Մովսիսական Օրէնքը ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար
Գլուխ 19
Մովսիսական Օրէնքը ի՞նչ կը նշանակէ ձեզի համար
1. (ա) Ի՞նչ բան կը մատնանշէր որ Հ.Դ. 36–էն սկսեալ անթլփատ հեթանոսները Եհովայի կողմէ ընդունուեցան որպէս Քրիստոնեաներ։ (բ) Ո՞ր հարցին մասին կարգ մը Քրիստոնեաներ ընդվզեցան։
ՊՕՂՈՍ առաքեալի օրերուն շատ տաք կերպով ծեծուած հարցերէն մէկն էր, թէ արդեօք Քրիստոնեայ դարձած հեթանոսները Մովսիսական Օրէնքին պահանջներուն համակերպելու ստիպուած էին թէ ոչ։ Ճիշդ է որ Հ.Դ. 36–ին, սուրբ հոգին իջած էր անթլփատ հեթանոսներուն վրայ։ Այսուհանդերձ, կարգ մը Հրէական ծագում ունեցող Քրիստոնեաներ համոզուած էին, որ ուրիշ ազգերէն եկող այս աշակերտները պէտք էր թլփատուէին եւ անոնց պէտք էր սորվեցնել որ Մովսիսական Օրէնքը պահեն։ Բայց իրականութեան մէջ, անհրաժե՞շտ էր որ անոնք Օրէնքը կամ անոր մէկ մասը պահէին։ Հ.Դ. 49–ին, այս հարցը Երուսաղէմի կառավարիչ մարմինին ներկայացուեցաւ։—Գործք 10։44–48. 15։1, 2, 5
2. Այս հարցը ինչո՞ւ կը հետաքրքրէ մեզ։
2 Այս հարցին վերջնական արդիւնքը մեծապէս կը հետաքրքրէ մեզ։ Ինչո՞ւ. ոչ միայն անոր համար որ երբեմն մարդոց կը հանդիպինք, որոնք կ’առարկեն որ Քրիստոնեաները Օրէնքին կարգ մը մասերը պէտք է պահեն, ինչպէս Շաբաթը պահելը, այլ քանի որ Աստուածաշունչը ինք կ’ըսէ թէ «Օրէնքը սուրբ է՝ ու պատուիրանքը՝ սուրբ եւ արդար ու բարի»։ (Հռովմայեցիս 7։12) Թէեւ անոր ակնարկուած է որպէս Մովսիսական Օրէնք, քանի որ Մովսէսի միջնորդութեամբ եղած էր Օրէնքի ուխտը. բայց այդ Օրինագիրքը ուղղակի Եհովայէն ծագում առած էր։—Ելից 24։3, 8
ԻՆՉՈ՞Ւ ՕՐԷՆՔԸ
3. Օրէնքը ինչո՞ւ տրուեցաւ Իսրայէլի։
3 Օրէնքին հանդէպ մեր կեցուածքը մեծ մասամբ կախեալ է մեր հասկացողութենէն թէ Եհովա ինչո՛ւ տուաւ այդ Օրէնքը Իսրայէլ ազգին։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Օրէնքը աւելցաւ [Աբրահամական ուխտին վրայ]՝ յանցանքը յայտնելու համար, մինչեւ գայ այն սերունդը՝ որուն խոստացուեր էր ...։ Ուրեմն օրէնքը մեր դաստիարակը եղաւ՝ մեզ Քրիստոսին բերելու, որպէսզի մենք հաւատքով արդարանանք»։ (Գաղատացիս 3։19, 24) Օրէնքը ինչպէ՞ս ըրաւ ասիկա։
4. (ա) Օրէնքը ինչպէ՞ս «յանցանքը յայտնելու համար» եղաւ։ (բ) Անիկա ինչպէ՞ս հաւատարիմները Քրիստոսի առաջնորդեց։
4 Ան կեանքի բոլոր մարզերը պարունակող կատարեալ օրինակ մը առաջարկելով, Հրեաներուն մեղաւորներ ըլլալը ցցուն ըրաւ։ Բացայայտ էր որ հակառակ իրենց ունեցած լաւ միտումներուն եւ ժրաջան ջանքերուն, անոնք չէին կրնար անոր պահանջներուն գոհացում տալ։ Հրեան գործածելով որպէս անկատար մարդկային ընտանիքին օրինակը, Օրէնքը ամբողջ աշխարհին ուզեց հասկցնել, մէջը ըլլալով մեզի, որ մեղաւորներ ենք եւ աստուածային պատիժին արժանի։ (Հռովմայեցիս 3։19, 20) Այսպիսով, մարդկութեան համար փրկիչի մը կարիքը կը