Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 112

Կղզիի մը վրայ նաւաբեկութիւն

Կղզիի մը վրայ նաւաբեկութիւն

ՆԱՅԵՑԷՔ, նաւը դժուարութեան մէջ է. ան կտոր կտոր կ’ըլլայ։ Ջուր ցատկած մարդիկը կը տեսնէ՞ք։ Անոնցմէ ոմանք արդէն ծովափ հասած են։ Արդեօք Պօղոսն ալ անոնց մէ՞ջ է։ Տեսնենք թէ ի՛նչ պատահեցաւ։

Յիշեցէք որ Պօղոս երկու տարի Կեսարիոյ մէջ կը բանտարկուի։ Ապա, ան եւ կարգ մը ուրիշ բանտարկեալներ նաւ դրուելով Հռովմ կը ղրկուին։ Երբ անոնք Կրետէ կղզիին քովէն կ’անցնին, սարսափելի փոթորիկ մը կը հարուածէ զիրենք։ Հովը այնքան զօրաւոր կը փչէ որ մարդիկ չեն կրնար նաւը ղեկավարել։ Անոնք ոչ ցորեկը արեւ կը տեսնեն, ոչ ալ գիշերը՝ աստղեր։ Վերջապէս, շատ օրեր ետք, նաւուն վրայ գտնուողները փրկուելու յոյսը կը կորսնցնեն։

Ապա Պօղոս կը կայնի եւ կ’ըսէ. ‘Ձեզմէ ոչ մէկը իր կեանքը պիտի կորսնցնէ. միայն նաւը պիտի կործանի։ Քանի որ անցեալ գիշեր Աստուծոյ հրեշտակը ինծի եկաւ եւ ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Պօղոս։ Հռովմէացի կառավարիչ Կայսրին դիմաց պէտք է կայնիս։ Ուստի Աստուած պիտի ազատէ բոլոր անոնք որոնք քեզի հետ նաւուն մէջ են»’։

Փոթորիկը սկսելէն 14–րդ օրուան կէս գիշերին, նաւաստիները կը նշմարեն թէ ջուրերը կը նուազին։ Վախնալով որ մօտակայ եղող ժայռի մը զարնուին գիշերուան մթութեան մէջ, անոնք խարիսխ կը նետեն։ Յաջորդ առաւօտ անոնք ծոց մը կը տեսնեն եւ կ’որոշեն նաւը հասցնել մինչեւ այդ ծովափը։

Երբ անոնք ծովափին աւելի կը մօտենան, նաւը աւազակոյտի մը մէջ կը խրի եւ կ’անշարժանայ։ Ապա ալիքները կը սկսին խորտակել զայն եւ նաւը կը սկսի կտոր կտոր ըլլալ։ Պատասխանատու հրամանատարը կ’ըսէ. ‘Ձեզմէ անոնք որ լողալ գիտեն նախ անոնք թող ծով ցատկեն եւ լողալով ծովեզերք հասնին։ Իսկ միւսները յետոյ թող ցատկեն եւ նաւուն կտորներէն մաս մը բռնելով անոր թող կառչին’։ Այսպէս ալ կ’ընեն։ Այս կերպով նաւուն վրայ գտնուող 276 հոգիները ապահով ծովափ կը հասնին, ճիշդ ինչպէս որ հրեշտակը խոստացաւ։

Կղզին Մելիտէ կամ Մալթա կը կոչուի։ Ժողովուրդը շատ ազնիւ են եւ անոնք հոգ կը տանին նաւաբեկեալներուն։ Երբ օդը կը բարելաւուի, Պօղոս ուրիշ նաւու մը մէջ կը դրուի եւ Հռովմ կը տարուի։