Յիսուս եւ հարուստ երիտասարդ իշխան մը
Գլուխ 96
Յիսուս եւ հարուստ երիտասարդ իշխան մը
ՄԻՆՉ Յիսուս Բերիայի շրջանը ձգելով դէպի Երուսաղէմ կ’ուղղուի, երիտասարդ մարդ մը վազելով կու գայ ու անոր առջեւ ծունկի կ’իյնայ։ Երիտասարդը իշխան կը կոչուի, քանի որ հաւանաբար տեղական ժողովարանի մը մէջ աչքառու դիրք մը ունի եւ կամ Սենետրիոնի անդամ է։ Ան նաեւ շատ հարուստ է։ «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ», կ’ըսէ ան։
Յիսուս կը պատասխանէ. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես. մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած»։ Հաւանաբար այս երիտասարդը «բարի» արտայայտութիւնը որպէս տիտղոս կը գործածէ, ուստի Յիսուս իրեն կը գիտցնէ, թէ այսպիսի տիտղոս մը միայն Աստուծոյ կը պատկանի։
«Եթէ կ’ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանքները պահէ», կ’ըսէ Յիսուս։
«Որո՞նք», կը հարցնէ մարդը։
Տասը Պատուիրաններէն հինգ հատին ակնարկելով Յիսուս կ’ըսէ. «Ասոնք. Սպանութիւն մի ըներ, Շնութիւն մի՛ ըներ, Գողութիւն մի՛ ըներ, Սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։ Նոյնիսկ աւելի կարեւոր պատուիրան մը աւելցնելով ան կ’ըսէ. «Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ»։
«Ատոնք ամէնքը մանկութենէս ի վեր պահեր եմ. ալ ի՞նչ բան կը պակսի», կը պատասխանէ մարդը անկեղծօրէն։
Մարդուն սրտագին ու անձկալից խնդրանքը լսելով, Յիսուս կը սիրէ զինք։ Սակայն կը նշմարէ որ մարդը շա՜տ կապուած է նիւթական ստացուածքներու, ուստի իր կարիքին մատնանշելով կ’ըսէ. «Մէկ բան պակաս է քեզի. գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛, տո՛ւր աղքատներուն ու երկինքը գանձ պիտի ունենաս . . . ու եկուր իմ ետեւէս»։
Անկասկած, Յիսուս ցաւով կը դիտէ մարդը, երբ ան խորապէս տրտմած կը հեռանայ։ Հարստութիւնը զինք կը կուրցնէ ճշմարիտ գանձին արժէքը տեսնելէ։ «Ո՜րչափ դժուար է Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնել անոնց, որ հարստութիւն ունին», կ’ըսէ Յիսուս յուզումով։
Յիսուսի խօսքերը կը զարմացնեն աշակերտները։ Սակայն անոնք աւելի կը զարմանան, երբ Յիսուս ընդհանուր կանոն մը կ’արտայայտէ, ըսելով. «Քանզի աւելի դիւրին է, որ ուղտը ասեղին ծակէն անցնի, քան թէ հարուստը Աստուծոյ թագաւորութիւնը մտնէ»։
«Ալ ո՞վ կրնայ փրկուիլ», աշակերտները կ’ուզեն գիտնալ։
Յիսուս շեշտակիօրէն անոնց նայելով կ’ըսէ. «Ատիկա մարդոց կողմէ անկարելի է, բայց ո՛չ Աստուծոյ կողմէ. քանզի Աստուծոյ կողմէն ամէն բան կարելի է»։
Նկատելով որ այդ հարուստ երիտասարդին ըրած ընտրութենէն շատ աւելի տարբեր ընտրութիւն մը ըրած էին, Պետրոս կ’ըսէ. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք», ու կը հարցնէ. «Ուստի մեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ»։
«Միւս անգամ գալուստին երբ Որդին մարդոյ իր փառաց աթոռը նստի, դուք ալ տասներկու աթոռներու վրայ պիտի նստիք՝ Իսրայէլի տասներկու ցեղերը դատելու», կը խոստանայ Յիսուս։ Արդարեւ, ան ցոյց կու տայ որ վիճակներու վերածնունդ մը պիտի ըլլայ հոս երկրի վրայ, այնպէս որ իրերը Եդեմի դրախտին պէս պիտի ըլլան։ Պետրոս եւ միւս աշակերտները Քրիստոսի հետ իշխելու վարձատրութիւնը պիտի ընդունին երկրածաւալ դրախտին վրայ։ Վստահաբար, այսպիսի վարձատրութեան մը համար կ’արժէ որեւէ զոհողութիւն ընել։
Սակայն, նոյնիսկ հիմա վարձատրութիւններ կան, ինչպէս Յիսուս հաստատօրէն կ’ըսէ. «Մէկը չկայ որ թողուց տուն, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր, կամ հայր, կամ մայր, կամ կին, կամ որդիներ, կամ արտեր՝ ինծի ու աւետարանին համար, որ պիտի չառնէ հարիւրապատիկ հիմա՝ այս ատենս տուներ ու եղբայրներ եւ քոյրեր ու մայրեր եւ որդիներ ու արտեր հալածանքներու հետ եւ գալու աշխարհին մէջ՝ յաւիտենական կեանքը»։
Ինչպէս Յիսուս կը խոստանայ, աշակերտները աշխարհի մէջ ո՛ւր ալ երթան, անոնք ընկերակից Քրիստոնեաներու հետ այնպիսի յարաբերութիւն մը կը վայելեն, որ շատ աւելի մտերիմ ու թանկագին է քան բնական ընտանիքի անդամներուն հետ եղած յարաբերութիւնը։ Ակներեւաբար, հարուստ երիտասարդ իշխանը թէ՛ այս վարձատրութիւնը եւ թէ երկնային Թագաւորութեան մէջ յաւիտենական կեանքի վարձատրութիւնը կը կորսնցնէ։
Անկէ ետք Յիսուս կ’աւելցնէ. «Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին եւ յետիններ՝ առաջին»։ Ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։
Յիսուս ըսել կ’ուզէ թէ շատեր, որոնք «առաջիններ» են կրօնական առանձնաշնորհումներ վայելելու մէջ, ինչպէս հարուստ երիտասարդ իշխանը, Թագաւորութիւնը պիտի չմտնեն։ Անոնք «յետիններ» պիտի ըլլան։ Սակայն շատեր՝ մէջը ըլլալով Յիսուսի խոնարհ աշակերտները, որոնք արհամարհուած են ինքնարդար Փարիսեցիներու կողմէ, որպէս «յետիններ»՝ գետնի մարդիկ կամ ամ հա·արեց–ներ, «առաջիններ» պիտի ըլլան։ Իրենց «առաջիններ» ըլլալը կը նշանակէ, թէ անոնք Թագաւորութեան մէջ Քրիստոսի հետ իշխանակիցներ ըլլալու առանձնաշնորհումը պիտի ունենան։ Մարկոս 10։17-31. Մատթէոս 19։16-30. Ղուկաս 18։18-30
▪ Ակներեւաբար, ի՞նչպիսի իշխան մըն է հարուստ երիտասարդը։
▪ Յիսուս ինչո՞ւ կ’առարկէ երբ զինք բարի կը կոչէ։
▪ Երիտասարդ իշխանին փորձառութիւնը ի՞նչպէս ցոյց կու տայ հարուստ ըլլալու վտանգը։
▪ Յիսուս ի՞նչ վարձատրութիւններ կը խոստանայ իր հետեւորդներուն։
▪ Առաջինները ի՞նչպէս յետիններ կ’ըլլան եւ յետինները՝ առաջիններ։