շեշտէր եւ ուստի հաւատարիմներուն ուշադրութիւնը Յիսուս Քրիստոսի դարձուց որպէս այդ Փրկիչը։ Ի՞նչ կերպով։ Իրապէս Օրէնքը յստակօրէն Յիսուսի մատնանշեց որպէս միակ անհատը որ կատարելապէս պահեց օրէնքը, միակ անմեղ մարդը ըլլալով։ Օրէնքին ներքեւ կատարուող անասնական զոհերը միայն սահմանափակ արժէք մը ունէին, բայց որպէս կատարեալ մարդ մը, Յիսուս իր կեանքը զոհ մատուցանելով կրնար իրապէս վերցնել մեղքը եւ յաւիտենական կեանքին ճամբան բանալ բոլոր հաւատացողներուն առջեւ։—Յովհաննու 1։29. 3։16. Ա. Պետրոս 1։18, 19
5. Տրուած համարներուն հիման վրայ, այս պարբերութեան հարցումներուն պատասխանեցէք։
5 Այս բոլոր վերոյիշեալ տեղեկութիւնները ի մտի ունենալով, ինչպէ՞ս կը պատասխանէք հետեւեալ հարցումներուն։
Մովսիսական Օրէնքը բոլո՞ր մարդոց կիրարկելի էր։ (Սաղմոս 147։19, 20. Ելից 31։12, 13)
Եհովա որեւէ կերպով Իսրայէլի մատնանշե՞ց որ Օրէնքի ուխտը օր մը պիտի վերջանար։ (Երեմիա 31։31-33. Եբրայեցիս 8։13)
Օրէնքը չեղեալ նկատուելէ ետք, Տասը Պատուիրանները՝ մէջը ըլլալով Շաբաթը պահելու օրէնքը, տակաւին ի զօրո՞ւ էին։ (Կողոսացիս 2։13, 14, 16. Բ. Կորնթացիս 3։7–11 [Ելից 34։28–30–ի լոյսին տակ]. Հռովմայեցիս 7։6, 7)
Եհովա ի՞նչ միջոցաւ Օրէնքի ուխտին վերջ դրաւ։ (Կողոսացիս 2։13–17. Մատթէոս 5։17, 18. Հռովմայեցիս 10։4)
6. Երբ անհատ մը պնդէ որ Մովսիսական Օրէնքը տակաւին ի զօրու է, ասիկա ի՞նչ կը պարունակէ իր մէջ։
6 Այս լուսաբանութեան ի տես, Մովսիսական Օրէնքին տակաւին ի զօրու ըլլալը պնդող մը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ։ Իրականութեան մէջ, ասիկա Յիսուս Քրիստոսի հաւատքը մերժել է։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Քանի որ այսպիսի տեսակէտ մը կը մերժէ այն իրողութիւնը որ Յիսուս Օրէնքը կատարեց, այսպիսով ճամբան հարթելով որ Աստուած վերջացնէ զայն։ Պօղոս առաքեալ շատ ազդեցիկ կերպով գրեց այն անհատներուն, որոնք կը դաւանին Քրիստոնեաներ ըլլալ եւ սակայն Օրէնքը կամ անոր մէկ մասը պահելու հակումը ունին, ըսելով. «Խափանուած էք Քրիստոսէն եւ շնորհքէն ինկած, եթէ օրէնքով կ’արդարանաք»։—Գաղատացիս 5։4. տես նաեւ Հռովմայեցիս 10։2–4։
7. (ա) Օրէնքին կարգ մը երեսակները պահել առաջարկողները ի՞նչ բան լման կերպով չեն գնահատեր։ (բ) Քրիստոնէական գործերը որքա՞ն կարեւոր են, եւ ասոնք ի՞նչ կապ ունին մեր յաւիտենական կեանք ստանալուն հետ։
7 Անոնք որոնք կը պատճառաբանեն որ Օրէնքին որոշ երեսակները պէտք է պահուին, իրապէս լման կերպով չեն հասկցած որ Աստուծոյ առջեւ արդար ըլլալը կախեալ չէ Օրէնքին գործերէն, այլ՝ Յիսուսի զոհագործութեան Գաղատացիս 3։11, 12) Անոնք կը խորհին որ անհատ մը այսպիսի գործերով պէտք է արդարանայ, բան մը որ անկարելի է անկատար մարդոց համար։ Արդարեւ, կարեւոր է գործել Քրիստոնեաներուն հետ կապ ունեցող Աստուծոյ եւ Քրիստոսի