ԳԼՈՒԽ ՈՒԹ
Ձեր ընտանիքը պաշտպանեցէք քանդիչ ազդեցութիւններէ
1-3. (ա) Ընտանիքին սպառնացող քանդիչ ազդեցութիւնները ո՞ր աղբիւրներէն կու գան։ (բ) Ծնողներ ի՞նչպիսի հաւասարակշռութեան կարիքը ունին, իրենց ընտանիքները պաշտպանելու համար։
ՁԵՐ տղեկը դպրոց ղրկելու վրայ էք եւ տեղատարափ անձրեւ կը տեղայ։ Ի՞նչ կ’ընէք։ Կը թողո՞ւք որ ան դռնէն դուրս ցատկէ առանց անձրեւէն պատսպարուելու։ Կամ ա՛յնքան շատ կը հագուեցնէ՞ք որ չկարենայ շարժիլ։ Վստահաբար ասոնցմէ ո՛չ մէկը կ’ընէք։ Միայն հարկ եղածը կու տաք իրեն որ չթրջուի։
2 Նոյն կերպով, ծնողներ հաւասարակշռուած կերպ մը պէտք է գտնեն, որպէսզի իրենց ընտանիքը պաշտպանեն շատ մը աղբիւրներէ իրենց վրայ տեղացող քանդիչ ազդեցութիւններու դէմ, որոնք են՝ ժամանցի ճարտարարուեստը, լրատուական սպասարկութիւնը, ընկերները եւ երբեմն, նոյնիսկ դպրոցը։ Կարգ մը ծնողներ իրենց ընտանիքը պաշտպանելու համար գրեթէ ոչինչ կ’ընեն։ Իսկ ուրիշներ, դուրսի գրեթէ բոլոր ազդեցութիւնները վնասակար սեպելով, ա՛յնքան խիստ են, որ զաւակները կարծէք շնչահեղձ կ’ըլլան։ Կարելի՞ է հաւասարակշռութիւն պահել։
3 Այո, կարելի է։ Ծայրայեղութիւնը անօգուտ է եւ կրնայ նոյնիսկ չարիք պատճառել։ (Ժողովողի 7։16, 17) Սակայն, Քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչպէս կրնան ճիշդ հաւասարակշռութիւնը գտնել, իրենց ընտանիքը պաշտպանելու համար։ Երեք մարզեր նկատի առնենք՝ ուսումը, ընկերակցութիւնը եւ զբօսանքը։
Ո՞Վ ՊԻՏԻ ՍՈՐՎԵՑՆԷ ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ
4. Քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչպէս պէտք է նկատեն ուսումը։
4 Քրիստոնեայ ծնողներ մեծապէս կ’արժեւորեն ուսումը։ Անոնք գիտեն որ ուսումը կ’օգնէ զաւակներուն որ կարդան, Առակաց 22։29
գրեն, հաղորդակցին, ինչպէս նաեւ՝ խնդիրներ լուծեն։ Անիկա սորվելու արուեստն ալ պէտք է ուսուցանէ։ Դպրոցին մէջ երախաներուն ձեռք ձգած հմտութիւնները կրնան իրենց յաջողութեան նպաստել, հակառակ ներկայ աշխարհի ներկայացուցած դժուարութիւններուն։ Ասկէ զատ, լաւ ուսում մը կրնայ անոնց օգնել որ աւելի լաւ գործ մը ունենան։—5, 6. Դպրոցին մէջ երախաները ի՞նչպէս կրնան սեռի մասին խեղաթիւրուած տեղեկութիւններու ենթարկուիլ։
