Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ ՉՈՐՍ

Տուն մը ի՞նչպէս կրնաք ղեկավարել

Տուն մը ի՞նչպէս կրնաք ղեկավարել

1. Ինչո՞ւ ընտանիք մը ղեկավարելը կրնայ դժուար ըլլալ ներկայիս։

«ԱՅՍ աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի»։ (Ա. Կորնթացիս 7։31) Աւելի քան 1,900 տարիներ առաջ գրուած այս խօսքերը, որքա՜ն ճշմարիտ են այսօր։ Մասնաւորաբար ընտանեկան կեանքին հետ առնչուած բաները կը փոխուին։ Ինչ որ 40 կամ 50 տարի առաջ բնական կը թուէր, ներկայիս յաճախ անընդունելի դարձած է։ Այս պատճառաւ, տուն մը յաջող կերպով ղեկավարելը շատ մեծ դժուարութիւններ կը ներկայացնէ։ Այսուհանդերձ, եթէ Աստուածաշունչի խրատներուն հետեւիք, կրնաք զանոնք յաղթահարել։

ՁԵՐ ԵԿԱՄՈՒՏԻՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԱՊՐԵՑԷՔ

2. Տնտեսական ի՞նչ պարագաներ լարուածութիւն կրնան ստեղծել ընտանիքի մը մէջ։

2 Ներկայիս շատեր այլեւս չեն գոհանար պարզունակ, ընտանեկան կեանքով մը։ Քանի որ առեւտրական աշխարհը անդադար նորութիւններ կ’արտադրէ եւ ծանուցումի իր հմտութիւններով հանրութիւնը կը հրապուրէ, անոր համար միլիոնաւոր հայրեր ու մայրեր աւելորդ ժամեր կ’աշխատին այդ ապրանքները գնելու համար։ Միւս կողմէ, միլիոնաւոր ուրիշներ առօրեայ պայքար կը մղեն սեղանին վրայ ուտելիք մը դնելու համար։ Անոնք սովորականէն աւելի ժամանակ կ’անցընեն գործի մէջ, թերեւս երկու գործ ընելով, միմիայն անհրաժեշտ բաները հոգալու համար։ Տակաւին ուրիշներ, ուրախ են որ գործ մը գտած են, քանի որ անգործութիւնը համատարած է։ Այո, արդի ընտանիքներուն համար, կեանքը միշտ հեշտ չէ, սակայն Աստուածաշունչի սկզբունքները կրնան օգնել ընտանիքներուն, որ իրենց պարագաներէն լաւագոյնս օգտուին։

3. Պօղոս առաքեալ ի՞նչ սկզբունք բացատրեց, եւ զայն կիրարկելը ի՞նչպէս կրնայ օգնել տուն մը լաւ կերպով ղեկավարելու։

3 Պօղոս առաքեալ տնտեսական դժուարութիւններ ունեցաւ։ Զանոնք դիմագրաւելով, ան արժէքաւոր դաս մը սորվեցաւ, զոր իր բարեկամին՝ Տիմոթէոսի, գրած իր նամակին մէջ կը բացատրէ. «Բան մը չբերինք աշխարհ ու յայտնի է որ չենք կրնար անկէ բան մը տանիլ։ Հապա կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։7, 8) Ճիշդ է որ ընտանիք մը ուտելիքէն եւ հագուելիքէն զատ՝ բնակարանի ալ պէտք ունի։ Երախաները պէտք է ուսում ստանան։ Տակաւին կան բժշկական եւ այլ ծախսեր։ Ասով հանդերձ, Պօղոսի խօսքերուն մէջի սկզբունքը տակաւին ի զօրու կը մնայ։ Կեանքը շատ աւելի հեշտ պիտի ըլլայ, եթէ գոհանանք մեր կարիքներով, քան թէ տարուելով մեր ուզած բաներով։

