ԳԼՈՒԽ 4
Եհովան իր անունը կը փառաւորէ
1, 2. Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը ինչպէ՞ս Աստուծոյ անունը կը փառաւորէ։
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 2 դեկտեմբեր 1947–ին, Պրուքլինի Բեթէլին մէջ խումբ մը օծեալ եղբայրներ հսկայ աշխատանքի մը ձեռնարկեցին։ Դժուար աշխատանք մը ըլլալով հանդերձ, անոնք 12 տարի ժրաջանօրէն աշխատեցան։ Ի վերջոյ, կիրակի, 13 մարտ 1960–ին, Աստուածաշունչի նոր թարգմանութիւն մը ամբողջացած էր։ Երեք ամիս ետք՝ 18 յունիս 1960–ին, Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող համաժողովի մը ընթացքին, եղբայր Նաթան Նոր յայտարարեց, որ Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութեան վերջին հատորը լոյս տեսած է։ Դասախօսը ներկաներուն զգացումները արտայայտեց, երբ ըսաւ. ‘Այսօր, աշխարհի չորս կողմը գտնուող Եհովայի վկաներուն համար ուրա՛խ օր է’։ Գլխաւորաբար ներկաներուն ուրախացուց այդ նոր թարգմանութեան յատուկ մէկ երեսակը՝ Աստուծոյ անուան յաճախակի գործածութիւնը։
2 Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանութիւններ Աստուծոյ անունը կը ջնջեն։ Բայց Եհովայի օծեալ ծառաները դէմ կեցան Սատանայի այդ խորամանկ ծրագրին, որուն նպատակն էր՝ Աստուծոյ անունը մարդոց յիշողութենէն ջնջել։ Այդ օր լոյս տեսած Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը իր նախաբանին մէջ նշեց. «Այս թարգմանութեան գլխաւոր առանձնայատկութիւններէն մէկն է՝ Աստուծոյ անունը վերադարձնել բոլոր այն տեղերը, ուր պէտք է ըլլայ»։ Իրապէս, Նոր աշխարհի թարգմանութեան մէջ, Աստուծոյ անձնական անունը՝ Եհովա, աւելի քան 7000 անգամ կ’երեւնայ։ Այս թարգմանութիւնը ի՜նչ ուշագրաւօրէն մեր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի անունը փառաւորած է։
3. ա) Եղբայրները Աստուծոյ անուան իմաստին նկատմամբ ի՞նչ հասկցան։ բ) Ելից 3։13, 14–ը ինչպէ՞ս պէտք է հասկնանք (տե՛ս « Աստուծոյ անուան իմաստը» շրջանակը)։
3 Սկիզբը, Աստուածաշունչի Աշակերտները հասկցան թէ Աստուծոյ անունը կը նշանակէ. «Ես եմ ՈՐ ԷՆ» (Ել. 3։14)։ Ուստի, Դիտարան–ի 1 յունուար 1926 թիւը նշեց. «‘Եհովա’ անունը կը նշանակէ ինքնագոյ էակ. . . Ան որ ո՛չ սկիզբ ունի, ոչ ալ վերջ»։ Բայց երբ թարգմանիչները սկսան Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը պատրաստել, Եհովան իր ժողովուրդին արդէն իսկ օգնած էր որ հասկնան թէ իր անունը ոչ միայն կը նշանակէ ինքնագոյ, այլեւ գլխաւորաբար կը նշանակէ, թէ ան նպատակներ դնող է եւ զանոնք իրագործող։ Անոնք հասկցան թէ Աստուծոյ անունը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «Ան կը պատճառէ ըլլալ»։ Արդարեւ, ան պատճառեց որ տիեզերքն ու մտացի արարածները գոյանան, եւ կը շարունակէ պատճառել որ իր կամքն ու նպատակը իրականանան։ Բայց ինչո՞ւ այսքան կարեւոր է որ Աստուծոյ անունը փառաւորուի, եւ ինչպէ՞ս կրնանք անոր անուան փառաւորման մէջ բաժին բերել։
