Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ձախին՝ Զուիցերիայէն օժանդակութիւններ կ’ուղարկուին Գերմանիոյ եղբայրներուն, 1946. Աջին՝ Ցունամիէ մը ետք Թագաւորութեան սրահ մը կը վերակառուցուի Ճափոնի մէջ, 2011

ՄԱՍ 6

Թագաւորութեան աջակցիլ. Շինարարութիւն եւ աղէտեալներու օգնութիւն

Թագաւորութեան աջակցիլ. Շինարարութիւն եւ աղէտեալներու օգնութիւն

ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ սրահ կը մտնես ու շուրջդ նայելով կը հիանաս ու կը պարծենաս։ Առաջին անգամը չէ որ այս զգացումը կ’ունենաս. առաջին օրէն իսկ այս սրահով կը պարծենայիր։ Թերեւս քանի մը տարի առաջ դուն ալ բաժին բերիր անոր շինարարութեան մէջ եւ առ ի արդիւնք ուրախ յիշատակներ կը վայելես։ Բայց այժմ ա՛լ աւելի կը պարծենաս անով, քանի որ անիկա ժամանակաւորապէս օգնութեան կեդրոնի վերածուած է։ Վերջերս, փոթորիկ մը շրջանիդ մէջ ջրհեղեղներ եւ աւերներ պատճառելէ ետք, Մասնաճիւղի յանձնախումբը անմիջապէս կազմակերպեց կերպ մը, որպէսզի աղէտին զոհերը ուտելիք, հագուելիք, մաքուր ջուր եւ այլ օգնութիւններ ստանան։ Օժանդակութիւնները կարգաւ դրուած են սրահին մէջ։ Եղբայրներն ու քոյրերը սրահ կը մտնեն, իրենց հարկ եղած առարկաները կ’առնեն եւ անոնց աչքերը ուրախութենէն կը լեցուին։

Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները պիտի ճանչցուէին իրարու հանդէպ իրենց ունեցած սիրով (Յովհ. 13։34, 35)։ Այս մասին մէջ, նկատի պիտի առնենք թէ ինչպէ՛ս քրիստոնէական սէրը յստակ կը դառնայ Եհովայի վկաներուն շինարարական ծրագիրներուն եւ մատուցած օժանդակութիւններուն ընդմէջէն։ Այսպիսի սէր մը ազդու ապացոյց է, թէ մենք Յիսուսի Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ կ’ապրինք։

ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

ԳԼՈՒԽ 18

Թագաւորութեան գործունէութիւններուն ֆինանսաւորումը

Ծախսերը ինչպէ՞ս կը ֆինանսաւորուին։ Նուիրատուութիւնները ինչպէ՞ս կը գործածուին։

ԳԼՈՒԽ 19

Եհովան փառաբանող շինարարութիւն

Պաշտամունքի վայրերը Աստուած կը պատուեն, բայց ան մեծապէս կ’արժեւորէ ուրիշ բան մը։

ԳԼՈՒԽ 20

Եհովա Աստուած պատուող օգնութեան աշխատանքներ

Ինչպէ՞ս գիտենք թէ աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքները Եհովային մատուցած մեր սուրբ ծառայութեան մէկ մասն են։