ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 19
Յակոբ բազմանդամ ընտանիք մը ունի
ՆԱՅԵՑԷՔ այս բազմանդամ ընտանիքին։ Ասոնք Յակոբի 12 որդիներն են։ Ան աղջիկներ ալ ունէր։ Զաւակներուն գոնէ քանի մը հատին անունները գիտէ՞ք։ Սորվինք անոնցմէ մի քանի հատը։
Լիային ծնան Ռուբէնը, Շմաւոնը, Ղեւին եւ Յուդան։ Երբ Ռաքէլ տեսաւ որ ինք զաւակ չէր ունենար, շատ տխրեցաւ։ Ուստի ան իր աղախինը՝ Բաղղան, Յակոբին տուաւ եւ Բաղղա երկու որդի ունեցաւ, Դանը եւ Նեփթաղիմը։ Ապա Լիան ալ իր աղախինը՝ Զեփղան, Յակոբի տուաւ եւ Զեփղային ծնան Գադը եւ Ասերը։ Լիա վերջապէս երկու ուրիշ որդիներ ալ ունեցաւ՝ Իսաքարը եւ Զաբուղոնը։
Վերջապէս Ռաքէլ ալ զաւակ մը ունեցաւ, որու անունը Յովսէփ դրաւ։ Հետագային շատ բան պիտի սորվինք Յովսէփի մասին, քանի որ ան շատ կարեւոր անձ մը եղաւ։ Այս 11 զաւակները ծնած էին Յակոբի, երբ ան Ռաքէլի հօրը՝ Լաբանի, քով կը բնակէր։
Յակոբ աղջիկներ ալ ունէր, բայց Աստուածաշունչը անոնցմէ միայն մէկուն անունը կու տայ, որ էր Դինա։
Ժամանակը եկաւ երբ Յակոբ որոշեց Լաբանէն բաժնուիլ եւ Քանանու երկիրը վերադառնալ։ Ուստի ան իր բազմանդամ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ իր ոչխարներու մեծ հօտերը եւ արջառները հաւաքեց եւ ճամբայ ինկաւ այս երկար ճամբորդութիւնը ընելու։
Յակոբ եւ իր ընտանիքը տակաւին նոր եկած էին Քանանու երկիրը, երբ Ռաքէլի ուրիշ որդի մըն ալ ծնաւ։ Ասիկա ճամբորդութեան ընթացքին պատահեցաւ։ Ռաքէլ շատ դժուարութիւն կը քաշէր եւ ան վերջապէս ծննդաբերութեան ատեն մահացաւ։ Բայց մանուկը ողջ ու առողջ էր։ Յակոբ անոր անունը Բենիամին դրաւ։
Յակոբի 12 որդիներուն անունները կ’ուզենք յիշել, քանի որ ամբողջ Իսրայէլ ազգը անոնցմէ յառաջ եկաւ։ Իրականութեան մէջ, Իսրայէլի 12 ցեղերը՝ Յակոբի 10 որդիներուն եւ Յովսէփի երկու որդիներուն անուններով կոչուած են։ Այս բոլոր տղաքը ծնելէն ետք, Իսահակ երկար տարիներ ապրեցաւ եւ հաւանաբար շատ ուրախ էր այսքան շատ թոռներ ունենալով։ Բայց տեսնենք թէ ի՛նչ պատահեցաւ իր թոռնուհիին՝ Դինայի։