4, 5. Նախօրօք խորհիլը եւ ծրագրելը ի՞նչպէս կրնայ օգնել տան ղեկավարման։

4 Ուրիշ օգտակար սկզբունք մը կը գտնենք Յիսուսի առակներէն մէկուն մէջ։ Ան ըսաւ. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ աշտարակ մը շինել ուզէ, առաջ չի նստիր ու հաշիւ ըներ ծախքը, ճշդելու համար թէ զանիկա լմնցնելու կարողութիւն ունի՞»։ (Ղուկաս 14։28) Հոս Յիսուս կը խօսի նախօրօք մտածելու, ծրագրելու մասին։ Նախորդ գլուխներէն մէկուն մէջ տեսանք թէ ասիկա ի՛նչպէս կ’օգնէ, երբ երիտասարդ զոյգ մը ամուսնանալու մասին կը խորհի։ Ամուսնանալէ ետք, այս սկզբունքը տունը ղեկավարելու ալ կը նպաստէ։ Այս մարզին մէջ նախօրօք մտածել կը նշանակէ որոշ պիւտճէ յատկացնել, նախապէս ծրագրել թէ եկամուտը ի՛նչպէս կարելի է լաւագոյն կերպով գործածել։ Այս կերպով, ընտանիք մը կրնայ իր ծախսերուն հսկել, իւրաքանչիւր օրուան կամ շաբթուան համար անհրաժեշտ եղող բաներու համար դրամ մէկ կողմ դնելով եւ ոչ թէ իր ոտքերը վերմակէն աւելի երկնցնելով։

5 Կարգ մը երկիրներու մէջ, այսպիսի պիւտճէ մը ունենալ կը նշանակէ անհրաժեշտ չեղող բաներ գնելու համար բարձր տոկոսով դրամ փոխ առնելու պարտադրանքին ընդդիմանալ։ Իսկ ուրիշ երկիրներու մէջ, անիկա կրնայ նշանակել վարկաքարտերու գործածութիւնը խիստ հսկողութեան տակ առնել։ (Առակաց 22։7) Անիկա նաեւ կը նշանակէ դէմ դնել անխոհեմ գնումներու. խելքին փչածը գնել՝ առանց կարիքները եւ հետեւանքները կշռելու։ Ասկէ զատ, պիւտճէ մը ունենալը երեւան պիտի հանէ որ բախտախաղի, ծխախոտի եւ չափազանց խմիչքի համար անձնասիրաբար վատնուած դրամը վնաս կը հասցնէ ընտանիքի տնտեսական վիճակին, նաեւ հակառակ է Աստուածաշունչի սկզբունքներուն։—Առակաց 23։20, 21, 29-35. Հռովմայեցիս 6։19. Եփեսացիս 5։3-5

6. Անոնք որոնք աղքատութեան մէջ կ’ապրին, սուրբ գրային ո՞ր ճշմարտութիւնները կրնան օգնել իրենց։

6 Սակայն, ի՞նչ կրնանք ըսել անոնց մասին որոնք աղքատութեան մէջ ապրելու ստիպուած են։ Նախ՝ անոնք կրնան մխիթարուիլ, գիտնալով որ աշխարհածաւալ այս հարցը ժամանակաւոր է։ Արագօրէն մօտեցող նոր աշխարհին մէջ, Եհովա աղքատութիւնը՝ մարդկութեան թշուառութեան պատճառ եղող մնացեալ չարիքներուն հետ՝ մէջտեղէն պիտի վերցնէ։ (Սաղմոս 72։1, 12-16) Մինչ այդ, եթէ նոյնիսկ շատ աղքատ են, ճշմարիտ Քրիստոնեաները բոլորովին լքուած չեն զգար, քանի որ կը հաւատան Եհովայի հետեւեալ խոստումին. «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ», այնպէս որ հաւատացեալ մը կրնայ համարձակօրէն ըսել. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ»։ (Եբրայեցիս 13։5, 6) Այս դժուարին օրերուն, Եհովա իր երկրպագուներուն տարբեր կերպերով հոգ տարած է, երբ անոնք իր սկզբունքներով ապրած եւ իր Թագաւորութիւնը իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դրած են։ (Մատթէոս 6։33) Անոնց մեծամասնութիւնը, Պօղոս առաքեալի խօսքերը կրկնելով, կրնայ վկայել. «Գիտեմ չքաւորութիւն քաշելը, գիտեմ շատը ունենալը ամէն բանի մէջ ամէն կերպով աղէկ սորվեր եմ թէ՛ կշտանալը, թէ՛ անօթենալը, թէ՛ շատ ունենալը եւ թէ՛ պակասութիւն քաշելը։ Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։—Փիլիպպեցիս 4։12, 13

