Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 55

Պզտիկ տղեկ մը Աստուծոյ կը ծառայէ

Պզտիկ տղեկ մը Աստուծոյ կը ծառայէ

ԱՆՈՒՇԻԿ տղեկ մըն է, այդպէս չէ՞։ Իր անունը Սամուէլ է եւ անոր գլխուն վրայ իր ձեռքը դնող մարդը Իսրայէլի քահանայապետը՝ Հեղին է։ Սամուէլի հայրը՝ Եղկանան եւ մայրը՝ Աննան, զինք Հեղիի քով կը բերեն։

Սամուէլ հազիւ չորս կամ հինգ տարեկան է։ Բայց ան հոս՝ Եհովայի տաղաւարին մէջ պիտի բնակի Հեղիին եւ ուրիշ քահանաներուն հետ։ Արդեօք Եղկանան եւ Աննան ինչո՞ւ այսքան անչափահաս Սամուէլը կու տան, որ տաղաւարին մէջ Եհովայի ծառայէ։ Տեսնե՛նք։

Ասկէ քանի մը տարիներ առաջ, Աննա շատ տխուր էր։ Պատճառը այն էր որ ան զաւակ չէր կրնար ունենալ եւ շատ կը փափաքէր զաւակ մը ունենալ։ Ուստի օր մը, երբ Եհովայի տաղաւարը կ’այցելէր, Աննա աղօթեց. ‘Ո՛վ Եհովա, ինծի մի՛ մոռնար։ Եթէ ինծի որդի մը տաս, կը խոստանամ որ ետ քեզի պիտի տամ, որպէսզի իր բոլոր կեանքի ընթացքին քեզի ծառայէ’։

Եհովա պատասխանեց Աննայի մատուցած աղօթքին եւ ամիսներ ետք Սամուէլը ծնաւ։ Աննա կը սիրէր իր պզտիկ տղեկը եւ սկսաւ անոր Եհովայի մասին սորվեցնել, երբ տակաւին ան մանուկ էր։ Աննա իր ամուսնոյն ըսաւ. ‘Սամուէլը բաւական մեծնալէ ետք, այնպէս որ ան կաթի պէտք չունենայ այլեւս, զինք տաղաւար պիտի տանիմ որպէսզի հոն Եհովայի ծառայէ’։

Հոս պատկերին մէջ Աննան եւ Եղկանան ասիկա է որ կ’ընեն։ Քանի որ Սամուէլ շատ լաւ ուսուցուած է իր ծնողքին կողմէ, ան ուրախ է որ Եհովայի կրնայ ծառայել, Եհովայի վրանին մէջ։ Ամէն տարի Աննա եւ Եղկանա կու գան հոս՝ մասնայատուկ վրանին մէջ Եհովան պաշտելու եւ իրենց պզտիկ տղեկը տեսնելու։ Ամէն տարի Աննա իրեն հետ կը բերէ Սամուէլի համար շինած նոր պատմուճան մը։

Տարիներ կ’անցնին եւ Սամուէլ կը շարունակէ Եհովայի ծառայել տաղաւարին մէջ։ Թէ՛ Եհովան եւ թէ ժողովուրդը կը սիրեն զինք։ Բայց Հեղի քահանայապետին որդիները՝ Ոփնի եւ Փենէհէս, բարի չեն։ Անոնք շատ մը գէշ բաներ կ’ընեն եւ ուրիշներն ալ կը մղեն որ Եհովայի անհնազանդ գտնուին։ Հեղի զիրենք քահանայութենէ պէտք է զրկէ, բայց չըներ։

Պատանի Սամուէլ թոյլ չի տար որ տաղաւարին մէջ կատարուած չար բաներէն որեւէ մէկը զինք դադրեցնէ Եհովայի ծառայելէ։ Բայց քանի որ շատ քիչեր իրապէս կը սիրեն Եհովան, անոր համար երկար ատենէ ի վեր Եհովա ոչ մէկ մարդու հետ խօսած է։ Երբ Սամուէլ քիչ մը աւելի կը մեծնայ, նայեցէք թէ ի՛նչ կը պատահի։

Սամուէլ տաղաւարին մէջ կը քնանար, երբ ձայն մը լսելով կ’արթննայ։ Ան կը պատասխանէ. ‘Ահաւասիկ հոս եմ’։ Եւ շուտով կ’ելլէ եւ Հեղիի քով կը վազէ ու կ’ըսէ. ‘Ինծի կանչեցիր, ահաւասիկ հոս եմ’։

Բայց Հեղի կ’ըսէ. ‘Ես քեզի չկանչեցի. ետ գնայ ու պառկէ’։ Ուստի Սամուէլ իր անկողինը կը վերադառնայ։

Յետոյ երկրորդ անգամ մէկը կը կանչէ. ‘Սամուէ՛լ’։ Սամուէլ կ’ելլէ ու դարձեալ Հեղիի քով կը վազէ։ ‘Ինծի կանչեցիր, ահաւասիկ հոս եմ’, կ’ըսէ ան։ Բայց Հեղի կը պատասխանէ. ‘Տղա՛ս, ես չկանչեցի։ Գնա՛ պառկէ’։ Ուստի Սամուէլ դարձեալ անկողին կը դառնայ։

‘Սամուէ՛լ’, կը կանչէ ձայնը երրորդ անգամ։ Ուստի Սամուէլ կը վազէ Հեղիին քով։ ‘Ահաւասիկ հոս եմ, վասնզի այս անգամ անպայման զիս կանչեցիր’, կ’ըսէ ան։ Հեղի կը հասկնայ որ կանչողը Եհովան է։ Ուստի ան կ’ըսէ Սամուէլին. ‘Նորէն գնա՛ պառկէ եւ եթէ նորէն կանչէ, այն ատեն պէտք է ըսես. «Խօսէ՛, ո՛վ Եհովա, քանի որ քու ծառադ մտիկ կ’ընէ»’։

Սամուէլ այսպէս կ’ըսէ երբ Եհովա դարձեալ կը կանչէ զինք։ Այն ատեն Եհովա կ’ըսէ Սամուէլի որ պիտի պատժէ Հեղին եւ անոր որդիները։ Հետագային Ոփնի եւ Փենէհէս կը մեռնին Փղշտացիներուն դէմ եղած պատերազմի մը մէջ եւ երբ Հեղի կը լսէ պատահածը, կռնակին վրայ կ’իյնայ, վզին ոսկորը կը կոտրի եւ ինքն ալ կը մեռնի։ Այս կերպով Եհովայի խօսքը կ’իրականանայ։

Սամուէլ կը մեծնայ եւ Իսրայէլի վերջին դատաւորը կ’ըլլայ։ Երբ կը ծերանայ, ժողովուրդը իրմէ կը խնդրեն. ‘Թագաւոր մը ընտրէ որ մեր վրայ իշխէ’։ Սամուէլ չուզեր ասիկա ընել, քանի որ, իրականութեան մէջ, Եհովան է իրենց թագաւորը։ Բայց Եհովա իրեն կ’ըսէ որ ժողովուրդին խնդրանքը կատարէ։