Աստուծոյ անուան սրբացումը
4, 5. ա) Երբ կ’աղօթենք՝ «Քու անունդ սուրբ ըլլայ», ի՞նչ կը խնդրենք։ բ) Աստուած իր անունը ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս պիտի սրբացնէ։
4 Եհովան կ’ուզէ որ իր անունը փառաւորուի։ Իրականութեան մէջ, իր գլխաւոր նպատակը իր անուան սրբացումն է,– ինչպէս որ բացայայտ է Յիսուսի սորվեցուցած աղօթքին առաջին խնդրանքին մէջ. «Քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատ. 6։9)։ Բայց մեր այս խնդրանքը ի՞նչ կը նշանակէ։
5 Ինչպէս որ այս գրքին առաջին գլուխին մէջ տեսանք, «Քու անունդ սուրբ ըլլայ» խնդրանքը Յիսուսի տիպար աղօթքին երեք խնդրանքներէն մէկն է, որոնք Եհովային նպատակին հետ կապ ունին։ Միւս երկուքն են. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ» (Մատ. 6։10)։ Ուստի, ճիշդ ինչպէս որ Եհովայէն կը խնդրենք որ քայլ առնէ որ իր Թագաւորութիւնը գայ եւ իր կամքը ըլլայ, նոյնպէս Եհովայէն կը խնդրենք որ քայլ առնէ որ իր անունը սրբացնէ։ Ուրիշ խօսքով, Եհովայէն կը խնդրենք որ քայլ առնէ որ իր անունը մաքրէ ամէն նախատինքէ, որ անոր վրայ կուտակուած է Եդեմի մէջ եղած ըմբոստութենէն ի վեր։ Եհովան այսպիսի աղօթքի մը ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջէ։ Ան կը նշէ. «Ես սուրբ պիտի ընեմ իմ մեծ անունս, որ ազգերուն մէջ պղծուեցաւ» (Եզեկ. 36։23. 38։23)։ Արմագեդոնին, երբ Եհովան չարութիւնը վերցնէ, իր անունը պիտի սրբացնէ ամբողջ ստեղծագործութեան առջեւ։
6. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ անուան սրբացման մէջ բաժին բերել։
6 Պատմութեան ընթացքին, Եհովան թոյլ տուած է որ իր ծառաները իր անուան սրբացման մէջ բաժին բերեն։ Անշուշտ, մենք չենք կրնար Աստուծոյ անունը աւելի սուրբ դարձնել։ Անիկա արդէն բացարձակ առումով սուրբ է։ Լաւ ինչպէ՞ս կրնանք զայն սրբացնել։ Նկատի առ թէ Եհովան ի՛նք ինչ ըսաւ իր ժողովուրդին նկատմամբ. «Իմ անունս պիտի փառաւորեն [«սրբացնեն», ՆԱ]. . . ու Իսրայէլին Աստուծմէն պիտի վախնան» (Եսա. 29։23)։ Ուրեմն, Աստուծոյ անունը կը սրբացնենք, երբ զայն միւս բոլոր անուններէն վեհ կը սեպենք, երբ կը յարգենք այն ինչ որ կը ներկայացնէ եւ երբ ուրիշներուն կ’օգնենք որ զայն սուրբ նկատեն։ Իսկ յատկապէս ցոյց կու տանք որ Աստուծոյ անուան հանդէպ ակնածանք ունինք, երբ զինք կ’ընդունինք որպէս մեր Կառավարիչը եւ ամբողջ սրտով իրեն կը հնազանդինք (Առ. 3։1. Յայտ. 4։10բ)։
