Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Սատանային ծածուկ բաներ»էն զզուեցէք

«Սատանային ծածուկ բաներ»էն զզուեցէք

Գլուխ 10

«Սատանային ծածուկ բաներ»էն զզուեցէք

ԹԻՒԱՏԻՐ

1. Միւս ժողովքներուն հետ համեմատած Թիւատիր ո՞ւր կը գտնուէր եւ կրօնական ի՞նչպիսի միջավայրի մը մէջ։

 ՊԵՐԳԱՄՈՆԻ մօտաւորապէս 65 քմ. հարաւ–արեւելքը, թրքական Ագհիսար բարգաւաճ քաղաքը կը գտնուի։ Շուրջ 1,900 տարիներ առաջ, այդ վայրին մէջ կը գտնուէր Թիւատիրը։ Ճամբորդող տեսուչ մը դիւրութեամբ կրնար Թիւատիր հասնիլ Պերգամոնի ներքին ճամբէ մը, ապա Յայտնութիւն 3–րդ գլուխին մէջ յիշուած միւս ժողովքները այցելել, այսինքն, Սարդիկէ, Ֆիլատելֆիա, եւ Լաւոդիկէ։ Այնպէս կը թուի որ Թիւատիր Պերգամոնի նման կայսրի պաշտամունքի կարեւոր ոստան մը չէր, բայց հեթանոս չաստուածներու նուիրուած սրբարաններ եւ տաճարներ ունէր։ Թիւատիր հանրածանօթ էր որպէս առեւտրական կեդրոն մը։

2, 3. (ա) Նախապէս Քրիստոնեայ եղած Թիւատիրցիի մը մասին ի՞նչ արձանագրուած է։ (բ) Թիւատիրի Քրիստոնեաներուն համար ի՞նչ նշանակութիւն ունէր Յիսուսի «Աստուծոյ Որդի» մը ըլլալը եւ «կրակի բոցի պէս աչքեր» ունենալը։

2 Երբ Պօղոս Մակեդոնիոյ մէջ կը քարոզէր, ան Լիդիա կոչուող Թիւատիրցի ծիրանավաճառ կնոջ մը հանդիպեցաւ։ Լիդիա եւ իր ամբողջ ընտանիքը Պօղոսի քարոզած պատգամը ուրախութեամբ ընդունեցին եւ արտակարգ հիւրասիրութիւն ցոյց տուին։ (Գործք 16։14, 15) Ըստ արձանագրութեան, ան առաջին Թիւատիրցին եղաւ որ Քրիստոնէութիւնը ընդունեց։ Ժամանակի ընթացքին, այդ քաղաքին մէջ քրիստոնէական ժողովք մը կազմուեցաւ։ Յիսուս իր ամենէն երկար պատգամը անոր կ’ուղղէ. «Եւ Թիւատիրի մէջ եղած եկեղեցիին հրեշտակին գրէ. ‘Այսպէս կ’ըսէ Աստուծոյ Որդին, որ կրակի բոցի պէս աչքեր ունի ու իր ոտքերը ոսկեպղնձի նման են’»։—Յայտնութիւն 2։18

3 Յայտնութեան մէջ «Աստուծոյ Որդի» միակ արտայայտութիւնը կը յայտնուի հոս, թէեւ այլ տեղեր Յիսուս Եհովայի կ’ակնարկէ որպէս ‘իմ Հայրս’։ (Յայտնութիւն 2։28. 3։5, 21) Հոս գործածուած այս տիտղոսը հաւանաբար Թիւատիրի Քրիստոնեաներուն կը յիշեցնէ Եհովայի հետ Յիսուսի ունեցած մտերմութիւնը։ Այս Որդին «կրակի բոցի պէս աչքեր» ունէր. ազդարարութիւն մը Թիւատիրի Քրիստոնեաներուն թէ իր դատաստանը պիտի բորբոքի որեւէ բանի դէմ, որ իր կարծիքով ժողովքը կրնայ ապականել։ Երկրորդ անգամ ըլլալով իր ոսկեպղնձի նման փայլուն ոտքերուն ակնարկելով, ան երկրի վրայ շրջագայած ատեն իր հաւատարմութեան շողշողուն օրինակը կը շեշտէ։ Անկասկած Թիւատիրի Քրիստոնեաները ուշադրութիւն ընծայեցին իր խրատին. մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք։—Ա. Պետրոս 2։21

4, 5. (ա) Յիսուս ինչո՞ւ կրնար գովել Թիւատիրի Քրիստոնեաները։ (բ) Թիւատիրի ժողովքը ի՞նչպէս ներկայիս Եհովայի Վկաներու ժողովքներուն մէկ տիպարն է։

