Գաղափարը մուտք կը գործէ հրէականութեան, քրիստոնեայ աշխարհի եւ իսլամութեան մէջ
Գաղափարը մուտք կը գործէ հրէականութեան, քրիստոնեայ աշխարհի եւ իսլամութեան մէջ
«Կրօնքը, ի միջի այլոց, մարդիկը հաշտեցնելու կերպ մըն է այն իրողութեան հետ թէ օր մը պէտք է մեռնին, գերեզմանէն ետք աւելի լաւ կեանքի, վերածնունդի խոստումը, եւ կամ երկուքը, ունենալով»։—ԿԷՐՀԱՐՏ ՀԷՐՄ, ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ՀԵՂԻՆԱԿ։
1. Կրօնքներուն մեծամասնութիւնը մահուընէ ետք կեանքի խոստումը ո՞ր հաւատալիքին վրայ հիմնած են։
ԱՆԴԷՆԱԿԱՆԻ խոստում մը տալով, գրեթէ ամէն կրօնք հիմնուած կ’ըլլայ այն հաւատալիքին վրայ թէ մարդիկ անմահ հոգի մը ունին, որ մահուընէ ետք ուրիշ ոլորտ մը կը ճամբորդէ, կամ ուրիշ արարածի մը մէջ կը գաղթէ։ Ինչպէս նշեցինք նախորդ բաժնին մէջ, մարդկային անմահութեան հաւատալը Արեւելեան կրօնքներուն անբաժան մէկ մասը եղած է, անոնց յղացումէն իսկ։ Բայց ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Հրէականութեան, Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ Իսլամութեան մասին։ Այս ուսուցումը ի՞նչպէս այս կրօնքներուն առանցքը դարձած է։
Հրէականութիւնը կ’Իւրացնէ Յունական Գաղափարներ
2, 3. Հրէական Համայնագիտարան–ին համաձայն, Եբրայերէն սուրբ գրութիւնները հոգիի անմահութիւն կը սորվեցնե՞ն։
2 Հրէականութեան արմատը շուրջ 4,000 տարի ետ կ’երթայ, մինչեւ Աբրահամ։ Եբրայերէն սուրբ գրութիւնները սկսան գրուիլ Հ.Դ.Ա. տասնըվեցերորդ դարուն եւ ամբողջացան այն ժամանակները, երբ Սոկրատն ու Պղատոնը հոգիի անմահութեան վարկածին ձեւ կու տային։ Այս Սուրբ Գրութիւնները հոգիի անմահութիւն կը սորվեցնէի՞ն։
3 Հրէական Համայնագիտարան–ը կը պատասխանէ. «Սուրբ գրային ժամանակներէն ետքն է միայն որ հոգիի անմահութեան որոշ եւ հաստատ հաւատալիք մը բանաձեւուեցաւ . . . եւ հրէական ու քրիստոնէական հաւատքներուն անկիւնաքարերէն մէկը եղաւ»։ Ան նաեւ կը նշէ. «Սուրբ գրային ժամանակներուն, անձ մը որպէս ամբողջութիւն մը կը նկատուէր։ Հետեւաբար հոգին՝ մարմինէն բոլորովին անջատ բան մը չէր»։ Նախկին Հրեաները մեռելներու յարութեան կը հաւատային, եւ ասիկա «հոգիի անմահութեան . . . հաւատալիքէն պէտք է զատորոշել», կ’ըսէ համայնագիտարանը։
4-6. Հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը ի՞նչպէս Հրէականութեան «անկիւնաքարերէն մէկը» դարձաւ։
