Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 21

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր թշնամիները կը բնաջնջէ

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր թշնամիները կը բնաջնջէ

ԳԼՈՒԽԻՆ ԲՆԱԲԱՆԸ

Արմագեդոնի առաջնորդող դէպքեր

1, 2. ա) Ի՞նչ ապացոյց կայ թէ մեր Թագաւորը 1914–էն ի վեր կ’իշխէ։ բ) Այս գլուխին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

 ՈՐՔԱ՜Ն մեր հաւատքը զօրացաւ երբ նկատի առինք թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ իրագործած է իր թշնամիներուն մէջտեղ (Սաղ. 110։2)։ Մեր Թագաւորը կամաւոր քարոզիչներու բանակ մը կազմակերպած է։ Ան իր հետեւորդները հոգեւորապէս եւ բարոյապէս մաքրած ու զտած է։ Եւ հակառակ անոր որ թշնամիները ջանք թափած են մեզ բաժնելու, մենք այսօր կը վայելենք համաշխարհային միութիւն։ Թագաւորութեան այս եւ այլ իրագործումները յստակ ապացոյց են, թէ 1914–էն ի վեր մեր Թագաւորը կ’իշխէ Թագաւորութեան թշնամիներուն մէջտեղ։

2 Թագաւորութիւնը ա՛լ աւելի հոյակապ բաներ պիտի իրագործէ մօտիկ ապագային։ Անիկա պիտի «գայ» իր թշնամիները ‘փշրելու եւ հատցնելու’ (Մատ. 6։10. Դան. 2։44)։ Բայց այդ ժամանակը չեկած, ուրիշ ուշագրաւ դէպքեր տեղի պիտի ունենան։ Ի՞նչ են անոնք։ Աստուածաշունչի զանազան մարգարէութիւններ այդ հարցումին կը պատասխանեն։ Նկատի առնենք այդ մարգարէութիւններէն ոմանք, տեսնելու համար թէ ի՛նչ դէպքեր կը սպասեն մեզի։

Ինչ որ պիտի պատահի «յանկարծակի կորուստ»էն քիչ առաջ

3. Ո՞րն է առաջին դէպքը, որուն կը սպասենք։

3 Խաղաղութիւն կը յայտարարուի։ Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ նկարագրեց առաջին դէպքը՝ որուն կը սպասենք (կարդա՛ Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։2, 3)։ Հոն Պօղոս կը նշէ «Տէրոջը օրը», որ պիտի սկսի «Մեծ Բաբելոն»ի վրայ յարձակում ըլլալով (Յայտ. 17։5)։ Բայց Եհովային օրը սկսելէ քիչ առաջ աշխարհի առաջնորդները պիտի ըսեն, թէ «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է»։ Այս արտայայտութիւնը կրնայ ակնարկել մէկ յայտարարութեան կամ շարք մը կարեւոր յայտարարութիւններու։ Կրօնական առաջնորդներ ալ պարփակուած պիտի ըլլա՞ն։ Քանի՛ որ անոնք աշխարհի մէկ մասն են, անոնք ալ թերեւս քաղաքական առաջնորդներուն միանան ըսելով՝ «խաղաղութիւն է» (Եր. 6։14. 23։16, 17. Յայտ. 17։1, 2)։ Խաղաղութեան եւ ապահովութեան վերաբերող այս յայտարարութիւնը պիտի մատնանշէ թէ Եհովային օրը սկսելու վրայ է։ Աստուծոյ Թագաւորութեան թշնամիները «պիտի չազատին»։

4. «Խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն է» յայտարարութեան նշանակութիւնը հասկնալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։

4 Այս մարգարէութեան նշանակութիւնը հասկնալով ինչպէ՞ս կ’օգտուինք։ Պօղոս կը նշէ. «Խաւարի մէջ չէք, որ այն օրը գողի մը պէս ձեր վրայ հասնի» (Ա. Թես. 5։3, 4)։ Ընդհանուր մարդոց հակառակը, մենք գիտենք թէ այժմու դէպքերը դէպի ո՛ւր կ’ընթանան։ Խաղաղութեան եւ ապահովութեան այս մարգարէութիւնը ճիշդ ինչպէ՞ս պիտի կատարուի։ Պէտք է սպասենք ու տեսնենք թէ ի՛նչ պիտի պատահի։ Ուստի, «արթուն ու զգաստ ըլլանք» (Ա. Թես. 5։6. Սոփ. 3։8

