Վերջին երեւումներ եւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէն
Գլուխ 131
Վերջին երեւումներ եւ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէն
ԱՌԻԹՈՎ մը, Յիսուս կարգադրութիւններ կ’ընէ, որ իր 11 առաքեալները իրեն հետ հանդիպում մը ունենան Գալիլիոյ մէջ, լերան մը վրայ։ Ակներեւաբար ուրիշ աշակերտներու ալ ըսուած է այս հանդիպումին մասին, ուստի աւելի քան 500 անհատներէ բաղկացած բազմութիւն մը կը հաւաքուի։ Ի՜նչ ուրախառիթ համաժողով մըն է այս, երբ Յիսուս կը յայտնուի եւ կը սկսի սորվեցնել անոնց։
Ուրիշ բաներու կողքին Յիսուս այս մեծ բազմութեան կը բացատրէ թէ Աստուած իրեն ամէն իշխանութիւն տուած է երկնքի եւ երկրի մէջ։ «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի», կը յորդորէ ան։
Մտածեցէ՜ք պահ մը։ Այրեր, կիներ եւ մանուկներ հաւասարապէս, աշակերտելու գործին մէջ բաժին բերելու նոյն յանձնարարութիւնը կը ստանան։ Հակառակորդներ պիտի ջանան կասեցնել իրենց քարոզելու եւ սորվեցնելու գործը, սակայն Յիսուս կը մխիթարէ զիրենք, ըսելով. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։ Յիսուս սուրբ հոգիին միջոցաւ, իր հետեւորդներուն հետ կը մնայ, անոնց օգնելով որ իրենց ծառայութիւնը կատարեն։
Իր յարութենէն ետք, ընդամէնը 40 օրուան շրջանի մը մէջ, Յիսուս ինքզինք կենդանի կը ցուցնէ իր աշակերտներուն։ Այս երեւումներուն ընթացքին իրենց կը սորվեցնէ Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին, եւ կը շեշտէ թէ որպէս իր աշակերտները ի՛նչ պատասխանատուութիւններ ունին։ Առիթով մը, ան նոյնիսկ իր կէս–եղբօր՝ Յակոբոսի ալ կ’երեւնայ եւ այս երբեմնի անհաւատին կը համոզէ, թէ Ինք արդարեւ Քրիստոսն է։
Մինչ առաքեալները տակաւին Գալիլիոյ մէջ կը գտնուին, ակներեւաբար Յիսուս անոնց հրահանգ կու տայ որ Երուսաղէմ վերադառնան։ Հոն, երբ զանոնք կը տեսնէ, անոնց կ’ըսէ. ‘Երուսաղէմէն մի՛ հեռանաք, հապա սպասեցէք Հօրը խոստումին, որ ինծմէ լսեցիք. վասն զի իրա՛ւ Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք շատ օրեր չանցած Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք’։
Հետագային, Յիսուս դարձեալ իր առաքեալներուն կը հանդիպի եւ զանոնք կ’առաջնորդէ քաղաքէն դուրս՝ մինչեւ Բեթանիա, որ Ձիթենեաց Լերան արեւելեան լանջին կը գտնուի։ Զարմանալի է որ, հակառակ երկինք երթալու մասին իր բոլոր ըսածներուն, տակաւին անոնք կը հաւատան թէ իր Թագաւորութիւնը երկրի վրայ պիտի հաստատուի։ Ուստի կը հարցնեն. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։
Փոխանակ իրենց սխալ ըմբռնումը դարձեալ սրբագրելու, Յիսուս պարզապէս կը պատասխանէ. «Ձեզի չի՛ վերաբերիր ժամերը եւ ժամանակները գիտնալը, որ Հայրը իր իշխանութեանը մէջ դրաւ»։ Ապա, անգամ մը եւս շեշտելով այն գործը զոր պէտք է ընեն, կ’ըսէ. «Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։
Մինչ անոնք տակաւին կը նային, Յիսուս կը սկսի դէպի երկինք բարձրանալ, ապա ամպ մը զանիկա անոնց աչքէն կը ծածկէ։ Իր մսեղէն մարմինը լուծելէ ետք, ան երկինք կը համբառնայ, որպէս հոգեղէն անձնաւորութիւն մը։ Մինչ 11–ը կը շարունակեն անոր ետեւէն դէպի երկինք նայիլ, ճերմակ հանդերձով երկու մարդ կ’երեւնան իրենց քով։ Այս նիւթականացած հրեշտակները կը հարցնեն. «Ո՛վ Գալիլիացի մարդիկ, ինչո՞ւ կայներ դէպի երկինք կը նայիք. այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»։
Յիսուս երկիրը ձգած էր, առանց հանրային շեփորներ հնչեցնելու եւ միայն իր հաւատարիմ հետեւորդներուն աչքին առջեւ։ Ուստի, նոյն կերպով պիտի վերադառնայ, առանց շեփոր հնչեցուելու եւ միայն իր հաւատարիմ հետեւորդները պիտի ըմբռնեն թէ ինք վերադարձած եւ իր թագաւորական զօրութեամբ ներկայ է։
Այժմ առաքեալները Ձիթենեաց Լեռնէն կ’իջնեն, Կեդրոն Հեղեղատը անցնելով դարձեալ Երուսաղէմ կը մտնեն։ Յիսուսի հրահանգին հնազանդելով, անոնք հոն կը մնան։ Տասը օր ետք, Հ.Դ. 33–ի հրէական Պէնտէկոստէի Տօնին, մինչ աշակերտներէն շուրջ 120 հոգի Երուսաղէմի մէջ վերնատան մը մէջ հաւաքուած են, յանկարծ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս ձայն մը կը լեցնէ ամբողջ տունը։ Որպէս թէ կրակէ լեզուներ կ’երեւնան, եւ հոն գտնուող իւրաքանչիւրին գլխուն վերեւ կը նստին, եւ բոլոր աշակերտները կը սկսին տարբեր լեզուներով խօսիլ։ Ասիկա է սուրբ հոգիին թափուիլը, զոր Յիսուս նախապէս խոստացած էր։ Մատթէոս 28։16-20. Ղուկաս 24։49-52. Ա. Կորնթացիս 15։5-7. Գործք 1։3-15. 2։1-4
▪ Յիսուս որո՞նց հրաժեշտի ցուցմունքներ կու տայ Գալիլիոյ մէջ լերան մը վրայ, եւ այդ հրահանգները ի՞նչ են։
▪ Յիսուս իր աշակերտներուն ի՞նչ մխիթարութիւն կու տայ, եւ անիկա ի՞նչ իմաստով իրենց հետ պիտի մնայ։
▪ Իր յարութենէն ետք որքա՞ն ժամանակ Յիսուս իր աշակերտներուն կ’երեւնայ, եւ ի՞նչ կը սորվեցնէ անոնց։
▪ Յիսուս որո՞ւ կ’երեւնայ, որ իր մահուընէ առաջ ակներեւաբար աշակերտ մը չէր։
▪ Յիսուս իր առաքեալներուն հետ ի՞նչ վերջին երկու ժողովներ կ’ունենայ, եւ այս առիթներով ի՞նչ կը պատահի։
▪ Յիսուս ի՞նչ առումով իր գացած կերպով պիտի վերադառնայ։
▪ Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէին ի՞նչ կը պատահի։