ԲԵՌԸ ԲԱԺՆԵԼ

7. Յիսուսի ո՞ր խօսքերը, եթէ կիրարկուին, պիտի օգնեն տան յաջող ղեկավարման։

7 Իր երկրային ծառայութեան վերջաւորութեան, Յիսուս ըսաւ. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ (Մատթէոս 22։39) Ընտանիքէն ներս այս խրատը կիրարկելը, ընտանիքը ղեկավարելու մեծապէս կը նպաստէ։ Արդարեւ, որո՛նք են մեր ամենամօտիկ, ամենասիրելի ընկերները, չէ՞ որ անոնք՝ որ ընտանեկան յարկը կը բաժնեն մեզի հետ. ամուսին, կին, ծնողք եւ երախաներ։ Ընտանիքի անդամները ի՞նչպէս կրնան իրարու հանդէպ սէր ցոյց տալ։

8. Ընտանիքէն ներս ի՞նչպէս կարելի է սէր արտայայտել։

8 Կերպերէն մէկն է որ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ տրամաբանական գետնի վրայ մասնակցի առտնին գործերուն։ Հետեւաբար, երախաները պէտք է սորվին բան մը գործածելէ ետք զանոնք տեղաւորել, անոնք ըլլան հագուստներ կամ խաղալիքներ։ Առաւօտուն անկողինը շտկելը կրնայ ժամանակ առնել, բայց անիկա ընտանիքի ղեկավարման շատ մեծ օգուտ է։ Անշուշտ, երբեմն ժամանակաւոր անկարգութիւններ անխուսափելի են, բայց բոլորն ալ կրնան համագործակցիլ տունը կոկիկ պահելու, ինչպէս նաեւ ճաշելէն ետք ամէն բան կարգի դնելու մէջ։ Ծուլութիւնը, անփութութիւնը եւ դժկամելով բան մը ընելը բացասական ազդեցութիւն կ’ունենան բոլորին վրայ։ (Առակաց 26։14-16) Իսկ միւս կողմէ, զուարթ, յօժարակամ հոգի մը ընտանեկան ուրախութեան կը նպաստէ։ «Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ»։—Բ. Կորնթացիս 9։7

9, 10. (աՅաճախ տան մէջ ի՞նչ բեռներ դրուած են կնոջ վրայ, եւ ասիկա ի՛նչպէս կարելի է թեթեւցնել։ (բԱռտնին գործերու համար ի՞նչ հաւասարակշռութիւն թելադրուած է։

9 Փափկանկատութիւնն ու սէրը առաջքը պիտի առնեն այն կացութիւններուն, որոնք իրապէս խնդիր կը յարուցանեն կարգ մը տուներու մէջ։ Սովորութիւն եղած է որ մայրերը ընտանիքին առանցքը կազմեն։ Անոնք զաւակները կը խնամեն, տունը կը մաքրեն, ընտանիքին լուացքը կ’ընեն եւ կերակուր կը գնեն ու կ’եփեն։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, կիները սովորաբար նաեւ արտերու մէջ կ’աշխատին, հասոյթը շուկան կը ծախեն, կամ ուրիշ կերպերով տան պիւտճէին կը նպաստեն։ Նոյնիսկ նախապէս այս սովորութիւնը չունեցող երկիրներու մէջ, միլիոնաւոր ամուսնացած կիներ ստիպուած՝ տունէն դուրս գործ կը ճարեն։ Իրապէս գովելի է այն կինը ու մայրը որ այս տարբեր մարզերուն մէջ ծանր կ’աշխատի։ Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած ‘առաքինի կնոջ’ նման, անոր օրերը շատ լեցուն են։ Ան «ծուլութեան հացը չ’ուտեր»։ (Առակաց 31։10, 27) Բայց ասիկա չի նշանակեր որ տան մէջ միայն կինը կրնայ աշխատիլ։ Ամուսինը եւ կինը տունէն դուրս լրիւ օր մը աշխատելէ ետք, տան գործերը կինը առանձի՞ն պէտք է ընէ, մինչ ամուսինը եւ ընտանիքի մնացեալ անդամները կը հանգստանան։ Վստահաբար ո՛չ։ (Բաղդատել՝ Բ. Կորնթացիս 8։13, 14։) Ուստի, մինչ մայրը ճաշը կը պատրաստէ, զոր օրինակ, երախտապարտ պիտի ըլլայ եթէ ընտանիքի միւս անդամները սեղանը շտկելու, կարգ մը գնումներ ընելու կամ քիչ մը տունը հաւաքելու ու մաքրելու օգնեն։ Այո, բոլորն ալ կրնան այս պատասխանատուութեան մէջ իրենց մասնակցութիւնը բերել։—Բաղդատել՝ Գաղատացիս 6։2։