4 Արդ, այս վարդապետութիւնը ի՞նչպէս Հրէականութեան «անկիւնաքարերէն մէկը» դարձաւ։ Պատմութիւնը պատասխանը կու տայ։ Հ.Դ.Ա. 332–ին, Մեծն Աղեքսանդրը կայծակի արագութեամբ գրաւեց Միջին Արեւելքի մեծ մասը։ Երբ Երուսաղէմ հասաւ, Հրեաները գրկաբաց զինք ընդունեցին։ Առաջին դարու Հրեայ պատմաբան Յովսեպոս Ֆլաւիոսի համաձայն, անոնք նոյնիսկ իրեն ցոյց տուին աւելի քան 200 տարի առաջ գրուած Դանիէլի գրքին մարգարէութիւնը, որ յստակօրէն կը նկարագրէր «Յոյներու թագաւոր»ին դերը ունեցող Աղեքսանդրի յաղթանակները։ (Դանիէլ 8։5-8, 21) Աղեքսանդրի յաջորդները հելլենացնելու իր ծրագիրը շարունակեցին, որ էր կայսրութեան բոլոր մասերէն ներս թափանցել տալ յունական լեզուն, մշակոյթը եւ փիլիսոփայութիւնը։ Յունական եւ հրէական երկու մշակոյթներու միաձուլումը անխուսափելի էր։
5 Հ.Դ.Ա. երրորդ դարուն սկիզբը, Եբրայերէն Գրութիւններու՝ Յունարէնի առաջին թարգմանութիւնը սկսաւ, որ կոչուեցաւ Եօթանասնից։ Անով բազմաթիւ հեթանոսներ հրէական կրօնքին հանդէպ յարգանք եւ ծանօթութիւն ունեցան, ոմանք նոյնիսկ այդ կրօնքը որդեգրեցին։ Միւս կողմէ, Հրեաները
հաղորդակցութեան մէջ կու գային յունական միտքերու հետ եւ անոնցմէ ոմանք փիլիսոփաներ դարձան, ինչ որ ամբողջովին նորութիւն մըն էր իրենց համար։ Աղեքսանդրիոյ Փիլոն, Հ.Դ. առաջին դարու այսպիսի Հրեայ փիլիսոփայ մըն էր։6 Փիլոն կը մեծարէր Պղատոնը եւ ջանաց Հրէականութիւնը բացատրել յունական փիլիսոփայութեան բառերով։ Երկինք՝ Պատմութիւն մը (Անգլերէն) գիրքը կ’ըսէ. «Պղատոնական փիլիսոփայութեան ու սուրբ գրային աւանդութեան յատուկ համադրութիւն մը ստեղծելով, Փիլոն հետագայ Քրիստոնեայ [ինչպէս նաեւ Հրեայ] մտաւորականներու համար ճամբան հարթեց»։ Իսկ հոգիի մասին ի՞նչ էր Փիլոյի համոզումը։ Գիրքը կը շարունակէ ըսել. «Իրեն համար, մահուամբ հոգին կը վերադառնայ իր նախնական, նախածննդեան վիճակին։ Քանի որ հոգին հոգեւոր աշխարհին կը պատկանի, մարմնի մէջ կեանքը պարզապէս հակիրճ, յաճախ անբախտ միջադէպ մը կը դառնայ»։ Հոգիի անմահութեան հաւատացող Հրեայ ուրիշ մտաւորականներու շարքին են Ժ. դարու հռչակաւոր Հրեայ բժիշկ՝ Այզաք Իսրայէլին եւ ԺԸ. դարու Գերման–Հրեայ փիլիսոփայ՝ Մոզըս Մէնտըլսընը։
7, 8. (ա) Թալմուտը ի՞նչպէս կը նկարագրէ հոգին։ (բ) Հրէական հետագայ խորհրդապաշտական գրականութիւնը ի՞նչ կ’ըսէ հոգիի մասին։
7 Հրէական մտքին ու կեանքին վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցող գիրք մըն է նաեւ Թալմուտը, որ բերանացի կոչուած օրէնքին գրուած ամփոփումն է՝ Հ.Դ. երկրորդ դարէն մինչեւ Միջին Դարեր ռաբբիներու կողմէ համադրուած, այս օրէնքին հետագայ մեկնաբանութիւններով ու բացատրութիւններով։ Հրէական Համայնագիտարան–ը կ’ըսէ. «Թալմուտի ռաբբիները կը հաւատային մահուընէ ետք հոգիի շարունակական գոյութեան»։ Թալմուտը նոյնիսկ կը խօսի ողջերուն հետ մեռելներու ունեցած շփումին մասին։ Կրօնքի եւ Բարոյագիտութեան Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Հաւանաբար պղատոնական ազդեցութեան որպէս արդիւնք, [ռաբբիները] կը հաւատային հոգիներու նախագոյութեան»։