Պատրաստուած՝ Աստուծոյ անունը կրելու եւ փառաւորելու
7, 8. ա) Ինչո՞ւ ժամանակ առաւ մինչեւ որ Աստուծոյ ժողովուրդը անոր անունը կրէ։ բ) Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
7 1870–ական թուականներէն ի վեր Աստուծոյ ծառաները իրենց հրատարակութիւններուն մէջ Աստուծոյ անունը գործածած են։ Օրինակ, «Եհովա» անունը կ’երեւնայ Սիօնի դիտարան–ին օգոստոս 1879 թիւին մէջ եւ Հարսին երգերը խորագրով երգարանին մէջ,– որ նոյն տարին հրատարակուեցաւ։ Բայց այնպէս կը թուի, թէ առաջ որ Եհովան թոյլ տայ իր ժողովուրդին որ իր սուրբ անունը հանրապէս կրէ, ան վստահ եղաւ որ անոնք այդ մեծ առանձնաշնորհումին պահանջները գոհացնեն։ Եհովան ինչպէ՞ս պատրաստեց այդ Աստուածաշունչի Աշակերտները, որ իր անունը կրեն։
8 Յետադարձ ակնարկ մը նետելով 19–րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20–րդ դարու սկիզբին, կը տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ժողովուրդին աւելի յստակ հասկացողութիւն տուած է իր անուան առնչուող կարեւոր ճշմարտութիւններու մասին։ Նկատի առնենք այդ ճշմարտութիւններէն երեքը։
9, 10. ա) Սկիզբը, Դիտարան–ի յօդուածները ինչո՞ւ Յիսուսին վրայ կեդրոնացան։ բ) 1919–էն ետք ի՞նչ փոփոխութիւն եղաւ եւ ի՞նչ արդիւնքով (տես նաեւ « Դիտարան–ը ինչպէ՛ս Աստուծոյ անունը փառաւորած է» շրջանակը)։
9 Առաջին, Եհովային ծառաները ժամանակի ընթացքին Աստուծոյ անուան կարեւորութեան նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ ունեցան։ Սկիզբը, հաւատարիմ Աստուածաշունչի Աշակերտները փրկանքի կարգադրութիւնը Աստուածաշունչին հիմնական ուսուցումը նկատեցին։ Անոր համար է որ Դիտարան–ը յաճախ կեդրոնացաւ Յիսուսին վրայ։ Օրինակ, իր հրատարակման առաջին տարին պարբերաթերթը Յիսուսին անունը տասը անգամ աւելի նշեց, քան՝ Եհովային անունը։ Դիտարան–ի 15 մարտ 1976 թիւը նշեց, թէ այդ ատեն Աստուածաշունչի Աշակերտները «չափազանց կարեւորութիւն» տուին Յիսուսին։ Բայց ժամանակի ընթացքին, Եհովան իրենց օգնեց որ նկատեն, թէ Աստուածաշունչը որքա՜ն կարեւորութիւն կու տայ Աստուծոյ անձնական անուան։ Ասիկա ինչպէ՞ս ազդեց Աստուածաշունչի Աշակերտներուն։ Վերոնշեալ Դիտարան–ի յօդուածը կը նշէ, թէ յատկապէս 1919–էն ետք «անոնք սկսան աւելի՛ պատուել Մեսիային երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան»։ Այսպէս, 1919–ին յաջորդող տասնամեակին ընթացքին Դիտարան–ը Աստուծոյ անունը նշեց աւելի քան 6500 անգամ։
10 Աստուծոյ անուան պատշաճ կարեւորութիւն տալով՝ մեր եղբայրները ցոյց տուին ատոր հանդէպ իրենց սէրը։ Մովսէսին պէս, անոնք սկսան ‘Տէրոջը անունը կանչել’ (Բ. Օր. 32։3. Սաղ. 34։3)։ Իսկ Եհովան նկատե՛ց իր անուան հանդէպ անոնց սէրը եւ անոնց հաճեցաւ,– ինչպէս որ Սուրբ Գրութիւններուն մէջ խոստացած էր ընել (Սաղ. 119։132. Եբ. 6։10)։
