ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 92
Յիսուս մեռելներ կը յարուցանէ
ԱՅՍ աղջնակը որ հոս կը տեսնէք 12 տարեկան է։ Յիսուս անոր ձեռքէն կը բռնէ, իսկ իր մայրը ու հայրը իրեն մօտ կը կայնին։ Գիտէ՞ք անոնք ի՛նչու այսքան ուրախ են։ Տեսնենք.
Աղջկան հայրը Յայրոս անունով կարեւոր անձնաւորութիւն մըն է։ Օր մը իր աղջիկը կը հիւանդանայ եւ զայն անկողին կը դնեն։ Բայց աղջիկը երթալով կը վատթարանայ եւ աւելի կը հիւանդանայ։ Յայրոս եւ իր կինը շատ կը մտահոգուին, քանի որ այնպէս կը թուի թէ իրենց աղջնակը պիտի մեռնի։ Ան իրենց միակ աղջիկն է։ Ուստի Յայրոս Յիսուսը փնտռելու կ’երթայ։ Ան լսած է Յիսուսի կատարած հրաշքներուն մասին։
Երբ Յայրոս Յիսուսը կը գտնէ, անոր շուրջ մեծ ամբոխ մը կայ։ Բայց Յայրոս ամբոխին մէջէն անցնելով Յիսուսի ոտքերուն կ’իյնայ։ ‘Աղջիկս շա՜տ ծանր հիւանդ է’, կ’ըսէ ան։ ‘Հաճիս, եկո՛ւր եւ զինք աղեկցուր’, կը խնդրէ ան։ Յիսուս կը խոստանայ գալ։
Մինչ անոնք միասնաբար կը քալեն, ամբոխը կը շարունակէ հրմշտկել որպէսզի Յիսուսին հետ աւելի մօտէն քալեն։ Յանկարծ Յիսուս կը կենայ եւ կը հարցնէ. ‘Ո՞վ դպաւ ինծի’։ Յիսուս զգաց որ իրմէ ոյժ մը ելաւ, ուստի գիտէ թէ մէկը իրեն դպաւ։ Բայց ո՞վ։ Ան կին մըն է, որ 12 տարիէ ի վեր ծանր հիւանդ է։ Ան էր որ եկած եւ Յիսուսի հանդերձներուն դպած, ու առողջացած էր։
Ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ Յայրոս աւելի լաւ զգայ, քանի որ կը տեսնէ թէ Յիսուսի համար որքա՜ն դիւրին է մէկը բուժել։ Ապա պատգամաբեր մը կու գայ։ ‘Այլեւս մի՛ անհանգստացներ Յիսուսը։ Աղջիկդ մեռած է’, կ’ըսէ ան Յայրոսի։ Յիսուս ասիկա լսելով Յայրոսի կ’ըսէ. ‘Մի՛ մտահոգուիր, ան պիտի աղէկնայ’։
Երբ վերջապէս կը հասնին Յայրոսի տունը, անոնք կը տեսնեն որ մարդիկ մեծ վշտով կու լան։ Բայց Յիսուս կ’ըսէ. ‘Մի՛ լաք։ Երախան մեռած չէ, այլ՝ միայն կը քնանայ’։ Բայց անոնք կը խնդան եւ կը ծաղրեն Յիսուսը, քանի որ գիտեն թէ աղջիկը մեռաւ։
Ապա Յիսուս կ’առնէ աղջկան հայրը եւ մայրը ու իր առաքեալներէն երեքը եւ կը մտնէ այն սենեակը ուր երախան կը ննջէ։ Անոր ձեռքէն կը բռնէ ու կ’ըսէ. ‘Ոտքի՛ ել’. ու ան կը կենդանանայ, ինչպէս կը տեսնէք հոս։ Ան ոտքի կ’ելլէ եւ կը քալէ։ Ասոր համար է որ իր հայրն ու մայրը այսքան ուրախ են։
Ասիկա առաջին անձը չէ զոր Յիսուս մեռելներէն յարուց։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ առաջին յարուցուած անհատը, Նային քաղաքին մէջ բնակող այրի կնոջ մը որդին է։ Հետագային, Յիսուս մեռելներէն կը յարուցանէ նաեւ Ղազարոսը՝ Մարիամի եւ Մարթայի եղբայրը։ Երբ Յիսուս իշխէ որպէս Աստուծոյ թագաւորը, ան անթիւ ննջեցեալներ ետ կեանքի պիտի բերէ։ Ասոր համար պէտք չէ՞ ուրախանանք։