Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մեր տան մէջ աստուածպաշտութիւն ի գործ դնենք

Մեր տան մէջ աստուածպաշտութիւն ի գործ դնենք

Գլուխ 18

Մեր տան մէջ աստուածպաշտութիւն ի գործ դնենք

1. (ա) Եհովայի ամուսնական չափանիշները գիտնալէ ետք, շատեր ի՞նչ ըրած են։ (բ) Բայց Քրիստոնէական ընտանեկան կեանքը ուրիշ ի՞նչ կը բովանդակէ։

ՄԵՐ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան սկիզբէն իսկ, մեր սորված սրտապնդիչ ճշմարտութիւններէն մէկն էր նաեւ ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքի հետ կապ ունեցող բաներ։ Գիտցանք որ Եհովան է ամուսնութեան սկիզբ Տուողը, նկատելով որ՝ Աստուածաշունչին մէջ՝ Ան ընտանիքներու համար լաւագոյն խրատները տուած է։ Այդ խրատներուն որպէս արդիւնք, շատեր իրենց ետին ձգած են սեռային անբարոյութիւնը եւ իրենց ամուսնութիւնը պատուաբեր կերպով արձանագրել տուած են։ Սակայն, ասկէ աւելին կը պահանջուի Քրիստոնեայ ընտանիքներէն։ Ան կը բովանդակէ նաեւ ամուսնական կապերը մնայուն պահելու հանդէպ մեր կեցուածքը, ընտանեկան պատասխանատուութիւնները ձեռք առնելու մէջ մեր կերպը եւ նաեւ ընտանիքի ուրիշ անդամներուն հետ մեր վարմունքը։—Եփեսացիս 5։33–6։4

2. (ա) Ամէն մարդ Աստուածաշունչէն իր սորվածը կը գործադրէ՞ տան մէջ։ (բ) Յիսուս եւ Պօղոս ինչպէ՞ս կը շեշտեն ասոր կարեւորութիւնը։

2 Միլիոնաւոր անհատներ շատ լաւ գիտեն ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ այս հարցերուն շուրջ։ Բայց երբ իրենց անձնական տուներուն մէջ այս խնդիրները դիմագրաւեն, իրենց գիտցածը չեն կիրարկեր։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մենք մեր մասին։ Վստահաբար մեզմէ ոչ մէկը կ’ուզէ նմանիլ այն անհատներուն զորս Յիսուս դատապարտեց, քանի որ անոնք Աստուծոյ պատուիրանը կ’անտեսէին, որ զաւակներէն կը պահանջէր իրենց ծնողները պատուել, պատճառաբանելով որ ձեւական աստուածպաշտութիւն մը բաւարար էր։ (Մատթէոս 15։4–9) Չենք ուզեր ըլլալ այնպիսի անհատներ որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց զայն «իրենց տանը» մէջ չեն գործադրեր։ Ընդհակառակը, պէտք է ուզենք ճշմարիտ աստուածպաշտութիւն ի գործ դնել, որ «մեծ շահավաճառութիւն մըն է»։—Ա. Տիմոթէոս 5։4. 6։6. Բ. Տիմոթէոս 3։5

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՔԱ՞Ն ԱՏԵՆ ՊԻՏԻ ՏԵՒԷ

3. (ա) Ի՞նչ կը պատահի շատ մը ամուսնութիւններու, եւ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր որոշումը։ (բ) Ամուսնութեան մնայուն ըլլալուն մասին վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխանելու համար ձեր Աստուածաշունչը գործածեցէք։

3 Երթալով, ամուսնական կապերը աւելի դիւրաբեկ կը դառնան։ Կարգ մը կողակիցներ որ 20, 30 կամ 40 տարիէ իրարու հետ են, հիմա կ’որոշեն ուրիշի մը հետ «նոր կեանք» մը սկսիլ։ Նաեւ, հիմա անսովոր չէ լսել որ երիտասարդ զոյգեր քանի մը ամիս ետք կ’ամուսնալուծուին։ Մեզի չի վերաբերիր ուրիշներուն ըրածը, բայց մենք՝ որպէս Եհովան պաշտողներ, Աստուած հաճեցնելու փափաք մը պէտք է ունենանք։ Իր Խօսքը ի՞նչ կ’ըսէ այս մասին։

Երբ այր եւ կին ամուսնանան, որքա՞ն ատեն պէտք է մտածեն իրար հետ մնալ։ (Հռովմայեցիս 7։2, 3. Մարկոս 10։6–9)

