Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի երկրպագուներուն վայելած ազատութիւնը

Եհովայի երկրպագուներուն վայելած ազատութիւնը

Գլուխ 5

Եհովայի երկրպագուներուն վայելած ազատութիւնը

1, 2. (ա) Աստուած ինչպի՞սի ազատութիւն մը տուաւ մարդկային առաջին զոյգին։ (բ) Յիշեցէք իրենց գործունէութիւնը կառավարող կարգ մը օրէնքներ։

ԵՐԲ Եհովա ստեղծեց մարդկային առաջին զոյգը, անոնք այնպիսի ազատութիւն մը կը վայելէին, որ ներկայիս մարդոց ունեցած որեւէ տեսակի ազատութեան կը գերազանցէր։ Անոնց բնակարանը Դրախտ մըն էր։ Ոչ մէկ հիւանդութիւն անոնց կեանքի վայելքը կը խանգարէր։ Մահը անոնց չէր սպառնար։ Սակայն, որպէսզի այսպիսի ազատութիւն մը շարունակէին վայելել, կարեւոր էր որ անոնք Աստուծոյ օրէնքներուն հանդէպ յարգանք ցուցաբերէին։

2 Այդ օրէնքներէն ոմանք ուղղակիօրէն Ադամի ըսուած չէին, սակայն Ադամն ու Եւան այնպէս մը ստեղծուած էին, որ իրենց համար բնական էր անոնց հնազանդիլ։ Օրինակի համար, անօթութիւնը մարդուն կ’ազդարարէր ուտելու պէտքը, ինչպէս նաեւ ծարաւը՝ խմելու պէտքը։ Արեւնամուտը զիրենք կը քաջալերէր որ պէտք եղած հանգիստը եւ քունը վայելէին։ Եհովա նաեւ անոնց հետ խօսեցաւ եւ անոնց գործ նշանակեց։ Իրապէս այդ նշանակումը օրէնք մըն էր, քանի որ անիկա իրենց գործելակերպը պիտի ղեկավարէր։ Բայց ի՜նչ ազնիւ եւ օգտաշատ օրէնք մըն էր այդ։ Այդ օրէնքը իրենց գործ մը տուաւ որ բոլորովին գոհացուցիչ պիտի ըլլար կարող ընելով որ անոնք իրենց կարողութիւնները գործածէին պիտանի կերպով մը։ Անոնք զաւակներ պիտի բերէին, երկրի անասնական կեանքին պիտի տիրէին եւ աստիճանաբար Դրախտին սահմանները պիտի ընդարձակէին, մինչեւ որ ամբողջ երկրագունդը ծածկէր։ (Ծննդոց 1։28. 2։15) Աստուած զիրենք չբեռնաւորեց անտեղի մանրամասնութիւններով։ Անոնց ազատութիւն տուաւ որոշումներ առնելու։ Ասկէ աւելին ի՞նչ կրնայ պահանջել մէկը։

3. Որոշումներ առնելու իր ազատութիւնը գործածելու համար, Ադամ ի՞նչ օգնութիւն պիտի ստանար։

3 Անշուշտ, երբ Ադամի առանձնաշնորհում շնորհուեցաւ որոշումներ առնելու, անիկա չէր նշանակեր որ ան որեւէ որոշում կրնար առնել, եւ ինչ որ ալ ըլլար ան, լաւ արդիւնք յառաջ պիտի բերէր։ Որոշումներ առնելու իր ազատութիւնը, պատասխանատուութիւն կը պարփակէր։ Ան կրնար սորվիլ, մտիկ ընելով իր երկնաւոր Հօրը եւ Իր գործերը զննելով։ Աստուած Ադամի խելք տուած էր, որ իր սորված բաները կարենար կիրարկել։ Քանի որ Ադամ «Աստուծոյ պատկերին պէս» ստեղծուած էր, որոշումներ առնելու ատեն իր բնական հակումը պէտք էր ըլլար աստուածային յատկութիւններ ցոլացնել։ Եթէ ան իրապէս կը գնահատէր ինչ որ Աստուած ըրած էր իրեն համար եւ եթէ կ’ուզէր զԱստուած հաճեցնել, վստահաբար ասիկա ընելու մէջ ուշադիր պիտի ըլլար։—Ծննդոց 1։26, 27. բաղդատել Յովհաննու 8։29։