8 Հետագային, հրէական խորհրդապաշտական գրականութիւնը՝ Գապալան՝ մինչեւ իսկ հոգեփոխութիւն կ’ուսուցանէր։ Հրէական Նոր ‘Սթենտըրտ’ Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն) այս հաւատալիքին մասին կը նշէ. «Այնպէս կը թուի որ գաղափարը Հնդկաստանի մէջ ծագում առաւ։ . . . Գապալայի մէջ, անիկա առաջին անգամ երեւան կու գայ Պահիր գրքին մէջ, եւ ապա Զոհար–էն ետք, սովորաբար ընդունուեցաւ խորհրդապաշտներուն կողմէ, կարեւոր դեր մը խաղալով հասիտական հաւատքին եւ գրականութեան մէջ»։ Ներկայ Իսրայէլի մէջ, հոգեփոխութիւնը ընդհանուրին կողմէ ընդունուած է որպէս հրէական ուսուցում մը։
9. Ներկայ Հրէականութեան տարբեր հատուածներու մեծամասնութեան տեսակէտը ի՞նչ է հոգիի անմահութեան շուրջ։
9 Ուրեմն, հոգիի անմահութեան գաղափարը, Հրէականութեան մէջ մտաւ յունական փիլիսոփայութեան ազդեցութեամբ եւ այս յղացումը ներկայիս որպէս իրողութիւն ընդունուած է անոր շատ մը հատուածներուն կողմէ։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ Քրիստոնեայ Աշխարհին մէջ այս ուսուցումին մուտք գործելուն մասին։
Քրիստոնեայ Աշխարհը կ’Որդեգրէ Պղատոնի Խորհուրդները
10. Սպանացի կարկառուն ուսումնական մը ի՞նչ եզրակացուց հոգիի անմահութեան շուրջ Յիսուսի հաւատքին մասին։
10 Ճշմարիտ Քրիստոնէութիւնը սկսաւ Յիսուս Քրիստոսով։ Յիսուսի մասին, Ի. դարու Սպանացի կարկառուն ուսումնական Միկէլ տէ Ունամունօ գրեց. «Ան կը հաւատար մարմնի յարութեան, հրէական կերպին համաձայն, եւ ոչ թէ հոգիի անմահութեան, ըստ [Յոյն] պղատոնական կերպին։ . . . Ասոր ապացոյցը կարելի է տեսնել մեկնաբանութիւն տուող որեւէ պարկեշտ գրքի մէջ»։ Ան եզրակացուց. «Հոգիի անմահութիւնը . . . հեթանոս փիլիսոփայական վարդապետութիւն մըն է»։
11. Յունական փիլիսոփայութիւնը ե՞րբ ներթափանցեց Քրիստոնէութեան մէջ։
11 «Հեթանոս փիլիսոփայական [այս] վարդապետութիւն»ը ե՞րբ եւ ի՞նչպէս թափանցեց Քրիստոնէութենէն ներս։ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլերէն) կը նշէ. «Յ.Տ. երկրորդ դարու կէսէն սկսեալ, որոշ չափով յունական փիլիսոփայութեամբ դաստիարակուած կարգ մը Քրիստոնեաներ սկսան իրենց հաւատքը անոր համաձայն արտայայտելու կարիքը զգալ, թէ՛ իրենց մտային յագեցման եւ թէ զարգացած հեթանոսները դարձի բերելու համար։ Անոնք պղատոնական փիլիսոփայութիւնը ամենէն յարմարը գտան»։
12-14. Որոգինէսը եւ Օգոստինոսը ի՞նչ դեր խաղցած են պղատոնական փիլիսոփայութիւնը Քրիստոնէութեան հետ ձուլելու մէջ։