Աստուծոյ համար ամուսնալուծման միակ վաւերական պատճառը ի՞նչ է։ (Մատթէոս 19։3–9. 5։31, 32)

Եհովա ինչպէ՞ս կը դիտէ ամուսնալուծում մը որ իր Խօսքին մէջ արտօնուած չէ։ (Մաղաքիա 2։13-16)

Աստուածաշունչը բաժանումը կը յանձնարարէ՞ որպէս ամուսնական խնդիրներուն լուծումը։ (Ա. Կորնթացիս 7։10–13)

4. Հակառակ ներկայիս գոյութիւն ունեցող հակումին, ինչո՞ւ կարգ մը ամուսնութիւններ տակաւին տոկուն են։

4 Ինչո՞ւ կարգ մը ամուսնութիւններ կը դիմանան, մինչ ուրիշներ՝ նոյնիսկ Քրիստոնէութիւն դաւանողներու՝ կը քանդուին։ Անշուշտ ամուսնանալէ առաջ երկու կողմերուն հասուն ըլլալը յաճախ բանալի ազդակ մըն է։ Նաեւ, կարեւոր է գտնել կողակից մը որ նոյն տեսակէտները կը բաժնէ եւ որու հետ կրնաք ազատօրէն խօսիլ։ Բայց ասոնցմէ աւելի կարեւորը այն է, որ անհատը աստուածպաշտութիւնը գործադրող ըլլայ։ Եթէ անհատ մը իրապէս կը սիրէ Եհովան եւ համոզուած է որ Իր ճամբաները ուղիղ են, այն ատեն յարուցուած հարցերը լուծելու համար լաւ հիմ մը պիտի ունենայ։ (Սաղմոս 119։97, 104. Առակաց 22։19) Այսպիսի անհատի մը ամուսնութիւնը փխրուն պիտի չըլլայ, մտածելով որ եթէ իրենց միութիւնը չյաջողի, կրնայ բաժնուիլ կամ ամուսնալուծուիլ։ Ան իր կողակիցին տկարութիւնները զէնք գործածելով, իր պատասխանատուութիւնները պիտի չանտեսէ։ Ընդհակառակը, պիտի սորվի կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւել եւ գործնական լուծում մը գտնել։

5. (ա) Եհովայի հանդէպ հաւատարմութիւնը ինչո՞ւ ասոր մաս կը կազմէ։ (բ) Նոյնիսկ բիրտ հակառակութեան դիմաց, Եհովայի չափանիշներուն կառչած մնալով ի՞նչ օգուտ կը քաղենք։

5 Մենք շատ լաւ գիտենք որ Սատանան կը ջանայ մեզ տարհամոզել որ եթէ անհատապէս տառապինք, Եհովայի ճամբաները պիտի անտեսենք եւ պիտի սկսինք եզրակացնել որ աւելի լաւ է մենք մեզի որոշել ինչ որ լաւ կամ գէշ է մեզի համար։ Բայց Եհովայի հաւատարիմ եղողները այդպէս չեն։ (Յոբ 2։4, 5. Առակաց 27։11) Իրենց անհաւատ կողակիցներէն հալածուող Եհովայի Վկաներու հսկայ մեծամասնութիւնը, իրենց ամուսնական ուխտը չեն դրժած։ (Մատթէոս 5։37) Անոնցմէ ոմանք, տարիներ ետք ուրախութիւնը ունեցած են, իրենց կողակիցներուն Եհովայի ծառայութեան մէջ իրենց միանալը տեսնելու։ (Ա. Կորընթացիս 7։16. Ա. Պետրոս 3։1, 2) Իսկ գալով ուրիշներուն, որոնց կողակիցները չեն փոխուած, կամ որոնց կողակիցները ձգած են զիրենք քանի որ իրենց հաւատքին մէջ անսասան կը մնան, անոնք ալ գիտեն որ մեծապէս օրհնուած են Եհովայի չափանիշներուն կառչած մնալով։ Ի՞նչ կերպով։ Իրենց պարագաները իրենց սորվեցուցած են որ Եհովայի հետ աւելի մտերմանան։ Անոնք սորված են աստուածային յատկութիւններ ցոլացնել նոյնիսկ հակառակութեան դիմաց։ Անոնք այնպիսի անհատներ են որոնց կեանքերը կ’ապացուցանեն որ աստուածապաշտ անձեր են։—Սաղմոս 55։22. Յակոբու 1։2–4. Բ. Պետրոս 1։5, 6