4. (ա) Ադամի տրուած արգելիչ օրէնքը իր ազատութիւնը կը կաշկանդէ՞ր։ (բ) Անիկա ինչո՞ւ պատշաճ պահանջ մըն էր։

4 Իր Ստեղծիչէն եւ Կենսատուէն՝ Եհովայէ, կախեալ ըլլալը յիշեցնելու համար, Եհովա այս պատուէրը տուաւ մարդուն. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (Ծննդոց 2։16, 17) Այդ օրէնքը մարդուն ազատութիւնը կը կաշկանդէ՞ր։ Վստահաբար ոչ։ Ադամ ազատ էր հնազանդելու կամ անհնազանդ գտնուելու։ Այդ արգելքը բեռ մը չէր իրեն։ Առանց այդ միակ ծառին դպչելու, ան առատ ուտելիք ունէր։ Այսուհանդերձ, պարզապէս պատշաճ էր որ ան գիտակցէր թէ այն երկիրը որու վրայ կ’ապրէր, Աստուծոյ կը պատկանի եւ թէ որպէս Ստեղծիչ, Աստուած իր ստեղծագործութեան իրաւացի Իշխանն է։—Սաղմոս 24։1, 10

5. (ա) Ադամն ու Եւան իրենց ունեցած փառաւոր ազատութիւնը ինչպէ՞ս կորսնցուցին։ (բ) Անոր տեղը ի՞նչ առաւ, եւ մենք ինչպէ՞ս ազդուած ենք։

5 Բայց ի՞նչ պատահեցաւ։ Անձնասէր ցանկութենէ մղուած, հրեշտակ մը խաբեց Եւան, որպէս վստահելի խրատատու մը ներկայանալով եւ անոր յանձնարարելով Աստուծոյ կամքին հակառակ ընթացք մը։ Փոխանակ իր Հօրը հնազանդելու, Ադամ միացաւ Եւայի օրինազանցութեան։ Իրենց չպատկանած բանի մը ցանկալով, Ադամ եւ Եւա կորսնցուցին իրենց ունեցած փառաւոր ազատութիւնը։ Մեղքը իրենց տէրը եղաւ, եւ ինչպէս Աստուած ըսած էր, ստոյգ մահը իրենց կը սպասէր։ Ասոր որպէս արդիւնք, անոնց սերունդին ի՞նչ փոխանցուեցաւ։ Մեղքը՝ որ ի յայտ կու գայ սխալը ընելու բնածին հակումով, այն տկարութիւնով՝ որ մէկը ատակ կ’ընէ հիւանդութիւններու եւ ծերութեան միջոցաւ վերջնական ապականութիւնով։ Մահն ալ երեւան եկաւ։ Սխալը ընելու ժառանգուած հակումը, սատանայական ազդեցութեամբ աւելի ծանրացած, մարդկային ընկերութիւն մը յառաջ բերած է, որու մէջ կեանքը ամենուն համար անորոշ եղած է։ Ճի՛շդ հակառակը այն ազատութեան զոր սկիզբը Աստուած տուաւ մարդկութեան։—Հռովմայեցիս 5։12. Յոբ 14։1. Յայտնութիւն 12։9

Ո՛ՒՐ ԿԱՐԵԼԻ Է ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԳՏՆԵԼ

6. (ա) Ո՞ւր կարելի է գտնել իրական ազատութիւն։ (բ) Յովհաննու 8։31, 32–ի մէջ, Յիսուս ի՞նչ տեսակ ազատութեան մասին կը խօսէր։

