Յայտնութիւն—Անոր ուրախ յանգումը
Գլուխ 1
Յայտնութիւն—Անոր ուրախ յանգումը
1. Ի՞նչպէս գիտենք որ Աստուած կ’ուզէ որ ուրախ ըլլանք։
ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ. Աստուածաշունչի այս խայտալի գիրքը աստուածային արձանագրութիւնը ուրախ յանգումի մը կը հասցնէ։ Ինչո՞ւ կ’ըսենք «ուրախ»։ Քանի որ Աստուածաշունչի Հեղինակը նկարագրուած է որպէս «ուրախ Աստուած», որ զինք սիրողներուն կը վստահի «փառաւոր աւետարան»ը։ Ան կ’ուզէ որ մենք ալ ուրախ ըլլանք։ Անոր համար, սկիզբէն իսկ Յայտնութիւնը հետեւեալ երաշխիքը կու տայ. «Երանի՜ անոր որ կը կարդայ . . . այս մարգարէութեան խօսքերը»։ Անոր վերջին գլուխին մէջ մեզի ըսուած է. «Երանի՜ անոր որ կը պահէ այս գրքին մարգարէութեան խօսքերը»։—Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ. Յայտնութիւն 1։3. 22։7
2. Յայտնութիւն գրքին միջոցաւ ուրախութիւն գտնելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։
2 Յայտնութիւն գրքին միջոցաւ ի՞նչպէս ուրախութիւն կը գտնենք։ Անոր վառ նշաններուն կամ խորհրդանիշներուն իմաստը փնտռելով եւ անոնց համաձայն վարուելով։ Մարդկութեան փոթորկալից պատմութիւնը շուտով աղիտալի յանգումի մը պիտի հասնի, երբ Աստուած եւ Յիսուս Քրիստոս դատաստան ի գործ դնեն ներկայ ամբարիշտ դրութեան վրայ, զայն փոխարինելով ‘նոր երկնքով ու նոր երկրով’ մը, ուր նոյնիսկ «մահ պիտի չըլլայ»։ (Յայտնութիւն 21։1, 4) Բոլորս ալ չե՞նք փափաքիր այսպիսի նոր աշխարհի մը մէջ ապրիլ, իրական խաղաղութեամբ ու ապահովութեամբ։ Ասիկա կարելի է, եթէ մեր հաւատքը կերտենք Աստուծոյ Խօսքին՝ մէջը ըլլալով Յայտնութեան ոգեւորիչ մարգարէութեան՝ ուսումնասիրութեամբ։
Աբոքալիբսը Ի՞նչ Է
3. Շատերու համար ի՞նչ կը նշանակէ Աբոքալիբսը եւ Արմագեդոնը։
3 Յայտնութիւնը նաեւ Աբոքալիբս կոչուած չէ՞։ Այո, քանի որ «յայտնութիւն»ը Յունարէն բնագրին մէջի ա·բո·քալի·բսիս բառին Հայերէն թարգմանութիւնն է։ Շատեր Աբոքալիբսը կը համեմատեն կորիզային պատերազմով աշխարհի կործանման հետ։ Թէքսասի (Ա.Մ.Ն.) քաղաքներէն մէկուն մէջ, ուր մեծ թիւով կորիզային ռազմագլուխներ շինուեցան, կրօնասէր անհատներ կ’ըսէին. «Մենք առաջին գացողները պիտի ըլլանք»։ Տեղեկագրուած է որ այդ շրջանի կղերները համոզուած էին որ «Արմագեդոնը ո՛չ միայն անխուսափելի է, այլ նաեւ շատ մօտ է, եւ թէ բարիի ու չարի, Աստուծոյ ու Սատանայի ուժերու միջեւ վերջնագոյն պատերազմը տեղի պիտի ունենայ կորիզային ողջակիզութեամբ»։ *
4. «Աբոքալիբս» բառը իրապէս ի՞նչ կը նշանակէ եւ Աստուածաշունչի վերջին գիրքը ինչո՞ւ տեղին ըլլալով «Յայտնութիւն» կոչուած է։
4 Բայց իրապէս ի՞նչ է աբոքալիբսը։ Թէեւ բառարանները զայն կը սահմանեն որպէս «տիեզերական մօտալուտ աղէտ մը», բայց Յունարէն ա·բո·քալի·բսիս բառը հիմնականօրէն կը նշանակէ «քօղազերծել» կամ «երեւան հանել»։ Անոր համար, Աստուածաշունչի վերջին գիրքը տեղին ըլլալով կոչուած է՝ «Յայտնութիւն»։ Անոր մէջ ո՛չ թէ աշխարհի կործանման չարաշուք պատգամը կը գտնենք, այլ՝ աստուածային ճշմարտութիւններուն յայտնուիլը, որոնք մեր սրտերուն մէջ վառ յոյս եւ անսասան հաւատք պէտք է կերտեն։