10 Ոմանք թերեւս ըսեն. «Իմ բնակած շրջանիս մէջ, տղամարդուն դերը չէ այսպիսի բաներ ընել»։ Կրնայ ըլլալ որ ճիշդ է, բայց լաւ պիտի չըլլա՞ր այս կէտը նկատի առնել։ Երբ Եհովա Աստուած ծագում տուաւ ընտանիքին, ան բնաւ չըսաւ որ որոշ գործեր միայն կիներու կը վերաբերէին։ Անգամ մը, երբ հաւատարիմ Աբրահամ Եհովայէ ղրկուած մասնաւոր պատգամաբերներ ընդունեց, ինքն ալ մասնակցեցաւ այցելուներուն ճաշի պատրաստութեան եւ մատակարարման։ (Ծննդոց 18։1-8) Աստուածաշունչը կը խրատէ. «Այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս»։ (Եփեսացիս 5։28) Եթէ օրուան վերջաւորութեան, ամուսինը յոգնած է եւ կ’ուզէ հանգստանալ, հաւանական չէ՞ որ կնոջ պարագան ալ նոյնը ըլլայ, թերեւս քիչ մըն ալ աւելի։ (Ա. Պետրոս 3։7) Ուստի, յարմար եւ սիրալիր պիտի չըլլա՞յ, եթէ ամուսինը տան գործերուն մասնակցի։—Փիլիպպեցիս 2։3, 4

11. Յիսուս ի՞նչ կերպով տան իւրաքանչիւր անդամին առջեւ գեղեցիկ օրինակ մըն է։

11 Աստուած հաճեցնելու եւ իր ընկերակիցներուն ուրախութեան նպաստելու մէջ Յիսուս լաւագոյն տիպարը կը հանդիսանայ։ Թէեւ ան բնաւ չամուսնացաւ, բայց լաւ օրինակ մըն է ամուսիններուն, ինչպէս նաեւ կիներուն եւ երախաներուն։ Ան ինքն իր մասին ըսաւ. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ (Մատթէոս 20։28) Որքա՜ն երջանիկ են այն ընտանիքները, ուր բոլոր անդամները նման կեցուածք մը կը մշակեն։

ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՈ՛Ւ ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

12. Եհովա իրեն ծառայողներէն ի՞նչ կը պահանջէ։

12 Աստուածաշունչի ուրիշ սկզբունք մը, որ տան ղեկավարութեան կը նպաստէ, կը գտնուի Բ. Կորնթացիս 7։1–ի մէջ։ Հոն կը կարդանք «մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք»։ Անոնք որոնք կը հնազանդին այս ներշնչեալ խօսքերուն, Եհովայի ընդունելի են, որ կը պահանջէ «մաքուր ու անարատ կրօնասիրութիւն»։ (Յակոբու 1։27Իսկ իրենց ընտանիքը անկէ առթած օգուտները կը քաղէ։