4 Բարեբախտաբար, Յիսուս կրնար գովել Թիւատիրի Քրիստոնեաները։ Ան կ’ըսէ. «Գիտեմ քու գործերդ եւ սէրդ ու ծառայութիւնդ եւ քու հաւատքդ ու համբերութիւնդ եւ թէ քու վերջին գործերդ առաջիններէն շատ են»։ (Յայտնութիւն 2։19) Այս Քրիստոնեաները, Եփեսացիներուն նման չըլլալով, Եհովայի հանդէպ իրենց առաջին սէրը չեն կորսնցուցած։ Անոնց հաւատքը զօրաւոր է։ Ասկէ զատ, անոնց գործերը առաջուընէ շատ են, եւ նախորդ երեք ժողովքներուն նման, Թիւատիրի Քրիստոնեաները համբերատար են։ Ճի՛շդ ներկայիս համայն աշխարհի մէջ եղող Եհովայի Վկաներու շուրջ 100,000 ժողովքներուն մէկ տիպարը։ Անոնց միջոցաւ Եհովայի հանդէպ սէրը կ’արտացոլայ, մինչ ծառայութեան մէջ նախանձախնդրութիւն մը պատած է կազմակերպութիւնը, ոգեւորելով երիտասարդներն ու տարեցները։ Հետզհետէ աւելի մեծ թիւով անհատներ ռահվիրայութեան կը ձեռնարկեն, իմաստուն կերպով գործածելով մնացեալ ժամանակը, Աստուծոյ մօտալուտ Թագաւորութեան փառաւոր յոյսը ծանուցանելով։—Մատթէոս 24։14. Մարկոս 13։10

5 Տասնեակ տարիներէ ի վեր, թէ՛ օծեալ մնացորդէն եւ թէ մեծ բազմութենէն եղող բազմաթիւ հաւատարիմներ օրինակելի համբերութիւն մը ցոյց տուած են Աստուծոյ ծառայութեան մէջ, մինչ իրենց շուրջ գտնուող աշխարհը հետզհետէ աւելի ու աւելի կ’ընկղմի անդարմանելի խաւարի մէջ։ Ուստի քաջասի՛րտ ըլլանք։ Յայտնութիւնը կը հաստատէ Աստուծոյ վաղեմի մարգարէներուն վկայութիւնը։ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է։ Մօտ է ու խիստ կ’արտորայ»։—Սոփոնեայ 1։14. Յովելեայ 2։1. Ամբակումայ 2։3. Յայտնութիւն 7։9. 22։12, 13

‘Յեզաբէլ Կինը’

6. (ա) Թէեւ Թիւատիրի ժողովքը գովասանքի արժանի կողմեր ունէր, բայց Յիսուս ո՞ր խնդիրը նշմարեց անոր մէջ, զոր անմիջական ուշադրութեան կարիքը ունէր։ (բ) Ո՞վ էր Յեզաբէլ, եւ ան մարգարէուհի մը կոչուելու վաւերական պատճառ մը ունէ՞ր։

6 Յիսուսի կրակոտ աչքերը աւելի խորը թափանցած են։ Ան անմիջական ուշադրութեան արժանի եղող բան մը կը նշմարէ։ Թիւատիրի Քրիստոնեաներուն ան կ’ըսէ. «Բայց քեզի դէմ բան մը ունիմ, որ կը թոյլատրես Յեզաբէլ կնոջ, որ ինքզինք մարգարէուհի անուանէ ու իմ ծառաներս մոլորեցնելով՝ սորվեցնէ պոռնկութիւն ընել եւ կուռքերու զոհուածներ ուտել»։ (Յայտնութիւն 2։20) Հ.Դ.Ա. 10–րդ դարուն, Իսրայէլի Աքաաբ թագաւորին կինը՝ Բահաղը պաշտող Յեզաբէլ թագուհին՝ տխրահռչակ էր իր մարդասպանութեամբ, պոռնկութեամբ եւ տիրելու կերպերուն համար։ Եհովայի օծեալը՝ Յէուն՝ զինք սպաննել տուաւ։ (Գ. Թագաւորաց 16։31. 18։4. 21։1-16. Դ. Թագաւորաց 9։1-7, 22, 30, 33) Կռապաշտ Յեզաբէլը մարգարէուհի մը ըլլալ չէր դաւանած։ Ան Մարիամի եւ Դեբօրայի նման չէր, որոնք Իսրայէլի մէջ որպէս հաւատարիմ մարգարէուհիներ ծառայեցին։ (Ելից 15։20, 21. Դատաւորաց 4։4. 5։1-31) Եհովայի հոգին զինք չդրդեց որ մարգարէանայ, ինչպէս ըրաւ Աննայի եւ Փիլիպպոս աւետարանիչի չորս աղջիկներու պարագային։—Ղուկաս 2։36-38. Գործք 21։9

