Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Հսկայական արձանի մը բարձրացումն ու անկումը

Հսկայական արձանի մը բարձրացումն ու անկումը

Գլուխ չորս

Հսկայական արձանի մը բարձրացումն ու անկումը

1. Դանիէլ եւ ուրիշներ Նաբուգոդոնոսոր Թագաւորին կողմէ գերութեան երթալէն տասը տարի ետք զարգացած կացութիւն մը ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրէ մեզ։

 ՆԱԲՈՒԳՈԴՈՆՈՍՈՐ Թագաւոր, Դանիէլը եւ Յուդայի «երկրին զօրաւորները» Բաբելոն գերի տանելէն տասը տարի անցած է։ (Դ. Թագաւորաց 24։15) Երիտասարդ Դանիէլ թագաւորին պալատին մէջ կը ծառայէ, երբ կենաց ու մահու հարց մը կը ծագի։ Ասիկա ինչո՞ւ պէտք է հետաքրքրէ մեզ։ Քանի որ այս հարցին մէջ Եհովա Աստուծոյ միջամտած կերպը, ո՛չ միայն Դանիէլի եւ ուրիշներուն կեանքը կը փրկէ, այլ նաեւ, մեզի ընդհանուր պատկեր մը կու տայ մինչեւ մեր օրերը հասնող Աստուածաշունչի մարգարէութեան մէջ աշխարհակալ ուժերուն յաջորդականութեան մասին։

Միապետ մը Դժուար Հարց մը կը Դիմագրաւէ

2. Նաբուգոդոնոսոր իր առաջին մարգարէական երազը երբ տեսաւ։

2 Դանիէլ մարգարէն գրեց. «Նաբուգոդոնոսոր իր թագաւորութեան երկրորդ տարին երազներ տեսաւ եւ անոր հոգին խռովեցաւ ու քունը փախաւ»։ (Դանիէլ 2։1) Երազ տեսնողը Նաբուգոդոնոսորն էր, Բաբելոնական Կայսրութեան թագաւորը։ Ան արդարեւ աշխարհակալ մը եղած էր Հ.Դ.Ա. 607–ին, երբ Եհովա Աստուած թոյլ տուաւ որ ան Երուսաղէմն ու անոր տաճարը կործանէ։ Որպէս աշխարհակալ, Նաբուգոդոնոսորի իշխանութեան երկրորդ տարին (Հ.Դ.Ա. 606/605), Աստուած անոր սարսափազդու երազ մը ղրկեց։

3. Որո՞նք կարող չեղան թագաւորին երազը մեկնել, եւ Նաբուգոդոնոսորին հակազդեցութիւնը ի՞նչ եղաւ։

3 Այս երազը այնքան խռովեցուց Նաբուգոդոնոսորը, որ ան իր քունը փախցուց։ Բնականաբար, ան անպայման կը փափաքէր անոր իմաստը գիտնալ։ Բայց այդ հզօր թագաւորը մոռցած էր երազը։ Ուստի, ան Բաբելոնի մոգերը, հմայողներն ու կախարդները կանչեց եւ անոնցմէ պահանջեց որ իր երազը պատմեն ու զայն մեկնեն։ Ասիկա անոնց կարողութենէն վեր եղող բան մըն էր։ Անոնց ձախողութիւնը այնքա՛ն զայրացուց Նաբուգոդոնոսորը, որ ան հրամայեց «որ Բաբելոնի իմաստունները կոտորեն»։ Այս հրամանը Դանիէլ մարգարէն դէմ յանդիման պիտի բերէր նշանակուած դահիճին հետ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ինք եւ իր երեք Եբրայեցի ընկերները՝ Անանիան, Միսայէլն ու Ազարիան, Բաբելոնի իմաստուններուն շարքին դասուած էին։—Դանիէլ 2։2-14

Դանիէլ Օգնութեան կը Հասնի

4. (ա) Դանիէլ ի՞նչպէս տեղեկացաւ Նաբուգոդոնոսորի երազին բովանդակութիւնը եւ անոր նշանակութիւնը։ (բԴանիէլ ի՞նչպէս Եհովա Աստուծոյ հանդէպ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց։

4 Նաբուգոդոնոսորի այս դաժան հրամանին պատճառէն տեղեակ ըլլալով, «Դանիէլ մտաւ ու թագաւորէն խնդրեց, որ իրեն ժամանակ տայ, որպէս զի մեկնութիւնը թագաւորին իմացնէ»։ Ասիկա իրեն շնորհուեցաւ։ Դանիէլ իր տունը գնաց. ինք եւ իր երեք Եբրայեցի ընկերները աղօթեցին, «այս գաղտնիքին համար երկնքի Աստուծոյ գթութիւնը» խնդրելով։ Այդ նոյն գիշերը, Եհովա տեսիլքի մը մէջ Դանիէլի յայտնեց երազին գաղտնիքը։ Դանիէլ երախտագիտութեամբ ըսաւ. «Աստուծոյ անունը յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեալ ըլլայ, վասն զի իմաստութիւնն ու զօրութիւնը անորն են։ Ատեններն ու ժամանակները փոխողը, թագաւորներ վերցնողն ու թագաւորներ հաստատողը անիկա է. անիկա իմաստուններուն իմաստութիւն կու տայ ու հանճարեղներուն՝ գիտութիւն. խորունկ ու ծածկուած բաները ինք կը յայտնէ, մութի մէջ եղածը գիտէ ու լոյսը անոր քով կը բնակի»։ Դանիէլ Եհովան գովաբանեց իրեն տրուած հասկացողութեան համար։—Դանիէլ 2։15-23

5. (ա) Երբ թագաւորին դիմաց էր, Դանիէլ ի՞նչպէս վարկը Եհովայի տուաւ։ (բԴանիէլի բացատրութիւնը ինչո՞ւ ներկայիս մեզ ալ կը հետաքրքրէ։

5 Յաջորդ օրը, Դանիէլ Արիովքի՝ դահճապետին՝ քով գնաց, որ Բաբելոնի իմաստունները կոտորելու նշանակում ստացած էր։ Երբ ան տեղեկացաւ որ Դանիէլ կրնար երազը մեկնել, արտորնօք զինք տարաւ թագաւորին քով։ Որեւէ կերպով վարկը ինքն իրեն չտալով, Դանիէլ Նաբուգոդոնոսորին ըսաւ. «Երկնքի մէջ գաղտնիքները յայտնող Աստուած մը կայ, որ Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին կը յայտնէ ինչ որ վերջին օրերը պիտի ըլլայ»։ Դանիէլ պատրաստ էր ո՛չ միայն Բաբելոնական Կայսրութեան ապագան յայտնելու, այլ նաեւ՝ Նաբուգոդոնոսորի օրերէն մինչեւ մեր ժամանակները ու անկէ անդին տեղի ունենալիք աշխարհի դէպքերուն համառօտ շարադրանքը ընելու։—Դանիէլ 2։24-30