13. Տան ղեկավարութեան համար, մաքրութիւնը ինչո՞ւ անհրաժեշտ է։

13 Օրինակ, Աստուածաշունչը մեզի կ’երաշխաւորէ թէ պիտի գայ օր մը երբ այլեւս հիւանդութիւն պիտի չըլլայ։ Այդ ժամանակ, «հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։ (Եսայեայ 33։24. Յայտնութիւն 21։4, 5) Մինչ այդ սակայն, ամէն ընտանիք ժամանակ առ ժամանակ հիւանդութեան պարագաներ կ’ունենայ։ Նոյնիսկ Պօղոս եւ Տիմոթէոս հիւանդ էին։ (Գաղատացիս 4։13. Ա. Տիմոթէոս 5։23) Այսուհանդերձ, ըստ բժիշկներու, կարելի է կարգ մը հիւանդութիւններու առաջքը առնել։ Խոհեմ ընտանիքներ, մարմնաւոր եւ հոգեւոր անմաքրութենէ զգուշանալով, կրնան խոյս տալ կարգ մը հիւանդութիւններէ։ Տեսնենք թէ ի՛նչպէս։—Բաղդատել՝ Առակաց 22։3։

14. Բարոյական մաքրութիւնը ի՞նչ կերպով ընտանիքը կը պաշտպանէ հիւանդութիւններէ։

14 Հոգեւոր մաքրութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ բարոյական մաքրութիւնը։ Բոլորին ծանօթ է որ Աստուածաշունչը բարոյական բարձր չափանիշներ կը քաջալերէ եւ ամուսնութենէն դուրս սեռային որե՛ւէ մտերմութիւն կը դատապարտէ։ «Ո՛չ պոռնիկները, . . . ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն»։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Ներկայ այլասերած աշխարհին մէջ ապրող Քրիստոնեաներուն համար շատ կարեւոր է այս չափանիշները անխտիր պահել։ Ասիկա Աստուած կը հաճեցնէ եւ ընտանիքը կը պաշտպանէ ԱԴԱ–ի (ԷՅՏԾ), ֆրանկախտի, սերմնակաթութեան, եւ գլամիտիայի նման սեռայինօրէն փոխանցուած հիւանդութիւններէն։—Առակաց 7։10-23

15. Օրինակով մը ցոյց տուէք թէ ֆիզիքական մաքրութեան պակասը ի՞նչպէս անտեղի հիւանդութիւններու դուռ կը բանայ։

15 ‘Մարմնի ամէն կերպ պղծութենէ’ մենք մեզ մաքրելն ալ ընտանիքը կը պաշտպանէ տակաւին ուրիշ հիւանդութիւններէ։ Ֆիզիքական մաքրութեան պակասը շատ հիւանդութիւններու դուռ կը բանայ։ Ծխելու սովորութիւնը գլխաւոր օրինակն է։ Ծխելը ոչ միայն թոքերը, հագուստը եւ ուղղակի օդը կ’աղտոտէ, այլ նաեւ մարդոց հիւանդութեան պատճառ կ’ըլլայ։ Ամէն տարի միլիոնաւոր անհատներ կը մահանան ծխախոտի պատճառաւ։ Պահ մը խորհեցէք. միլիոնաւոր անհատներ պիտի չհիւանդանային եւ չմեռնէին, եթէ ‘մարմնի այդ պղծութենէն’ խուսափէին։

16, 17. (աԵհովայի տուած ո՞ր Օրէնքը Իսրայելացիները պաշտպանեց կարգ մը հիւանդութիւններէ։ (բԲ. Օրինաց 23։12, 13–ի մէջ գտնուած սկզբունքը ի՞նչպէս կարելի է կիրարկել բոլոր տուներու մէջ։

16 Ուրիշ օրինակ մը առնենք։ Շուրջ 3,500 տարիներ առաջ, Աստուած Իսրայէլ ազգին իր Օրէնքը տուաւ, որպէսզի անոնց պաշտամունքը՝ եւ որոշ չափով նաեւ՝ անոնց առօրեայ կեանքը կազմակերպէ։ Այդ Օրէնքը մաքրութեան հիմնական կանոններ տալով զիրենք պաշտպանեց հիւանդութիւններէ։ Այդ օրէնքներէն մէկն էր մարդկային կեղտը վերացնել, զայն բանակատեղիէն հեռու տեղ մը թաղելով, որպէսզի մարդոց ապրած շրջանը չապականուէր։ (Բ. Օրինաց 23։12, 13) Անցեալին տրուած այդ օրէնքը տակաւին գործնական խրատ մըն է։ Մեր օրերուն իսկ, տակաւին մարդիկ կը հիւանդանան ու կը մեռնին, քանի որ չեն հետեւիր այս օրէնքին։ *