Մեծ նեղութիւնը կը սկսի

5. «Մեծ նեղութեան» սկիզբը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

5 Կրօնքի վրայ յարձակում։ Յիշէ թէ Պօղոս գրեց. «Երբ ըսելու ըլլան թէ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է, այն ատեն [«յանկարծական կորուստը անմիջապէս», ՆԱ] անոնց վրայ պիտի հասնի»։ Ճիշդ ինչպէս որ կայծակէ մը անմիջապէս ետք երկինք կ’որոտայ, նոյնպէս «խաղաղութիւն ու ապահովութիւն է» յայտարարուելէն անմիջապէս ետք «յանկարծական կորուստ» պիտի ըլլայ։ Ի՞նչ բան պիտի կործանի։ Նախ «Մեծ Բաբելոն»ը՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութիւնը, որ նաեւ ճանչցուած է որպէս «պոռնիկ» (Յայտ. 17։5, 6, 15)։ Քրիստոնէական աշխարհի եւ միւս բոլոր սուտ կրօնական կազմակերպութիւններու այս կործանումը կը կազմէ «մեծ նեղութեան» սկիզբը (Մատ. 24։21. Բ. Թես. 2։8)։ Շատերու համար այս դէպքը անակնկալ պիտի ըլլայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մինչեւ այդ ժամանակ պոռնիկը պիտի խորհի թէ ինք «թագուհի» մըն է, որ «բնաւ սուգ պիտի չտեսն[է]»։ Բայց յանկարծ ան պիտի նկատէ թէ իր ինքնավստահութիւնը տեղին չէր։ Անոր կործանումը շատ արագ պիտի ըլլայ՝ կարծես «մէկ օրուան մէջ» (Յայտ. 18։7, 8

6. Ո՞վ պիտի յարձակի «Մեծ Բաբելոն»ին վրայ։

6 Ո՞վ պիտի յարձակի «Մեծ Բաբելոն»ին վրայ։ «Տասը եղջիւր» ունեցող «գազան» մը։ Յայտնութիւն գիրքը կը մատնանշէ թէ այս գազանը կ’ակնարկէ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ)։ Տասը եղջիւրները կը ներկայացնեն բոլոր այժմու քաղաքական ուժերը, որոնք կ’աջակցին այս «կարմիր գազանի»ն (Յայտ. 17։3, 5, 11, 12)։ Այդ յարձակումը որքա՞ն աւերիչ պիտի ըլլայ։ ՄԱԿ–ի անդամ ազգերը պոռնիկին հարստութիւնը պիտի կողոպտեն, անոր մարմինը պիտի ուտեն եւ զանիկա ամբողջովին «պիտի այրեն» (կարդա՛ Յայտնութիւն 17։16) a։

7. Մատթէոս 24։21, 22–ի Յիսուսի խօսքերը ինչպէ՞ս կատարուեցան առաջին դարուն եւ ինչպէ՞ս պիտի կատարուին ապագային։

7 Օրերը կարճեցնել։ Մեր Թագաւորը յայտնեց թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ մեծ նեղութեան այս հանգրուանին։ Յիսուս նշեց. «Ընտրեալներուն համար այն օրերը պիտի քիչնան» (կարդա՛ Մատթէոս 24։21, 22)։ Յիսուսի խօսքերը փոքր տարողութեամբ կատարուեցան Ք.Ե. 66–ին, երբ Եհովան Երուսաղէմի վրայ հռոմէական բանակի յարձակումը «կարճեցուց» (Մար. 13։20)։ Այդ քայլը թոյլ տուաւ Երուսաղէմի եւ Հրէաստանի քրիստոնեաներուն որ ազատին։ Իսկ համաշխարհային տարողութեամբ ի՞նչ պիտի պատահի գալիք մեծ նեղութեան ընթացքին։ Եհովան, մեր Թագաւորին միջոցաւ, պիտի ‘կարճեցնէ’ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան յարձակումը կրօնքի վրայ, որպէսզի ճշմարիտ կրօնքը չկործանի սուտին հետ։ Այսպէս, մինչ բոլոր սուտ կրօնական կազմակերպութիւնները պիտի բնաջնջուին, ճշմարիտ կրօնքը պիտի վերապրի (Սաղ. 96։5)։ Նկատի առնենք թէ ի՛նչ պիտի պատահի երբ մեծ նեղութեան այս մասը վերջ գտնէ։