Երազը կը Վերյիշեցուի

6, 7. Ի՞նչ էր երազը զոր Դանիէլ վերյիշեցուց թագաւորին։

6 Նաբուգոդոնոսոր կեդրոնացած մտիկ ըրաւ, մինչ Դանիէլ կը բացատրէր. «Դո՛ւն, ո՛վ թագաւոր, կը տեսնէիր մեծ արձան մը։ Այս մեծ ու խիստ պայծառ արձանը քու դիմացդ կայներ էր։ Անոր երեւոյթը ահաւոր էր։ Այս արձանին գլուխը՝ զուտ ոսկիէ, անոր կուրծքն ու թեւերը՝ արծաթէ, մէջքն ու ազդրերը՝ պղնձէ, սրունքները՝ երկաթէ ու ոտքերուն մէկ մասը կաւէ էր։ Դուն կը նայէիր, երբ քար մը գլորուեցաւ առանց ձեռքի ու այն արձանին երկաթէ ու կաւէ ոտքերուն զարկաւ ու զանոնք փշրեց։ Այն ատեն երկաթը, կաւը, պղինձը, արծաթն ու ոսկին մէկտեղ փշրուեցան եւ ամառուան կալերուն մղեղին պէս եղան ու հովը զանոնք տարաւ ու անոնք ամենեւին տեղ մը չգտնուեցան, բայց արձանին զարնող քարը մեծ լեռ մը եղաւ ու բոլոր երկիրը լեցուց»։—Դանիէլ 2։31-35

7 Նաբուգոդոնոսոր որքա՜ն յուզուած ըլլալու էր, Դանիէլի լսելով, մինչ ան երազը կը յայտնէր։ Բայց չվերջացա՜ւ. Բաբելոնի իմաստունները պիտի խնայուէին միմիայն, եթէ Դանիէլ երազին մեկնութիւնն ալ տար։ Ինքն իր եւ իր երեք Եբրայեցի ընկերներուն կողմէ խօսելով, Դանիէլ ըսաւ. «Երազը այս է ու հիմա անոր մեկնութիւնը ըսենք»։—Դանիէլ 2։36

Ուշագրաւօրէն Առանձնայատուկ Թագաւորութիւն մը

8. (ա) Ըստ Դանիէլի մեկնաբանութեան, ոսկիէ գլուխը ո՞վ կամ ի՞նչ էր։ (բՈսկիէ գլուխը ե՞րբ գոյացաւ։

8 «Ո՛վ թագաւոր, դուն թագաւորներու թագաւոր ես, վասն զի երկնքի Աստուածը քեզի թագաւորութիւն, կարողութիւն, զօրութիւն ու պատիւ տուեր է։ Մարդոց որդիներուն բոլոր բնակած տեղերուն մէջ՝ դաշտի գազաններն ու երկնքի թռչունները քու ձեռքդ տուեր է եւ անոնց ամենուն վրայ քեզ իշխան դրեր է։ Այն ոսկի գլուխը դո՛ւն ես»։ (Դանիէլ 2։37, 38) Այս խօսքերը Նաբուգոդոնոսորի վրայ կիրարկուեցան, Հ.Դ.Ա. 607–ին Երուսաղէմը կործանելու համար Եհովա զինք գործածելէն սկսեալ։ Այս է պարագան, քանի որ Երուսաղէմի մէջ գահակալուած թագաւորները, Եհովայի օծեալ թագաւորին՝ Դաւիթի շառաւիղէն էին։ Երուսաղէմը Յուդայի՝ երկրի վրայ Եհովայի գերիշխանութիւնը ներկայացնող Աստուծոյ տիպական թագաւորութեան՝ մայրաքաղաքն էր։ Հ.Դ.Ա. 607–ին այդ քաղաքին կործանումով, Աստուծոյ այս տիպական թագաւորութիւնը գոյութենէ դադրեցաւ։ (Ա. Մնացորդաց 29։23. Բ. Մնացորդաց 36։17-21) Արձանին մետաղէ մասերով ներկայացուած աշխարհակալ յաջորդական ուժերը, այլեւս կրնային աշխարհին տիրել, առանց Աստուծոյ տիպական թագաւորութեան միջամտութեան։ Երբեմնի աշխարհին մէջ ճանչցուած ամենէն թանկարժէք մետաղով, ոսկիէ գլուխով ներկայացուած Նաբուգոդոնոսոր, Երուսաղէմը կործանելով, այդ թագաւորութիւնը տապալելու առանձնայատկութիւնը ունեցաւ։—Տես՝ «Ռազմասէր Թագաւոր մը Կայսրութիւն մը կը Կերտէ», էջ 63–ի վրայ։

9. Ոսկիէ գլուխը ի՞նչ կը պատկերացնէր։

9 Նաբուգոդոնոսոր, որ 43 տարի թագաւորեց, Բաբելոնական Կայսրութեան վրայ իշխող հարստութեան մը գլուխը եղաւ։ Անոր մաս կազմեցին իր փեսան՝ Նաբունիտոսը եւ իր ամենամեծ որդին, Եղմարովդաքը։ Այդ հարստութիւնը 43 տարի եւս գոյատեւեց, մինչեւ Նաբունիտոսի որդւոյն՝ Բաղտասարի մահը, Հ.Դ.Ա. 539–ին։ (Դ. Թագաւորաց 25։27. Դանիէլ 5։30) Ուստի, երազի արձանին ոսկիէ գլուխը, միայն Նաբուգոդոնոսորը չէր ներկայացներ, հապա՝ բաբելոնական ամբողջ հարստութիւնը։

10. (ա) Նաբուգոդոնոսորի երազը ի՞նչպէս կը նշէր որ Բաբելոնական Աշխարհակալ Ոյժը պիտի չգոյատեւէր։ (բԵսայի մարգարէն ի՞նչ ըսաւ Բաբելոնը նուաճողին մասին։ (գԻ՞նչ առումով Մարա–Պարսկաստանը Բաբելոնէն ստորադաս էր։