6 Ներկայ վիճակներուն ի տես, զարմանալի չէ որ մարդիկ իրենց ունեցածէն աւելի մեծ ազատութեան մը կարօտը կը քաշեն։ Բայց ո՞ւր կարելի է գտնել իրական ազատութիւն։ Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Եթէ դուք իմ խօսքիս մէջ կենաք, ճշմարտապէս իմ աշակերտներս կ’ըլլաք եւ ճշմարտութիւնը պիտի գիտնաք ու այն ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ (Յովհաննու 8։31, 32) Այս ազատութիւնը մարդուն յուսացած սահմանափակ տեսակի ազատութիւնը չէ, զոր մարդիկ կը ջանան ձեռք ձգել, որոշ տեսակի քաղաքական կառավարիչ մը կամ վարչաձեւ մը մերժելով ուրիշի մը ի նպաստ։ Ընդհակառակը, հոս Յիսուս մարդկային խնդիրներուն ուղղակի սրտին կը դպչի։ Յիսուսի ըսածը, մեղքէն եւ անոր ստրկացնող կապանքներէն ազատագրում մըն էր։ (Տես Յովհաննու 8։24, 34–36)։ Ուստի, երբ անհատ մը Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտը կ’ըլլայ, ասիկա յատկանշական փոփոխութիւն մը կը բերէ իր կեանքին մէջ, որ է ազատագրում մը։

7. (ա) Արդ, ի՞նչ իմաստով հիմա կրնանք մեղքէ ազատ ըլլալ։ (բ) Այդ ազատութիւնը ունենալու համար, հիմա ի՞նչ պէտք է ընենք։

7 Ասիկա չի նշանակեր որ հիմա ճշմարիտ Քրիստոնեաները այլեւս մեղաւոր վարք ունենալու բնածին հակում մը չեն զգար։ Ընդհակառակը, անոր պատճառով յարատեւ պայքարի մէջ են։ (Հռովմայեցիս 7։21–25) Բայց եթէ անհատ մը իրապէս կ’ապրի Յիսուսի ուսուցումներուն համաձայն, ան այլեւս մեղքին անարգ գերին չըլլար։ Այլեւս մեղքը իրեն համար թագաւոր մը չէ, որու պատուէրներուն կը հնազանդի։ Այլեւս, ան աննպատակ ապրելակերպի մը թակարդին մէջ չէ, որ զինք պիտի թողուր անհանգիստ խղճմտանքով մը։ Ան մաքուր խղճմտանք մը կը վայելէ Աստուծոյ առջեւ, քանի որ իր անցեալի մեղքերը ներուած են, Քրիստոսի զոհագործութեան վրայ իր ունեցած հաւատքին պատճառով։ Մեղաւոր ձգտումները կրնան գլուխ ցցել, բայց երբ ան մերժէ անոնց ենթարկուիլ, Քրիստոսի մաքուր ուսուցումները վերյիշելով ցոյց տուած կ’ըլլայ թէ այլեւս մեղքը չի տիրեր իր վրայ։—Հռովմայեցիս 6։12–17

8. (ա) Ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը յաւելեալ ի՞նչ ազատութիւն կու տայ մեզի։ (բ) Ասիկա ինչպէ՞ս պէտք է ազդէ աշխարհային կառավարիչներուն հանդէպ մեր ունեցած կեցուածքին։

8 Որպէս Քրիստոնեաներ, մեծ ազատագրում կը վայելենք։ Մենք կեղծ ուսուցումներէ, նախապաշարումներու կապանքներէն եւ մեղքին գերութենէն ազատագրուած ենք։ Մեռելներու վիճակին եւ յարութեան յոյսին մասին հոյակապ ճշմարտութիւնները, մեզ ազատագրած են բռնի մահուան անտրամաբանական վախէն, վախ մը որու պատճառով մարդիկ կը լռեցնեն իրենց խիղճը։ Մարդկային կառավարութիւններուն փոխարինուելու յոյսը Աստուծոյ արդար Թագաւորութեամբ, մեզ ազատած է յուսալքումէ։ Սակայն, այսպիսի ազատագրութիւն մը, կառավարական օրէնքը անտեսելու կամ կառավարական պաշտօնեաներու հանդէպ անյարգալից վարուելու մէջ մեզ չարդարացնէր, պատճառաբանելով թէ հին դրութիւնը շուտով պիտի անցնի։—Ա. Պետրոս 2։16, 17. Տիտոս 3։1, 2