12 Այսպիսի երկու փիլիսոփաներ, շատ մեծ ազդեցութիւն բանեցուցին Քրիստոնեայ Աշխարհի վարդապետութիւններուն վրայ։ Անոնցմէ մէկն էր Աղեքսանդրիոյ Որոգինէսը (Հ.Դ. շուրջ 185-254), իսկ միւսը՝ Հիպպոյի Օգոստինոսը (Հ.Դ. 354-430)։ Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն) ասոնց մասին կ’ըսէ. «Միայն, Արեւելքի մէջ Որոգինէսով եւ Արեւմուտքի մէջ Սբ. Օգոստինոսով՝ հոգին հաստատուեցաւ որպէս հոգեղէն նիւթ մը եւ անոր բնոյթին շուրջ փիլիսոփայական գաղափար մը յղացուեցաւ»։ Իսկ Որոգինէսը եւ Օգոստինոսը հոգիի մասին իրենց յղացումները ի՞նչ բանի վրայ հիմնեցին։
13 Որոգինէսը աշակերտն էր Աղեքսանդրիոյ Կղեմէսի, որ «հոգիի մասին յունական աւանդութիւններէն բացայայտօրէն փոխ առնող առաջին Հայրն էր», կ’ըսէ Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան–ը։ Որոգինէս խորապէս տպաւորուած ըլլալու էր հոգիի մասին Պղատոնի գաղափարներէն։ «[Որոգինէս] քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ հոգիի մասին բոլոր ուսուցումները կերտեց, զորս Պղատոնէն առաւ», կը նշէ աստուածաբան Վէրնէր Ճէյկըր, Հարվըրտի Աստուածաբանական Պարբերաթերթ–ին մէջ։
14 Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ ոմանք Օգոստինոսը կը նկատեն որպէս միջին դարերու նախորդող ժամանակաշրջանի մեծագոյն մտաւորականը։ 33 տարեկան հասակին «Քրիստոնէութեան» դառնալէն առաջ, Օգոստինոս մեծապէս հետաքրքրուած էր փիլիսոփայութեամբ եւ Նոր–պղատոնականութեան ջատագով մը եղած էր։ * Դարձի գալէն ետք, ան շարունակեց մտքով Նոր–պղատոնական մնալ։ «Իր միտքը ձուլարան մըն էր, որու մէջ Նոր Կտակարանի կրօնքը ամբողջովին միաձուլուած էր յունական փիլիսոփայութեան պղատոնական աւանդութեան հետ», կ’ըսէ Պրիթանիքա Նոր Համայնագիտարանը (Անգլերէն)։ Կաթողիկէ Նոր Համայնագիտարան–ը (Անգլերէն) կ’ընդունի որ Օգոստինոսի «[հոգիի] վարդապետութիւնը, որ մինչեւ ԺԲ. դարու վերջերը Արեւմուտքի մէջ ընդունուած չափանիշ մը եղաւ, շատ բան կը պարտէր . . . Նոր–պղատոնականութեան»։
15, 16. ԺԳ. դարու Արիստոտէլի ուսուցումներուն նկատմամբ եկեղեցիին հետաքրքրութիւնը, հոգիի անմահութեան մասին անոր տեսակէտը փոխե՞ց։
15 ԺԳ. դարուն, Արիստոտէլի ուսուցումները Եւրոպայի մէջ շատ մեծ ժողովրդականութիւն սկսած էին շահիլ, մեծաւ մասամբ քանի որ Արիստոտէլի գրութիւններու մասին լայն բացատրութիւններ տուող Արաբ ուսումնականներու գործերը մատչելի էին Լատիներէնով։ Կաթողիկէ ուսումնական Թոմաս Ագուինաս խորապէս տպաւորուած էր Արիստոտէլեան մտքերով։ Ագուինասի գրութիւններուն պատճառաւ, Արիստոտէլի տեսակէտները շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունեցան եկեղեցիի ուսուցումին վրայ, քան՝ Պղատոնինը։ Սակայն այս հոսանքը հոգիի անմահութեան ուսուցումին չազդեց։