10 Դանիէլ Նաբուգոդոնոսորի ըսաւ. «Քեզմէ ետքը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի ելլէ քեզմէ ցած»։ (Դանիէլ 2։39) Արձանին արծաթէ կուրծքով ու թեւերով խորհրդանշուած թագաւորութիւն մը պիտի յաջորդէր Նաբուգոդոնոսորի հարստութեան։ Շուրջ 200 տարիներ առաջ, Եսային նախագուշակած էր այս թագաւորութիւնը, անոր յաղթական թագաւորին անունն ալ տալով, որ պիտի ըլլար Կիւրոս։ (Եսայեայ 13։1-17. 21։2-9. 44։24–45։7, 13) Ասիկա Մարա–Պարսկական Կայսրութիւնն էր։ Թէեւ Մարա–Պարսկաստանը մեծ քաղաքակրթութիւն մը զարգացուց, որ Բաբելոնական Կայսրութենէն նուազ կարեւոր չէր, բայց այս յաջորդ թագաւորութիւնը ներկայացուած է արծաթով, ոսկիէն նուազ թանկարժէք մետաղով մը։ Անիկա Բաբելոնական Աշխարհակալ Ոյժէն ստորադաս էր, քանի որ Յուդան՝ Աստուծոյ տիպական թագաւորութիւնը եւ անոր մայրաքաղաքը, Երուսաղէմը, տապալելու առանձնայատկութիւնը չունէր։

11. Նաբուգոդոնոսորի հարստութիւնը ե՞րբ վերջ գտաւ։

11 Երազին մեկնութիւնը տալէն շուրջ 60 տարիներ ետք, Դանիէլ Նաբուգոդոնոսորի հարստութեան վախճանին ականատես եղաւ։ Դանիէլ ներկայ էր, երբ Հ.Դ.Ա. 539 Հոկտեմբեր 5/6–ի գիշերը Մարա–Պարսկական բանակը նուաճեց երեւութապէս անառիկ Բաբելոնը եւ Բաղտասար Թագաւորը սպաննեց։ Բաղտասարի մահով, երազի արձանին ոսկիէ գլուխը՝ Բաբելոնական Կայսրութիւնը, վերջ գտաւ։

Աքսորուած Ժողովուրդը կ’Ազատագրուի Թագաւորութեան մը Կողմէ

12. Հ.Դ.Ա. 537–ին Կիւրոսի հրովարտակը ի՞նչ օգուտ ունեցաւ աքսորեալ Հրեաներուն։

12 Հ.Դ.Ա. 539–ին, Մարա–Պարսկաստանը որպէս աշխարհակալ ոյժ, Բաբելոնական Կայսրութեան տեղը առաւ։ Մարերու Դարեհ թագաւորը 62 տարեկանին, նուաճուած Բաբելոն քաղաքին առաջին կառավարիչը եղաւ։ (Դանիէլ 5։30) Կարճ ժամանակ մը, ինք եւ Պարսիկ Կիւրոս միասնաբար իշխեցին Մարա–Պարսկական Կայսրութեան վրայ։ Երբ Դարեհ մահացաւ, Կիւրոս Պարսկական Կայսրութեան միակ գլուխը եղաւ։ Բաբելոնի մէջ գտնուող Հրեաներուն համար, Կիւրոսի իշխանութիւնը գերութենէն ազատագրութիւն նշանակեց։ Հ.Դ.Ա. 537–ին, Կիւրոս հրաման մը հանեց, արտօնելով որ Բաբելոնի մէջ աքսորեալ Հրեաները իրենց հայրենիքը վերադառնան եւ Երուսաղէմն ու Եհովայի տաճարը վերաշինեն։ Սակայն, Աստուծոյ տիպական թագաւորութիւնը չվերահաստատուեցաւ Յուդայի ու Երուսաղէմի մէջ։—Բ. Մնացորդաց 36։22, 23. Եզրասայ 1։1–2։2ա

13. Նաբուգոդոնոսորի երազի արձանին արծաթէ կուրծքն ու թեւերը ի՞նչ կը պատկերացնէին։

13 Երազի արձանին արծաթէ կուրծքն ու թեւերը կը պատկերացնէին Պարսիկ թագաւորներու շառաւիղը՝ Մեծն Կիւրոսէ սկսեալ։ Այդ հարստութիւնը տեւեց աւելի քան 200 տարի։ Այնպէս կը կարծուի որ Կիւրոս մեռաւ զինուորական արշաւանքի մը ընթացքին, Հ.Դ.Ա. 530–ին։ Պարսկական Կայսրութեան գահին վրայ իրեն յաջորդած 12 թագաւորներէն առնուազն 2–ը բարեհաճութեամբ վարուեցան Եհովայի ընտրեալ ժողովուրդին հետ։ Անոնցմէ մէկն էր Դարեհ Ա. (Պարսիկ), իսկ միւսը Արտաշէս Ա.։

14, 15. Մեծն Դարեհ եւ Արտաշէս Ա. ի՞նչ օգնութիւն տուին Հրեաներուն։

14 Դարեհ Ա.–ը, Պարսիկ թագաւորներու շառաւիղէն երրորդն էր՝ Մեծն Կիւրոսէն ետք։ Անոր նախորդող երկու թագաւորները ըլլալու էին Կամփիւսէս Բ. եւ իր եղբայրը՝ Բարդիա (կամ՝ եղբայրը ըլլալ ձեւացնող Գոմատա անունով մոգ մը)։ Երբ Դարեհ Ա., որ ճանչցուած էր նաեւ որպէս Մեծն Դարեհ, գահ բարձրացաւ Հ.Դ.Ա. 521–ին, Երուսաղէմի տաճարին վերաշինութիւնը արգելքի տակ էր։ Էկբատանի արխիւներուն մէջ Կիւրոսի հրովարտակը գտնելով, Դարեհ Հ.Դ.Ա. 520–ին արգելքը վերցնելէն աւելին ըրաւ։ Ան տաճարի վերաշինութեան համար, արքունի գանձէն դրամ ալ յատկացուց։—Եզրասայ 6։1-12

15 Հրէական վերաշինութեան աշխատանքներուն օգնող ուրիշ Պարսիկ կառավարիչ մը Արտաշէս Ա. էր, որ իր հօրը՝ Ասուերոսի (Քսերքսէս Ա.) յաջորդեց, Հ.Դ.Ա. 475–ին։ Արտաշէս՝ Լոնկիմանուս մականուանուած էր, իր աջ ձեռքը, ձախէն երկար ըլլալուն համար։ Իր իշխանութեան 20–րդ տարին, Հ.Դ.Ա. 455–ին, ան իր Հրեայ մատռուակ Նէեմիային լիազօրութիւն տուաւ Յուդայի կառավարիչը ըլլալու եւ Երուսաղէմի պարիսպը վերաշինելու։ Այս արարքը Դանիէլի 9–րդ գլուխին մէջ ուրուագծուած ‘տարիներու եօթանասուն եօթնեակին’ սկիզբը նշեց եւ Մեսիայի կամ Քրիստոսի, Նազովրեցի Յիսուսի երեւնալուն ու մահուան թուականը հաստատեց։—Դանիէլ 9։24-27. Նէեմեայ 1։1. 2։1-18

