ՄԱՍ 17
Յիսուս Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին կը սորվեցնէ
Յիսուս իր աշակերտներուն շատ բաներ կը սորվեցնէ, սակայն կը կեդրոնանայ մէկ նիւթի վրայ. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։
Ի՞ՆՉ էր Յիսուսի նշանակումը երկրի վրայ։ Ինք անձամբ ըսաւ. «Պէտք է ինծի որ. . . Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկաս 4։44)։ Նկատի առ չորս կէտեր, որոնք Յիսուս սորվեցուց այդ Թագաւորութեան մասին, որ իր քարոզչութեան գլխաւոր նիւթն էր։
1. Յիսուս պիտի ըլլար Թագաւորը։ Յիսուս ուղղակիօրէն ըսաւ թէ ի՛նքն էր նախագուշակուած Մեսիան (Յովհաննէս 4։25, 26)։ Ան նաեւ ցոյց տուաւ թէ ինքն էր այն Թագաւորը, զոր Դանիէլ մարգարէն տեսիլքով մը տեսած էր։ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ թէ ինք օր մը պիտի նստէր «փառաց աթոռը» եւ իրենք ալ պիտի նստէին աթոռներու վրայ (Մատթէոս 19։28)։ Ան այս կառավարիչներու խումբը «պզտիկ հօտ» կոչեց, նաեւ նշեց թէ «ուրիշ ոչխարներ ալ» ունէր, որոնք այդ խումբին մաս չէին կազմեր (Ղուկաս 12։32. Յովհաննէս 10։16)։
2. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական արդարութիւն պիտի բերէր։ Յիսուս նշեց թէ Թագաւորութիւնը վերջ պիտի դնէր մեծագոյն անարդարութեան, Եհովա Աստուծոյ անունը սրբացնելով եւ զայն մաքրելով այն ամէն նախատինքէն, որ Եդեմի մէջ եղած ըմբոստութենէն ի վեր Սատանան կուտակած էր անոր վրայ (Մատթէոս 6։9, 10)։ Յիսուս նաեւ ամէն օր ցոյց տուաւ թէ ինք անաչառ էր, քանի որ առանց խտրականութեան բոլորին սորվեցուց. տղամարդոց եւ կիներուն, աղքատներուն եւ հարուստներուն։ Թէեւ ան նշանակուած էր գլխաւորաբար իսրայէլացիներուն սորվեցնելու, սակայն ջանաց նաեւ օգնել սամարացիներուն եւ հրեայ չեղողներուն։ Ի տարբերութիւն իր ժամանակուան կրօնական առաջնորդներուն, Յիսուս կողմնակալութեան նշոյլն անգամ ցոյց չտուաւ։
3. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս աշխարհին մէկ մասը պիտի չըլլար։ Յիսուս քաղաքական տակնուվրայ ժամանակամիջոցի մը մէջ ապրեցաւ։ Իր հայրենիքը օտար ուժի մը տիրապետութեան տակ էր։ Երբ մարդիկ փորձեցին զինք քաղաքականութեան միջամուխ ընել, ան անոնցմէ հեռացաւ (Յովհաննէս 6։14, 15)։ Ան քաղաքագէտի մը ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ» (Յովհաննէս 18։36)։ Ան նաեւ իր հետեւորդներուն ըսաւ. «Աշխարհէն չէք» (Յովհաննէս 15։19)։ Ան իր աշակերտներուն թոյլ չտուաւ որ զէնքեր գործածէին, նոյնիսկ իր անձին պաշտպանութեան համար (Մատթէոս 26։51, 52)։
«Ինք. . . գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր» (Ղուկաս 8։1)։
4. Քրիստոսի իշխանութիւնը սիրոյ վրայ հիմնուած պիտի ըլլար։ Յիսուս խոստացաւ մարդիկը թարմացնել, անոնց բեռը թեթեւցնելով (Մատթէոս 11։28-30)։ Ան իր խօսքին տէրը եղաւ։ Ան սիրալիր եւ գործնական խրատներ տուաւ՝ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու, փոխյարաբերութիւնները բարելաւելու, նիւթապաշտութեան դէմ պայքարելու եւ երջանկութիւն գտնելու առնչութեամբ (Մատթէոս, գլուխ 5-7)։ Որովհետեւ Յիսուս սէր ցուցաբերեց՝ ամէն ենթահողէ մարդիկ զինք դիւրամատչելի գտան։ Նոյնիսկ սաստկապէս ընկճուած մարդիկ իրեն եկան, վստահ ըլլալով թէ ան իրենց հետ ազնուութեամբ եւ արժանապատուութեամբ պիտի վարուէր։ Ի՜նչ հոյակապ Կառավարիչ մը պիտի ըլլայ Յիսուս։
Յիսուս ուրիշ շատ ազդու կերպ մըն ալ գործածեց Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին սորվեցնելու համար. ան բազմաթիւ հրաշքներ գործեց։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Կը տեսնենք յաջորդ նիւթին մէջ։