7. (ա) ‘Յեզաբէլ կինը’ յիշելով Յիսուս բացայայտօրէն ո՞ր ազդեցութեան կ’ակնարկէ։ (բ) Այդ ժողովքին հետ ընկերակցող կարգ մը կիներ իրենց կամակոր ընթացքը ի՞նչպէս արդարացուցած կրնային ըլլալ։

7 Որոշ է ուրեմն, որ Թիւատիրի մէջ մարգարէուհի մը ըլլալ դաւանող ‘Յեզաբէլ կինը’ խաբեբայ մըն է։ Աստուծոյ հոգին անոր թիկունք չի կանգնիր։ Ուստի, ո՞վ է ան։ Հաւանաբար, ան կին մը, կամ խումբ մը կիներ են, որոնք ամօթալիօրէն ապականիչ ազդեցութիւն մը ունին ժողովքին վրայ։ Ժողովքին հետ ընկերակցող կարգ մը կիներ, թերեւս ժողովքի անդամները անբարոյութեան միջամուխ կ’ընէին, իրենց կամակոր ընթացքը լրբօրէն արդարացնելու համար սխալ կերպով կիրարկելով սուրբ գրային համարները։ Արդարեւ, սուտ մարգարէութիւն մը։ Ուրիշներուն վրայ ազդեցութիւն կը բանեցնէին որպէսզի իրենց նման իյնան ‘պոռնկութեան, պղծութեան, անսանձ կրքի, չար ցանկութեան եւ ագահութեան մէջ, որ կռապաշտութիւն է’։ (Կողոսացիս 3։5) Անոնք կը մղէին որ ժողովքին մէջ եղողները անբարոյ, ինքնահաճ կենցաղ մը որդեգրեն, որ ներկայիս ընդունուած՝ նոյնիսկ աչք խփուած է, Քրիստոնեայ Աշխարհի շատ մը կրօնքներուն մէջ։

8. (ա) Յիսուս ի՞նչ ազդարարութիւն տուաւ Թիւատիրի «Յեզաբէլ»ին մասին։ (բ) Արդի ժամանակներուն ալ իգական անպատշաճ ազդեցութիւնը ի՞նչպէս զգալի եղած է։

8 Յիսուս կը շարունակէ Թիւատիրի երէցներուն ըսել. «Ես անոր ժամանակ տուի իր պոռնկութեանը համար ապաշխարելու, բայց չապաշխարեց։ Ահա ես զանիկա անկողին պիտի ձգեմ ու անոր հետ շնութիւն ընողները՝ մեծ նեղութեան մէջ, եթէ իրենց գործերուն համար չապաշխարեն»։ (Յայտնութիւն 2։21, 22) Ինչպէս որ բուն Յեզաբէլ երեւութապէս կը տիրէր Աքաաբի վրայ, ապա Աստուծոյ կողմէ նշանակուած դահիճը՝ Յէուն, արհամարհեց, նմանապէս, այս կիները իրենց ազդեցութիւնը գործածելով թերեւս կը փորձեն իրենց ամուսինները եւ երէցները ղեկավարել։ Այնպէս կը թուի որ Թիւատիրի երէցները կը հանդուրժեն այս անպարկեշտ յեզաբէլական ազդեցութեան։ Հոս Յիսուս ուժեղ ազդարարութիւն մը կը հնչեցնէ անոնց, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի մէջ գտնուող Եհովայի ժողովուրդին արդի ժողովքներուն։ Արդի ժամանակներուն, այսպիսի յանդուգն կարգ մը կիներ ազդեցութիւն բանեցուցած են որ իրենց ամուսինները հաւատուրաց դառնան եւ նոյնիսկ Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն վրայ դատեր բացած են։—Համեմատել՝ Յուդա 5-8

9. (ա) Յեզաբէլի մասին Յիսուսի խօսքերը ինչո՞ւ արատ չեն բերեր ժողովքի բոլոր կիներուն վրայ։ (բ) Միայն ե՞րբ է որ յեզաբէլական ազդեցութիւն ի յայտ կու գայ։