16. Ե՞րբ եւ ո՛ր թագաւորին հետ Մարա–Պարսկական Աշխարհակալ Ոյժը վերջ գտաւ։

16 Պարսկական Կայսրութեան գահին վրայ Արտաշէս Ա.–ին յաջորդող վեց թագաւորներուն վերջինն էր Դարեհ Գ.։ Անոր իշխանութիւնը յանկարծ վերջ գտաւ Հ.Դ.Ա. 331–ին, երբ հին Նինուէի մօտ, Կոկամելայի (Արբելլա) մէջ, Մեծն Աղեքսանդրի կողմէ ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեց։ Այս պարտութիւնը Նաբուգոդոնոսորի երազի արձանին արծաթ մասով խորհրդանշուած Մարա–Պարսկական Աշխարհակալ Ոյժին վերջ դրաւ։ Յաջորդ ոյժը կարգ մը մարզերու մէջ գերադաս էր, բայց ուրիշ մարզերու մէջ՝ ստորադաս։ Ասիկա բացայայտ կ’ըլլայ, երբ Նաբուգոդոնոսորի երազին մասին Դանիէլի տուած մեկնութիւնը շարունակենք լսել։

Ընդարձակ՝ Բայց Աւելի Ստորադաս Թագաւորութիւն մը

17-19. (ա) Պղնձէ մէջքն ու ազդրերը ո՞ր աշխարհակալ ոյժը կը ներկայացնէին, եւ անոր իշխանութիւնը ո՞րքան ընդարձակ էր։ (բՈ՞վ էր Աղեքսանդր Գ.–ը։ (գՅունարէնը ի՞նչպէս միջազգային լեզու մը դարձաւ, եւ անիկա ի՞նչ բանի համար շատ յարմար եղաւ։

17 Դանիէլ Նաբուգոդոնոսորի ըսաւ որ հսկայ արձանին մէջքն ու ազդրերը կը ներկայացնէին «պղնձէ ուրիշ երրորդ թագաւորութիւն մը, որ բոլոր երկրին պիտի տիրէ»ր։ (Դանիէլ 2։32, 39) Այս երրորդ թագաւորութիւնը Բաբելոնիայի եւ Մարա–Պարսկաստանի պիտի յաջորդէր։ Ինչպէս որ պղինձը արծաթէն ցածորակ է, նոյնպէս այս նոր աշխարհակալ ոյժը Մարա–Պարսկաստանէն ստորադաս պիտի ըլլար, այդ առումով որ ան Եհովայի ժողովուրդը ազատագրելու նման առանձնաշնորհում մը պիտի չունենար։ Սակայն, պղնձանման այս թագաւորութիւնը «բոլոր երկրին պիտի տիրէ»ր, նշելով թէ անիկա Բաբելոնիայէն կամ Մարա–Պարսկաստանէն շա՛տ աւելի ընդարձակ պիտի ըլլար։ Պատմութիւնը ի՞նչ կը հաստատէ այս աշխարհակալ ոյժին մասին։

18 Մակեդոնիայի գահը ժառանգելէն քիչ ետք, Հ.Դ.Ա. 336–ին, փառատենչ Աղեքսանդր Գ. իր 20 տարեկան հասակին, նուաճումի արշաւանքի մը ձեռնարկեց։ Զինուորական իր յաջողութիւններուն պատճառաւ, ան Մեծն Աղեքսանդր կոչուեցաւ։ Մէկ յաղթանակէն միւսը անցնելով, ան պարսկական հողամասին վրայ քալեց։ Երբ ան Հ.Դ.Ա. 331–ին Կոկամելայի (Արբելլա) մէջ պարտութեան մատնեց Դարեհ Գ.–ը, Պարսկական Կայսրութիւնը սկսաւ փուլ գալ եւ Աղեքսանդր Յունաստանը հաստատեց, որպէս նոր աշխարհակալ ոյժը։

19 Կոկամելայի յաղթանակէն ետք, Աղեքսանդր շարունակեց գրաւել պարսկական մայրաքաղաքները՝ Բաբելոն, Շուշան, Պերսեպոլիս եւ Էկբատան։ Պարսկական Կայսրութեան մնացեալ մասերն ալ նուաճելով, ան իր նուաճումները ընդարձակեց մինչեւ արեւմտեան Հնդկաստան։ Նուաճուած երկիրներուն մէջ յունական գաղութներ հաստատուեցան։ Այս կերպով, յունական լեզուն եւ մշակոյթը տարածուեցաւ իր ամբողջ իշխանութեան տարածքին։ Իրականութեան մէջ, Յունական Կայսրութիւնը իր նախորդներէն աւելի մեծցաւ։ Ինչպէս Դանիէլ նախագուշակած էր, պղնձէ թագաւորութիւնը ‘բոլոր երկրին տիրեց’։ Ասոր որպէս հետեւանք, Յունարէնը (Գոյինէ) միջազգային լեզու դարձաւ։ Այդ լեզուով ճշգրիտ արտայայտութիւններ ընելը կարելի ըլլալուն համար, շատ յարմար տեսնուեցաւ որ այդ լեզուով Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները գրուին ու Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը տարածուի։

20. Մեծն Աղեքսանդրի մահուընէ ետք, Յունական Կայսրութեան ի՞նչ պատահեցաւ։

20 Մեծն Աղեքսանդրի աշխարհակալութիւնը միայն ութ տարի տեւեց։ Թէեւ երիտասարդ էր, բայց 32 տարեկան Աղեքսանդր կոչունքէ մը ետք հիւանդացաւ եւ անկէ քիչ ետք մահացաւ, Հ.Դ.Ա. 323, Յունիս 13–ին։ Ժամանակ մը ետք, իր հսկայ կայսրութիւնը չորս հողամասերու բաժնուեցաւ եւ իւրաքանչիւրին վրայ իր զօրավարներէն մէկը տիրեց։ Այս կերպով, մէկ թագաւորութենէն չորս թագաւորութիւններ եկան, որոնք վերջապէս կուլ տրուեցան Հռովմէական Կայսրութեան կողմէ։ Պղնձանման աշխարհակալ ոյժը շարունակուեցաւ մինչեւ Հ.Դ.Ա. 30–ը, երբ այս չորս թագաւորութիւններուն վերջինը՝ Եգիպտոսի մէջ իշխող Պտղոմէական հարստութիւնը, վերջապէս ինկաւ Հռովմի ձեռքը։