5. (ա) Արմագեդոնին որո՞նք պիտի կործանին եւ որոնք պիտի վերապրին։ (բ) Արմագեդոնէն վերապրողներուն ի՞նչ հոյակապ ապագայ մը կը սպասէ։
5 Ճիշդ է որ Աստուածաշունչի վերջին գրքին մէջ Արմագեդոնը նկարագրուած է որպէս «Ամենակալ Աստուծոյ այն մեծ օրուանը պատերազմ»ը։ (Յայտնութիւն 16։14, 16) Սակայն անիկա կորիզային ողջակիզութենէ շա՜տ տարբեր պիտի ըլլայ։ Այդպիսի ողջակիզութիւն մը, հաւանաբար երկրի երեսէն կեանքը ամբողջովին բնաջինջ ընէ։ Աստուծոյ Խօսքը, ընդհակառակը, այն ուրախ երաշխիքը կու տայ թէ միայն Աստուծոյ կամքին ամբարիշտ հակառակողներն են որ պիտի կործանին, Աստուծոյ ղեկավարութեան ներքեւ եղող ուժերու կողմէ։ (Սաղմոս 37։9, 10. 145։20) Բոլոր ազգերէ եկած մարդոց մեծ բազմութիւն մը, Արմագեդոնի աստուածային դատաստանի գործադրումէն պիտի վերապրի։ Այն ատեն Քրիստոս Յիսուս որպէս հովիւ, դրախտ երկրի մէջ յաւիտենական կեանքի պիտի առաջնորդէ զիրենք։ Չէ՞ք ուզեր անոնցմէ մէկը ըլլալ։ Բարեբախտաբար, Յայտնութիւն գիրքը ցոյց կու տայ որ կրնա՛ք ըլլալ։—Յայտնութիւն 7։9, 14, 17
Աստուածային Գաղտնիքները Յայտնաբերել
6. Տարիներու ընթացքին, Յայտնութիւն գրքին վրայ լոյս սփռող ի՞նչ գրքեր հրատարակուած են Եհովայի Վկաներուն կողմէ։
6 Դիտարանի Ընկերութիւնը 1917–ին իսկ, Կատարուած Խորհուրդը խորագրով գիրքը հրատարակեց։ Ասիկա Եզեկիէլի եւ Յայտնութիւն գրքերուն համար–առ–համար բացատրութիւն մըն էր։ Ապա, մինչ աշխարհի դէպքերը կը շարունակէին երեւան հանել Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն կատարումը, ժամանակայարմար երկու հատորով աշխատասիրութիւն մը պատրաստուեցաւ ու 1930–ին հրատարակուեցաւ, որուն խորագիրն էր՝ Լոյս։ Ասիկա Յայտնութիւն գրքին աւելի այժմէական ուսումնասիրութիւն մըն էր։ Լոյսը շարունակուեցաւ ‘ծագիլ արդարին համար’, այնպէս որ 1963–ին, Եհովայի Վկաները հրատարակեցին 704 էջնոց՝ «Ինկա՜ւ Մեծ Բաբելոնը». Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կ’Իշխէ խորագրով գիրքը։ Ասիկա ամենայն մանրամասնութեամբ կու տար Մեծն Բաբելոնի՝ սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութեան՝ բարձրացման ու անկման պատմութիւնը եւ Յայտնութիւն գրքի վերջին ինը գլուխներու ուսումնասիրութեամբ վերջ կը գտնէր։ Մինչ ‘արդարներուն ճամբան երթալով կը լուսաւորուէր’, մասնաւորաբար ժողովքային գործունէութիւններու առնչութեամբ, 1969–ին անոր յաջորդեց 384 էջնոց հատոր մը՝ ‘Ապա Աստուծոյ Խորհուրդը Պիտի Կատարուի’, որ Յայտնութիւն գրքին առաջին 13 գլուխները նկատի կ’առնէր։—Սաղմոս 97։11. Առակաց 4։18, ՆԱ
7. (ա) Եհովայի Վկաները ինչո՞ւ հայթայթած են Յայտնութեան մասին այս գիրքը։ (բ) Այս գրքին մէջ ուսուցումի օժանդակող ի՞նչ բաներ հայթայթուած են ընթերցողներու օգտին համար։