9 Ասիկա ո՛չ մէկ կերպով կ’արատաւորէ քրիստոնէական ժողովքին մէջի հաւատարիմ կիներուն համբաւը։ Մեր օրերուն, վկայութեան գործին մեծամասնութիւնը կը կատարուի հաւատարիմ քոյրերու կողմէ. անոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ, նորեկներու հոծ բազմութիւն մը կը բերեն ժողովքին մէջ։ Աստուած ինք կ’օրհնէ այս կարգադրութիւնը, ինչպէս ցոյց կը տրուի Սաղմոս 68։11–ի մէջ. «Տէրը պատգամ տուաւ. աւետիս տուողները [«տուող կիները», ՆԱ] մեծ բազմութիւն են»։ «Աստուծոյ առջեւ խիստ պատուական» եղող կիներուն հեզ ու յարգալից վարքը կրնայ իրենց ամուսիններուն վրայ լաւ ազդեցութիւն մը ունենալ։ (Ա. Պետրոս 3։1-4) Լեմուէլ թագաւոր կը գովէ առաքինի ու աշխատասէր կինը։ (Առակաց 31։10-31) Երբ կիներ իրենց սահմանը անցնին, տղամարդիկը մոլորեցնելով, կամ գլխաւորութեան ասպարէզ կարդալով կամ զայն անտեսելով, միմիայն այն ատեն է որ յեզաբէլական ազդեցութիւն մը ի յայտ կու գայ։—Եփեսացիս 5։22, 23. Ա. Կորնթացիս 11։3

10. (ա) Յեզաբէլ եւ իր զաւակները ինչո՞ւ դատապարտութիւն կը ստանան։ (բ) Անոնք որոնք Յեզաբէլի զաւակները կ’ըլլան, իրենք զիրենք ի՞նչ վտանգաւոր վիճակի մէջ կը դնեն, եւ անոնք ի՞նչ պէտք է ընեն։

10 «Յեզաբէլ կնոջ» մասին Յիսուս կը շարունակէ ըսել. «Անոր զաւակները պիտի մեռցնեմ ու բոլոր եկեղեցիները [«ժողովքները», ՆԱ] պիտի գիտնան թէ ես ան եմ՝ որ երիկամունքները ու սրտերը կը քննեմ. իւրաքանչիւրիդ ձեր գործերուն համեմատ պիտի հատուցանեմ»։ (Յայտնութիւն 2։23) Յիսուս ժամանակ տուած էր Յեզաբէլի եւ իր զաւակներուն որ ապաշխարեն կամ զղջան, բայց անոնք իրենց անբարոյութեան մէջ յարատեւեցին, հետեւաբար դատաստանի պէտք է արժանանան։ Հոս ուժեղ պատգամ մը կայ ներկայ Քրիստոնեաներուն։ Անոնք որ Յեզաբէլը կ’ընդօրինակեն՝ այր թէ կին՝ եւ այս կերպով անոր զաւակները կ’ըլլան, գլխաւորութեան եւ բարոյականութեան շուրջ Աստուածաշունչի սկզբունքները խախտելով, կամ յամառութեամբ աստուածպետական կարգ ու կանոնը անտեսելով, հոգեւորապէս վտանգաւոր հիւանդ վիճակի մէջ են։ Ճիշդ է որ եթէ այսպիսի մէկը ժողովքին երէցները կանչէ որպէսզի իրեն վրայ աղօթեն, «հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ», պայմանաւ որ հեզութեամբ այդ աղօթքներուն համաձայն վարուի։ Ոեւէ մէկը թող չխորհի որ կրնայ Աստուած կամ Քրիստոսը խաբել, փորձելով իր անբարոյ արարքները պահել, կամ եռանդուն կերպով ծառայութեան մասնակցողի երեւոյթ տալով ինքզինքին։—Յակոբու 5։14, 15

11. Ներկայիս ժողովքներուն ի՞նչ օգնութիւն կը տրուի իգական անօրէն ազդեցութեան սպրդումին դէմ արթուն մնալու համար։

11 Բարեբախտաբար, ներկայիս Եհովայի Վկաներու ժողովքներէն շատեր արթուն են այս վտանգին նկատմամբ։ Երէցները կը հսկեն աստուածպետական չեղող վերաբերմունքի կամ յանցագործութեան հակում ունեցողներու վրայ։ Անոնք կը փորձեն օգնել այրերու եւ կիներու, որոնք վտանգաւոր ճամբու մէջ են, որպէսզի անոնք իրենց հոգեւորութիւնը կերտեն եւ բարեփոխումներ ընեն, շատ ուշ ըլլալէ առաջ։ (Գաղատացիս 5։16. 6։1) Այս Քրիստոնեայ տեսուչները սիրալիր բայց վճռական քայլեր կ’առնեն արգելք հանդիսանալու որեւէ իգական խմբաւորումի, որ կիներու ազատագրման նման շարժում մը կը փորձէ յառաջացնել։ Ասկէ զատ, պարբերաբար պատշաճ խրատներ կը տրուին Եհովայի Վկաներու հրատարակութիւններուն մէջ։ *