9. (ա) Եհովա ինչպէ՞ս սիրալիր կերպով մեզի կ’օգնէ որ հիմա մարդոց համար կարելի եղած մեծագոյն ազատութիւնը վայելենք։ (բ) Որոշումներ առնելու ատեն, ինչպէ՞ս կրնանք յստակօրէն ցոյց տալ թէ Ադամի համար արդիւնքը ի՛նչ եղաւ, երբ ան իր ազատութիւնը չարաչար գործածեց։

9 Եհովա մեզի չէ ձգած մեր փորձառութեամբ եւ սխալներով որոշելու լաւագոյն ապրելակերպը։ Ան գիտէ թէ ինչպէս շինուած ենք, թէ ի՛նչ բան մեզի իրական գոհունակութիւն եւ մեր անձին հանդէպ յարգանքի զգացում մը կու տայ եւ թէ ի՛նչ բան մնայուն օգուտ մը պիտի բերէ մեզի։ Ան նաեւ գիտէ իր նպատակը իրագործելու համար իր յայտագրին ճշգրիտ ժամը, եւ հետեւաբար, գիտէ նաեւ մեզի համար ամենէն արժէքաւոր գործունէութեան ինչ ըլլալը։ Ան գիտէ նաեւ թէ ինչպիսի խորհուրդներ եւ վարուելակերպեր կրնան նուաստացնել անհատ մը, կամ ուրիշներուն հետ իր յարաբերութիւնը խանգարել, նոյնիսկ զինք զրկելով Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ ստանալիք օրհնութիւններէն։ Սիրալիր կերպով, ան մեզի տեղեակ կը պահէ այս բաներէն, իր Աստուածաշունչին եւ իր տեսանելի կազմակերպութեան միջոցաւ։ (Գաղատացիս 5։19–23. Մարկոս 13։10. բաղդատել Ա. Տիմոթէոս 1։12, 13)։ Յետոյ, մեզի ձգուած է, մեր աստուածատուր ազատ կամքին՝ որոշելու թէ ինչպէս պիտի ընդառաջենք ասոնց։ Եթէ սրտանց ուշադրութիւն ընծայենք, թէ ըստ Աստուածաշունչին ինչ բան պատճառ եղաւ որ Ադամ կորսնցնէ սկիզբէն մարդկութեան տրուած ազատութիւնը, այն ատեն այդ որոշումները իմաստուն կերպով պիտի առնենք։ Ցոյց պիտի տանք որ Եհովայի հետ լաւ յարաբերութիւն մը մեր կեանքին գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է։

ՈՒՐԻՇ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՑԱՆԿԱԼ

10. Քրիստոնեայ ըլլալ դաւանողներէն ոմանք ինչպի՞սի ազատութեան մը ցանկացած են։

10 Երբեմն, Եհովայի Վկայ ծնողք ունեցող պատանիներ կամ ուրիշ երիտասարդներ, տարբեր տեսակի ազատութիւն կը տենչան։ Աշխարհը զիրենք կը հրապուրէ եւ որքան մտածեն այդ մասին, այդքան աշխարհայիններուն ըրած բաները ընելու փափաքը կը զօրանայ իրենց մէջ։ Անշուշտ անոնք թմրեցուցիչ գործածել, գինովնալ եւ կամ պոռնկութիւն ընել չեն ծրագրեր։ Բայց կը սկսին դպրոցէն կամ գործի ժամերէն ետք, աշխարհայիններուն ընկերակցութեամբ անցնել։ Անշուշտ, հիմա իրենց նոր բարեկամներուն կողմէ կ’ուզեն ընդունելի դառնալ, ուստի կը սկսին անոնց խօսելակերպը եւ վարուելակերպը ընդօրինակել։—Գ. Յովհաննու 11

11. Ասիկա ընելու ցանկութիւնը երբեմն ուրկէ՞ կու գայ։

11 Երբեմն, աշխարհային ընթացք ունենալու մղումը կրնայ գալ այնպիսի անձէ մը որ կը դաւանի Եհովայի ծառայել։ Եդեմի մէջ այս էր որ տեղի ունեցաւ, երբ Սատանան մոլորեցուց Եւան, եւ յետոյ երբ Եւան ստիպեց Ադամի որ իրեն միանայ։ Նախկին Քրիստոնեաներուն մէջ ալ ասիկա պատահած էր, եւ նոյնը կը պատահի մեր օրերուն։ Այսպիսի անհատներ յաճախ կը սիրեն իրենց զգացումները գրգռել եւ կը ցանկան անսահման հաճոյք ստանալ։ Անոնք ուրիշներու ալ կը ստիպեն որ ‘քիչ մը զուարճանան’։ Անոնք «անոնց ազատութիւն կը խոստանան, [մինչդեռ] իրենք ապականութեան ծառաներ են»։—Բ. Պետրոս 2։18, 19