7 Արդ, մեր օրերուն ինչո՞ւ Յայտնութեան մասին ուրիշ գիրք մը հրատարակուեցաւ ու կրկին տպագրուեցաւ։ Հրատարակուած տեղեկութիւնները շատ մանրամասնուած էին եւ կարելի չէր զանոնք թարգմանել ու համայն աշխարհի մէջ հրատարակել շատ մը լեզուներով։ Ուստի յարմար տեսնուեցաւ մէկ հատորով գիրք մը հրատարակել Յայտնութեան մասին, եւ այնպիսի կազմուածքով մը որ շատ մը լեզուներով դիւրութեամբ կարելի ըլլայ վերարտադրել։ Ասկէ զատ, առիթէն օգտուելով, այս հատորով ուսուցումի օժանդակող բաներ՝ պատկերներ, ցուցակներ եւ ամփոփումներ հայթայթած ենք, որպէսզի ընթերցողները կարենան այս հոյակապ մարգարէութեան մեծ կարեւորութիւնը յստակօրէն ըմբռնել։
8. Այս գիրքը հրատարակելու տակաւին աւելի զօրաւոր պատճառը ի՞նչ է։
8 Այս գիրքը հրատարակելու տակաւին աւելի զօրաւոր պատճառը՝ ներկայ ճշմարտութիւններուն հետ քայլ պահելն է։ Եհովա հետզհետէ աւելի լոյս կը սփռէ իր Խօսքին իմաստին վրայ, եւ կրնանք ակնկալել որ որքան մեծ նեղութեան մօտենանք, Յայտնութեան եւ ուրիշ մարգարէութիւններու հասկացողութիւնը աւելի յստակ պիտի ըլլայ։ (Մատթէոս 24։21. Յայտնութիւն 7։14) Լաւատեղեակ ըլլալը կարեւոր է։ Ինչպէս Պետրոս առաքեալ գրեց աստուածային մարգարէութեանց մասին. «Աղէկ կ’ընէք՝ եթէ անոր ուշադրութիւն ընէք, որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը, մինչեւ ցորեկը լուսնայ ու արուսեակը սրտերնուդ մէջ ծագի»։—Բ. Պետրոս 1։19
9. (ա) Միւս մարգարէութիւններու կողքին, Յայտնութիւնը ցոյց կու տայ որ Աստուած ի՞նչ պիտի ստեղծէ։ (բ) Նոր աշխարհը ի՞նչ է եւ ի՞նչպէս կրնաք անոր մէջ մտնել։
9 Յայտնութիւնը Աստուածաշունչի շատ մը ուրիշ մարգարէութիւններուն վրայ իր վկայութիւնը կ’աւելցնէ, ցոյց տալով որ Եհովա Աստուած նպատակադրած է նոր երկինք ու նոր երկիր ստեղծել։ (Եսայեայ 65։17. 66։22. Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։1-5) Անոր պատգամը գլխաւորաբար ուղղուած է օծեալ Քրիստոնեաներուն, զորս Յիսուս իր արիւնովը գնած է, որպէսզի նոր երկնքի մէջ իրեն հետ իշխանակիցներ ըլլան։ (Յայտնութիւն 5։9, 10) Սակայն, այս բարի լուրը միլիոնաւոր ուրիշներու ալ հաւատքը պիտի զօրացնէ, որոնք կը յուսան Քրիստոսի Թագաւորութեան ներքեւ յաւիտենական կեանք ունենալ։ Դուք անոնցմէ մէ՞կն էք։ Ուրեմն, Յայտնութիւնը պիտի ամրապնդէ, որպէս նոր երկրին մէկ մասը, Դրախտին մէջ ապրելու ձեր յոյսը, ուր անվերջ խաղաղութիւն, կայտառ առողջութիւն եւ Աստուծոյ կողմէ տեղացող ճոխ բարիքներ պիտի վայելէք։ (Սաղմոս 37։11, 29, 34. 72։1, 7, 8, 16) Եթէ կը փափաքիք այդ նոր աշխարհին մէջ մտնել, ստիպողական, նոյնիսկ պարտադիր է որ հիմա մօտ եղող պատմական յանգումին շուրջ Յայտնութեան վառ նկարագրութեան ուշադրութիւն ընծայէք։—Սոփոնեայ 2։3. Յովհաննու 13։17
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 3 Süddeutsche Zeitung, Միւնիխ, Գերմանիա, 24 Յունուար 1987։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 7]