12. Ներկայիս Յովհաննէս դասակարգը ի՞նչպէս Յէուի նման նախանձախնդրութիւն մը ցոյց կու տայ։

12 Սակայն, լուրջ անբարոյութեան պարագային, եւ մանաւանդ երբ անիկա սովորութիւն մը դարձած է, անզեղջ մեղաւորները պէտք է վտարուին։ Յիշեցէք Իսրայէլի մէջէն Յեզաբէլի ազդեցութեան բոլոր հետքերը մաքրելու Յէուի նախանձախնդրութիւնը։ Նմանապէս, Յովհաննէս դասակարգը ներկայիս վճռական քայլեր կ’առնէ, իր ընկերակիցներուն՝ «Յովնադաբներուն»՝ օրինակ հանդիսանալով եւ փաստելով որ իրենք Քրիստոնեայ Աշխարհի թոյլատու քարոզիչներէն շա՜տ տարբեր են։—Դ. Թագաւորաց 9։22, 30-37. 10։12-17

13. Ի՞նչ պիտի պատահի անոնց որոնք իգական սխալ ազդեցութեան կ’ենթարկուին։

13 Որպէս Եհովայի Պատգամաբերը եւ Դատաւորը, Աստուծոյ Որդին արդարացիօրէն կը վարուի արդի Յեզաբէլը բնորոշելով եւ զայն հիւանդութեան անկողինը նետելով, քանի որ անոր հոգեւոր հիւանդութիւնը անբուժելի է։ (Մաղաքեայ 3։1, 5) Այս իգական սխալ ազդեցութեան ենթարկուողներն ալ մեծ նեղութեան պիտի մատնուին. քրիստոնէական ժողովքէն վտարուելու կամ կտրուելու ցաւը կրելով, որպէս թէ մեռած ըլլան։ Եթէ անոնք չզղջան, դարձի չգան եւ ժողովքին մէջ վերստին չընդունուին, ֆիզիքական մահ ալ պիտի դիմագրաւեն՝ ‘պիտի մեռնին’, ամենէն ուշը մեծ նեղութեան ընթացքին։ Մինչ այդ անոնք կարելիութիւնը ունին վերահաստատուելու, եթէ իրապէս զղջան իրենց չար գործերուն համար։—Մատթէոս 24։21, 22. Բ. Կորնթացիս 7։10

14. (ա) Յիսուս երէցները ի՞նչպէս կը գործածէ, յեզաբէլական ազդեցութեան նման կարգ մը խնդիրներ լուծելու համար։ (բ) Ժողովքը ի՞նչպէս պէտք է թիկունք կանգնի այսպիսի խնդիրներ ձեռք առնող երէցներուն։

14 «Բոլոր ժողովքները» պէտք է գիտնան որ Յիսուս կը քննէ «երիկամունքները»՝ ամենէն խորունկ զգացումները, եւ ‘սիրտը’՝ ներքին մարդը, մէջը ըլլալով պահուած շարժառիթները։ Այս նպատակաւ, ան վստահելի աստղեր, կամ երէցներ կը գործածէ կարգ մը խնդիրներ ձեռք առնելու համար, ինչպիսին է ի յայտ եկած որեւէ յեզաբէլական ազդեցութիւն։ (Յայտնութիւն 1։20) Երէցները այսպիսի հարց մը լիովին քննելէն եւ վճիռ մը տալէն ետք, ո՛չ մէկը առնուած քայլին մասին հարցումներ պէտք է ուղղէ։ Բոլորն ալ խոնարհաբար պէտք է ընդունին երէցներուն որոշումը եւ շարունակեն թիկունք կանգնիլ ժողովքի աստղերուն։ Եհովայի եւ իր կազմակերպչական կարգադրութիւններուն հանդէպ հաւատարմութիւնը պիտի վարձատրուի։ (Սաղմոս 37։27-29. Եբրայեցիս 13։7, 17) Երբ Յիսուս ամէն մէկուն իր գործերուն համեմատ հատուցում պիտի ընէ, կը մաղթենք որ ձեր բաժինը օրհնութիւն ըլլայ։—Գաղատացիս 5։19-24. 6։7-9

