ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 26
Աստուծոյ հաւատարիմ Յոբը
ԱՅՍ հիւանդ մարդուն համար ցաւ կը զգա՞ք։ Իր անունը Յոբ է, իսկ կողքի կինը՝ իր տիկինն է։ Գիտէ՞ք ան ինչ կ’ըսէ Յոբին։ ‘Աստուած անիծէ՛ ու մեռիր’։ Տեսնենք թէ կինը ի՛նչու այսպիսի բան մը ըսաւ եւ Յոբ ի՛նչու այսքան տառապեցաւ։
Յոբ հաւատարիմ մարդ մըն էր, որ Եհովայի կը հնազանդէր։ Ան Քանանու մօտ գտնուող Հուս երկրին մէջ կը բնակէր։ Եհովա շատ կը սիրէր Յոբը, բայց կար մէկը որ զինք կ’ատէր։ Գիտէ՞ք ո՛վ էր ան։
Ան Բանսարկու Սատանան էր։ Յիշեցէք որ Սատանան այն չար հրեշտակն է որ կ’ատէ Եհովան։ Ան կրցած էր Ադամն ու Եւան Աստուծոյ անհնազանդ դարձնել եւ կը խորհէր որ կրնար բոլոր մարդիկը Աստուծմէ հեռացնել։ Բայց կրցա՞ծ էր ընել ասիկա։ Ո՛չ կրնանք ըսել, երբ յիշենք այն բազմաթիւ հաւատարիմ այրերը եւ կիները որոնց մասին սորվեցանք։ Անոնցմէ քանի՞ հոգիին անունը կրնաք յիշել։
Յակոբ եւ Յովսէփ Եգիպտոսի մէջ մեռնելէ ետք, Յոբ երկրի վրայ գտնուող ամենէն հաւատարիմ մարդն էր։ Եհովա ուզեց ցոյց տալ Սատանային որ ինք չէր կրնար բոլոր մարդիկը ապականել, ուստի ան ըսաւ. ‘Տես Յոբը. նայէ ան որքա՛ն հաւատարիմ է ինծի’։
Սատանան առարկեց. ‘Ան հաւատարիմ է, քանի որ զինք կ’օրհնես եւ ան շատ ստացուածք ունի։ Բայց եթէ զանոնք իրմէ առնես, ան քեզ պիտի անիծէ’։
Ուստի Եհովա ըսաւ. ‘Գնա՛, առ զանոնք իր ձեռքէն։ Քու ամէն ուզած չարութիւնդ ըրէ Յոբի։ Տեսնենք թէ ան զիս պիտի անիծէ՞։ Միայն թէ զինք չսպաննես’։
Նախ, Սատանան պատճառ եղաւ որ մարդիկ գողնան Յոբի արջառները եւ ուղտերը, ու ոչխարները սպաննեն։ Ապա ան փոթորիկով մը սպաննեց անոր 10 տղաքը եւ աղջիկները։ Յետոյ, Սատանան զարկաւ Յոբը այս սարսափելի հիւանդութեամբ։ Յոբ շատ կը տառապէր։ Անոր համար է որ Յոբի կինը իրեն ըսաւ. ‘Աստուած անիծէ՛ ու մեռիր’։ Բայց Յոբ չուզեց ասիկա ընել։ Նաեւ, երեք կեղծ բարեկամներ եկան եւ իրեն ըսին որ ինք շատ գէշ կեանք մը ապրած էր։ Բայց Յոբ կը շարունակէր հաւատարիմ մնալ։
Ասիկա մեծապէս ուրախացուց Եհովան եւ անկէ ետք, ան օրհնեց Յոբը, ինչպէս կը տեսնէք պատկերին մէջ։ Աստուած բուժեց զինք իր հիւանդութենէն։ Յոբ 10 ուրիշ գեղեցիկ զաւակներ, իսկ նախկինէն կրկնապատիկ՝ արջառներ, ոչխարներ եւ ուղտեր ունեցաւ։
Դուք ալ միշտ Եհովայի հաւատարիմ պիտի մնա՞ք Յոբի պէս։ Եթէ այո, Աստուած ձեզ ալ պիտի օրհնէ եւ դուք ալ կարող պիտի ըլլաք յաւիտեան ապրիլ, երբ ամբողջ երկիրը Եդեմի պարտէզին պէս գեղեցիկ ըլլայ։