16 Արիստոտէլ սորվեցուց որ հոգին մարմինին անբաժանելի մէկ մասն էր եւ մահուընէ ետք անջատաբար իր գոյութիւնը չէր շարունակեր, իսկ եթէ մարդուն մէջ յաւիտենական բան մը գոյութիւն ունէր, անիկա ալ վերացական, անձնաւորութիւն չունեցող իմացականութիւնն է։ Հոգին այսպէս նկատելը, մահուընէ ետք վերապրող անձնական հոգիներու եկեղեցիին հաւատքին հետ համաձայն չէր։ Հետեւաբար, Ագուինաս բարեփոխեց հոգիի մասին Արիստոտէլի տեսակէտը, պնդելով որ հոգիի անմահութիւնը կարելի է բանաւոր կերպով փաստել։ Այս կերպով, հոգիի անմահութեան մասին եկեղեցիին հաւատալիքը նոյնը մնաց։
17, 18. (ա) ԺԶ. դարու Բարեկարգութիւնը հոգիի ուսուցումին մէջ բարեկարգում մտցո՞ւց։ (բ) Հոգիի անմահութեան շուրջ Քրիստոնեայ Աշխարհի շատ մը յարանուանութիւններուն դիրքը ի՞նչ է։
17 ԺԴ. եւ ԺԵ. դարերու ընթացքին, Վերածնունդի սկզբնական շրջանին, Պղատոնի հանդէպ հետաքրքրութիւնը վերարծարծուեցաւ։ Իտալիոյ մէջ հռչակաւոր Մէտիչի ընտանիքը նոյնիսկ Ֆլորանսի մէջ ակադեմիա հաստատուելու մէջ իր նպաստը
բերաւ, Պղատոնի փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութիւնը յառաջ տանելու համար։ ԺԶ. եւ ԺԷ. դարերուն, Արիստոտէլի հանդէպ հետաքրքրութիւնը նուազեցաւ։ Իսկ ԺԶ. դարու Բարեկարգութիւնը, հոգիի մասին ուսուցումը չբարեկարգեց։ Թէեւ Բողոքական Բարեկարգիչները քաւարանի ուսուցումին դէմ առարկութիւն ըրին, բայց յաւիտենական պատիժի կամ վարձատրութեան գաղափարը ընդունեցին։18 Այս կերպով, հոգիի անմահութեան ուսուցումը Քրիստոնեայ Աշխարհի բոլոր յարանուանութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ։ Ասիկա նշմարելով, Ամերիկացի ուսումնական մը գրեց. «Իրականութեան մէջ, Արեւմտեան աշխարհի մարդոց մեծամասնութեան համար, կրօնք պարզապէս կը նշանակէ՝ անմահութիւն։ Աստուած է անմահութեան հայթայթիչը»։
Անմահութիւնը եւ Իսլամութիւնը
19. Իսլամական կրօնքը ե՞րբ հաստատուեցաւ եւ որո՛ւ կողմէ։
19 Իսլամութիւնը սկսաւ, երբ Մուհամմէտ շուրջ 40 տարեկանին մարգարէ մը ըլլալու հրաւէր ստացաւ։ Սովորաբար Մահմետականները կը հաւատան որ ան յայտնութիւններ ստացաւ 20-23 տարիներու շրջանի մը մէջ, Հ.Դ. 610–էն մինչեւ իր մահը՝ Հ.Դ. 632։ Այս յայտնութիւնները արձանագրուած են Գուրանին՝ Մահմետականներու սուրբ գրքին մէջ։ Երբ Իսլամութիւնը կերպար առաւ, հոգիի մասին պղատոնական գաղափարը արդէն ներթափանցած էր Հրէականութեան եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ։
20, 21. Մահմետականները ի՞նչ կը հաւատան Անդէնականի մասին։
20 Մահմետականները կը հաւատան որ իրենց հաւատքը՝ հաւատարիմ Եբրայեցիներուն եւ վաղեմի Քրիստոնեաներուն տրուած յայտնութիւններուն վերջնակէտն է։ Գուրանը թէ՛ Եբրայերէն եւ թէ Յունարէն Գրութիւններէն մէջբերումներ կ’ընէ։ Սակայն, հոգիի անմահութեան ուսուցումին մէջ, անիկա այս գրութիւններէն կը շեղի։ Անիկա կը սորվեցնէ որ մարդը հոգի մը ունի, որ մահուընէ ետք կը շարունակէ ապրիլ։ Անիկա նաեւ կը խօսի մեռելներու յարութեան, դատաստանի օրուան եւ հոգիին վերջնական ճակատագրին մասին. կա՛մ երկնային դրախտ պարտէզի մը մէջ կեանք, եւ կամ կրակոտ դժոխքի մը մէջ՝ պատիժ։
