Յիսուս ե՛րբ եւ ո՛ւր ծնած է
Գլուխ 5
Յիսուս ե՛րբ եւ ո՛ւր ծնած է
ՀՌՈՎՄԻ Օգոստոս Կայսրը օրէնք մը հանած է, ըստ որու ամէն մարդ իր ծննդավայրը պէտք է երթայ եւ արձանագրուի։ Ուստի Յովսէփ դէպի իր ծննդավայրը՝ Բեթլէհէմ՝ կ’երթայ։
Մարդահամարի առիթով բազմաթիւ մարդիկ եկած են Բեթլէհէմ, ուստի միակ իջեւանը որ Յովսէփ եւ Մարիամ կը գտնեն, ախոռ մըն է, ուր էշեր եւ ուրիշ անասուններ կը պահուին։ Յիսուս հոն կը ծնի։ Մարիամ լաթերով կը փաթթէ մանուկը եւ զայն կը պառկեցնէ անասուններուն կեր դնելիք մսուրին մէջ։
Վստահաբար, Աստուծոյ առաջնորդութեամբ էր որ Օգոստոս Կայսրը մարդահամարի օրէնքը հանեց։ Ասիկա կարելի ըրաւ որ Յիսուս ծնի Բեթլէհէմի մէջ, այն քաղաքը՝ ուր պէտք էր ծնէր խոստացեալ իշխանը, ըստ Սուրբ Գրութիւններուն։
Ի՜նչ կարեւոր գիշեր մըն է։ Դուրսը, դաշտին մէջ խումբ մը հովիւներու շուրջ, լո՛յս մը կը շողշողայ։ Ան Եհովայի փառքն է։ Եհովայի հրեշտակը կ’ըսէ հովիւներուն. «Մի՛ վախնաք, վասն զի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիս մը կու տամ, որ բոլոր ժողովուրդին պիտի ըլլայ։ Վասն զի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ Դաւիթին քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է։ Եւ այս ձեզի նշան մը ըլլայ՝ մանուկ մը պիտի գտնէք խանձարուրով փաթթուած ու մսուրի մէջ պառկած»։ Իսկոյն ուրիշ հրեշտակներ ալ կ’երեւնան, որոնք Աստուած օրհնելով կ’ըսեն. «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»։
Երբ հրեշտակները կը մեկնին, հովիւները իրարու կ’ըսեն. «Եկէք մինչեւ Բեթլէհէմ երթանք ու տեսնենք թէ ի՞նչ է այս եղած բանը, որ Տէրը մեզի ցուցուց»։ Անոնք արտորնօք կ’երթան եւ կը գտնեն Յիսուսը ճիշդ ուր որ հրեշտակները ըսած էին։ Երբ հովիւները կը պատմեն ինչ որ հրեշտակները ըսին իրենց, բոլոր լսողները կը զարմանան։ Մարիամ այս բոլոր բաները իր սրտին մէջ կը պահէ ու կը մտածէ անոնց մասին։
Այսօր շատեր կը հաւատան որ Յիսուս Դեկտեմբեր 25–ին ծնած է։ Սակայն, Դեկտեմբեր ամիսը ցուրտ եւ անձրեւոտ է Բեթլէհէմի մէջ։ Տարուան այդ եղանակին, հովիւները գիշերը, դաշտերուն մէջ չեն անցըներ իրենց հօտերուն հետ։ Նաեւ, շատ հաւանաբար, Հռովմէացի Կայսրը ձմրան այդ ցուրտին արդէն իր դէմ ըմբոստանալու հակումը ունեցող ժողովուրդէ մը պիտի չպահանջէր որ արձանագրութեան համար այդ ճամբորդութիւնը ընէ։ Ակներեւաբար, Յիսուս աշնան սկիզբը ծնած էր։ Ղուկաս 2։1-20. Միքիայ 5։2
▪ Յովսէփ եւ Մարիամ ինչո՞ւ Բեթլէհէմ կը ճամբորդեն։
▪ Յիսուսի ծնած գիշերը ի՞նչ հոյակապ բան մը կը պատահի։
▪ Ի՞նչպէս գիտենք որ Յիսուս Դեկտեմբեր 25–ին ծնած չէ։