11, 12. ա) 1919–էն քիչ ետք, մեր հրատարակութիւնները ինչպէ՞ս փոփոխութեան ենթարկուեցան։ բ) Եհովան իր ծառաներուն ուշադրութեան ի՞նչ կը յանձնէր եւ ինչո՞ւ։
11 Երկրորդ, ճշմարիտ քրիստոնեաները ճշգրտօրէն հասկցան Աստուծոյ նշանակած աշխատանքը։ 1919–էն քիչ ետք, առաջնորդութիւն առնող օծեալ եղբայրները սկսան Եսայիի մարգարէութիւնը քննել։ Առ ի արդիւնք, մեր հրատարակութիւններուն բովանդակութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, որ այդ ճշդումը ‘ատենին կերակուր’ էր (Մատ. 24։45)։
12 1919–էն առաջ Դիտարան–ը բնաւ չէր քննարկած Եսայիի հետեւեալ խօսքը. «Իմ վկաներս դուք էք, կ’ըսէ Տէրը, նաեւ իմ ընտրած ծառաս» (կարդա՛ Եսայի 43։10-12)։ Բայց 1919–էն անմիջապէս ետք, մեր հրատարակութիւնները սկսան ուշադրութիւն ընծայել Աստուածաշունչի այդ հատուածին, բոլոր օծեալները քաջալերելով որ մասնակցին այն գործին, որ Եհովան իրենց նշանակած էր. Իր մասին վկայել։ Օրինակ, միայն 1925-1931 Եսայիի 43–րդ գլուխը նկատի առնուեցաւ Դիտարան–ի 57 տարբեր թիւերուն մէջ, եւ իւրաքանչիւր թիւ Եսայիի խօսքերը ճշմարիտ քրիստոնեաներուն կիրարկեց։ Յստակ էր որ այդ տարիներուն ընթացքին, Եհովան իր ծառաներուն ուշադրութեան կը յանձնէր իրենց կատարելիք գործը։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ անոնք պէտք էր ‘փորձուէին’ (Ա. Տիմ. 3։10)։ Աստուծոյ անունը իրաւացիօրէն կրելէ առաջ, Աստուածաշունչի Աշակերտները պէտք էր իրենց գործերով Եհովային փաստէին, որ ի՛րապէս իր վկաներն են (Ղուկ. 24։47, 48)։
13. Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս կը յայտնէ այն գլխաւոր հարցը, որ պէտք է լուծուի։
13 Երրորդ, Եհովային ժողովուրդը սկսաւ Իր անուան սրբացման կարեւորութիւնը հասկնալ։ 1920–ական թուականներուն, անոնք գիտակցեցան թէ Աստուծոյ անուան սրբացումը գլխաւոր հարցն է, որ պէտք է լուծուի։ Աստուծոյ Խօսքը այս կարեւոր ճշմարտութիւնը ինչպէ՞ս կը յայտնէ։ Նկատի առ երկու օրինակ։ Եհովան ինչո՞ւ իսրայէլացիները Եգիպտոսէն դուրս հանեց։ Ան ըսաւ. «Որ. . . բոլոր երկրի մէջ իմ անունս պատմուի» (Ել. 9։16)։ Իսկ ինչո՞ւ իսրայէլացիներուն ողորմեցաւ, երբ իրեն դէմ ըմբոստացան։ Դարձեալ, ան ըսաւ. «Իմ անուանս համար ըրի, որ չըլլայ թէ պղծուի. . . ազգերուն առջեւ» (Եզեկ. 20։8-10)։ Աստուածաշունչի Աշակերտները այս եւ այլ աստուածաշնչական պատմութիւններէն ի՞նչ սորվեցան։
14. ա) 1920–ական թուականներու վերջաւորութեան, Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ ըմբռնեց։ բ) Աստուածաշունչի Աշակերտներուն ճշդուած հասկացողութիւնը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ քարոզչութեան վրայ (տես նաեւ « Քարոզելու զօրաւոր պատճառ մը» շրջանակը)։