5 Սակայն, դպրոցը երախաները շփման մէջ կը բերէ ուրիշ երախաներու հետ, որոնցմէ շատեր խեղաթիւրուած տեսակէտներ ունին։ Օրինակ, սեռի եւ բարոյականի մասին անոնց տեսակէտը նկատի առէք։ Նիկերիոյ երկրորդական վարժարանի մը մէջ, խառնակեաց աղջիկ մը իր դասընկերուհիներուն սեռի մասին խրատներ կու տար։ Անոնք ուշադիր կերպով մտիկ կ’ընէին, հակառակ անոր որ արտառոց գաղափարներ ունէր, զորս պոռնկագրական գրականութիւններէն քաղած էր։ Աղջիկներէն ոմանք անոր խրատները գործադրեցին։ Որպէս հետեւանք, աղջիկներէն մէկը առանց ամուսնութեան յղի մնաց եւ իր ջանքերով վիժում փորձած ժամանակ՝ մահացաւ։
6 Դժբախտաբար, դպրոցներու մէջ սեռի մասին սխալ տեղեկութիւնները ոչ միայն աշակերտներէն կու գան, այլ նաեւ՝ ուսուցիչներէն։ Շատ ծնողներ կ’ահաբեկին, երբ դպրոցները երախաներուն սեռի մասին կը սորվեցնեն, բարոյական չափանիշներու եւ պատասխանատուութեան մասին առանց տեղեկութիւն հաղորդելու։ 12 տարեկան աղջնակի մը մայրը ըսաւ. «Մենք շատ կրօնասէր, պահպանողական շրջանի մը մէջ կ’ապրինք, սակայն շրջանի երկրորդական վարժարանին մէջ պզտիկներուն պահպանակ կու տան»։ Ինք եւ իր ամուսինը մտահոգուեցան, երբ գիտցան որ իրենց աղջնակը իր տարեկից տղոց կողմէ սեռային առաջարկներ կ’ունենար։ Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց ընտանիքը պաշտպանել այսպիսի սխալ ազդեցութիւններու դէմ։
7. Սեռային հարցերու մասին սխալ տեղեկութեան առաջքը առնելու լաւագոյն կերպը ի՞նչ է։
7 Շիտա՞կ է երախաները պահպանել, անոնց հետ բնաւ սեռային հարցեր չարծարծելով։ Ո՛չ. նախընտրելի է որ սեռի մասին դո՛ւք սորվեցնէք ձեր զաւակներուն։ (Առակաց 5։1) Ճիշդ է որ Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի կարգ մը մասերուն մէջ, ծնողներէն շատեր այս նիւթին մասին խօսելու կը քաշուին։ Նոյնպէս, ափրիկեան կարգ մը երկիրներու մէջ, ծնողներ գրեթէ սեռի մասին չեն խօսիր իրենց զաւակներուն հետ։ «Ափրիկեան մշակոյթին մաս չի կազմեր այսպիսի ընթացք մը», կ’ըսէ Սիերրա Լէոնէէն հայր մը։ Կարգ մը ծնողներ կը խորհին որ երախաներուն սեռի մասին խօսիլը անոնց միտքը բան պիտի ձգէ, որպէսզի անբարոյութիւն գործեն։ Բայց Աստուծոյ տեսակէտը ի՞նչ է այս մասին։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՏԵՍԱԿԷՏԸ ՍԵՌԻ ՄԱՍԻՆ
8, 9. Սեռային հարցերու մասին Աստուածաշունչի մէջ ի՞նչ լաւ տեղեկութիւններ կը գտնենք։
8 Աստուածաշունչը պարզապէս կ’ըսէ որ պատշաճ պայմաններու ներքեւ ամօթալի բան մը չէ սեռի մասին խօսիլ։ Իսրայէլի մէջ, Աստուծոյ ժողովուրդին ըսուած էր որ հաւաքուէին, իրենց հետ բերելով նաեւ «տղաքներ»ը, Մովսէսի Օրէնքին բարձրաձայն ընթերցումը լսելու համար։ (Բ. Օրինաց 31։10-12. Յեսուայ 8։35) Օրէնքը բացայայտօրէն կը յիշէր սեռային կարգ մը հարցեր, մէջը ըլլալով դաշտանի, սերմնահոսութեան, պոռնկութեան, շնութեան, միասեռականութեան, ազգապղծութեան եւ անասնապղծութեան մասին։ (Ղեւտացւոց 15։16, 19. 18։6, 22, 23. Բ. Օրինաց 22։22) Այս ընթերցումը լսելէ ետք, անկասկած ծնողներ իրենց հետաքրքիր զաւակներուն երկար բացատրութիւններ տալու կարիքը կ’ունենային։