Արմագեդոնի առաջնորդող դէպքեր

8, 9. Յիսուս թերեւս ո՞ր երեւոյթներուն ակնարկեց, իսկ մարդիկ անոնց ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն։

8 Վերջին օրերուն առնչուող Յիսուսի մարգարէութիւնը ցոյց կու տայ թէ տեղի պիտի ունենան զանազան աչքառու դէպքեր, որոնք Արմագեդոնի պիտի առաջնորդեն։ Առաջին երկու դէպքերը, զորս նկատի պիտի առնենք, նշուած են Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի Աւետարաններուն մէջ (կարդա՛ Մատթէոս 24։29-31. Մար. 13։23-27. Ղուկ. 21։25-28

9 Երկնային երեւոյթներ։ Յիսուս մարգարէացաւ. «Արեգակը պիտի խաւարի ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ, աստղերը երկնքէն պիտի իյնան»։ Վստահաբար մարդիկ այլեւս կրօնական առաջնորդներու պիտի չնային որպէս լոյսի կամ առաջնորդութեան աղբիւր։ Արդեօք Յիսուս երկնային գերբնական երեւոյթներու ալ կ’ակնարկէ՞ր։ Թերեւս (Եսա. 13։9-11. Յվլ. 2։1, 30, 31)։ Այս ամէնը տեսնելով՝ մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն։ Անոնք պիտի ‘ապշին’՝ «չիմանալով ելքը» (Ղուկ. 21։25, ՆԱ. Սոփ. 1։17)։ Արդարեւ, Աստուծոյ Թագաւորութեան թշնամիները,– «թագաւորներ»էն մինչեւ «ծառաներ»,– «պիտի նուաղին իրենց վախէն եւ աշխարհի վրայ գալու բաներուն սպասելէն» եւ ապաստանարան պիտի փնտռեն։ Բայց անոնք պիտի չգտնեն ապահով պատսպարան մը, որ կրնայ զիրենք Թագաւորին բարկութենէն ազատել (Ղուկ. 21։26. 23։30. Յայտ. 6։15-17

10. Յիսուս ի՞նչ դատաստան ի գործ պիտի դնէ, եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան համակիրներն ու հակառակորդները ինչպէ՞ս պիտի հակազդեն։

10 Ոչխարները այծերէն կը զատուին։ Աստուծոյ Թագաւորութեան բոլոր թշնամիները պիտի ստիպուին ականատես ըլլալ դէպքի մը, որ իրենց ցաւերը պիտի աւելցնէ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Որդին մարդոյ պիտի տեսնեն ամպերու մէջ եկած մեծ զօրութեամբ եւ փառքով» (Մար. 13։26)։ Զօրութեան այս գերբնական երեւոյթը ցոյց պիտի տայ թէ Յիսուս եկած է վճիռ արձակելու։ Վերջին օրերուն առնչուող այս նոյն մարգարէութեան ուրիշ մէկ մասին՝ ոչխարներուն եւ այծերուն առակին մէջ Յիսուս աւելի՛ մանրամասնութիւններ կու տայ արձակուելիք վճիռին շուրջ (կարդա՛ Մատթէոս 25։31-33, 46)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան հաւատարիմ համակիրները պիտի դատուին որպէս «ոչխարներ» եւ ‘գլուխնին պիտի բարձրացնեն’ գիտակցելով որ իրենց «փրկութիւնը մօտ է» (Ղուկ. 21։28)։ Իսկ Թագաւորութեան հակառակորդները պիտի դատուին որպէս «այծեր» եւ «կոծ պիտի ընեն» գիտակցելով որ «յաւիտենական տանջանքը [«մահը», ՆԱ]» իրենց կը սպասէ (Մատ. 24։30. Յայտ. 1։7

11. Գալիք դէպքերը նկատի առնելով՝ ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենանք։

11 Յիսուս «բոլոր ազգեր»ուն վրայ վճիռ արձակելէ ետք, քանի մը այլ ուշագրաւ դէպքեր ալ տեղի պիտի ունենան Արմագեդոն պատերազմը սկսելէ առաջ (Մատ. 25։32)։ Նկատի պիտի առնենք այդ դէպքերէն երկուքը. Գոգի յարձակումը եւ օծեալներուն հաւաքումը։ Մինչ այդ երկու դէպքերը կը քննարկենք, պէտք է ի մտի ունենանք որ Աստուծոյ Խօսքը չի յայտներ թէ այս դէպքերը ճիշդ ե՛րբ տեղի պիտի ունենան։ Իրականութեան մէջ, այնպէս կը թուի թէ այս դէպքերը որոշ չափով պիտի զուգադիպին։

