Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 2

Գեղեցիկ պարտէզ մը

Գեղեցիկ պարտէզ մը

ՆԱՅԵՑԷՔ երկրին։ Ամէն բան ի՜նչ գեղեցիկ է։ Նայեցէք խոտերուն, ծառերուն, ծաղիկներուն եւ բոլոր անասուններուն։ Կրնա՞ք ցոյց տալ փիղը եւ առիւծները։

Այս գեղեցիկ պարտէզը ինչպէ՞ս երեւան եկաւ։ Լաւ, տեսնենք թէ Աստուած ի՛նչպէս երկիրը պատրաստեց մեզի համար։

Նախ, Աստուած երկիրը ծածկելու համար կանանչ խոտեր շինեց եւ բոլոր թուփերը, մացառները եւ ծառերը ըրաւ։ Այս աճող բոյսերը երկիրը կը գեղեցկացնեն։ Բայց անոնք ասկէ աւելին կ’ընեն։ Անոնցմէ շատերը շատ համով ուտելիքներ կը հայթայթեն մեզի։

Յետոյ Աստուած ջուրին մէջ լողացող ձուկեր եւ երկինքին մէջ թռչող թռչուններ ստեղծեց։ Ան շինեց մեծ եւ պզտիկ անասունները, շուները, կատուները եւ ձիերը։ Ո՞ր կենդանիները կ’ապրին ձեր շուրջը։ Պէտք չէ՞ ուրախանանք որ Աստուած այս բոլոր բաները ըրաւ մեզի համար։

Վերջապէս, Աստուած երկրին մէկ մասը մասնաւոր վայր մը ըրաւ։ Ան այս վայրը կոչեց Եդեմի պարտէզ։ Անիկա կատարեալ էր։ Անոր մէջ ամէն բան գեղեցիկ էր։ Իսկ Աստուած ուզեց որ ամբողջ երկիրը իր ըրած այս գեղեցիկ պարտէզին նման ըլլայ։

Հիմա դարձեալ նայեցէք պատկերի այս պարտէզին։ Աստուած տեսաւ որ բա՛ն մը պակաս էր։ Գիտէ՞ք ինչ է։ Տեսնենք։