14 1920–ական թուականներու վերջաւորութեան, Աստուծոյ ժողովուրդը ըմբռնեց այն ինչ որ Եսային շուրջ 2700 տարի առաջ ըսած էր։ Եհովային մասին ան ըսաւ. «Դուն քու ժողովուրդիդ առաջնորդութիւն ըրիր, որպէս զի քեզի փառաւոր անուն վաստկիս» (Եսա. 63։14)։ Աստուածաշունչի Աշակերտները հասկցան, թէ գլխաւոր հարցը մարդոց փրկութիւնը չէ, այլ՝ Աստուծոյ անուան սրբացումը (Եսա. 37։20. Եզեկ. 38։23)։ 1929–ին, Մարգարէութիւն գիրքը այդ ճշմարտութիւնը ամփոփեց, ըսելով. «Եհովային անունը ամէնէն կարեւոր հարցն է, որ պէտք է լուծուի ամբողջ ստեղծագործութեան առջեւ»։ Այս ճշդուած հասկացողութիւնը զօրացուց Աստուծոյ ծառաներուն վճռականութիւնը, որ Եհովային մասին վկայեն եւ անոր անունը ամէն նախատինքէ մաքրեն։
15. ա) 1930–ական թուականներուն սկիզբը մեր եղբայրները ի՞նչ հասկցած էին։ բ) Ի՞նչ բանի ժամանակն էր։
15 1930–ական թուականներու սկիզբը, մեր եղբայրները Աստուծոյ անուան կարեւորութեան նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ ունէին, Աստուծոյ նշանակած աշխատանքը աւելի յստակ կերպով հասկցած էին եւ խորապէս ըմբռնած էին այն գլխաւոր հարցը, որ պէտք էր լուծուէր։ Այժմ ժամանակն էր, որ Եհովան իր ծառաներուն տար իր անունը հանրապէս կրելու պատիւը։ Ասիկա ինչպէ՞ս եղաւ։ Նկատի առնենք կարգ մը դէպքեր։
Եհովան «[կ’առնէ] ժողովուրդ մը՝ կրելու համար իր անունը»
16. ա) Ի՞նչ ուշագրաւ կերպով Եհովան իր անունը կը փառաւորէ։ բ) Անցեալին, ո՞ր ազգը առաջին անգամ Աստուծոյ անունը կրեց։
16 Եհովան իր անունը կը փառաւորէ ուշագրաւ կերպով մը. երկրի վրայ իր անունը կրող ժողովուրդ մը ունենալով։ Ք.Ա. 1513–էն սկսեալ իսրայէլ ազգը Եհովան ներկայացնող ժողովուրդն էր (Եսա. 43։12)։ Բայց անոնք Աստուծոյ հետ ըրած իրենց ուխտը չպահեցին. եւ Ք.Ե. 33–ին, Անոր հետ իրենց վայելած յատուկ փոխյարաբերութիւնը կորսնցուցին։ Անկէ քիչ ետք, Եհովան «այցելեց հեթանոսներուն, որպէսզի անոնց մէջէն առնէ ժողովուրդ մը՝ կրելու համար իր անունը» (Գործք 15։14, ԱԾ)։ Այդ նոր ընտրուած ժողովուրդը ճանչցուեցաւ որպէս «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը, որ կը բաղկանայ տարբեր ազգերու պատկանող Քրիստոսի օծեալ հետեւորդներէն (Գաղ. 6։16)։
17. Սատանային ո՞ր չարամիտ ծրագիրը յաջողեցաւ։