12. Ո՞րն է Թագաւորութեան դէմ Սատանայի ուժգին յարձակումը։

12 Ուժգին յարձակում՝ Աստուծոյ ամբողջ ժողովուրդին վրայ։ Մագոգի Գոգը պիտի յարձակի մնացեալ օծեալներուն եւ անոնց ընկերակցող ուրիշ ոչխարներուն վրայ (կարդա՛ Եզեկիէլ 38։2, 11)։ Հաստատուած Թագաւորութեան դէմ այս յարձակումը Սատանային վերջին ճակատամարտը պիտի ըլլայ այն պատերազմին մէջ, զոր կը մղէ օծեալ մնացորդին դէմ՝ երկնքէն վտարուելէն ի վեր (Յայտ. 12։7-9, 17)։ Մա՛նաւանդ այն ժամանակէն ի վեր երբ օծեալները սկսան հաւաքուիլ վերահաստատուած քրիստոնէական ժողովքին մէջ, Սատանան փորձած է անոնց հոգեւոր բարգաւաճումը կասեցնել,– բայց ի զուր (Մատ. 13։30)։ Երբ բոլոր սուտ կրօնական կազմակերպութիւնները չքանան եւ այնպէս թուի թէ Աստուծոյ ժողովուրդը կ’ապրի «անպարիսպ տեղեր. . . եւ նիգեր ու դռներ» չունի, Սատանան առիթը պիտի օգտագործէ։ Ան մարդկային կառավարութիւնները պիտի դրդէ ուժգին յարձակում կատարելու Թագաւորութեան համակիրներուն դէմ։

13. Եհովան ինչպէ՞ս պիտի միջամտէ իր ծառաներուն ի նպաստ։

13 Եզեկիէլ կը նկարագրէ այն ինչ որ պիտի պատահի։ Գոգին նկատմամբ մարգարէութիւնը կ’ըսէ. «Քու տեղէդ՝ հիւսիսի ծայրերէն՝ պիտի գաս, դուն ու քեզի հետ շատ ժողովուրդներ՝ ամէնքը ձիեր հեծած, մեծ բազմութեամբ ու շատ զօրքով եւ իմ ժողովուրդիս՝ Իսրայէլին վրայ ամպի պէս երկիրը պիտի ծածկես» (Եզեկ. 38։15, 16)։ Եհովան ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ այս անյաղթահարելի թուող յարձակման։ «Իմ սրտմտութիւնս երեսս պիտի ելլէ», կ’ըսէ Եհովան։ «Սուրը պիտի կանչեմ» (Եզեկ. 38։18, 21. կարդա՛ Զաքարիա 2։8)։ Եհովան պիտի միջամտէ իր ծառաներուն ի նպաստ։ Այդ միջամտութիւնը Արմագեդոն պատերազմն է։

14, 15. Ի՞նչ այլ դէպք տեղի պիտի ունենայ Սատանային ուժգին յարձակումը սկսելէն որոշ ժամանակ ետք։

14 Առաջ որ նկատի առնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ժողովուրդը պիտի պաշտպանէ Արմագեդոն պատերազմին ընթացքին, քննարկենք ուրիշ ուշագրաւ դէպք մը։ Այս դէպքը տեղի պիտի ունենայ Սատանայի ուժգին յարձակումը սկսելէն որոշ ժամանակ ետք եւ նախքան Եհովայի միջամտութիւնը՝ Արմագեդոնին։ Ինչպէս որ նշուեցաւ 11–րդ պարբերութեան մէջ, այս երկրորդ դէպքը օծեալ մնացորդին հաւաքումն է։