«Զայն որ Ունիք՝ Պահեցէք»

15. (ա) Յեզաբէլէն չվարակուածներուն Յիսուս ի՞նչ ունէր ըսելիք։ (բ) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ 1918–ին Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներուն բոլորը չէին վարակուած հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

15 Յիսուսի յաջորդ խօսքերը կը մխիթարեն. «Ձեզի՛ կ’ըսեմ՝ միւսներուդ՝ որ Թիւատիրի մէջ էք բայց այս վարդապետութիւնը չունիք, որ չճանչցաք Սատանային ծածուկ բաները, (ինչպէս կ’ըսեն,) ձեր վրայ ուրիշ ծանրութիւն չեմ ձգեր. հապա զայն որ ունիք՝ պահեցէք մինչեւ ես գամ»։ (Յայտնութիւն 2։24, 25) Թիւատիրի մէջ հաւատարիմ անհատներ կային, որոնք տեղի չտուին Յեզաբէլի ազդեցութեան։ Նմանապէս, 1918–էն շուրջ 40 տարի առաջ եւ անկէ ի վեր, Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներուն բոլորն ալ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ ուռճացող անբարոյ ու պիղծ ճամբաներուն չեն հանդուրժած։ Աստուածաշունչի Աշակերտներու պզտիկ խումբը՝ որ ներկայիս կը ճանչցուի որպէս Եհովայի Վկաներ՝ ջանաց եկեղեցիներու անդամներուն օգնել որ Քրիստոնեայ Աշխարհի վարդապետութիւններուն ոչ–քրիստոնէական ծագում ունենալը տեսնեն, իսկ ինք ձերբազատուեցաւ հաւատուրաց Քրիստոնեայ Աշխարհին կողմէ իրեն հասած բաբելոնական հաւատալիքներէն եւ սովորոյթներէն։ Ասիկա կը բովանդակէր «Յեզաբէլ կնոջ» թոյլատու ուսուցումը։

16. Թէեւ Յիսուս եւ առաջին դարու քրիստոնէական կառավարիչ մարմինը յաւելեալ բեռ չդրին, սակայն ի՞նչ բաներէն պէտք է խուսափինք։

16 Այսօր ալ Յովհաննէս դասակարգը մեծ բազմութենէն եղող իր ընկերակիցները քաջալերած է որ զգուշանան անբարոյ ազդեցութիւններէն, որու մաս կը կազմեն ստորնացած աշխարհի զբօսանքները։ Հարկ չկայ ապականութիւնը դիտել կամ զայն փորձել, պարզ հետաքրքրութենէ մղուած, կամ գիտնալու համար թէ ինչ բանէ պէտք է խուսափիլ։ Իմաստութիւն է «Սատանային ծածուկ բաներ»էն շատ հեռու փախչիլ։ Ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ. «Ձեր վրայ ուրիշ ծանրութիւն չեմ ձգեր»։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ առաջին դարու քրիստոնէական կառավարիչ մարմինին հրամանագիրը. «Աղէկ երեւցաւ սուրբ հոգիին ու մեզի ալ ձեր վրայ աւելի բեռ չդնել այս հարկաւոր բաներէն զատ, որ ետ կենաք կուռքերու զոհուածէ եւ արիւնէ ու խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ, որոնցմէ ինքզինքնիդ պահելով աղէկ պիտի ընէք»։ (Գործք 15։28, 29) Հոգեւոր բարգաւաճութեան համար խուսափեցէք սուտ կրօնքէն, արեան սխալ գործածութենէն (ինչպէս արեան ներարկում) եւ անբարոյութենէն։ Այսպիսով ձեր ֆիզիքական առողջութիւնն ալ հաւանաբար պահպանուած պիտի ըլլայ։

17. (ա) Ներկայիս Սատանան մարդիկը ի՞նչպէս կը փորձէ «ծածուկ բաներ»ով։ (բ) Ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր դիրքը Սատանայի խրթին աշխարհին «ծածուկ բաներ»ուն նկատմամբ։