9 Առակացին հինգերորդ, վեցերորդ եւ եօթներորդ գլուխներուն մէջ հատուածներ կան, որոնք ծնողական սիրալիր խրատներ կը փոխանցեն սեռային անբարոյութեան մասին։ Այս համարները ցոյց կու տան թէ անբարոյութիւնը երբեմն կրնայ հրապուրիչ թուիլ։ (Առակաց 5։3. 6։24, 25. 7։14-21) Սակայն, անոնք կը սորվեցնեն որ անիկա սխալ է եւ աղիտալի հետեւանքներ կրնայ ունենալ եւ երիտասարդները անբարոյ ճամբաներէն խուսափելու նպաստող ուղղութիւններ կու տան։ (Առակաց 5։1-14, 21-23. 6։27-35. 7։22-27) Ասկէ զատ, անբարոյութիւնը հակադրուած է ամուսնական պատշաճ շրջանակէն ներս սեռային հաճոյքին տուած գոհունակութեան հետ։ (Առակաց 5։15-20) Սորվեցնելու ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը, որու կրնան հետեւիլ ծնողները։
10. Սեռի մասին երախաներուն աստուածային գիտութիւն տալը ինչո՞ւ զիրենք անբարոյութեան չ’առաջնորդեր։
10 Այսպիսի ուսուցում մը երախաները անբարոյութիւն գործելո՞ւ կ’առաջնորդէ։ Ընդհակառակը, Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ. «Արդարները գիտութեամբ կ’ազատին»։ (Առակաց 11։9) Կ’ուզէ՞ք ձեր զաւակը ազատել այս աշխարհի ազդեցութիւններէն։ Հայր մը ըսաւ. «Նոյնիսկ իրենց մատղաշ տարիքէն, մեր զաւակներուն հետ փորձեցինք սեռային հարցերու մէջ ամբողջովին անկեղծ ըլլալ։ Այս կերպով, երբ լսեն որ ուրիշ երախաներ սեռի մասին կը խօսին, իրենք հետաքրքրութեամբ մտիկ չեն ըներ։ Անիկա մեծ գաղտնիք մը չէ իրենց համար»։
11. Երախաներուն ի՞նչպէս կարելի է աստիճանաբար սորվեցնել կեանքի մտերիմ հարցերու մասին։
11 Ինչպէս նախորդ գլուխներուն մէջ նշուած է, սեռի մասին պէտք է կանուխէն սկսիք սորվեցնել։ Երբ ձեր զաւակներուն կը սորվեցնէք մարմնի անդամներուն անունները, 5–րդ Գլուխին մէջ խօսուեցաւ, այսպիսի դաստիարակութիւն մը երախաները կրնայ պաշտպանել նաեւ սեռային եղծանումէ։—Առակաց 2։10-14