ԱՄԷՆ ՄԷԿԸ ԻՐ ԲԱԺԻՆԸ ՊԷՏՔ Է ԲԵՐԷ

6. Յաջող ամուսնութիւն մը ունենալու համար, ո՞ր կարգադրութիւնը պէտք է յարգել։

6 Անշուշտ, յաջող ամուսնութիւն մը ունենալու համար չի բաւեր պարզապէս իրար հետ մնալ։ Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ յարգանք պէտք է ցոյց տայ Եհովայի գլխաւորութեան կարգադրութեան։ Ասիկա տան մէջ կարգ–կանոնի եւ ապահովութեան զգացում մը մշակելու կը նպաստէ։—Ա. Կորնթացիս 11։3. Տիտոս 2։4, 5. Առակաց 1։8, 9. 31։10, 28

7. Տան մէջ գլխաւորութիւնը ինչպէ՞ս ի գործ պէտք է դրուի։

7 Այդ գլխաւորութիւնը ինչպէ՞ս ի գործ պէտք է դրուի։ Այնպիսի կերպով մը՝ որ Յիսուս Քրիստոսի յատկութիւնները ցոլացնէ։ Յիսուս Եհովայի ճամբաները պաշտպանող մըն է. ան արդարութիւնը կը սիրէ եւ անօրէնութիւնը կ’ատէ։ (Եբրայեցիս 1։8, 9) Ան նաեւ խոր կերպով կը սիրէ իր ժողովքը, անոր պէտք եղած ուղղութիւնը կու տայ եւ հոգ կը տանի անոր։ Ան հպարտ եւ անփափկանկատ չէ, այլ, «հեզ ու սրտով խոնարհ» է եւ անոնք որ իր գլխաւորութեան ներքեւ կու գան, ‘իրենց անձերուն հանգստութիւն կը գտնեն’։ (Մատթէոս 11։28, 29. Եփեսացիս 5։25–33) Երբ ամուսին մը եւ հայր մը, այս կերպով կը վարուի իր ընտանիքին հետ, բացայայտօրէն ցոյց կու տայ որ ինք Քրիստոսի կ’ենթարկուի, որ աստուածպաշտութեան մէջ կատարեալ օրինակ հանդիսացաւ։ Քրիստոնեայ մայրեր ալ անշուշտ, այս նոյն յատկութիւնները պէտք է ցոյց տան, երբ իրենց զաւակներուն հետ կը վարուին։

8. (ա) Կարգ մը տուներու մէջ, երբեմն ինչո՞ւ Քրիստոնէական վարուելակերպը կրնայ փափաքած արդիւնքը չտալ։ (բ) Այսպիսի դրութեան մը դիմաց ի՞նչ պէտք է ընել։

8 Հակառակ ասոր, մարդկային անկատարութեան պատճառով խնդիրներ կը յարուցուին։ Թերեւս Աստուածաշունչը ուսումնասիրելէ առաջ, ընտանիքի անդամներէն ոմանք ուրիշներու կողմէ առաջնորդուելու դէմ ընդվզում կը յայտնաբերէին։ Երբեմն, սիրալիր խնդրանքները եւ վարուելակերպը ապարդիւն կը մնան։ Գիտենք որ ըստ Աստուածաշունչին՝ «ամէն բարկութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն» պէտք է մէկ կողմ դնենք։ (Եփեսացիս 4։31) Բայց եթէ կարգ մը անհատներ ուրիշ որեւէ ձեւով չեն հասկնար, ի՞նչ պէտք է ընենք։ Լաւ, Յիսուս ինչպէ՞ս վարուեցաւ երբ ծանր ճնշումի ներքեւ էր։ Ան չընդօրինակեց իրեն սպառնացողները եւ զինք ծաղրողները, Այլ, ինքզինք իր Հօրը յանձնեց, անոր ապաւինելով։ (Ա. Պետրոս 2։22, 23) Նմանապէս, երբ դժուարին պարագաներ ըլլան տան մէջ, փոխանակ աշխարհին ընթացքը որդեգրելու, Եհովայի դառնանք իր օգնութիւնը խնդրելով եւ մեր աստուածապաշտ անհատներ ըլլալը փաստենք։—Առակաց 3։5–7