17 Իսրայելացիներուն տրուած այդ օրէնքին ետին գտնուող սկզբունքին հետ ներդաշնակ ըլլալով, ընտանիքին բաղնիքը եւ արտաքնոցը՝ անոնք ըլլան բնակարանէն ներս թէ դուրս՝ պէտք է մաքուր պահուին ու հականեխուին։ Եթէ արտաքնոցը մաքուր եւ ծածկուած չպահուի, ճանճեր պիտի հաւաքուին հոն եւ տան ուրիշ մասերուն՝ նաեւ մեր կերակուրին վրայ, մանրէներ պիտի տարածեն։ Ասկէ զատ, թէ՛ երախաներ եւ թէ չափահասներ իրենց ձեռքերը պէտք է լուան արտաքնոց երթալէ ետք։ Ապա թէ ոչ իրենց մորթին վրայ այդ մանրէները իրենց հետ կը բերեն։ Ֆրանսացի բժիշկի մը համաձայն, ձեռք լուալը «տակաւին լաւագոյն ապահովութիւնն է մարսողական, շնչառական կամ մորթային կարգ մը վարակումներու առաջքը առնելու համար»։

Մաքրութիւնը՝ դեղերէն աւելի աժանի կը նայի

18, 19. Նոյնիսկ աղքատ շրջապատի մէջ, մաքուր տուն մը ունենալու մասին ի՞նչ թելադրութիւններ տրուած են։

18 Ճիշդ է որ աղքատ շրջապատի մէջ, մաքրութիւնը դժուար հարց է։ Մէկը որ ծանօթ է այսպիսի վայրերու վիճակներուն, ըսաւ. «Ճնշիչ տօթը մաքրութեան գործը կրկնակիօրէն կը դժուարացնէ։ Փոշիի փոթորիկը տան բոլոր անկիւնները գորշ, մանրամաղ փոշիով կը ծածկէ։ . . . Քաղաքներու, ինչպէս նաեւ կարգ մը գիւղերու մէջ գերբնակչութիւնն ալ առողջապահական վտանգներ կը հասցնէ։ Բաց կոյուղիները, չհաւաքուած աղբերու կոյտերը, հանրային կեղտոտ արտաքնոցները, ախտ տարածող առնէտները, ուտիճները եւ ճանճերը սովորական երեւոյթներ են»։

19 Այսպիսի պայմաններու ներքեւ մաքրութիւն պահելը՝ դժուար է։ Սակայն թափուած ջանքը ապարդիւն չէ։ Շատ աւելի աժանի կը նային օճառ, ջուր եւ քիչ մը յաւելեալ աշխատանքը, քան թէ՝ դեղերը եւ հիւանդանոցի վճարումները։ Եթէ դուք այսպիսի շրջապատի մը մէջ կ’ապրիք, որքա՛ն որ կարելի է ձեր տունը եւ բակը մաքուր եւ անասնական աղբէն զերծ պահեցէք։ Եթէ անձրեւոտ շրջանին ձեր տան մուտքը կը ցեխոտի, կրնա՞ք գետինը խճաքարեր դնել կամ քարեր շարել, որպէսզի ցեխը տունէն ներս չմտնէ։ Կրնա՞ք ձեր կօշիկները հանել ներս մտնելէ առաջ։ Ձեր ջուրի մթերքն ալ պէտք է վարակումէ զերծ պահէք։ Հաշիւ եղած է որ տարեկան առնուազն երկու միլիոն անհատներ կը մահանան աղտոտ ջուրի եւ առողջապահական խեղճ միջոցառումներու պատճառաւ։