21 Մահմետականները կը հաւատան որ մեռած անհատի մը հոգին կ’երթայ Պէրզէխ, կամ «Բաժանում», «վայր մը կամ վիճակ մը, ուր մարդիկ մահուընէ ետք եւ Դատաստանէն առաջ կը մնան»։ (Սուրա 23։99, 100, Սուրբ Գուրան, ստորանիշ) Հոգին գիտակից է, Պէրզէխ–ի մէջ «Գերեզմանի Պատիժ»ի կ’ենթարկուի՝ եթէ անհատը չար եղած է, կամ՝ ուրախութիւն կը վայելէ, եթէ հաւատարիմ գտնուած է։ Բայց հաւատարիմներն ալ պէտք է քիչ մը տանջուին, իրենց կենդանութեան ժամանակ գործած քանի մը մեղքերուն համար։ Դատաստանի օրը, ամէն մէկը իր յաւիտենական ճակատագրին պիտի ենթարկուի եւ այսպիսով վերջ պիտի գտնէ այդ միջանկեալ վիճակը։
22. Արաբ կարգ մը փիլիսոփաներ հոգիի ճակատագրին մասին ի՞նչ տարբեր վարկածներ ներկայացուցին։
22 Հոգիի անմահութեան գաղափարը Հրէականութեան եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ մտած է Պղատոնական ազդեցութեան պատճառաւ, բայց Իսլամութեան մէջ անիկա սկիզբէն կերտուած է։ Ասիկա ըսել չուզեր թէ Արաբ ուսումնականները չեն փորձած միախառնել իսլամական ուսուցումները եւ յունական փիլիսոփայութիւնը։ Արդարեւ, արաբական աշխարհը մեծապէս ազդուած էր Արիստոտէլի գործերէն։ Իսկ Ըպն Սինայի եւ Ըպն Րուշտի նման Արաբ ականաւոր ուսումնականներ Արիստոտէլեան գաղափարներ մեկնած եւ ընդլայնած են։ Սակայն, ջանալով հոգիի մասին յունական միտքերը իսլամական ուսուցումին հետ ներդաշնակել, անոնք նոր վարկածներ զարգացուցին։ Օրինակ, Ըպն Սինան ըսաւ որ անհատի մը հոգին անմահ է։ Սակայն, Ըպն Րուշտը միւս կողմէ այդ տեսակէտին դէմ խօսեցաւ։ Այսպիսի տարբեր տեսակէտներ ըլլալով հանդերձ, Մահմետականները կը շարունակեն հաւատալ հոգիի անմահութեան։
23. Հոգիի անմահութեան հարցով ի՞նչ կրնանք ըսել Հրէականութեան, Քրիստոնեայ Աշխարհի եւ Իսլամութեան մասին։
23 Որոշ է ուրեմն, որ Հրէականութիւնը, Քրիստոնեայ Աշխարհը եւ Իսլամութիւնը բոլորն ալ կը սորվեցնեն հոգիի անմահութեան վարդապետութիւնը։
[Ստորանիշ]
^ պարբ. 14 Նոր–պղատոնականութիւն. Պղատոնի փիլիսոփայութեան նոր երեսակ մը, զոր Պղոտինոս զարգացուց երրորդ դարու Հռովմի մէջ։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 14]
Մեծն Աղեքսանդրի յաղթանակը յունական եւ հրէական մշակոյթները միախառնեց
[Նկարներ՝ էջ 15]
Որոգինէս, վերեւը, եւ Օգոստինոս ջանացին պղատոնական փիլիսոփայութիւնը միաձուլել Քրիստոնեայ Աշխարհի հետ
[Նկարներ՝ էջ 16]
Ըպն Սինա, վերեւը, ըսաւ որ հոգին անմահ է։ Ըպն Րուշտը այս տեսակէտին դէմ արտայայտուեցաւ