պատուէրներուն հնազանդելով։ (Յակոբու 2։15–17. Մատթէոս 28։19, 20) Ասոնք մեր սէրը եւ հաւատքը ապացուցանող միջոցներ են. անոնց պակասը կը նշանակէ որ մեր հաւատքը մեռած է։ Սակայն, որքան ալ ծանր աշխատինք, չենք կրնար մեր փրկութիւնը շահիլ։ Առանց Յիսուս Քրիստոսի զոհագործութեան, ո՛չ մեղքէն եւ ոչ ալ մահուընէ ազատում կարելի է։ Ուստի, յաւիտենական կեանքը պարգեւ մըն է Աստուծմէ, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, անբաղդատելի անարժան ողորմութեան արտայայտութիւն մը եւ ոչ թէ մեր գործերուն համար տրուած վարձատրութիւն մը։—Եփեսացիս 2։8, 9. Հռովմայեցիս 3։23, 24. 6։23
արժէքին հաւատք ընծայելէն։ (8. Առաջին դարու կառավարիչ մարմինը ի՞նչ որոշում առաւ հեթանոսութենէն եկող Քրիստոնեաներուն Մովսիսական Օրէնքը պարտադրելու հարցին շուրջ։
8 Առաջին դարուն, երբ ոչ–Հրեայ Քրիստոնեաներուն Մովսիսական Օրէնքին կիրարկման հարցը Երուսաղէմի կառավարիչ մարմինին ներկայացուեցաւ, ան այս բոլոր իրողութիւնները նկատի ունենալով որոշումի մը հանգեցաւ։ Ան գիտակցեցաւ որ Եհովա հեթանոս հաւատացեալներէն չէր պահանջած Օրէնքին գործերը կատարել, իր սուրբ հոգին անոնց վրայ թափելէ առաջ։ Ճիշդ է որ կառավարիչ մարմինը Օրէնքին կարգ մը բաները նշեց որպէս «հարկաւոր բաներ», սակայն անոնք Աստուածաշունչի արձանագրութեան այն դէպքերուն վրայ հիմնուած էին, որոնք Օրէնքին տրուելէն առաջ արգիլուած էին։ Ուստի, կառավարիչ մարմինը որեւէ կերպով Մովսիսական Օրէնքը կամ անոր մէկ մասը պահել չէր պարտադրեր հեթանոսներուն, այլ այս չափանիշները Մովսէսէ առաջ տրուած բաներուն համաձայն էին։—Գործք 15։28, 29. բաղդատել Ծննդոց 9։3, 4. 34։2–7. 35։2–5։
9. (ա) Հիմա Աստուած Հրեաներէն կը պահանջէ՞ Մովսիսական Օրէնքը պահել։ (բ) Քրիստոսի մահուան կերպը ի՞նչ մասնաւոր բան մը հայթայթեց իրենց համար։
Գաղատացիս 3։10–13) Այս կերպով, անոնք թողութիւն ստացան, ինչ որ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ անկարելի պիտի ըլլար։—Գործք 13։38, 39
9 Հ.Դ. 33–ի Պէնտէկոստէէն ետք, նոյնիսկ Հրեաներէն չէր պահանջուած որ Մովսիսական Օրէնքին ենթարկուին։ Հաւատք ունեցող Հրեաները ասոր մէջ հրճուելու մասնաւոր պատճառ մը ունէին։ Ինչո՞ւ. թէեւ հեթանոսներըն ալ մեղաւորներ եւ մահկանացուներ էին, սակայն միայն Հրեաները Օրէնքի ուխտը բռնաբարած ըլլալով Աստուծոյ անէծքին ներքեւ եկած էին։ Բայց Քրիստոս՝ իր մեռած կերպով, այսինքն, ցիցի մը վրայ որպէս ոճրագործ մը մեռնելով, Հրեաներուն տեղը առաւ, որոնք իրեն պիտի հաւատային եւ զիրենք ազատագրեց այն պատիժէն որ իրենց վրայ պիտի գար որպէս Օրէնքը բռնաբարողներ։ (10. Օրէնքին վերցուիլը ի՞նչ կերպով պաշտամունքի միութեան նպաստեց։