17 Շուրջ Ք.Ե. 44–ին, Քրիստոսի աշակերտները «աստուածային առաջնորդութեամբ քրիստոնեայ անուանուեցան» (Գործք 11։26, ՆԱ)։ Սկիզբը, այդ անունը իւրայատուկ էր, քանի որ միայն կ’ակնարկէր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն (Ա. Պետ. 4։16)։ Բայց ինչպէս որ Յիսուս որոմին առակին մէջ ցոյց տուաւ, Սատանան կրցաւ իր չարամիտ ծրագիրը յաջողցնել. այդ իւրայատուկ անունը բոլոր կեղծ քրիստոնեաներն ալ սկսան կրել։ Առ ի հետեւանք, դարեր շարունակ կարելի չէր ճշմարիտ քրիստոնեաները կեղծ քրիստոնեաներէն զատորոշել։ Բայց պարագան փոխուեցաւ «հունձքի ատենը», որ սկսաւ 1914–ին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ հրեշտակները սկսան կեղծ քրիստոնեաները ճշմարիտ քրիստոնեաներէն զատել (Մատ. 13։30, 39-41)։
18. Ի՞նչը մեր եղբայրներուն օգնեց, որ տեսնեն որ նոր անուան մը կարիքը կար։
18 1919–ին հաւատարիմ ծառան նշանակելէ ետք, Եհովան իր ծառաներուն օգնեց որ իրենց յանձնարարուած գործին անդրադառնան։ Անոնք շուտով տեսան, թէ տունէ տուն քարոզելը զիրենք զատորոշեց բոլոր կեղծ քրիստոնեաներէն։ Երբ այդ իրողութեան գիտակցեցան, շուտով հասկցան թէ «Աստուածաշունչի Աշակերտներ» արտայայտութիւնը բաւարար չէր զիրենք կեղծ քրիստոնեաներէն զատորոշելու։ Կեանքի մէջ իրենց գլխաւոր նպատակը միայն Աստուածաշունչը սերտել չէր, այլ՝ Աստուծոյ մասին վկայել եւ անոր անունը պատուել ու փառաւորել։ Ուստի, ո՞ր անունը յարմարօրէն պիտի բնորոշէր անոնց կատարած գործը։ Այդ հարցումը պատասխանուեցաւ 1931–ին։
19, 20. ա) 1931–ին, համաժողովին ընթացքին ի՞նչ հետաքրքրաշարժ որոշում ներկաներուն փոխանցուեցաւ։ բ) Եղբայրներուն հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։
19 Յուլիս 1931–ին, շուրջ 15,000 Աստուածաշունչի Աշակերտներ հասան Գոլըմպըս, Օհայօ (ԱՄՆ), համաժողովի մը ներկայ գտնուելու համար։ Երբ համաժողովին յայտագիրը ստացան, կողքին վրայ տպուած երկու անգլերէն տառեր՝ J եւ W, իրենց հետաքրքրութիւնը արթնցուցին։ Անոնք սկսան մտածել ու կռահել թէ այդ տառերը ի՛նչ կը նշանակեն։ Կիրակի, 26 յուլիսին եղբայր Ռատըրֆորտ ներկայացուց դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին փոխանցեց որոշում մը՝ որ հետեւեալ ազդու խօսքը պարփակեց. «Կ’ուզենք ճանչցուիլ եւ կոչուիլ՝ Եհովայի վկաներ»։ Այդ վայրկեանին բոլոր ներկաները հասկցան, որ այդ երկու տառերը առաջին երկու տառերն են անգլերէնով Եհովայի վկաներ (Jehovah’s Witnesses) անուան, որ հիմնուած է Եսայի 43։10–ին վրայ։
20 Ներկաները խանդավառուեցան եւ բուռն կերպով ծափահարեցին։ Գոլըմպըսի մէջ հաւաքուած այդ ներկաներուն խանդավառութեան ձայները ռատիոյի միջոցաւ մինչեւ աշխարհին միւս ծայրը հասան։ Աւստրալիայէն Էռնեսթ եւ Նէյոմի Պարպըր կը յիշեն. «Երբ Ամերիկայի մէջ ծափահարեցին, Մելպուռնի եղբայրները ոտքի կեցան եւ իրենք եւս անդադար ծափահարեցին։ Այդ պահը բնա՛ւ պիտի չմոռնանք» a։
Աստուծոյ անունը համայն աշխարհի մէջ կը փառաւորուի
