ԴԱՍ 64
Ներելը ինչո՞ւ կարեւոր է
ԵՕ՞ԹԸ ԱՆԳԱՄ ՆԵՐԵԼ
ՉՆԵՐՈՂ ԾԱՌԱՅԻՆ ԱՌԱԿԸ
Յիսուսէն լսելէ ետք, թէ մէկը ինչպէ՛ս պէտք է իր եղբօր հետ առանձին խնդիրները լուծէ, այնպէս կ’երեւի որ Պետրոս կ’ուզէ գիտնալ որ ճիշդ քանի՛ անգամ պէտք է այս քայլը առնէ։
Անոր համար Պետրոս կը հարցնէ. «Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս ինծի դէմ մեղանչէ, պէտք է ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ»։ Կարգ մը կրօնական առաջնորդներ կը սորվեցնեն, որ մէկը պէտք է միւսին մինչեւ 3 անգամ ներէ։ Ուրեմն, կրնայ ըլլալ որ Պետրոս կը կարծէ որ ինք շատ առատաձեռն պիտի գտնուի, եթէ իր եղբօր «մինչեւ եօթը անգամ» ներէ (Մատթէոս 18։21)։
Բայց սխալները հաշուելու գաղափարն իսկ Յիսուսի սորվեցուցածներուն կը հակասէ։ Ան Պետրոսին մտածելակերպը կը ճշդէ, ըսելով. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը [«77 անգամ», ՆԱ]» (Մատթէոս 18։22)։ Այսինքն, պէտք է ներել անսահման կերպով։ Ուրեմն Պետրոս պէտք չէ հաշուէ քանի՛ անգամ կը ներէ իր եղբօր։
Ետքը, Յիսուս առակ մը կը պատմէ, Պետրոսին եւ միւս աշակերտներուն ցոյց տալու համար, որ անոնք պարտաւոր են ուրիշներուն ներել։ Այդ առակը ծառայի մը մասին է, որ չ’ընդօրինակեր իրեն հանդէպ ողորմած գտնուող իր տէրը, որ թագաւոր մըն է։ Օր մը, թագաւորը իր ծառաներէն կը պահանջէ, որ իրենց պարտքերը վճարեն։ Իրեն առջեւ կը բերուի ծառայ մը, որ մեծ գումար պարտական է իրեն. 10,000 տաղանդ [60,000,000 դահեկան]։ Ծառան կարողութիւն չունի իր պարտքը վճարելու։ Հետեւաբար, թագաւորը կը հրամայէ որ ծառան, անոր կինը եւ զաւակները ծախուին որ պարտքը վճարուի։ Ծառան իր տիրոջ առջեւ ծունկի կու գայ եւ կ’աղաչէ. «Տէ՛ր, համբերէ ինծի եւ ամէնը քեզի վճարեմ» (Մատթէոս 18։26)։
Թագաւորը ծառային վրայ կը խղճայ եւ ողորմածաբար չեղեալ կը համարէ անոր հսկայ պարտքը։ Բայց անկէ անմիջապէս ետք, ծառան կ’երթայ եւ կը գտնէ իր ծառայակիցը, որ իրեն 100 դահեկան պարտք ունի։ Անոր վիզէն բռնելով կը խեղդէ ու կ’ըսէ. «Վճարէ ինծի ունեցած պարտքդ»։ Իր ծառայակիցը ծունկի կու գայ եւ աղաչելով կ’ըսէ. «Համբերէ ինծի ու քեզի վճարեմ» (Մատթէոս 18։28, 29)։ Բայց ծառան իր տէրը չ’ընդօրինակեր. ընդհակառա՛կը, իր ծառայակիցը բանտ նետել կու տայ, մինչեւ որ ան իր պարտքը վճարէ։
Յիսուս նաեւ կ’ըսէ, որ երբ միւս ծառաները կը տեսնեն այդ անողորմ ծառային ըրածը, կ’երթան եւ իրենց տիրոջ կը պատմեն եղածը։ Տէրը կը բարկանայ, ծառան կը կանչէ եւ կ’ըսէ. «Չա՛ր ծառայ, այն բոլոր պարտքը ես քեզի շնորհեցի՝ ինծի աղաչելուդ համար. ուրեմն պէտք չէ՞ր որ դուն ալ քու ծառայակիցիդ ողորմէիր, ինչպէս ես քեզի ողորմեցայ»։ Ետքը, թագաւորը բանտ նետել կու տայ այս ծառան, մինչեւ որ իր ամբողջ պարտքը վճարէ։ Յիսուս կ’եզրափակէ. «Այսպէս իմ երկնաւոր Հայրս պիտի ընէ ձեզի եթէ ձեր սրտերէն չներէք ամէն մէկդ իր եղբօրը յանցանքները» (Մատթէոս 18։32-35)։
Ասիկա ի՜նչ աղուոր դաս է ներելու մասին։ Աստուած ներած է մեր հսկայ պարտքը՝ մեր մեղքերը։ Եղբայր մը ի՛նչ սխալ ալ գործէ մեզի դէմ, շա՛տ չնչին է՝ անոր հետ բաղդատած։ Եւ Եհովան մեզի միայն մէկ անգամ չի ներեր, հապա հազարաւոր անգամներ։ Մենք ալ չե՞նք կրնար մեր եղբօր ներել բազմաթիւ անգամներ, նոյնիսկ եթէ պատճառ ունինք տրտնջալու։ Ինչպէս որ Յիսուս սորվեցուց Լերան քարոզին մէջ, Աստուած պիտի «ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն» (Մատթէոս 6։12)։