10 Օրէնքը իրապէս զատած էր Հրեաները ուրիշ ազգերէն։ Հրեաները այնպիսի պատուէրներու ներքեւ էին, որոնցմէ ազատ էին անթլփատ հեթանոսները, իսկ այս վերջիններն ալ չէին կրնար լման կերպով մասնակցիլ իրենց պաշտամունքին։ (Բաղդատել Ելից 12։48. Գործք 10։28)։ Բայց անգամ մը որ Օրէնքը իր նպատակին ծառայեց եւ վերցուեցաւ, կարելի եղաւ որ Քրիստոսի միջոցաւ Հրեաները եւ անթլփատ հեթանոսները իրարու միանան, միակ ճշմարիտ Աստուծոյ պաշտամունքին մէջ։—Եփեսացիս 2։11–18
ՕՐԷՆՔԸ ՃԱՆՉՆԱԼԸ ՕԳՏԱԿԱՐ Է ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ
11. Օրէնքին մասին գիտութիւն ունենալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի Քրիստոսի վարդապետութիւնը հասկնալու։
11 Թէեւ մենք այսօր Օրէնքին տակ չենք, սակայն զայն ճանչնալը մեծապէս օգտակար է մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար։ Ի՞նչ կերպով։ Չմոռնանք որ Յիսուս Հրեայ մօրմէ մը ծնաւ եւ Մովսիսական Օրէնքին ներքեւ եկաւ։ Իր ըրած կարգ մը բաները կարելի է հասկնալ միայն Օրէնքին պահանջներէն տեղեակ ըլլալով։ (Գաղատացիս 4։4. տես Ղուկաս 22։7, 8)։ Դարձեալ, այդ Օրէնքին ներքեւ եղող ժողովուրդին մէջ Յիսուս ծառայեց։ Ուստի, իր ուսուցումը յաճախ կապուած էր Օրէնքին հետ կապ ունեցող վիճակներու հետ։—Բաղդատել Մատթէոս 5։23, 24։
12. (ա) Յիսուս ի՞նչ կապակցութիւն ցոյց տուաւ իր կեանքին եւ Մովսիսական Օրէնքին միջեւ։ (բ) Պօղոս առաքեալ ինչպէ՞ս Օրէնքին մասին գիտութիւն ունենալու կարեւորութիւնը ցոյց տուաւ։ (գ) Անոր պահանջներուն հոգեւոր հասկացողութիւնը ունենալուն արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ մեզի համար։
12 Իր յարութենէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն վերյիշեցուց որ որպէս մարդ մը, իր կեանքով ինք կատարեց ինչ որ Օրէնքին, մարգարէներուն եւ Սաղմոսներուն մէջ գրուած էր։ (Ղուկաս 24։44) Նաեւ, Պօղոս առաքեալ Օրէնքի ուխտին հետ կապ ունեցող կարգ մը բաներուն ակնարկեց որպէս ‘երկնային բաներուն նմանութիւնը եւ շուքը’ եւ ան ըսաւ որ «Օրէնքը գալիք բարիքներուն շուքն է»։ (Եբրայեցիս 8։4, 5. 10։1) Մովսիսական Օրէնքը իր մէջ կը մարմնաւորէր հոյակապ մանրամասնութիւններ, որոնք իրականացան Յիսուս Քրիստոսի քահանայութեամբ եւ իր մարդկային կեանքին զոհագործութեամբ։ Այս բաները ըմբռնելով կրնանք հասկնալ այդ բոլոր հայթայթումներուն իմաստը։ Այդ մարգարէական օրինակներուն մէջ կային մանրամասնութիւններ, որոնք կը մատնանշէին թէ այսօր ինչպէ՛ս կրնանք Եհովան պաշտել ընդունելի կերպով մը իր հոգեւոր մեծ տաճարին մէջ։ Մինչ այս բաներուն մասին մեր հասկացողութիւնը կ’աւելնայ, այն ատեն հոգիէն ծնած ժողովքին եւ մեր պաշտամունքին կապակցաբար ու Յիսուս Քրիստոսի ներքեւ անոր ունեցած դերին հանդէպ մեր գնահատութիւնն ալ պիտի աւելնայ։
13. Օրէնքին մէջ յայտնաբերուած գեղեցիկ սկզբունքներուն մասին խոկալը ինչո՞ւ օգտակար է։