12. (ա) Աշխարհային վարմունքի տխուր արդիւնքները ի՞նչ են։ (բ) Եթէ անոր ձեռնմուխ եղողները գիտեն անոր հետեւանքը, անոնք ինչո՞ւ կը շարունակեն այսպիսի բաներ ընել։

12 Ասոր արդիւնքը հաճելի չէ սակայն։ Անօրէն սեռը զգացական խանգարում կը յառաջացնէ։ Ան նաեւ կրնայ առաջնորդել հիւանդութիւններու, անփափաքելի յղութեան եւ շատ հաւանաբար ամուսնութեան բեկանումին։ (Առակաց 6։32–35. Ա. Կորնթացիս 6։18. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3–8) Թմրեցուցիչի գործածութիւնը կրնայ բարկութիւն, խօսակցութեան խանգարում, տեսողութեան աղօտութիւն, գլխու պտոյտ, շնչահեղձութիւն եւ մտամոլութիւն ու մահ պատճառել։ (Բաղդատել Առակաց 23։29–35)։ Ան կրնայ անոր մոլին դառնալ, որ կրնայ զինք մինչեւ ոճիրի առաջնորդել իր մոլութիւնը շարունակելու համար։ Անոնք որոնք այսպիսի վարմունք մը կ’որդեգրեն գիտեն թէ ինչ կը սպասէ իրենց։ Սակայն, գրգռումի եւ զգացական անսանձ հաճոյքներու ծարաւը, պատճառ կ’ըլլայ որ անոր հետեւանքին հանդէպ իրենց մտքերը կուրցնեն։ Թէեւ ասիկա ազատութիւն կը համարեն, սակայն յետոյ, շատ ուշ, կը տեսնեն որ մեղքին գերիները դառձած են. եւ մեղքը ի՜նչ անգութ տէր մըն է։ Այս հարցին մասին հիմա մտածելը, կրնայ օգնել մեզի պաշտպանուելու այսպիսի փորձառութենէ։—Գաղատացիս 6։7, 8

ՀՈՆ ՈՒՐ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

13. (ա) Այս խնդիրներուն առաջնորդող փափաքները յաճախ ինչպէ՞ս կը բոցավառուին։ (բ) «Չար ընկերակցութիւններ»ու ի՛նչ ըլլալը հասկնալու համար, որո՞ւ տեսակէտին պէտք ունինք։ (գ) Երբ պարբերութեան վերջաւորութեան գտնուող հարցումներուն կը պատասխանէք, շեշտեցէք Եհովայի տեսակէտը։ Ամէն անգամ միայն մէկ հարցում ձեռք առէք։

13 Վայրկեան մը կանգ առէք եւ խորհեցէք թէ այս խնդիրները յաճախ ուրկէ՛ կը սկսին։ Աստուածաշունչը կը բացատրէ. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի եւ մեղքը որ կատարուի, մահ կը ծնանի»։ (Յակոբու 1։14, 15) Սակայն այս ցանկութիւնները ինչպէ՞ս կը գրգռուին։ Մտքին մէջ մտած բաներով, եւ յաճախ ասիկա Աստուածաշունչի սկզբունքները չկիրարկող անհատներու ընկերակցութեան արդիւնքն է։ Անշուշտ, բոլորս ալ գիտենք որ պէտք է խուսափինք «չար ընկերակցութիւններ»է։ Բայց հարցը այն է թէ, ո՞ր ընկերակցութիւնները չար են։ Եհովա ինչպէ՞ս կը դիտէ հարցը։ Հետեւեալ հարցումներուն եւ համարներուն մասին խորհիլը, պէտք է օգնէ մեզի այս մասին շիտակ եզրակացութեան մը հանգելու։