15 Օծեալներուն հաւաքումը։ Թէ՛ Մատթէոս եւ թէ Մարկոս գրեցին Յիսուսի խօսքերը «ընտրեալներ»ուն՝ հոգիով օծուած քրիստոնեաներուն՝ մասին, որպէս Արմագեդոնին նախորդող դէպքերուն մէկ մասը (տե՛ս պարբերութիւն 7)։ Իր մասին որպէս Թագաւոր խօսելով՝ Յիսուս կը մարգարէանայ. «Այն ատեն իր հրեշտակները պիտի ղրկէ եւ իր ընտրեալները պիտի ժողվէ չորս հովերէն, երկրի ծայրէն մինչեւ երկնքի ծայրը» (Մար. 13։27. Մատ. 24։31)։ Յիսուս ի՞նչ հաւաքումի կ’ակնարկէ։ Ան չի խօսիր օծեալ մնացորդին վերջնական կնքումին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ մեծ նեղութիւնը սկսելէն ճիշդ առաջ (Յայտ. 7։1-3)։ Փոխարէն, Յիսուս կ’ակնարկէ դէպքի մը որ տեղի պիտի ունենայ գալիք մեծ նեղութեան ընթացքին։ Ուրեմն, Սատանայի ուժգին յարձակումը սկսելէն որոշ ժամանակ ետք, օծեալները որոնք տակաւին երկրի վրայ են, երկնքի մէջ պիտի հաւաքուին։

16. Յարուցեալ օծեալները Արմագեդոնին ի՞նչ պիտի ընեն։

16 Օծեալ մնացորդին հաւաքումը ինչպէ՞ս առնչուած է յաջորդ դէպքին՝ Արմագեդոնին հետ։ Հաւաքումին ժամանակը ցոյց կու տայ թէ բոլոր օծեալները երկնքի մէջ պիտի ըլլան Աստուծոյ Արմագեդոն պատերազմը սկսելէ առաջ։ Երկինքի մէջ, Քրիստոսի 144,000 իշխանակիցները հեղինակութիւն պիտի ստանան՝ Յիսուսի հետ Թագաւորութեան բոլոր թշնամիները «երկաթէ գաւազան»ով բնաջնջելու (Յայտ. 2։26, 27)։ Ապա, զօրեղ հրեշտակներն ու յարուցեալ օծեալները Քրիստոսի՝ Ռազմիկ Թագաւորին՝ պիտի հետեւին, մինչ ան կը յառաջանայ թշնամիներու «զօրք»ի մը դէմ, որ Աստուծոյ ժողովուրդը կը շրջապատէ (Եզեկ. 38։15)։ Երբ այդ կատաղի ճակատումը տեղի ունենայ, Արմագեդոն պատերազմը կը սկսի (Յայտ. 16։16

Մեծ նեղութեան գագաթնակէտը

Արմագեդոն պատերազմը կը սկսի

17. Արմագեդոնին ի՞նչ պիտի պատահի «այծեր»ուն։

17 Դատաստան ի գործ կը դրուի։ Արմագեդոն պատերազմը մեծ նեղութեան վերջին դէպքը պիտի ըլլայ։ Այդ ժամանակ, Յիսուս այլ գործ մըն ալ պիտի ստանձնէ։ «Բոլոր ազգեր»ուն Դատաւորը ըլլալու կողքին, ան նաեւ ազգերուն Դահիճը պիտի դառնայ. այսինքն, ան մահապատիժի պիտի ենթարկէ բոլոր անոնք՝ որոնց նկատմամբ վճիռ արձակած էր թէ «այծեր» են (Մատ. 25։32, 33)։ Երկար «սրած սուր»ով մը, մեր Թագաւորը «ազգերը [պիտի] զարնէ»։ Արդարեւ բոլոր այծանման անհատները,– «թագաւորներ»էն մինչեւ «ծառաներ»,– «պիտի երթան յաւիտենական տանջանքը [«մահը», ՆԱ]» (Յայտ. 19։15, 18. Մատ. 25։46

18. ա) Պարագաները ինչպէ՞ս պիտի փոխուին «ոչխարներ»ուն համար։ բ) Յիսուս իր յաղթանակը ինչպէ՞ս պիտի ամբողջացնէ։

