Ամերիկայի մէջ, Սուրինամի մէկ ազգային ռատիօկայանը աւելի քան երեք տասնամեակ, շաբաթը 15 վայրկեան ձայնասփռեց յայտագիր մը՝ որ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները տարածեց։ 1969-1977, կազմակերպութիւնը արտադրեց աւելի քան 350 մասէ բաղկացած ռատիոյի յայտագիր մը՝ «Բոլոր Սուրբ Գրութիւնները օգտակար են» խորագրով։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, 291 ռատիօկայաններ 48 նահանգներու մէջ յայտագիրները ձայնասփռեցին։ 1996–ին, ռատիօկայան մը Ափիայի մէջ (Հարաւային Խաղաղականի Սամուայի մայրաքաղաքը) ձայնասփռեց շաբաթական յայտագիր մը՝ «Սուրբ Գրային հարցումներուդ պատասխանները» խորագրով։
18 Մինչ 20–րդ դարը կ’աւարտէր, ռատիոն այլեւս գլխաւոր դեր չէր խաղար բարի լուրի տարածման մէջ։ Բայց ուրիշ արհեստագիտութիւն մը կարելի դարձուց, որ մեծ թիւով մարդոց հասնինք։ Ո՞րն է այդ։
19, 20. Եհովայի վկաները ինչո՞ւ պատրաստած են jw.org կայքը եւ անիկա որքա՞ն ազդու եղած է (տես նաեւ « JW.ORG» շրջանակը)։
19 Համացանց։ 2013–ի տուեալները ցոյց տուին, թէ աւելի քան 2,7 միլիառ անհատներ, այսինքն՝ աշխարհի բնակչութեան 40 տոկոսը, համացանցը կը գործածէ։ Ըստ որոշ ենթադրութիւններու, շուրջ երկու միլիառ անհատներ համացանցը կը գործածեն խելացի հեռաձայններու (smartphones) եւ դիւրակիր համակարգիչներու (tablets) միջոցաւ։ Համաշխարհային գետնի վրայ, այս թիւը շատ արագօրէն կը բարձրանայ. բայց այժմ ամէնէն շատ կ’աճի Ափրիկէի մէջ, ուր աւելի քան 90 միլիոն անհատներ համացանցին կը բաժանորդագրուին վերոնշեալ եւ այլ սարքերու միջոցաւ։ Այս զարգացումները պատճառ դարձած են, որ շատերու համար տեղեկութիւններ ստանալու կերպը փոխուի։
20 1997–էն սկսեալ Եհովային ժողովուրդը այս մեթոտը օգտագործեց։ 2013–ին, jw.org կայքը մատչելի դարձաւ շուրջ 300 լեզուներով եւ կարելի դարձաւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած տեղեկութիւններ բեռնել աւելի քան 520 լեզուներով։ Կայքը ամէն օր աւելի քան 750,000 յատուկ այցելութիւններ կը ստանայ։ Ամէն ամիս, տեսաերիզները դիտելէ զատ, մարդիկ կը բեռնեն աւելի քան 3 միլիոն գիրք, 4 միլիոն պարբերաթերթ եւ 22 միլիոն ձայնագրութիւն։
21. Սինային փորձառութենէն ի՞նչ սորվեցար։
21 Կայքը ազդու մեթոտ մը դարձած է Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը տարածելու նո՛յնիսկ այն երկիրներուն մէջ, ուր մեր քարոզչութիւնը արգիլուած է։ Օրինակ, 2013–ի սկիզբը, Սինա անունով տղամարդ մը jw.org կայքը գտաւ եւ հեռաձայնեց կեդրոնատեղիին, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։ Ան ուզեց Աստուածաշունչին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ձեռք ձգել։ Այս դէպքը ինչո՞ւ իւրայատուկ էր։ Սինան իսլամական ենթահող ունի եւ կ’ապրի երկրի մը հեռաւոր մէկ գիւղին մէջ։ Այդ երկրին մէջ Եհովայի վկաներուն գործունէութիւնը խստօրէն սահմանափակուած է։ Հեռաձայնելէ ետք, կարգադրութիւններ եղան որ Միացեալ Նահանգներէն եղբայր մը շաբաթը երկու անգամ Աստուածաշունչը առցանց ուսումնասիրէ Սինային հետ։
Մարդոց անհատապէս սորվեցնել
22, 23. ա) Մեծ թիւով մարդոց հասնելու համար գործածուած մեթոտները դռնէ դուռ ծառայութիւնը փոխարինա՞ծ են։ բ) Թագաւորը ինչպէ՞ս մեր ջանքերը օրհնած է։
22 Թիւով աւելի շատ մարդոց հասնելու համար բազմաթիւ մեթոտներ գործածեցինք, ինչպէս՝ լրագիրները, «Պատկերատրամ»ը, ռատիոյի յայտագիրները եւ կայքը։ Բայց անոնք չփոխարինեցին դռնէ դուռ ծառայութիւնը։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովային ժողովուրդը Յիսուսին օրինակին կը հետեւի։ Ան ոչ միայն բազմութիւններու քարոզեց, այլեւ մարդոց անհատապէս օգնեց (Ղուկ. 19։1-5)։ Ան նաեւ մարզեց իր աշակերտները որ նոյնը ընեն եւ անոնց ըսաւ որ ի՛նչ պատգամ քարոզեն (կարդա՛ Ղուկաս 10։1, 8-11)։ Ինչպէս որ 6–րդ գլուխին մէջ քննարկուեցաւ, պատասխանատու եղբայրները միշտ քաջալերած են Եհովայի իւրաքանչիւր ծառան, որ մարդոց հետ դէմ առ դէմ խօսի (Գործք 5։42. 20։20)։
23 Թագաւորութիւնը հաստատուելէն 100 տարի ետք, աւելի քան 7,9 միլիոն հրատարակիչներ ժրաջանօրէն ուրիշներուն կը սորվեցնեն Աստուծոյ նպատակներուն մասին։ Անկասկած Թագաւորը օրհնած է այն մեթոտները, որոնք գործածած ենք Թագաւորութիւնը ծանուցանելու համար։ Ինչպէս որ յաջորդ գլուխը ցոյց պիտի տայ, ան նաեւ մեզի տուած է հարկ եղած գործիքները, որպէսզի բարի լուրը ամէն ազգի, ցեղի եւ լեզուի պատկանող մարդոց տարածենք (Յայտ. 14։6)։
a 1957–ին, պատասխանատու եղբայրները որոշեցին Նիւ Եորքի մէջ գտնուող մեր վերջին ռատիօկայանը՝ WBBR–ը՝ փակել։