Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 64

Սողոմոն կը շինէ տաճարը

Սողոմոն կը շինէ տաճարը

ԴԱՒԻԹ մեռնելէ առաջ, Եհովայի տաճարը շինելու համար Աստուծմէ առած յատակագիծերը տուաւ Սողոմոնի։ Իր իշխանութեան չոր­րորդ տարին, Սողոմոն կը սկսի շինել տաճարը եւ զանիկա եօթուկէս տարիէն կ’ամբողջացնէ։ Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կ’աշխատին տաճարին վրայ եւ շինարարութիւնը շատ ծախսալից կ’ըլլայ, քանի որ շատ ոսկի եւ արծաթ կը գործածուին անոր համար։

Տաճարը երկու գլխաւոր սենեակներ ունի, տաղաւարին նման։ Բայց այս սենեակները տաղաւարին սենեակներուն կրկին չափն են։ Սողոմոն ուխտի տապանակը դնել կու տայ տաճարին ներքին սենեակին մէջ, իսկ տաղաւարին մէջ գործածուած միւս բաները կը դրուին միւս սենեակին մէջ։

Երբ տաճարը կ’ամբողջացուի, մեծ տօնախմբութիւն մը տեղի կ’ունենայ։ Սողոմոն տաճարին առջեւ կը ծնրադրէ եւ կ’աղօթէ, ինչպէս կը տեսնէք պատկերին մէջ։ ‘Նոյնիսկ բոլոր երկինքը քեզ չի կրնար պարունակել’, կ’ըսէ Սողոմոն Եհովայի. ‘որքան աւելի նուազ այս տաճարը չի կրնար պարունակել քեզ։ Բայց, ո՛վ իմ Աստուածս, երբ քու ժողովուրդդ այս տեղէն քեզի աղօթէ, հաճիս, մտիկ ըրէ իրենց’։

Երբ Սողոմոն իր աղօթքը կը վերջացնէ, երկինքէն կրակ կ’իջնէ։ Մատուցուած անասնական զոհերը կ’այրէ եւ Եհովայի կողմէ շողշողուն լոյս մը կը լեցնէ տաճարը։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ Եհովա մտիկ կ’ընէ եւ կը հաճի թէ՛ տաճարին եւ թէ Սողոմոնի աղօթքին։ Այլեւս փոխանակ տաղաւարին, տաճարը կը դառնայ ժողովուրդին պաշտամունքի վայրը։

Երկար ժամանակ Սողոմոն իմաստուն կերպով կ’իշխէ եւ ժողովուրդը կ’ուրախանան։ Բայց ան ուրիշ երկիրներէ շատ մը կիներու հետ կ’ամուսնանայ, որոնք Եհովան չեն պաշտեր։ Կը տեսնէ՞ք անոնցմէ մէկը որ կուռքին առջեւ պաշտամունք կը մատուցանէ։ Վերջապէս իր կիները պատճառ կ’ըլլան որ Սողոմոն ալ ուրիշ աստուածներ պաշտէ։ Գիտէ՞ք ինչ կը պատահի երբ Սողոմոն ասիկա կ’ընէ։ Այլեւս ան ազնուութեամբ չի վարուիր ժողովուրդին հետ։ Ան բիրտ կը դառնայ եւ ժողովուրդը կը տխրին ասոր համար։

Ասիկա պատճառ կ’ըլլայ որ Եհովա բարկանայ Սողոմոնի դէմ եւ անոր կ’ըսէ. ‘Թագաւորութիւնը քեզմէ պիտի առնեմ եւ ուրիշի մը պիտի տամ։ Ասիկա քու կենդանութեանդ ատեն պիտի չընեմ, այլ՝ քու որդւոյդ իշխանութեան ընթացքին։ Բայց թագաւորութեան բոլոր ժողովուրդը պիտի չառնեմ քու որդւոյդ ձեռքէն’։ Տեսնենք թէ ասիկա ի՛նչպէս տեղի կ’ունենայ։