Յիսուսի մկրտութիւնը
Գլուխ 12
Յիսուսի մկրտութիւնը
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ քարոզչութեան սկսելէն մօտաւորապէս վեց ամիս ետք, Յիսուս՝ որ այժմ 30 տարեկան է, իրեն քով կու գայ Յորդանան Գետին մօտ։ Ի՞նչ պատճառաւ։ Բարեկամական այցելութի՞ւն մը տալու, թէ ոչ պարզապէս հետաքրքրուելու թէ Յովհաննէսի գործը ինչպէս կ’ընթանայ։ Ո՛չ. այլ, Յիսուս՝ Յովհաննէսէ կը խնդրէ որ զինք մկրտէ։
Անմիջապէս Յովհաննէս կ’առարկէ. «Ինծի պէտք է որ քեզմէ մկրտուիմ ու դուն ինծի՞ կու գաս»։ Ան գիտէ թէ իր զարմիկը՝ Յիսուս, Աստուծոյ մասնայատուկ Որդին է։ Այո, Յովհաննէս իր մօրը որովայնին մէջ ցատկած էր, երբ Մարիամ, որ Յիսուսով յղի էր, իրենց այցելութեան գացած էր։ Անկասկած Յովհաննէսի մայրը, Եղիսաբէթ, հետագային իրեն պատմած ըլլալու էր այս մասին։ Ան նաեւ պատմած ըլլալու էր, թէ հրեշտակը Յիսուսի ծնունդը աւետած էր, եւ թէ ինչպէս անոր ծնունդին՝ հրեշտակներ երեւցած էին հովիւներուն։
Հետեւաբար, Յիսուս օտարական մը չէ Յովհաննէսի։ Ան նաեւ գիտէ թէ իր մկրտութիւնը Յիսուսի համար չէ։ Անիկա իրենց մեղքերէն զղջացողներուն համար է, բայց Յիսուս մեղք չունի։ Սակայն, հակառակ Յովհաննէսի առարկութեան, Յիսուս կը պնդէ. «Թող տուր հիմա, վասն զի այսպէս կը վայելէ մեզի, որ բոլոր արդարութիւնը կատարենք»։
Ինչո՞ւ արդար կամ շիտակ է որ Յիսուս մկրտուի։ Քանի որ Յիսուսի մկրտութիւնը կը խորհրդանշէր ո՛չ թէ մեղքերու համար զղջում մը, այլ՝ թէ ան ինքզինք կը ներկայացնէր իր Հօրը կամքը կատարելու համար։ Յիսուս հիւսն մը եղած էր, բայց այժմ ժամանակը հասած է, որպէսզի ձեռնարկէ այն ծառայութեան, որու համար Եհովա Աստուած զինք երկիր ղրկած է։ Կը խորհի՞ք որ Յովհաննէս կը սպասէ որ անսովոր բան մը պատահի, Յիսուսի մկրտութեան ժամանակ։
Յովհաննէս հետագային կը տեղեկագրէ, ըսելով. «Ան որ զիս ղրկեց ջրով մկրտելու, ինք ըսաւ ինծի. ‘Որու վրայ տեսնես, որ Հոգին կ’իջնէ ու կը հանգչի անոր վրայ, անիկա է որ Սուրբ Հոգիով կը մկրտէ’»։ Արդ, Յովհաննէս կ’ակնկալէ որ իր մկրտած անհատներէն մէկուն վրայ սուրբ հոգին գայ։ Թերեւս անոր համար Յովհաննէս չի զարմանար, երբ կը տեսնէ «Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ’իջնէր ու կու գար» ջուրէն դուրս ելլող Յիսուսի վրայ։
Սակայն Յիսուսի մկրտութեան՝ անկէ աւելին կը պատահի։ ‘Երկինք կը բացուի’ Յիսուսի առջեւ։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Ակներեւաբար կը նշանակէ թէ մկրտութեան ժամանակ, ան կը վերյիշէ իր նախամարդկային կեանքը։ Ուստի, այժմ Յիսուս լիովին կը վերյիշէ իր կեանքը որպէս Եհովա Աստուծոյ հոգեղէն որդին, ինչպէս նաեւ՝ այն բոլոր բաները, զորս Աստուած իրեն խօսած էր երկնքի մէջ իր նախամարդկային գոյութեան ընթացքին։
Առաւել, իր մկրտութեան ժամանակ երկնքէն ձայն մը կը ծանուցանէ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։ Որո՞ւ ձայնն է ատիկա։ Յիսուսի՞ ձայնը։ Անշուշտ ոչ, այլ՝ Աստուծոյ ձայնը։ Յստակ է ուրեմն որ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է եւ ոչ թէ Աստուած է, ինչպէս ոմանք կը դաւանին։
Սակայն, Յիսուս Աստուծոյ մարդկային որդին է, ինչպէս էր առաջին մարդը՝ Ադամ։ Ղուկաս աշակերտ, Յիսուսի մկրտութիւնը նկարագրելէ ետք, կը գրէ ըսելով. «Երբ Յիսուս իր գործը սկսաւ գրեթէ երեսուն տարեկան էր։ (Ինչպէս կը կարծուէր) Ան որդին էր Յովսէփի, որ Հեղիի, . . . որ Դաւիթի, . . . որ Աբրահամի, . . . որ Նոյի, . . . որ Ադամի, որ Աստուծոյ»։
Ինչպէս որ Ադամ Աստուծոյ մարդկային «որդին» էր, նոյնպէս ալ Յիսուս։ Յիսուս մեծագոյն մարդն է որ ցարդ ապրած է երկրի վրայ. ասիկա բացայայտ կ’ըլլայ երբ Յիսուսի կեանքը ուսումնասիրենք։ Սակայն, իր մկրտութեամբ, Յիսուս նոր յարաբերութեան մը մէջ կը մտնէ Աստուծոյ հետ, Անոր հոգեւոր Որդին ալ ըլլալով։ Որպէս թէ Աստուած զինք ետ երկինք կը կանչէ, զինք դնելով ընթացքի մը մէջ, որ դատապարտուած մարդկութեան ի նպաստ, իր մարդկային կեանքը յաւիտենապէս զոհելու պիտի առաջնորդէ։ Մատթէոս 3։13-17. Ղուկաս 3։21-38. 1։34-36, 44. 2։10-14. Յովհաննու 1։32-34. Եբրայեցիս 10։5-9
▪ Ինչո՞ւ Յիսուս օտարական մը չէ Յովհաննէսի համար։
▪ Քանի որ մեղք մը գործած չէ, Յիսուս ինչո՞ւ կը մկրտուի։
▪ Յովհաննէս տեղեկութիւն ունենալով Յիսուսի մասին, ինչո՞ւ չի զարմանար երբ կը տեսնէ Աստուծոյ հոգիին իջնելը Յիսուսի վրայ։