Կտրտող ու Փշրող Թագաւորութիւն մը

21. Դանիէլ ի՞նչպէս նկարագրեց «չորրորդ թագաւորութիւնը»։

21 Դանիէլ կը շարունակէ երազի արձանին մասին բացատրութիւն տալ. «Չորրորդ թագաւորութիւնը երկաթի պէս ամուր պիտի ըլլայ ու ինչպէս երկաթը ամէն բան կը փշրէ ու կը մանրէ, անիկա ալ՝ այս ամէն բաները կոտրող երկաթին պէս փշրելով պիտի կոտրէ»։ (Դանիէլ 2։40) Կոտրտելու իր զօրութեամբ ու կարողութեամբ, այս աշխարհակալ ոյժը երկաթի պիտի նմանէր. ոսկիով, արծաթով կամ պղինձով ներկայացուած կայսրութիւններէն աւելի զօրաւոր։ Հռովմէական կայսրութիւնը այսպիսի ոյժ մըն էր։

22. Հռովմէական Կայսրութիւնը ի՞նչպէս երկաթի նման էր։

22 Հռովմը կոտրեց ու փշրեց Յունական Կայսրութիւնը եւ Մարա–Պարսկաստանի ու Բաբելոնի աշխարհակալ ուժերուն բեկորները կուլ տուաւ։ Անիկա Հ.Դ. 33–ին Յիսուս Քրիստոսը տանջանքի ցիցի մը վրայ սպաննելով, անոր քարոզած Աստուծոյ Թագաւորութեան հանդէպ յարգանք ցոյց չտուաւ։ Ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը փշրելու ջանադրութեամբ, Հռովմը հալածեց Յիսուսի աշակերտները։ Ասկէ զատ, Հռովմէացիները Երուսաղէմն ու անոր տաճարը կործանեցին Հ.Դ. 70–ին։

23, 24. Հռովմէական Կայսրութենէն զատ, արձանին սրունքները ուրիշ ի՞նչ ալ կը պատկերացնեն։

23 Նաբուգոդոնոսորի երազի արձանին երկաթէ սրունքները ոչ միայն Հռովմէական Կայսրութիւնը կը պատկերացնէին, այլ նաեւ՝ անոր քաղաքական գերաճը։ Յայտնութիւն 17։9, 10–ի մէջ արձանագրուած խօսքերը նկատի առէք. «Եօթը թագաւորներ են։ Հինգը ինկած են, մէկը կը կենայ եւ միւսը դեռ եկած չէ ու երբ գայ՝ քիչ ատեն պիտի մնայ»։ Երբ Յովհաննէս առաքեալ այս խօսքերը գրեց, ինք Հռովմէացիներու կողմէ Պատմոս կղզին աքսորուած էր։ Ինկած հինգ թագաւորները կամ աշխարհակալ ուժերն էին, Եգիպտոսը, Ասորեստանը, Բաբելոնը, Մարա–Պարսկաստանը եւ Յունաստանը։ Վեցերորդը՝ Հռովմէական Կայսրութիւնը տակաւին աշխարհակալ ոյժ մըն էր։ Սակայն անիկա ալ պիտի իյնար, եւ Հռովմի գրաւած մէկ հողամասէն եօթներորդ թագաւոր մը պիտի բարձրանար։ Անիկա ո՞ր աշխարհակալ ոյժը պիտի ըլլար։

24 Բրիտանիան ժամանակ մը Հռովմէական Կայսրութեան հիւսիս–արեւմտեան մասը կը կազմէր։ Բայց 1763–ին, անիկա Բրիտանական Կայսրութիւնը եղաւ, որ եօթը ծովերու վրայ կը տիրէր։ 1776–ին, անոր Ամերիկեան 13 գաղութները անկախութիւն հռչակեցին, որպէսզի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները հիմնեն։ Սակայն հետագային, Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները պատերազմի ու խաղաղութեան ժամանակներուն գործակիցներ դարձան։ Այս կերպով, Անգլօ–Ամերիկեան միացումով Աստուածաշունչի մարգարէութեան եօթներորդ աշխարհակալ ոյժը մէջտեղ եկաւ։ Հռովմէական Կայսրութեան նման, անիկա երկաթանման հեղինակութիւն մը գործադրելով «երկաթի պէս ամուր» եղաւ։ Այս կերպով, երազի արձանին երկաթէ սրունքները թէ՛ Հռովմէական Կայսրութիւնը եւ թէ Անգլօ–Ամերիկեան երկեակ աշխարհակալ ոյժը կը պարփակեն։

Դիւրաբեկ Խառնուրդ մը

25. Դանիէլ ի՞նչ ըսաւ արձանին ոտքերուն ու մատներուն մասին։

25 Դանիէլ ապա ըսաւ Նաբուգոդոնոսորի. «Որովհետեւ ոտքերուն ու մատներուն մէկ մասը կաւէ ու մէկ մասը երկաթէ տեսար, այն թագաւորութիւնը պիտի բաժնուի, բայց երկաթի պնդութենէ բաժին պիտի ունենայ, քանզի երկաթը տղմուտ կաւի հետ խառնուած տեսար։ Ոտքերուն մատներուն մէկ մասը երկաթէ ու մէկ մասը կաւէ ըլլալը կը ցուցնէ թէ այն թագաւորութեանը մէկ մասը ամուր ու մէկ մասը դիւրաբեկ պիտի ըլլայ։ Տղմուտ կաւին հետ երկաթը խառնուած տեսնելդ կը ցուցնէ թէ անոնք մարդոց սերունդին հետ պիտի խառնուին, բայց անոնք իրարու պիտի չփակչին, ինչպէս երկաթը կաւին հետ չի փակչիր»։—Դանիէլ 2։41-43

26. Ոտքերով ու մատներով պատկերացուած իշխանութիւնը ե՞րբ երեւան կու գայ։

26 Նաբուգոդոնոսորի երազի արձանին տարբեր մասերով ներկայացուած աշխարհակալ ուժերուն յաջորդականութիւնը սկսաւ գլուխէն, հասնելով մինչեւ ոտքերը։ Տրամաբանական է որ ‘տղմուտ կաւին հետ խառնուած’ երկաթէ ոտքերն ու մատները կը ներկայացնէին «վերջին ժամանակ»ին գոյութիւն ունեցող մարդկային իշխանութեան վերջին յայտնաբերումը։—Դանիէլ 12։4

27. (ա) Ոտքերուն ու մատներուն երկաթը կաւին հետ խառնուած ըլլալը ի՞նչ կացութիւն կը ներկայացնէ։ (բԱրձանին տասը մատները ի՞նչ կը պատկերացնեն։

