Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 3

Առաջին մարդը եւ կինը

Առաջին մարդը եւ կինը

ԱՅՍ պատկերին մէջ ի՞նչ բան տարբեր է։ Այո, անոր մէջ մարդիկ կան։ Անոնք առաջին մարդը եւ կինն են։ Ո՞վ ստեղծեց զանոնք։ Աստուած։ Գիտէ՞ք ինչ է Աստուծոյ անունը։ Եհովա է։ Իսկ մարդը եւ կինը կոչուեցան Ադամ եւ Եւա։

Ահաւասիկ թէ Եհովա Աստուած ի՛նչպէս ստեղծեց Ադամը։ Ան գետնէն հող առաւ եւ անով կատարեալ մարմին մը՝ այր մարդու մարմին մը շինեց։ Յետոյ ան մարդուն ռնգունքներէն փչեց եւ Ադամ կենդանացաւ։

Եհովա Աստուած Ադամի գործ մը տուաւ։ Ան ըսաւ Ադամին որ բոլոր տարբեր տեսակի անասուններուն անուններ դնէ։ Ադամ հաւանաբար երկար ատեն դիտեց անասունները որպէսզի անոնց յարմար անուններ դնէ։ Մինչ անասուններուն անուններ կը դնէր, Ադամ բան մը նշմարեց։ Գիտէ՞ք ինչ էր ատիկա։

Բոլոր անասուններն ալ իրենց ընկերը ունէին։ Պապա փիղեր եւ մամա փիղեր եւ պապա առիւծներ եւ մամա առիւծներ կային։ Բայց Ադամ իրեն ընկեր մը չուներ։ Ուստի Եհովա այնպէս մը ըրաւ որ Ադամ խոր քունի մէջ մտնէ եւ անոր կողին մէկ ոսկորը առաւ։ Այս կողոսկրը գործածելով, Եհովա կին մը շինեց Ադամի համար եւ ան իր կինը եղաւ։

Ադամ այլեւս շա՜տ ուրախ էր։ Իսկ մտածեցէք որ Եւա հաւանաբար որքա՜ն ուրախ էր այսպիսի գեղեցիկ պարտէզի մը մէջ բնակելով։ Արդ անոնք կրնային զաւակներ ունենալ եւ միասնաբար ուրախութեամբ ապրիլ։

Եհովա ուզեց որ Ադամ եւ Եւա յաւիտեան ապրին։ Ան ուզեց որ անոնք ամբողջ երկիրը Եդեմի պարտէզին նման գեղեցիկ դարձնեն։ Ադամ եւ Եւա հաւանաբար ի՜նչ ուրախ էին երբ կը խորհէին այս մասին։ Դուք ալ պիտի ուզէի՞ք բաժին բերել երկիրը գեղեցիկ պարտէզի մը վերածելու մէջ։ Բայց Ադամի եւ Եւայի ուրախութիւնը երկար չտեւեց։ Տեսնենք թէ ի՛նչու։