9. Փոխանակ դիմացի անհատին մէջ սխալներ գտնելու, շատ մը Քրիստոնեայ ամուսիններ ի՞նչ կերպեր գործածել սորված են։

9 Փոփոխութիւնները ընդհանրապէս արագօրէն չեն կատարուիր, բայց Աստուածաշունչին խրատը տակաւին գործնական է։ Շատ մը ամուսիններ որոնք իրենց կիներուն սխալներուն համար դառն գանգատ կը ներկայացնէին, անոնց մէջ յստակ յառաջդիմութիւն մը տեսած են, երբ իրենք աւելի լաւ ըմբռնած են իր ժողովքին հետ Քրիստոսի վարմունքը։ Ժողովքը կատարեալ անհատներէ բաղկացած չէ, սակայն Յիսուս կը սիրէ իր ժողովքը եւ անոնց դիմաց լաւ օրինակ մը հանդիսացաւ, նոյնիսկ իր անձը տուաւ անոր համար։ Ան Աստուածաշունչը կը գործածէ որպէսզի անոնք բարելաւումներ ընեն եւ բոլորն ալ Եհովայի հաճելի ըլլան։ (Եփեսացիս 5։25–27. Ա. Պետրոս 2։21) Իր օրինակը շատ մը Քրիստոնեայ ամուսինները քաջալերած է որ իրենք լաւ օրինակներ հանդիսանան, միեւնոյն ատեն անհատապէս օգնելով որ տնեցիները բարելաւումներ ընեն։ Այս կերպերը շատ աւելի լաւ արդիւնքներ կու տան, քան պարզապէս դիմացինին մէջ սխալներ գտնելը եւ կամ անոր հետ չխօսիլը։

10. (ա) Ի՞նչ կերպերով ամուսին մը եւ հայր մը տան մէջ միւս անդամներուն կեանքը կրնայ դժուարացնել, նոյնիսկ երբ Քրիստոնեայ է։ (բ) Վիճակը բարելաւելու համար ի՞նչ կարելի է ընել։

10 Անշուշտ, հակառակն ալ կրնայ ըլլալ, թերեւս տան ամուսինը եւ հայրն է որ տան մէջ խնդիրներ յարուցուելու պատճառ կ’ըլլայ։ ի՞նչ ընել երբ ան զգայուն չէ իր ընտանիքին զգացական կարիքին, կամ երբ ան կը թերանայ իր պարտականութիւններուն մէջ, զոր օրինակ, առաջնորդութիւնը չառնելով տան մէջ սուրբ գրային խօսակցութեան կարգադրութեան եւ ուրիշ գործունէութիւններու մէջ։ Կարգ մը ընտանիքներ մեծապէս օգտուած են, այս խնդրին շուրջ անկեղծ եւ յարգալից խօսակցութիւն մը ունենալով։ (Առակաց 15։22. 16։23. 31։26) Բայց նոյնիսկ երբ ակնկալուած արդիւնքը ձեռք չի ձգուիր, ամէն մէկը կրնայ իր մասնակցութիւնը բերել ընտանեկան մթնոլորտը բարելաւելու, անհատապէս հոգիին պտուղները մշակելով եւ սիրալիր հետաքրքրութիւն եւ փափկանկատութիւն ցուցաբերելով ընտանիքի մնացեալ անդամներուն հանդէպ։ Յառաջդիմութիւն ձեռք պիտի ձգուի, ոչ թէ դիմացինէն սպասելով որ ինք բան մը ընէ, այլ մենք մեր ինկած բաժինը լաւ կերպով կատարելով, այսպիսով ցոյց տալով որ մենք անհատապէս աստուածպաշտութիւն ի գործ կը դնենք տան մէջ։—Կողոսացիս 3։18–20, 23, 24

Ո՞ՒՐ ԳՏՆԵԼ ՀԱՐԿ ԵՂԱԾ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

11, 12. (ա) Եհովա ի՞նչ հայթայթումներ ըրած է ընտանեկան կեանքի խնդիրներուն մէջ մեզի օգնելու համար։ (բ) Լման կերպով օգտուելու համար, ի՞նչ ընել յանձնարարուած է մեզի։