18 Իսկ ի՞նչ պիտի պատահի անոնց՝ որոնց Յիսուս «ոչխարներ» համարեց։ Անոնց պարագաները բոլորովին պիտի փոխուին։ Անպաշտպան թուող «ոչխարներ»ու «մեծ բազմութիւն» մը, որ քիչ մնաց որ Բանսարկու Սատանայի «այծեր»ու հսկայ բանակին տակ կոխկռտուէր, պիտի վերապրի թշնամիին յարձակումէն եւ ‘մեծ նեղութենէն դուրս պիտի գայ’ (Յայտ. 7։9, 14)։ Ապա, Աստուծոյ Թագաւորութեան մարդկային թշնամիները նուաճելէ եւ բնաջնջելէ ետք, Յիսուս Սատանան եւ անոր դեւերը անդունդը պիտի ձգէ։ Հոն, անոնք 1000 տարի անգործունեայ վիճակի մէջ պիտի մնան (կարդա՛ Յայտնութիւն 6։2. 20։1-3

Մենք մեզ ինչպէ՛ս պատրաստել

19, 20. Եսայի 26։20 եւ 30։21–ի խօսքերէն քաղուած դասը ինչպէ՞ս կրնանք կիրարկել։

19 Ինչպէ՞ս կրնանք մենք մեզ պատրաստել գալիք ցնցիչ դէպքերուն համար։ Դիտարան–ը քանի մը տարի առաջ նշեց. «Վերապրումը հնազանդութենէն կախեալ պիտի ըլլայ»։ Ինչո՞ւ։ Պատասխանը կը գտնենք վաղեմի Բաբելոնի մէջ գերի եղող հրեաներուն տուած Եհովայի ազդարարութեան մը մէջ։ Եհովան մարգարէացաւ որ Բաբելոնը պիտի նուաճուէր. բայց Աստուծոյ ժողովուրդը ի՞նչ պէտք էր ընէր այդ դէպքին պատրաստուելու համար։ Եհովան ըսաւ. «Գնա՛, ո՛վ իմ ժողովուրդս, քու սենեակներուդ մէջ մտի՛ր ու քու վրադ դռներդ գոցէ՛. պահուէ՛ քիչ մը, վայրկեան մը, մինչեւ բարկութիւնը անցնի» (Եսա. 26։20)։ Նկատի առ թէ այս համարին մէջի բայերը,– «գնա՛», «մտի՛ր», «գոցէ՛», «պահուէ՛»,– բոլորը հրամայական եղանակով դրուած են. այսինքն՝ բոլորը հրամաններ են։ Այդ հրամաններուն հնազանդող հրեաները իրենց տուներուն մէջ մնացին՝ դուրսը պատերազմող զինուորներէն հեռու։ Այսպէս, իրենց վերապրումը Եհովային ցուցմունքներուն հնազանդելէն կախեալ էր b։

20 Ի՞նչ դաս կը քաղենք։ Աստուծոյ վաղեմի ծառաներուն նման, գալիք դէպքերէն մեր վերապրումը կախեալ է Եհովայի ցուցմունքներուն մեր հնազանդութենէն (Եսա. 30։21)։ Այսպիսի ցուցմունքներ մեզի կը տրուին ժողովքային կարգադրութեան միջոցաւ։ Ուստի, կ’ուզենք սրտա՛նց հնազանդիլ մեզի տրուած ուղղութեան (Ա. Յովհ. 5։3)։ Եթէ ներկայիս այսպէս ընենք, ապագային աւելի հակամէտ պիտի ըլլանք ամբողջ սրտով հնազանդելու եւ այսպէս պիտի վայելենք մեր Հօր Եհովայի եւ մեր Թագաւոր Յիսուսի պաշտպանութիւնը (Սոփ. 2։3)։ Այդ աստուածային պաշտպանութիւնը մեզի թոյլ պիտի տայ, որ ականատես ըլլանք թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՛ս իր թշնամիները պիտի բնաջնջէ։ Ի՜նչ անմոռանալի դէպք մը պիտի ըլլայ ատիկա։

a Տրամաբանական կը թուի թէ «Մեծ Բաբելոն»ի կործանումը կ’ակնարկէ գլխաւորաբար կրօնական հաստատութիւններու կործանման եւ ոչ թէ բոլոր կրօնասէր մարդոց սպանութեան։ Այսպէս, սուտ կրօնքի նախկին հետեւողներուն մեծամասնութիւնը կործանումէն պիտի վերապրի եւ հաւանաբար ջանայ ինքզինք կրօնքէն հեռացնել,– առնուազն յայտնապէս,– ինչպէս որ Զաքարիա 13։4-6–ը ցոյց կու տայ։

b Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Եսայիի մարգարէութիւնը. լոյս՝ ամբողջ մարդկութեան համար (հատոր Ա.), էջ 282-283 (անգլերէն)։