Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 58

Դաւիթ եւ Գողիաթ

Դաւիթ եւ Գողիաթ

ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐԸ դարձեալ Իսրայէլի դէմ պատերազմի կ’ելլեն։ Արդ՝ Դաւիթի երեք մեծ եղբայրները Սաւուղի բանակին մէջն են։ Ուստի, օր մը Յեսսէ կ’ըսէ Դաւիթի. ‘Եղբայրներուդ քիչ մը ցորեն եւ հաց տար։ Հասկցիր թէ ինչպէ՛ս են’։

Երբ Դաւիթ բանակավայր կը հասնի, անմիջապէս ռազմադաշտ կը վազէ իր եղբայրները տեսնելու։ Այդ պահուն Փղշտացի Գողիաթ մէջտեղ կ’ելլէ եւ կը ծաղրէ Իսրայելացիները։ Ան 40 օրէ ի վեր ամէն առտու եւ իրիկուն նոյն բանը կ’ընէր։ Ան նախատելով կ’ըսէ. ‘Ձեզմէ մարդ մը ընտրեցէ՛ք որպէսզի հետս մենամարտի։ Եթէ ան յաղթէ եւ զիս սպաննէ, մենք ձեր գերիները ըլլանք։ Բայց եթէ ես յաղթեմ եւ զինք սպաննեմ, դուք մեր գերիները ըլլաք։ Ո՛վ է ան որ հետս կը մարտնչի’։

Դաւիթ զինուորներէն մէկուն կը հարցնէ. ‘Այս Փղշտացին սպաննողը եւ Իսրայէլը այս նախատինքէն ազատողը, փոխարէն ի՞նչ պիտի ստանայ’։

‘Սաւուղ այդ մարդուն շատ մը հարստութիւն պիտի տայ’, կ’ըսէ զինուորը։ ‘Եւ իր աղջիկը կնութեան պիտի տայ անոր’։

Բայց բոլոր Իսրայելացիները կը վախնան Գողիաթէն, քանի որ ան շատ հսկայ է։ Ան երեք մեթրէն աւելի բարձր է եւ ուրիշ զին­ուոր մը անոր տեղ անոր վահանը կը կրէ։

Կարգ մը զինուորներ կ’երթան եւ Սաւուղ Թագաւորին կը տեղեկացնեն թէ Դաւիթ կ’ուզէ պատերազմիլ Գողիաթին դէմ։ Բայց Սաւուղ կ’ըսէ Դաւիթին. ‘Դուն չես կրնար կռուիլ այս Փղշտացիին հետ։ Դուն պատանի մըն ես, իսկ ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին զինուոր մը եղած է’։ Դաւիթ կը պատասխանէ. ‘Իմ հօրս ոչխարները յափշտակող արջ մը եւ առիւծ մը սպաննեցի։ Այս Փղշ­տացին ալ անոնցմէ մէկուն պէս պիտի ըլլայ։ Եհովա պիտի օգնէ ինծի’։ Ուստի Սաւուղ կ’ըսէ. ‘Գնա՛ եւ Եհովան քեզի հետ ըլլայ’։

Դաւիթ գետակ կ’երթայ եւ հինգ սահուն քար կ’ընտրէ ու իր պարկին մէջ կը դնէ։ Յետոյ իր պարսատիկը կ’առնէ եւ հսկան դիմաւորելու կ’ելլէ։ Երբ Գողիաթ կը տեսնէ զինք, չհաւատար։ Ան կը խորհի որ շատ դիւրին պիտի ըլլայ Դաւիթը սպաննել։

Գողիաթ կ’ըսէ. ‘Եկո՛ւր ինծի եւ քու մարմինդ թռչուններուն եւ անասուններուն կեր դար­ձնեմ’։ Բայց Դաւիթ կ’ըսէ. ‘Դուն սուրով, նիզակով ու գեղարդով կու գաս ինծի, բայց ես Եհովայի անունովը կու գամ քեզի։ Այսօր Եհովա քեզ իմ ձեռքս պիտի տայ եւ ես քեզ գետին պիտի տապալեմ’։

Ասոր վրայ Դաւիթ Գողիաթի վրայ կը յարձակի։ Իր պարկէն քար մը կը հանէ, իր պարսատիկին մէջ կը դնէ եւ իր ամբողջ ոյժով կը նետէ։ Քարը ուղղակի Գողիաթին գլխուն կու գայ եւ ան գետին տապալելով տեղն ու տեղը կը մեռնի։ Երբ Փղշտացիները կը տեսնեն որ իրենց ախոյեանը ինկած է, բոլորն ալ կը փախչին։ Իսրայելացիները անոնց ետեւէն կը հալածեն եւ պատերազմը կը շահին։