ՄԱՍ Գ
Եգիպտոսի ազատագրումէն մինչեւ Իսրայէլի առաջին թագաւորը
Մովսէս Իսրայելացիները Եգիպտոսի գերութենէն դուրս հանելով Սինա լեռ առաջնորդեց, ուր Աստուած անոնց տուաւ իր օրէնքները։ Ապա, Մովսէս 12 մարդ ղրկեց որպէսզի լրտեսեն Քանանու երկիրը։ Սակայն անոնցմէ տասն վերադարձան գէշ տեղեկագրութեամբ, որու պատճառով ժողովուրդը ուզեց Եգիպտոս դառնալ։ Իրենց անհաւատութեան պատճառով, Աստուած պատժեց Իսրայելացիները, զիրենք 40 տարի անապատին մէջ թափառեցնելով։
Վերջապէս, Յեսուն ընտրուեցաւ Իսրայելացիները Քանանու երկիրը առաջնորդելու համար։ Աստուած հրաշքներով անոնց օգնեց որ երկիրը գրաւեն։ Ան պատճառ եղաւ որ Յորդանան Գետը հոսելէ դադրի, Երիքովի պարիսպները իյնան, ինչպէս նաեւ արեւը մարը չմտնէ ամբողջ օր մը։ Վեց տարի ետք, անոնք երկիրը գրաւեցին Քանանացիներու ձեռքէն։
Յեսուէ սկսեալ, Իսրայելացիները 356 տարի Դատաւորներու կողմէ կառավարուեցան։ Յաջորդ էջերուն մէջ կը սորվինք Բարակին, Գեդէօնին, Յեփթայէին, Սամփսոնին եւ Սամուէլին մասին։ Նաեւ կը կարդանք կարգ մը կիներու մասին, որոնցմէ են՝ Ռախաբ, Դեբօրա, Յայէլ, Հռութ, Նոեմի եւ Դալիլա։ ԵՐՐՈՐԴ Մասը 396 տարուայ պատմութիւն մը կը ծածկէ։
ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 38
12 Լրտեսները
Լրտեսներէն տասն բան մը կ’ըսէ, իսկ միւս երկուքը՝ ուրիշ բան։ Իսրայէլացիները որո՞ւն կը հաւատան։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 39
Ահարոնին գաւազանը կը ծաղկի
Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ որ չորցած տախտակ մը մէկ գիշերուան մէջ ծաղիկներ եւ հասուն պտուղ կը բուսցնէ։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 43
Յեսու առաջնորդ կ’ըլլայ
Մովսէս տակաւին զօրաւոր է. Յեսուն ինչո՞ւ իրեն տեղ առաջնորդ պիտի ըլլայ։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 44
Ռախաբ կը պահէ լրտեսները
Ռախաբ ինչպէ՞ս կ’օգնէ երկու տղամարդոց եւ անոնցմէ ի՞նչ կը խնդրէ։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 48
Իմաստուն գաբաւոնացիները
Անոնք հնարք մը կը գործածեն որպէսզի Յեսուն ու իսրայէլացիները իրենց խոստում մը տան. եւ իսրայէլացիները իրենց խոստումը կը պահեն։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 49
Արեւը անշարժ կը կենայ
Եհովան Յեսուին համար ըրաւ բան մը որ ո՛չ անկէ առաջ ըրած էր, ո՛չ ալ անկէ ետք ըրաւ։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 50
Երկու խիզախ կիներ
Բարակ է որ իսրայէլի զօրքը պատերազմի կ’առաջնորդէ, ուստի Յայէլ փառքը ինչո՞ւ Յայէլի կ’երթայ։
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 52
Գեդէօն եւ իր 300 մարդիկը
Աստուած այս պզտիկ բանակին անդամները զատեց անոնց անսովոր փորձէ մը անցընելով
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 55
Պզտիկ տղեկ մը Աստուծոյ կը ծառայէ
Աստուած Սամուէլ երեխային միջոցաւ Հեղի քահանայապետին ծանր պատգամ մը կը հասցնէ։