Յիսուսի առաջին հրաշքը
Գլուխ 15
Յիսուսի առաջին հրաշքը
ԱՆԴՐԷԱՍԸ, Պետրոսը, Յովհաննէսը, Փիլիպպոսը, Նաթանայէլը եւ թերեւս Յակոբոսը, Յիսուսի առաջին աշակերտները ըլլալէն միայն մէկ կամ երկու օր անցած է։ Արդ անոնք դէպի իրենց ծննդավայրը, Գալիլիա կ’երթան։ Անոնք կ’ուղղուին դէպի Կանա՝ Նաթանայէլի ծննդավայրը, որ կը գտնուի բլուրի մը վրայ, Նազարէթի մօտերը, ուր մեծցած էր Յիսուս։ Անոնք Կանայի մէջ հարսանեկան խնճոյքի մը հրաւիրուած են։
Յիսուսի մայրն ալ եկած է հարսանիքին։ Այնպէս կ’երեւնայ որ ամուսնացեալներուն ընտանեկան բարեկամը ըլլալով, Մարիամ հրաւիրեալները կը հիւրասիրէ։ Ուստի, ան շուտով բանի մը պակասը կը տեսնէ եւ Յիսուսի կը տեղեկացնէ, ըսելով. «Գինի չունին»։
Այսպէս վարուելով, Մարիամ կը թելադրէ որ Յիսուս բան մը ընէ այս առնչութեամբ, սակայն սկիզբը Յիսուս կը դժկամի։ «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս», կ’ըսէ ան։ Որպէս Աստուծոյ նշանակած Թագաւորը, իր գործունէութեան համար ան պէտք չունի ուղղութիւն ստանալու բարեկամէ, կամ ընտանիքի անդամէ մը։ Ուստի, Մարիամ իմաստութեամբ հարցը կը թողու իր որդւոյն ձեռքերուն մէջ, պարզապէս մատակարարողներուն ըսելով. «Ինչ որ ձեզի ըսէ, ըրէ՛ք»։
Հոն, վեց հատ հողէ մեծ կարասներ կան, որոնց իւրաքանչիւրը 40 լիդր հեղուկ կ’առնէ։ Յիսուս մատակարարողներուն կ’ըսէ. «Լեցուցէ՛ք այդ կարասները ջուրով»։ Սպասաւորները մինչեւ բերանը կը լեցնեն զանոնք։ Յետոյ Յիսուս կ’ըսէ. «Հիմա հանեցէ՛ք ու սեղանապետին տարէ՛ք»։
Սեղանապետը գինիին լաւ որակէն տպաւորուած՝ եւ չգիտնալով որ ան հրաշքով հայթայթուած է, փեսան կանչելով կ’ըսէ. «Ամէն մարդ աղէկ գինին առաջ կը մատուցանէ ու երբ խմած ըլլան, այն ատեն ստորնագոյնը. բայց դուն աղէկ գինին մինչեւ հիմա պահած ես»։
Ասիկա Յիսուսի առաջին հրաշքն է, եւ զայս տեսնելով, իր աշակերտներուն հաւատքը կը զօրանայ։ Անկէ ետք, Յիսուս իր մօրը եւ իր կէս–եղբայրներուն հետ, Կափառնայում կ’երթայ, Գալիլիոյ Ծովուն մօտերը։ Յովհաննու 2։1-12
▪ Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին Կանայի հարսանիքը ե՞րբ տեղի կ’ունենայ։
▪ Յիսուս ինչո՞ւ կ’առարկէ իր մօրը թելադրութեան։
▪ Յիսուս ի՞նչ հրաշք կ’ընէ, եւ ուրիշներ ի՞նչպէս կ’ազդուին անկէ։