21. Նոր անուանումը ինչպէ՞ս քարոզչութիւնը յառաջ մղեց։
21 Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած «Եհովայի վկաներ» անունը կրելը Աստուծոյ ծառաները աւելի՛ զօրացուց, որ քարոզչութեան մասնակցին։ Միացեալ Նահանգներէն ռահվիրայ զոյգ մը՝ Էտուարտ եւ Ճեսսի Կրայմզ, որոնք 1931–ին Գոլըմպըսի համաժողովին ներկայ գտնուեցան, ըսին. «Տունը ձգեցինք որպէս Աստուածաշունչի Աշակերտներ, բայց վերադարձանք որպէս Եհովայի վկաներ։ Ուրախ էինք որ կրեցինք անուն մը, որ մեզի կ’օգնէ մեր Աստուծոյն անունը մեծարելու»։ Այդ համաժողովէն ետք, տունէ տուն քարոզելու ընթացքին կարգ մը Վկաներ նոր մօտեցում մը գործածեցին։ Անոնք իրենք զիրենք տանտէրերուն կը ծանօթացնէին, անոնց տալով քարտ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Ես ԵՀՈՎԱՅԻ վկայ մըն եմ եւ կը քարոզեմ մեր Աստուծոյն՝ ԵՀՈՎԱՅԻ Թագաւորութեան մասին»։ Արդարեւ, Աստուծոյ ժողովուրդը անոր անունը կրելով կը պարծենար եւ պատրաստ էր այդ անուան նշանակութիւնը ամէնուրեք ծանուցանելու (Եսա. 12։4)։
«Տունը ձգեցինք որպէս Աստուածաշունչի Աշակերտներ, բայց վերադարձանք որպէս Եհովայի վկաներ»
22. Ի՞նչը կը փաստէ թէ Եհովային ժողովուրդը իւրայատուկ ինքնութիւն ունի։
22 Տարինե՜ր անցած են այդ օրէն երբ Եհովան մեր օծեալ եղբայրները մղեց այդ իւրայատուկ անունը կրելու։ Անկէ ի վեր, Սատանան կրցա՞ծ է Աստուծոյ ժողովուրդին ինքնութիւնը ծածկել։ Ան յաջողա՞ծ է մարդիկը համոզել, որ մենք միւս կրօնքներուն նման ենք։ Ո՛չ։ Ընդհակառակը, մեր իւրայատուկ ինքնութիւնը որպէս Աստուծոյ վկաներ որեւէ ժամանակէ աւելի յստակ է (կարդա՛ Միքիա 4։5. Մաղաքիա 3։18)։ Իրականութեան մէջ, մենք ա՛յնքան սերտօրէն առնչուած ենք Աստուծոյ անուան, որ երբ անհատ մը Աստուծոյ անունը շատ գործածէ, շուրջինները անմիջապէս կը գիտնան թէ ան Եհովայի վկայ մըն է։ Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքը չկորսուեցա՛ւ լեռնանման սուտ կրօնքներուն մէջ։ Փոխարէն, անիկա ‘լեռներուն գլխուն վրայ հաստատուած է’ (Եսա. 2։2)։ Ներկայիս, Եհովային պաշտամունքն ու իր սուրբ անունը մեծապէս փառաւորուած են։
23. Ըստ Սաղմոս 121։5–ին, Եհովայի մասին ո՞ր կարեւոր ճշմարտութիւնը մեզ կը զօրացնէ։
23 Որքա՜ն կը զօրանանք երբ գիտնանք, թէ Եհովան մեզ պիտի պաշտպանէ Սատանային այժմու եւ ապագայ յարձակումներէն (Սաղ. 121։5)։ Առանց վարանելու սաղմոսերգուին պէս կ’արտայայտուինք, որ գրեց. «Երանի՜ այն ազգին, որուն Աստուածը Տէրն [«Եհովան», ՆԱ] է ու այն ժողովուրդին, որ իր ժառանգութեան համար ընտրեց» (Սաղ. 33։12)։
a Ռատիոյի գործածութեան մասին մանրամասնութիւններ ձեռք ձգելու համար, տե՛ս 7–րդ գլուխը, էջ 81-84։