13 Մովսիսական Օրէնքը Աստուծոյ կողմէ ներշնչուած Սուրբ Գրութիւններուն մէկ մասն է, որոնք օգտակար են «սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու»։ (Բ. Տիմոթէոս 3։16) Եթէ ջանանք երեւան հանել այն սկզբունքները որոնց վրայ հիմնուած էր Օրէնքը եւ անոնց մասին խոկանք, մեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ Աստուծոյ հաճելի ըլլալու անկեղծ փափաք մը մշակել մեր սրտերուն մէջ։ Եթէ կարենանք Օրէնքին մատնանշած հոգիին թափանցել եւ այդ հոգին ցոլացնենք մեր կեանքին մէջ, որքա՜ն շինիչ պիտի ըլլայ անիկա մեզի համար։
14. (ա) Յիսուս ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ Օրէնքին պահանջներուն մատնանշած հոգին ըմբռնելու արժէքը։ (բ) Օրէնքին մէջ մարմնաւորուած կարգ մը ուրիշ գեղեցիկ սկզբունքները ցոյց տուէք, ինչպէս ներկայացուած է 152–րդ էջին վրայ։ (գ) Այս բաները գնահատելով ինչպէ՞ս աւելի հաճելի կը դառնանք Աստուծոյ։
14 Յիսուս ասիկա ուզեց հասկցնել իր Լերան Քարոզին մէջ։ Տակաւին Օրէնքին ներքեւ եղող մարդոց ուղղելով իր խօսքը, ան ցոյց տուաւ որ փոխանակ մարդասպանութենէ զգուշանալու, իրենց սրտերէն պէտք էր վանէին բարկութեան եւ իրենց եղբայրները վարկաբեկող խօսակցութեան ամէն հակում։ Փոխանակ պոռնկութիւն չընելով բաւականանալու, անոնք նոյնիսկ ցանկութեամբ պէտք չէր նայէին կնոջ մը։ Ինչպէս անոնք, մենք ալ պէտք է գործածենք մեր մարմնին բոլոր անդամները, Եհովայի արդար ճամբաներուն համաձայն։ (Մատթէոս 5։21, 22, 27–30. տես նաեւ Հռովմայեցիս 13։8–10)։ Եթէ ասիկա ընենք, մենք ալ ցոյց տուած կ’ըլլանք որ Օրէնքին մեծագոյն պատուէրին իմաստը լաւ հասկցած ենք, որ կ’ըսէ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։ (Մատթէոս 22։36, 37) Ասիկա վստահաբար մեզ աւելի պիտի մօտեցնէ Եհովա Աստուծոյ։ Թէեւ Մովսիսական Օրէնքին տակ չենք, բայց շատ մեծ օգուտներ կրնանք ձեռք ձգել ճշգրիտ գիտութիւն ունենալով այն սկզբունքներուն մասին, որոնց վրայ հիմնուած է ան, ինչպէս նաեւ՝ անոր պարփակած մարգարէական օրինակներէն։
ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ
● Անոնք որոնք կը պնդեն Մովսիսական Օրէնքը պահել, ինչո՞ւ իրականութեան մէջ Քրիստոսը մերժած կ’ըլլան։
● Օրէնքին մասին գիտութիւն ունենալը ինչպէ՞ս կ’օգնէ մեզի հասկնալու Եհովայի ծրագրին մէջ Յիսուսի ունեցած դերը։
● Թէեւ Օրէնքին տակ չենք, զայն ուսումնասիրելով ի՞նչ արժէքաւոր բաներ կրնանք կռահել։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Շրջանակ՝ էջ 152]
Մովսիսական օրէնքին հիմնական սկզբունքներէն ոմանք
Աստուծոյ հանդէպ պատասխանատուութիւններ
Միայն Եհովան պաշտել Ելից 20։3. 22։20
Իր անունը յարգել Ելից 20։7. Ղեւտ. 24։16
Զինք սիրել եւ իրեն ծառայել Բ. Օրինաց 6։5. 10։12.30։16
բոլոր սրտով, հոգիով եւ զօրութիւնով
Անհնազանդ գտնուելէ վախնալ, զինք տհաճեցնելէ զարհուրիլ Բ. Օրինաց 5։29. 6։24
Իր հաճած կերպով մօտենալ իրեն Ղեւտ. 1։1–5. Թուոց 16։1–50.