27 Քսաներորդ դարու արշալոյսին, Բրիտանական Կայսրութիւնը երկրի բնակչութեան մէկ չորրորդին վրայ կ’իշխէր։ Եւրոպական ուրիշ կայսրութիւններ ալ ուրիշ միլիոնաւորներու վրայ կը տիրէին։ Սակայն, Առաջին Աշխարհամարտը, կայսրութիւններու տեղ ազգային խմբաւորումներ մէջտեղ բերաւ։ Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք, այս հոսանքը աւելի մեծ թափ մը ստացաւ։ Մինչ ազգայնասիրութիւնը աւելի զարգացաւ, աշխարհի մէջ ազգերու թիւը ուշագրաւօրէն բարձրացաւ։ Արձանին տասը մատները կը ներկայացնեն այս բոլոր համագոյ ուժերը եւ կառավարութիւնները, քանի որ Աստուածաշունչին մէջ տասը թիւը երբեմն կը նշանակէ երկրային ամբողջութիւն։—Համեմատել՝ Ելից 34։28. Մատթէոս 25։1. Յայտնութիւն 2։10։

28, 29. (ա) Դանիէլի համաձայն, կաւը ի՞նչ կը ներկայացնէր։ (բԵրկաթի ու կաւի խառնուրդին մասին ի՞նչ կարելի է ըսել։

28 Հիմա որ «վերջին ժամանակ»ին մէջ ենք, արձանին ոտքերուն հասած ենք։ Արձանին տղմուտ կաւի հետ խառնուած երկաթէ ոտքերով ու մատներով պատկերացուած կառավարութիւններէն ոմանք երկաթանման են՝ ամբողջատիրական կամ բռնատիրական։ Ուրիշներ՝ կաւի նման են։ Ի՞նչ առումով։ Դանիէլ կաւը կապեց «մարդոց սերունդին» հետ։ (Դանիէլ 2։43) Հակառակ անոր որ կաւը դիւրաբեկ է՝ որով շինուած է մարդոց սերունդը՝ երկաթանման աւանդական իշխանութիւններ հետզհետէ աւելի հասարակ ժողովուրդին մտիկ ընելու ստիպուած եղած են, որոնք կ’ուզեն իրենց վրայ տիրող կառավարութեանց մէջ ձայն ունենալ։ (Յոբայ 10։9) Սակայն ամբողջատիրական իշխանութիւնը եւ հասարակ ժողովուրդը իրարու չեն կպչիր, ինչպէս՝ երկաթն ու կաւը։ Արձանին վախճանի ժամանակին մէջ, աշխարհը արդարեւ քաղաքական գետնի վրայ հատուածներու բաժնուած պիտի ըլլար։

29 Ոտքերուն ու մատներուն բաժնուած վիճակը պատճառ պիտի ըլլա՞յ որ ամբողջ արձանը փուլ գայ։ Արձանին ի՞նչ պիտի պատահի։

Շշմեցուցիչ Բարձրակէտ մը

30. Նաբուգոդոնոսորի երազին կարեւորագոյն մասը նկարագրեցէք։

30 Հիմա երազին կարեւորագոյն մասը նկատի առէք։ Դանիէլ թագաւորին կ’ըսէ. «Դուն կը նայէիր, երբ քար մը գլորուեցաւ առանց ձեռքի ու այն արձանին երկաթէ ու կաւէ ոտքերուն զարկաւ ու զանոնք փշրեց։ Այն ատեն երկաթը, կաւը, պղինձը, արծաթն ու ոսկին մէկտեղ փշրուեցան եւ ամառուան կալերուն մղեղին պէս եղան ու հովը զանոնք տարաւ ու անոնք ամենեւին տեղ մը չգտնուեցան, բայց արձանին զարնող քարը մեծ լեռ մը եղաւ ու բոլոր երկիրը լեցուց»։—Դանիէլ 2։34, 35

31, 32. Նաբուգոդոնոսորի երազին վերջին բաժնին մասին ի՞նչ նախագուշակուած էր։

31 Բացատրութիւն մը տալով, մարգարէութիւնը կը շարունակէ ըսել. «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ։ Դուն առանց ձեռքի լեռնէն կտրած քար մը տեսար եւ անիկա երկաթը, պղինձը, կաւը, արծաթն ու ոսկին փշրեց։ Մեծ Աստուածը ասկէ ետքը ինչ ըլլալիքը թագաւորին գիտցուց ու երազը ճշմարիտ է եւ անոր մեկնութիւնը՝ վստահելի»։—Դանիէլ 2։44, 45

32 Նաբուգոդոնոսոր գնահատելով որ իր երազը իր միտքը բերուած ու բացատրուած էր, ան ընդունեց որ միայն Դանիէլի Աստուածը «թագաւորներուն՝ Տէրը ու գաղտնիքները յայտնող»ն է։ Թագաւորը Դանիէլը ու իր երեք Եբրայեցի ընկերները աւելի պատասխանատու դիրքերու վրայ դրաւ։ (Դանիէլ 2։46-49) Արդ, Դանիէլի ‘վստահելի մեկնութեան’ արդի իմաստը ի՞նչ է։

‘Լեռ մը Երկիրը կը Լեցնէ’

33. «Քարը» ո՞ր «լեռնէն» կտրուեցաւ, եւ ասիկա ե՞րբ եւ ի՛նչպէս տեղի ունեցաւ։

33 Երբ «ազգերուն սահմանուած ժամանակները» վերջացան 1914–ի Հոկտեմբերին, «երկնքի Աստուածը» երկնային Թագաւորութիւնը հաստատեց, իր օծեալ Որդին, Յիսուս Քրիստոսը գահակալելով որպէս «Թագաւոր Թագաւորաց եւ Տէր Տէրանց»։ * (Ղուկաս 21։24, ՆԱ. Յայտնութիւն 12։1-5. 19։16) Ուստի, ո՛չ թէ մարդկային ձեռքով, այլ, աստուածային հեղինակութեամբ էր որ Մեսիական Թագաւորութեան «քարը» Եհովայի տիեզերական գերիշխանութեան «լեռնէն» կտրուեցաւ։ Այս երկնային կառավարութիւնը Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած է, որու Աստուած անմահութիւն շնորհած է։ (Հռովմայեցիս 6։9. Ա. Տիմոթէոս 6։15, 16) Հետեւաբար, «մեր Տէրոջը [Աստուծոյ] ու իր Օծեալին» այս թագաւորութիւնը՝ Եհովայի տիեզերական գերիշխանութեան մէկ արտայայտութիւնը, ուրիշի մը պիտի չտրուի։ Անիկա յաւիտեան պիտի մնայ։—Յայտնութիւն 11։15

34. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչպէս «այն թագաւորներուն օրեր»ուն մէջ ծնաւ։