17 Սատանան ուրիշ «ծածուկ բաներ» ալ ունի այսօր, ինչպիսին է բարդ տեսութիւններն ու փիլիսոփայութիւնները, որոնք հաճելի են իմացականութեան։ Թոյլատու, անբարոյ տրամաբանութիւններէն զատ, անոնք կը պարփակեն ոգեհարցութիւնը եւ բարեշրջութեան տեսութիւնը։ Ամենագէտ Արարիչը ի՞նչպէս կը նկատէ այս «ծածուկ բաներ»ը։ Պօղոս առաքեալ անոր խօսքերը կը մէջբերէ. «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսնցնեմ»։ Ասոր հակառակը, «Աստուծոյ խորունկ բաներ»ը պարզ, յստակ եւ սրտապնդիչ են։ Իմաստուն Քրիստոնեաները Սատանայի խրթին աշխարհին «ծածուկ բաներ»ը կը մերժեն։ Մի՛ մոռնաք որ «աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Կորնթացիս 1։19. 2։10. Ա. Յովհաննու 2։17

18. Մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնացող օծեալ Քրիստոնեաներուն Յիսուս ի՞նչ օրհնութիւններ խոստացաւ, եւ այս յարուցեալները Արմագեդոնին ի՞նչ առանձնաշնորհում պիտի ունենան։

18 Արդ, Թիւատիրի մէջ գտնուողներուն, Յիսուս սրտապնդիչ խօսքեր կ’ուղղէ, որոնք ներկայ օծեալ Քրիստոնեաներուն համար ալ քաջալերական են. «Եւ ան որ կը յաղթէ ու իմ գործերս մինչեւ վերջը կը պահէ, անոր իշխանութիւն պիտի տամ ազգերուն վրայ, (եւ պիտի հովուէ զանոնք երկաթէ գաւազանով։ Անոնք բրուտի ամաններու պէս պիտի փշրուին.) ինչպէս ես ալ իմ Հօրմէս առի»։ (Յայտնութիւն 2։26-28ա) Արդարեւ հոյակապ առանձնաշնորհում մը։ Այս հեղինակութիւնը զոր յաղթող օծեալները կը ստանան յարութեան ատեն, Արմագեդոնին ըմբոստ ազգերուն դէմ կործանումի «երկաթէ գաւազան»ին գործածութեան մէջ իրենց ունեցած մասնակցութիւնն է՝ Յիսուսի հետ։ Երբ Քրիստոս իր թշնամիները բրուտի ամաններու պէս պիտի փշրէ, այդ ազգերուն կորիզային ուժերը խոնաւ պայթուցիկի նման պիտի ճարճատին։—Սաղմոս 2։8, 9. Յայտնութիւն 16։14, 16. 19։11-13, 15

19. (ա) Ո՞վ է «առաւօտեան աստղը» եւ անիկա ի՞նչպէս պիտի տրուի յաղթողներուն։ (բ) Ի՞նչ քաջալերութիւն կը տրուի մեծ բազմութեան։

19 Յիսուս կ’աւելցնէ. «Ու անոր պիտի տամ առաւօտեան աստղը»։ (Յայտնութիւն 2։28բ) Աւելի ետք Յիսուս անձամբ կը բացատրէ թէ ի՛նչ է այս «աստղը», ըսելով. «Ես Դաւիթին արմատէն ու ցեղէն եմ ու առաւօտեան պայծառ աստղը»։ (Յայտնութիւն 22։16) Այո, Յիսուս է որ պիտի կատարէ այն մարգարէութիւնը որ Եհովա պարտադրեց Բաղաամի որ արտասանէ. «Յակոբէն աստղ մը պիտի ծագի ու Իսրայէլէն իշխանութեան գաւազան մը պիտի ելլէ»։ (Թուոց 24։17) Յիսուս յաղթողներուն ի՞նչպէս պիտի տայ «առաւօտեան աստղը»։ Բացայայտօրէն ինքզինք անոնց տալով, անոնց հետ շատ մօտիկ եւ շատ մտերիմ յարաբերութեան մէջ գալով։ (Յովհաննու 14։2, 3) Համբերելու համար ի՜նչ զօրաւոր դրդապատճառ մը։ Մեծ բազմութեան համար ալ քաջալերական է գիտնալ որ «առաւօտեան աստղը» շուտով իր թագաւորական հեղինակութիւնը ի գործ պիտի դնէ, երկրի վրայ Դրախտը վերահաստատելու համար։

Ուղղամտութիւն Պահենք

20. Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ ի՞նչ զարգացումներ մեզի կը յիշեցնեն Թիւատիրի ժողովքին կարգ մը տկարութիւնները։