20. Տուն մը մաքուր պահուելու պատասխանատուութիւնը որո՞ւ վրայ կ’իյնայ։

20 Մաքուր տուն մը ունենալու մէջ ամէն անհատ բաժին ունի. մայրը, հայրը, երախաները եւ այցելուները։ Քենիայի մէջ, ութ զաւակներու տէր մայր մը ըսաւ. «Բոլորն ալ սորված են իրենց մասնակցութիւնը բերել»։ Մաքուր, կոկիկ տուն մը ամբողջ ընտանիքին հայելին է։ Սպանական առած մը կ’ըսէ. «Աղքատութիւնն ու մաքրութիւնը կրնան միասին ընթանալ»։ Ո՛ւր որ ալ բնակինք, ապարանքի, յարկաբաժնի, համեստ տան մը, կամ խրճիթի մը մէջ, աւելի առողջ ընտանիք մը ունենալու համար՝ մաքրութիւնը անհրաժեշտ է։

ՔԱՋԱԼԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԶ Կ’ՈԳԵՒՈՐԷ

21. Առակաց 31։28–ի հետ ներդաշնակ ըլլալով, ի՞նչ բան պիտի նպաստէ ընտանեկան ուրախութեան։

21 Երբ Աստուածաշունչը առաքինի կնոջ մասին կը խօսի, Առակաց գիրքը կ’ըսէ. «Անոր տղաքը կ’ելլեն ու զանիկա երանելի կ’անուանեն։ Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ»։ (Առակաց 31։28) Վերջին անգամ ե՞րբ ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկը գովեցիք։ Արդարեւ, մենք կը նմանինք բոյսերու, որ գարնան երբ որոշ ջերմութիւն ու խոնաւութիւն ստանան՝ կը ծաղկին։ Մենք ալ գովասանքի ջերմութեան կարիքը ունինք։ Կին մը պէտք ունի գիտնալու թէ իր ամուսինը կը գնահատէ իր ծանր աշխատանքը եւ սիրալիր հոգատարութիւնը եւ իր ըրածը թեթեւի չ’առներ։ (Առակաց 15։23. 25։11) Նաեւ հաճելի է երբ կին մը կը գովէ իր ամուսինը տունէն ներս ու դուրս կատարած աշխատանքին համար։ Երախաներն ալ կ’ոգեւորուին, երբ իրենց ծնողքը զիրենք կը գովեն տան, դպրոցին եւ քրիստոնէական ժողովքին մէջ իրենց թափած ջանքին համար։ Իսկ պզտիկ երախտագիտութիւն մը ի՜նչեր կ’իրագործէ։ Մեծ բան մը չէ ըսել՝ «Շնորհակալ եմ», բայց ընտանիքի հոգեվիճակին վրայ անոր ձգած ազդեցութիւնը կրնայ մեծ ըլլալ։

22. Ի՞նչ բան կենսական է որպէսզի տուն մը «հաստատուի», եւ ասիկա ի՞նչպէս կարելի է ձեռք ձգել։

22 Շատ մը պատճառներով, տուն մը ղեկավարելը դիւրին չէ։ Բայց կարելի է յաջողութեամբ ընել զայն։ Աստուածաշունչի առակ մը կ’ըսէ. «Տունը իմաստութեամբ կը շինուի ու հանճարով կը հաստատուի»։ (Առակաց 24։3) Իմաստութիւնն ու հանճարը կարելի է ձեռք ձգել, երբ ընտանիքին մէջ բոլորն ալ տենչը ունենան Աստուծոյ կամքը գիտնալու եւ զայն իրենց կեանքին մէջ գործադրելու։ Ուրախ ընտանիք մը ունենալու համար, կ’արժէ ամէն ջանք թափել։

^ պարբ. 16 Փորհարութենէ՝ բազմաթիւ երախաներու մահուան պատճառ եղող հասարակ հիւանդութենէ մը՝ զգուշանալու մասին խրատներ տուող գրքի մը մէջ, Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը կը նշէ. «Եթէ բանակատեղիի մէջ արտաքնոց չկայ, տունէն ու երախաներուն խաղցած վայրերէն հեռու եւ ջուրերու աղբիւրներէն առնուազն 10 մեթր հեռու ձեր աղիքները պարպեցէք եւ կղկղանքը հողով ծածկեցէք»։