11 Ընտանեկան խնդիրներու համար խրատներ ստանալու շատ մը աղբիւրներ կան։ Սակայն մենք գիտենք որ Աստուծոյ Խօսքը լաւագոյն խրատը կը պարունակէ եւ շատ երախտապարտ ենք որ Աստուած իր տեսանելի կազմակերպութեան միջոցաւ մեզի կ’օգնէ որ զանոնք գործադրենք։ Ձեզի մատուցուած այս օժանդակութենէն լաւագոյնս կ’օգտուի՞ք։—Սաղմոս 119։129, 130. Միքիա 4։2

12 Ժողովքային հանդիպումներէն զատ, կանոնաւորաբար ժամանակ կը յատկացնէ՞ք ընտանեկան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան։ Այն ընտանիքները որոնք ամէն շաբաթ կանոնաւորաբար ասիկա կ’ընեն, պաշտամունքի մէջ միացած կ’ըլլան։ Իրենց ընտանեկան կեանքը աւելի կ’օրհնուի, երբ Աստուծոյ Խօսքէն իրենց կարդացածները կը ջանան կիրարկել իրենց անձնական պարագաներուն։—Բաղդատել Բ. Օրինաց 11։18–21։

13. (ա) Եթէ ամուսնական կամ ընտանեկան նիւթի մը մասին հարցումներ ունինք, յաճախ ո՞ւր կրնանք գտնել պէտք եղած պատասխանը։ (բ) Մեր առած բոլոր որոշումները ի՞նչ պէտք է ցոլացնեն։

13 Թերեւս կարգ մը ամուսնական կամ ընտանեկան հարցեր կան որոնք մասնաւորաբար կը հետաքրքրեն ձեզ։ Օրինակի համար, յղութիւնը սահմանափակելու մասին ի՞նչ կարելի է ընել։ Քրիստոնեաներուն համար յարմա՞ր է ամլացնումի միջոցները։ Եթէ խեղանդամ մանուկ մը ծնելու հաւանականութիւնը կայ, այդ պարագային վիժումը արդարացի՞ է։ Ամուսինի եւ կնոջ միջեւ սեռային յարաբերութեան մէջ որոշ սահմանափակումներ կա՞ն։ Եթէ պատանի մը շատ հետաքրքրութիւն չունի հոգեւոր բաներու հանդէպ, մինչեւ ո՞ր աստիճան իրմէ պէտք է պահանջել որ ընտանեկան պաշտամունքին միանայ։ Անկասկած դուք այս հարցերուն մասին որոշ գաղափար մը ունիք։ Բայց արդեօք կրնա՞ք այս հարցումներուն պատասխանել Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հիման վրայ։ Այս բոլոր հարցումներուն մասին խօսուած են Դիտարանի էջերուն մէջ։ Ձեր ձեռքը ունեցած նիւթերու ցանկով փնտռտուքներ ընել սորվեցէք։ Եթէ այդ ցուցանիշին ակնարկած հին գրականութիւնները չունիք, կրնաք Թագաւորութեան Սրահին գրադարանը գործածել։ Յարուցուած իւրաքանչիւր հարցումին՝ Այո կամ Ոչ մի՛ ակնկալէք։ Երբեմն անհատապէս կամ որպէս զոյգ մը որոշումներ պէտք է առնէք։ Սորվեցէք այնպիսի որոշումներ առնել, որոնք Եհովայի եւ ձեր ընտանիքի անդամներուն հանդէպ ձեր սէրը կը ցոլացնեն։ Ձեր առած որոշումներով փաստեցէք որ իրապէս կը ցանկաք Եհովայի հաճութիւնը ունենալ։ Եթէ այսպէս վարուիք, թէ՛ Եհովայի եւ թէ ձեզ ճանչցողներուն կ’ապացուցանէք որ դուք աստուածապաշտ անհատ մըն էք, ոչ միայն մարդոց դիմաց, այլ ձեր ընտանիքէն ներս ալ։—Եփեսացիս 5։10. Հռովմայեցիս 14։19

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

Ձեր ամուսնական ուխտին հաւատարիմ գտնուիլը ինչպէ՞ս ձեր հաւատարմութիւնը ցոյց կու տայ նաեւ Եհովայի հանդէպ։

Երբ ընտանեկան խնդիրներով ծանրաբեռնուած ենք, ի՞նչ բան պիտի օգնէ մեզի որ Եհովայի հաճելի եղածը ընենք։

Նոյնիսկ երբ ընտանիքին մէջ ուրիշներ թերացումներ ունենան, ի՞նչ կրնանք ընել դրութիւնը բարելաւելու համար։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]