Ձեր լաւագոյնը տալ. իրմէ եկած է Ելից 23։19. 34։26
Երկրպագուները ֆիզիքապէս մաքուր պէտք է ըլլան Ելից 19։10, 11. 30։20
Աշխարհային հետապնդումներու համար սրբազան շահերը Ելից 20։8–10. 34։21.
մէկ կողմ պէտք չէ դրուին Թուոց 15։32–36
Կրօնական արգիլուած սովորութիւններ
Կռապաշտութիւն Ելից 20։4–6. Բ. Օրինաց 7։25
Միջդաւանութիւն Ելից 23։13. 34։12–15.
Ոգեհարցութիւն, կախարդութիւն, գուշակութիւն, Ելից 22։18. Ղեւտ. 20։27.
հմայութիւն, բախտագուշակութիւն Բ. Օրինաց 18։10–12
Ամուսնութիւն եւ ընտանեկան կեանք
Շնութիւնը արգիլուած Ելից 20։14. Ղեւտ. 20։10
Եհովայի չծառայողի մը հետ չամուսնանալ Բ. Օրինաց 7։1–4
Ընտանիքի անդամներուն միջեւ սեռային յարաբերութիւնը արգիլուած Ղեւտ. 18։6–16. 20։11
Սեռային խեղաթիւրումէ խուսափիլ Ղեւտ. 18։23. 20։13
Անծին մանուկին կեանքը յարգել Ելից 21։22, 23
Ծնողքը յարգել Ելից 20։12. 21։15, 17.
Զաւակներուն սորվեցնել Եհովայի ճամբաները Բ. Օրինաց 6։4–9. 11։18-21
Ուրիշ անհատներու հանդէպ պարտականութիւններ
Մարդուն կեանքը սուրբ նկատել Ելից 20։13. Թուոց 35։9–34
Ընկերը սիրել. ոխ չպահել Ղեւտ. 19։17, 18
Տարեցները յարգել Ղեւտ. 19։32
Տնտեսական նեղութեան մէջ եղողներուն, Ղեւտ. 25։35–37.
որբերուն եւ այրիներուն ձեռնտու ըլլալ Բ. Օրինաց 15։7–11. 24։19–21
Խուլը եւ կոյրը չանարգել Ղեւտ. 19։14. Բ. Օրինաց 27։18
Գործի մէջ պարկեշտ ըլլալ Ղեւտ. 19։35, 36. 25։14
Ուրիշներուն ստացուածքը յարգել Ելից 20։15. 22։1, 6. 23։4.
Ուրիշներուն ունեցածին չցանկալ Ելից 20։17
Լուրջ յանցանք գործողները երեւան հանել Ղեւտ. 5։1. Բ. Օրինաց 13։6–11
Ճշմարտախօս ըլլալ. սուտ վկայութիւն չընել Ելից 20։16. 23։1, 2
Դիրքի պատճառով աչառութիւն չընել Ելից 23։3, 6. Ղեւտ. 19։15