Ընկերային սամարացի մը
Գլուխ 73
Ընկերային սամարացի մը
ՅԻՍՈՒՍ թերեւս Բեթանիայի մօտերը կը գտնուի, որ Երուսաղէմէն շուրջ երեք քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող գիւղ մըն է։ Մովսիսական Օրէնքի հմուտ եղող օրինական մը իրեն կը մօտենայ ու կը հարցնէ. «Վա՛րդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։
Յիսուս կը հասկնայ որ այս մարդը՝ օրինական մը՝ պարզ տեղեկութեան համար չի հարցներ այս հարցումը, այլ՝ զինք փորձելու համար։ Թերեւս օրինականին նպատակն է Յիսուսի պատասխանել տայ այնպիսի կերպով մը, որ Հրեաներուն զգացումները վիրաւորէ։ Ուստի, Յիսուս թոյլ կու տայ որ օրինականը ինքզինք դատապարտէ, անոր հարցնելով. «Օրէնքին մէջ ի՞նչ գրուած է, ի՞նչպէս կը կարդաս»։
Օրինականը, անսովոր ներատեսութիւն գործածելով, Բ. Օրինաց 6։5–էն եւ Ղեւտացւոց 19։18–էն Աստուծոյ օրէնքները մէջբերելով կը պատասխանէ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ ու քու բոլոր անձովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու ընկերդ՝ քու անձիդ պէս»։
Յիսուս կը պատասխանէ. «Շիտակ պատասխան տուիր, ատիկա ըրէ ու պիտի ապրիս»։
Սակայն, օրինականը չի բաւարարուիր։ Յիսուսի պատասխանը բաւական մասնայատուկ չէ իրեն համար։ Ան կ’ուզէ որ Յիսուս վաւերացնէ թէ իր անձնական տեսակէտները շիտակ են եւ թէ ինք ուրիշներուն հետ իր վարուելակերպին մէջ արդար է։ Ուստի, ան կը հարցնէ. «Բայց իմ ընկերս ո՞վ է»։
Հրեաները կը հաւատան որ «ընկեր» արտայայտութիւնը միայն իրենց ազգակիցներուն կ’ակնարկէ, ինչպէս Ղեւտացւոց 19։18–ի բովանդակութիւնը երեւութապէս ցոյց կու տայ։ Իրականութեան մէջ, հետագային նոյնիսկ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Դուք գիտէք թէ օրինաւոր բան չէ Հրեայ մարդու մը օտարազգիի մը հետ հաղորդակցութիւն ընելը կամ անոր մօտենալը»։ Ուստի, օրինականը եւ թերեւս Յիսուսի աշակերտներն ալ, կը հաւատան արդար ըլլալ, եթէ ուրիշ Հրեաներու հանդէպ ազնուօրէն վարուին, քանի որ, իրենց աչքին՝ Հրեայ չեղողները իրապէս իրենց ընկերները չեն։
Առանց իր ունկնդիրները վիրաւորելու, Յիսուս ի՞նչպէս կրնայ անոնց տեսակէտը սրբագրել։ Ան դէպք մը կը պատմէ, որ հաւանաբար իրապէս տեղի ունեցած է։ Յիսուս կը բացատրէ. «[Հրեայ] մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր ու աւազակներու ձեռք ինկաւ, որոնք մերկացուցին զանիկա ու վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին»։
Յիսուս կը շարունակէ. «Պատահեցաւ որ քահանայ մը այն ճամբայէն իջնէ ու զանիկա տեսնելով անդիի կողմէն անցաւ։ Նոյնպէս Ղեւտացի մըն ալ այնտեղ հասնելով՝ գնաց ու տեսաւ եւ անդիի կողմէն անցաւ։ Բայց Սամարացի մը, որ ճամբորդութիւն կ’ընէր, եկաւ անոր քով ու զանիկա տեսնելով խղճաց»։
Բազմաթիւ քահանաներ եւ անոնց Ղեւտացի օգնականները Երիքովի մէջ կը բնակին։ Անոնք Երուսաղէմի տաճարին մէջ ծառայելէ ետք 23 քմ. հեռաւորութիւն եւ 900 մեթր վայրէջք ունեցող վտանգաւոր ճամբայ մը կը կտրեն։ Քահանայէն եւ Ղեւտացիէն կ’ակնկալուէր որ նեղութեան մէջ եղող Հրեայի մը օգնէին։ Բայց անոնք չեն օգներ։ Ընդհակառակը, Սամարացի մը կը հասնի օգնութեան։ Հրեաները այնքան կ’ատեն Սամարացիները, որ տակաւին վերջերս Յիսուսի ամենէն նախատալից խօսքը ըսած էին, զայն «Սամարացի» կոչելով։
Սամարացին ի՞նչ կ’ընէ Հրեային օգնելու համար։ Յիսուս կ’ըսէ. «Մօտեցաւ, անոր վէրքերը փաթթեց, վրան ձէթ եւ գինի թափելով ու իր գրաստին վրայ դնելով՝ տարաւ զանիկա պանդոկ մը եւ անոր հոգ տարաւ։ Հետեւեալ օրը, երբ կ’ելլէր անկէ, երկու դահեկան [շուրջ երկու օրուան վարձք] հանեց՝ պանդոկապետին տուաւ եւ անոր ըսաւ. ‘Հոգ տար ատոր ու ինչ որ աւելի ծախք ընես, ետ դառնալուս ես քեզի կը վճարեմ’»։
Այս պատմութիւնը պատմելէ ետք, Յիսուս կը հարցնէ օրինականին. «Հիմա այն երեքէն ո՞րը ընկեր կ’երեւնայ աւազակներուն ձեռքը ինկողին»։
Սամարացիի մը վարկ տալու գաղափարէն անհանգիստ զգալով, օրինականը պարզապէս կը պատասխանէ. «Ա՛ն, որ ողորմութիւն ըրաւ»։
«Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ», կ’եզրափակէ Յիսուս։
Եթէ Յիսուս օրինականին ուղղակի ըսէր թէ Հրեայ չեղողներն ալ իր ընկերներն էին, մարդը ոչ միայն ասիկա պիտի չընդունէր, այլ նաեւ՝ ունկնդիրներէն շատեր հաւանաբար անոր կողմը պիտի բռնէին։ Սակայն, այս իրական կեանքի պատմութիւնը, անժխտելիօրէն բացայայտ կ’ընէ որ մեր ընկերները միայն մեր ցեղին եւ ազգին պատկանողները չեն։ Սորվեցնելու ի՜նչ հոյակապ կերպ մը ունի Յիսուս։ Ղուկաս 10։25-37. Գործք 10։28. Յովհաննու 4։9. 8։48
▪ Օրինականը ի՞նչ հարցումներ կ’ուղղէ Յիսուսի, եւ բացայայտօրէն ի՞նչ է անոր հարցումներուն նպատակը։
▪ Ըստ Հրեաներուն, ո՞վ է իրենց ընկերը, եւ ի՞նչ պատճառ ունինք հաւատալու որ նոյնիսկ աշակերտները այս տեսակէտը կը բաժնէին։
▪ Յիսուս շիտակ տեսակէտը ի՞նչպիսի կերպով մը կը բացատրէ, որ օրինականը չկարենայ ժխտել զայն։