Երբ կարգ մը անհատներ յարգալից կը թուին ըլլալ, ասիկա կը նշանակէ՞ թէ անոնք լաւ ընկերներ են։ (Բաղդատել Ծննդոց 34։1, 2, 18, 19

Իրենց խօսակցութիւնը, թերեւս իրենց կատակները, ցոյց կու տա՞ն թէ մենք իրենց մտերիմ բարեկամներն ենք։ (Եփեսացիս 5։3, 4)

Մտահոգուելու պատճառ ունի՞նք, երբ անոնք Աստուծոյ նպատակներուն մասին մեր ունեցած հաւատքը չունին։ (Բաղդատել Ա. Կորնթացիս 15։12, 32, 33

Եհովան ինչպէ՞ս կը զգայ երբ մենք ընտրենք այնպիսի մարդոց ընկերակցութիւնը, որոնք զինք չեն սիրեր։ (Բաղդատել Բ. Մնացորդաց 19։1, 2

Թէեւ կրնաք անհաւատներուն հետ աշխատիլ կամ անոնց հետ դպրոց երթալ, սակայն ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ թէ զիրենք չենք ընտրեր որպէս մեր ընկերները։ (Ա. Պետրոս 4։3, 4)

Հեռատեսիլ դիտելը, եւ գիրքեր, պարբերաթերթեր եւ օրաթերթեր կարդալն ալ ուրիշներու հետ ընկերակցիլ է։ Այս օրերուն, այդ աղբիւրներէն եկող մասնաւորաբար ի՞նչ տեսակի նիւթերէն պէտք է զգուշանանք։ (Առակաց 3։31. Եսայեայ 8։19. Եփեսացիս 4։17–19)

Մեր ընկերներուն ընտրութիւնը, Եհովայի ի՞նչ կ’ըսէ մեր ինչպիսի անձ մը ըլլալուն մասին։ (Սաղմոս 26։1, 4, 5. 97։10)

14. Աստուծոյ Խօսքին խրատը հիմա կիրարկողներուն դիմաց ի՞նչ հոյակապ ազատութիւն մը կը գտնուի։

14 Աստուծոյ Նոր Դրութեան ճիշդ սեմին կը գտնուինք։ Իր Թագաւորութեան միջոցաւ, ամբողջ մարդկութիւնը պիտի ազատագրուի Սատանայի եւ իր ամբարիշտ դրութեան ստրկացնող ազդեցութենէն։ Աստիճանաբար, մեղքին բոլոր ազդեցութիւնները պիտի վերցուին մարդկութեան վրայէն։ Դրախտին մէջ յաւիտենական կեանքը իրենց պիտի սպասէ։ Վերջապէս, բոլոր ստեղծագործութիւնը պիտի վայելէ ազատութիւն մը որ «Եհովայի հոգի»ին հետ կատարեալ ներդաշնակութեան մէջ է։ (Բ. Կորնթացիս 3։17) Արդեօք իմաստութի՞ւն է այս բոլորը կորսնցնել, հիմա Աստուծոյ Խօսքին խրատը թեթեւի առնելով։ Հիմա մեր Քրիստոնէական ազատութիւնը գործածելու մեր կերպով՝ բոլորս ալ յստակօրէն ցոյց տանք որ իրապէս կ’ուզենք «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը» հասնիլ։—Հռովմայեցիս 8։21

ՎԵՐԱՔԱՂԻ ԿԷՏԵՐ

Մարդկային առաջին զոյգը ինչպի՞սի ազատութիւն կը վայելէր։ Անիկա ինչպի՞սի ազատութիւն մըն էր, բաղդատած այսօր մարդոց ունեցած ազատութեան հետ։

Աշխարհին հակառակը, ճշմարիտ Քրիստոնեաները ի՞նչ ազատութիւն ունին։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է։

Աշխարհի ունեցած ազատութիւնը փնտռելը ոմանց ինչպէ՞ս սուղի նստած է։

Ինչո՞ւ շատ կարեւոր է «չար ընկերակցութիւններ»է խուսափիլ։ Ադամի նման չըլլալով, մենք որո՞ւ որոշումները կ’ընդունինք գիտնալու համար թէ ինչ բան չար է։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]