34 Թագաւորութեան ծնունդը տեղի ունեցաւ «այն թագաւորներուն օրեր»ուն։ (Դանիէլ 2։44) Ասոնք ոչ միայն արձանին տասը մատներով պատկերացուած թագաւորներն էին, այլ՝ երկաթով, պղինձով, արծաթով եւ ոսկիով խորհրդանշուած մասերն ալ։ Թէեւ Բաբելոնական, Պարսկական, Յունական եւ Հռովմէական կայսրութիւնները որպէս աշխարհակալ ուժեր անյայտացած էին, բայց անոնց բեկորները տակաւին առկայ էին 1914–ին։ Այն ատեն Թուրք Օսմանեան Կայսրութիւնը Բաբելոնիայի հողամասը գրաւած էր, իսկ Պարսկաստանի (Իրան), Յունաստանի եւ Հռովմի մէջ ազգային կառավարութիւններ կը գործէին։

35. «Քարը» ե՞րբ պիտի զարնէ արձանին, եւ արձանը ո՞րքանով մէջտեղէն պիտի վերցուի։

35 Աստուծոյ երկնային Թագաւորութիւնը շուտով խորհրդանշական արձանին ոտքէն պիտի հարուածէ։ Որպէս հետեւանք, անով պատկերացուած բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրուին ու մէջտեղէն պիտի վերցուին։ Արդարեւ, «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմին», այդ «քարը» այնպիսի ուժգնութեամբ մը պիտի հարուածէ, որ արձանը փշուր–փշուր պիտի ըլլայ եւ Աստուծոյ փոթորիկին հովը զանիկա պիտի ցրուէ, կալերուն մղեղին պէս։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Ապա, լերան մը պէս մեծցած եւ երկիրը լեցուցած քարին նման, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այն կառավարական լեռը պիտի ըլլայ, որ «բոլոր երկիր»ին պիտի ազդէ։—Դանիէլ 2։35

36. Մեսիական Թագաւորութիւնը ինչո՞ւ կրնանք անխախտ կառավարութիւն կոչել։

36 Թէեւ Մեսիական Թագաւորութիւնը երկնային է, անիկա իր հեղինակութիւնը պիտի տարածէ մեր երկրագունդին վրայ, անոր բոլոր հնազանդ բնակիչները օրհնելու համար։ Այս անխախտ կառավարութիւնը «յաւիտեան պիտի չաւերուի», կամ «ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի»։ Մահկանացու մարդկային կառավարիչներու թագաւորութիւններուն հակառակը, անիկա «յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Դանիէլ 2։44) Կը մաղթենք որ դուք ալ անոր յաւիտենական հպատակներէն մէկը ըլլաք։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 33 Տես՝ այս գրքին 6–րդ Գլուխը։

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Նաբուգոդոնոսորի երազի հսկայ արձանին տարբեր մասերը ո՞ր աշխարհակալ ուժերը կը ներկայացնեն։

Կաւով խառնուած երկաթէ ոտքերն ու տասը մատները համաշխարհային ո՞ր կացութիւնը կը ներկայացնեն։

«Քարը» ե՞րբ եւ ո՛ր «լեռնէն» կտրուեցաւ։

«Քարը» ե՞րբ պիտի զարնէ արձանին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 63-67]

ՌԱԶՄԱՍԷՐ ԹԱԳԱՒՈՐ ՄԸ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ԿԵՐՏԷ

ԲԱԲԵԼՈՆԻ գահաժառանգը եւ անոր բանակը Եգիպտոսի Նեքաւով Փարաւոնին զօրքը կը խորտակէ Սուրիոյ Քարքամիս քաղաքին մէջ։ Պարտուած Եգիպտացիները դէպի հարաւ՝ Եգիպտոս կը փախչին եւ Բաբելոնացիները կը հալածեն զանոնք։ Բայց Բաբելոնէն եկած պատգամը մը կը պարտադրէ որ յաղթական իշխանը իր հետապնդումը դադարեցնէ։ Ան իր հօրը՝ Նաբու–Պալասարի մահուան գուժը կը ստանայ։ Գերիները ու աւարը բերելու պատասխանատուութիւնը իր զօրավարներուն յանձնելով, Նաբուգոդոնոսոր շուտով տուն կը վերադառնայ եւ իր հօրը թափուր ձգած գահը կը գրաւէ։

Այս կերպով, Նաբուգոդոնոսոր Բաբելոնի գահը բարձրացաւ Հ.Դ.Ա. 624–ին եւ Նոր–Բաբելոնական Կայսրութեան երկրորդ կառավարիչը եղաւ։ 43 տարի տեւող իր իշխանութեան ընթացքին, ան երբեմնի Ասորեստանի Աշխարհակալ Ոյժին կողմէ գրաւուած հողերը սեփականացուց, իր տիրապետութիւնը տարածեց, հիւսիսէն Սուրիան գրաւելով իսկ արեւմուտքէն՝ Պաղեստինը, հասնելով մինչեւ Եգիպտոսի սահմանը։—Տես՝ քարտէսը։

Իր իշխանութեան չորրորդ տարին (Հ.Դ.Ա. 620), Նաբուգոդոնոսոր Յուդան իրեն հարկատու թագաւորութիւն մը դարձուց։ (Դ. Թագաւորաց 24։1) Երեք տարի ետք, Յուդայի ապստամբութեան հետեւանքով, Բաբելոն պաշարեց Երուսաղէմը։ Նաբուգոդոնոսոր Յովաքինը, Դանիէլը եւ ուրիշներ Բաբելոն գերի տարաւ։ Ան նաեւ Եհովայի տաճարին կարգ մը անօթները իր հետ տարաւ, ու Յովաքինի հօրեղբայրը Սեդեկիան Յուդայի հարկատու թագաւոր նշանակեց։—Դ. Թագաւորաց 24։2-17. Դանիէլ 1։6, 7

Ժամանակ մը ետք, Սեդեկիան ալ ապստամբեցաւ, Եգիպտոսի հետ դաշնակցելով։ Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմը դարձեալ պաշարեց, եւ Հ.Դ.Ա. 607–ին, ան պարիսպը ճեղքեց, տաճարը այրեց ու քաղաքը կործանեց։ Ան Սեդեկիայի բոլոր որդիները մորթեց, Սեդեկիայի աչքերը կուրցուց ու զինք կապեց, որպէս բանտարկեալ Բաբելոն տանելու համար։ Նաբուգոդոնոսոր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը գերի քշեց եւ տաճարին մնացեալ անօթները Բաբելոն տարաւ։ «Այսպէս Յուդա իր երկրէն գերի տարուեցաւ»։—Դ. Թագաւորաց 24։18–25։21