20 Այս պատգամը մեծապէս քաջալերած ըլլալու էր Թիւատիրի Քրիստոնեաները։ Երեւակայեցէք որ երկնքի մէջ Աստուծոյ փառաւորեալ Որդին անձամբ խօսած էր Թիւատիրի Քրիստոնեաներուն, իրենց ունեցած կարգ մը խնդիրներուն շուրջ։ Անկասկած, ժողովքին մէջ առնուազն ոմանք ընդառաջեցին այսպիսի սիրալիր հովուութեան։ Եօթը պատգամներէն ամենէն երկար եղող այս պատգամը մեզի կ’օգնէ որ ներկայիս ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքը ճանչնանք։ 1918–ին, երբ Յիսուս դատաստանի համար Եհովայի տաճարը եկաւ, Քրիստոնեայ դաւանող կազմակերպութիւններուն հսկայ մեծամասնութիւնը կռապաշտութեամբ եւ հոգեւոր անբարոյութեամբ արատաւորուած էր։ (Յակոբու 4։4) Ոմանք իրենց հաւատքը հիմնած էին ԺԹ. դարու ազատախոհ կիներու ուսուցումներուն վրայ, ինչպիսին էին Շաբաթապահ Գալստականներու Էլէն Ուայթը եւ Քրիստոնեայ Գիտնականներու աղանդին Մէյրի Պէյգըր Էտտին, իսկ աւելի վերջերս բազմաթիւ կիներ սկսած են քարոզել ամպիոնէն։ (Հակադրել՝ Ա. Տիմոթէոս 2։11, 12) Տարբեր ձեւի Կաթողիկէներու մէջ, Մարիամը յաճախ Աստուծմէ եւ Քրիստոսէ աւելի պատուուած է։ Յիսուս այդպիսի պատիւ մը չտուաւ անոր։ (Յովհաննու 2։4. 19։26) Այն կազմակերպութիւնները որոնք իգական այսպիսի անօրէն ազդեցութիւններ կ’ընդունին, կարելի՞ է ընդունիլ որպէս քրիստոնէական։

21. Թիւատիրի տուած Յիսուսի պատգամէն ի՞նչ դասեր կը սորվինք անհատապէս։

21 Անհատապէս՝ Քրիստոնեաներ լաւ կ’ընեն այս պատգամին ուշադրութիւն ընծայելով, ըլլան Յովհաննէս դասակարգէն թէ ուրիշ ոչխարներէն։ (Յովհաննու 10։16) Ոմանք կրնան փորձուիլ աւելի դիւրին ընթացքի մը հետեւիլ, ինչպէս Թիւատիրցի Յեզաբէլի աշակերտները ըրին։ Կայ նաեւ համակերպելու փորձութիւնը։ Ներկայիս արիւնով շինուած բաներ ուտելու կամ արեան ներարկում ընդունելու նման դիմագրաւելիք հարցեր կան։ Ոմանք կրնան խորհիլ որ ծառայութեան մէջ եռանդուն ըլլալը, կամ դասախօսութիւններ տալը իրենց արտօնութիւն կու տայ ուրիշ մարզերու մէջ նուազ խիստ ըլլալու, ինչպէս՝ վայրագ եւ անբարոյ շարժապատկերներ եւ պատկերիզներ դիտելու, կամ խմիչքի մէջ չափազանցելու։ Թիւատիրի Քրիստոնեաներուն տուած Յիսուսի ազդարարութիւնը մեզի կ’ըսէ որ այսպիսի ազատութիւններ չառնենք։ Եհովա կ’ուզէ որ մաքուր ու բոլորանուէր ըլլանք եւ Թիւատիրի շատ մը Քրիստոնեաներուն նման բաժնուած չըլլանք։

22. Յիսուս ի՞նչպէս կը շեշտէ լսող ականջ մը ունենալու կարեւորութիւնը։

22 Վերջապէս Յիսուս կ’ըսէ. «Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն»։ (Յայտնութիւն 2։29) Չորրորդ անգամ ըլլալով Յիսուս հոս կը կրկնէ այս ոգեւորիչ յանկերգը, եւ անով պիտի եզրափակէ մնացեալ երեք պատգամները։ Ընդառաջող ականջ մը ունի՞ք։ Ուրեմն, ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք, մինչ Աստուած իր հոգիին միջոցաւ կը շարունակէ խրատներ տալ իր գործածած խողովակին միջոցաւ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 11 Օրինակի համար, տես՝ «Հաւատարիմ Քրիստոնեայ Կիներ՝ Աստուծոյ Թանկագին Երկրպագուներ» յօդուածը, Դիտարան 1 Նոյեմբեր 2003 թիւին մէջ։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկարներ՝ էջ 51]

Ներկայիս, վկայութեան գործին մեծ մասը կը կատարուի հաւատարիմ քոյրերու կողմէ, որոնք համեստութեամբ թիկունք կը կանգնին աստուածպետական հեղինակութեան