Նաբուգոդոնոսոր Տիւրոսն ալ նուաճեց, քաղաքը պաշարելով, որ 13 տարի տեւեց։ Այս պաշարման ընթացքին, իր զինուորներուն գլուխը «կնտացաւ» սաղաւարտներուն կողմէ քերուելով, իսկ անոնց ուսերուն «մորթը ելաւ»՝ պատնէշ քաշելու համար շինանիւթեր կրելով։ (Եզեկիէլ 29։18) Վերջապէս, Տիւրոս բաբելոնական զօրքին անձնատուր եղաւ։

Բաբելոնացի թագաւորը իրապէս փայլուն ռազմագէտ մըն էր։ Կարգ մը աշխատասիրութիւններ, մանաւանդ բաբելոնական ծագում ունեցող, զինք կը բնութագրեն նաեւ որպէս անաչառ թագաւոր մը։ Թէեւ Սուրբ Գիրքը չի մասնաւորեր Նաբուգոդոնոսորի անաչառ ըլլալը, բայց Երեմիա մարգարէն ըսաւ որ Սեդեկիա ապստամբած ըլլալով հանդերձ, եթէ ‘Բաբելոնի թագաւորին իշխաններուն յանձնուէր’, լաւ վերաբերմունք պիտի ստանար։ (Երեմեայ 38։17, 18) Իսկ, Երուսաղէմի կործանումէն ետք, Նաբուգոդոնոսոր յարգանքով վարուեցաւ Երեմիայի հետ։ Երեմիայի համար թագաւորը պատուիրեց. «Զանիկա ա՛ռ եւ աչքդ անոր վրայ ըլլայ ու անոր ամենեւին չարիք մի՛ հասցներ եւ ինչ որ քեզի ըսէ՝ այնպէս ըրէ՛»։—Երեմեայ 39։11, 12. 40։1-4

Որպէս կառավարիչ, Նաբուգոդոնոսոր անմիջապէս նշմարեց Դանիէլի եւ անոր երեք ընկերներուն՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագովի յատկութիւններն ու կարողութիւնները, որոնց Եբրայերէն անուններն էին, Անանիա, Միսայէլ եւ Ազարիա։ Հետեւաբար, թագաւորը իր թագաւորութեան մէջ պատասխանատու դիրքերու վրայ դրաւ զանոնք։—Դանիէլ 1։6, 7, 19-21. 2։49

Նաբուգոդոնոսոր մասնաւորաբար կը պաշտէր Մարդոկը, Բաբելոնի գլխաւոր չաստուածը։ Թագաւորը իր բոլոր նուաճումները Մարդոկի կը վերագրէր։ Բաբելոնի մէջ, ան Մարդոկի ու բաբելոնական ուրիշ չաստուածութիւններու համար տաճարներ շինեց եւ զանոնք զարդարեց։ Դուրա դաշտին մէջ կանգնեցուած ոսկիէ արձանը թերեւս Մարդոկի ձօնուած էր։ Իսկ այնպէս կը տեսնուի որ Նաբուգոդոնոսոր իր զինուորական յառաջխաղացքին համար գլխաւորաբար հմայութեան կ’ապաւինէր։

Նաբուգոդոնոսոր Բաբելոն քաղաքի վերաշինութեամբ ալ հպարտ էր, որ այն ժամանակուան մեծագոյն պարսպապատ քաղաքն էր։ Իր հօրը կողմէ սկսուած քաղաքին կրկնակի պարիսպը ամբողջացնելով, ան իր մայրաքաղաքը երեւութապէս անառիկ դարձուց։ Թագաւորը քաղաքին կեդրոնը գտնուող հին պալատ մը վերանորոգեց եւ անկէ մօտաւորապէս երկու քիլոմեթր հիւսիս, ամառուան պալատ մըն ալ կառուցանեց։ Հայրենի բլուրներուն ու անտառներուն կարօտը քաշող իր Մարացի թագուհիին ցանկութեան գոհացում տալու համար, կ’ըսուի որ Նաբուգոդոնոսոր «կախուած պարտէզներ» շինել տուաւ, որ հին աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն մէկը համարուած է։

«Այս չէ՞ այն մեծ Բաբելոնը, որ ես իմ զօրութիւնովս ու կարողութիւնովս իմ մեծութեանս փառքին համար թագաւորութեան տուն շինեցի», յոխորտաց թագաւորը օր մը, մինչ Բաբելոնի արքունիքին շուրջ կը ճեմէր։ «Երբ խօսքը դեռ թագաւորին բերանն էր», ան խելագարութեամբ զարնուեցաւ։ Եօթը տարի տիրելու անկարող ըլլալով, ան խոտ կերաւ, ինչպէս Դանիէլ նախագուշակած էր։ Եօթը տարի ետք, Նաբուգոդոնոսոր թագաւորութեան գլուխը անցաւ եւ ան իշխեց մինչեւ իր մահը՝ Հ.Դ.Ա. 582։—Դանիէլ 4։30-36

Ի՞ՆՉ ԸՄԲՌՆԵՑԻՔ

Ի՞նչ կարելի է ըսել Նաբուգոդոնոսորի մասին, որպէս

ռազմագէտ

կառավարիչ

Մարդոկի երկրպագու

շինարար

[Քարտէս]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ԲԱԲԵԼՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆ

ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎ

Երուսաղէմ

Եփրատ Գետ

Տիգրիս Գետ

Նինուէ

Շուշան

Բաբելոն

Ուր

[Նկար]

Բաբելոն, իր ժամանակուան մեծագոյն պարսպապատ քաղաքը

[Նկար]

Վիշապը՝ Մարդոկը կը խորհրդանշէր

[Նկար]

Բաբելոնի հռչակաւոր կախուած պարտէզները

[Գծապատկեր/Նկար՝ էջ 56]

(Լման շարադրանքին համար՝ տե՛ս հրատարակութիւնը)

ԴԱՆԻԷԼԻ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱԼ ՈՒԺԵՐԸ

Հսկայ արձանը (Դանիէլ 2։31-45)

ԲԱԲԵԼՈՆԻԱ Հ.Դ.Ա. 607–էն սկսեալ

ՄԱՐԱ–ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ Հ.Դ.Ա. 539–էն սկսեալ

ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ Հ.Դ.Ա. 331–էն սկսեալ

ՀՌՈՎՄ Հ.Դ.Ա. 30–էն սկսեալ

ԱՆԳԼՕ–ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱԼ ՈՅԺ Հ.Դ. 1763–էն սկսեալ

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳԵՏՆԻ ՎՐԱՅ ԲԱԺՆՈՒԱԾ ԱՇԽԱՐՀ վերջին ժամանակին մէջ

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 47]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 58]