անոնց մտերիմ մասերուն վրայէն մի՛ անցնիք, որպէս թէ անոնք ամօթալի բաներ ըլլան։ Անոնց շիտակ անունները սորվեցուցէք։ Ժամանակ մը ետք, անհրաժեշտ է որ անոնց սորվեցնէք ամօթխածութեան եւ անոր սահմաններուն մասին։ Նախընտրաբար երկու ծնողներն ալ երախաներուն պէտք է սորվեցնեն թէ մարմնի այս մասերը մասնայատուկ են եւ սովորաբար պէտք չէ անոնց դպչիլ կամ ուրիշներուն ցոյց տալ եւ բնաւ գէշ կերպով պէտք չէ խօսիլ անոնց մասին։ Երբ քիչ մը աւելի մեծնան, անոնց պէտք է տեղեկացնել թէ ի՛նչպէս տղամարդ մը եւ կին մը կը միանան զաւակ ունենալու համար։ Երբ անոնք արբունքի շրջանը թեւակոխեն, արդէն լաւ տեղեակ պէտք է ըլլան իրենց կրելիք փոփոխութեանց մասին։ ԻնչպէսԾՆՈՂՆԵՐՈՒ ՏՆԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ
12. Դպրոցներու մէջ յաճախ ի՞նչ խեղաթիւրուած տեսակէտներ կը սորվեցնեն։
12 Ծնողներ պատրաստ պէտք է ըլլան դպրոցին մէջ ուսուցուած ուրիշ սխալ գաղափարներ ալ չէզոքացնելու. աշխարհային փիլիսոփայութիւններ՝ ինչպէս բարեշրջութիւնը, ազգայնականութիւնը կամ այն գաղափարը թէ բացարձակ ճշմարտութիւն գոյութիւն չունի։ (Ա. Կորնթացիս 3։19. բաղդատել՝ Ծննդոց 1։27. Ղեւտացւոց 26։1. Յովհաննու 4։24. 17։17։) Դպրոցի անկեղծ անձնակազմերէն շատեր ուսումը շարունակելու վրայ չափազանց շեշտ կը դնեն։ Թէեւ յաւելեալ ուսումի հարցը անձնական բան մըն է, կարգ մը ուսուցիչներ կը պնդեն որ անիկա անձնական յաջողութեան միակ ճամբան է։ * —Սաղմոս 146։3-6
13. Դպրոցական երախաները ի՞նչպէս կարելի է պաշտպանել սխալ գաղափարներէ։
13 Որպէսզի ծնողներ կարենան սխալ կամ խեղաթիւրուած ուսուցումները չէզոքացնել, անոնք նախ պէտք է ճշգրտօրէն
գիտնան թէ իրենց երախաները ի՛նչ դաստիարակութիւն կը ստանան։ Ուստի, ո՛վ ծնողներ, մի՛ մոռնաք որ դուք ալ տնային աշխատանք մը ունիք։ Ձեր զաւակներուն դպրոցական կեանքով անկեղծօրէն հետաքրքրուեցէք։ Դպրոցէն ետք անոնց հետ խօսեցէք։ Հարցուցէք թէ ի՛նչ կը սորվին, ի՛նչ բան ամենէն շատ կը սիրեն, իսկ ի՛նչը դժուար կը գտնեն։ Աչքէ անցուցէք անոնց նշանակուած տնային աշխատանքները, նիշերը եւ քննութիւններուն արդիւնքները։ Ջանացէք ուսուցիչներուն հետ ծանօթանալ։ Անոնց գիտցուցէք որ կը գնահատէք իրենց աշխատանքը եւ թէ կ’ուզէք որեւէ կերպով օգտակար ըլլալ իրենց։ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ
14. Ինչո՞ւ կենսական է որ աստուածավախ զաւակներ լաւ ընկերներ ընտրեն։
14 «Ուրկէ՞ սորվեր ես այդ բանը»։ Քանի՜ անգամ ծնողներ հարցուցած են ասիկա, իրենց զաւկին ըսած կամ ըրած անճոռնի բանէ մը սարսափած։ Իսկ քանի՜ անգամ ասոր պատասխանէն յայտնի եղած է որ անիկա եկած է դպրոցի կամ թաղի մէջ նոր գտած ընկերէ մը։ Այո, երիտասարդ ըլլանք թէ տարեց, ընկերները խոր ազդեցութիւն կրնան բանեցնել մեր վրայ։ Պօղոս առաքեալ զգուշացուց. «Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։ (Ա. Կորնթացիս 15։33. Առակաց 13։20) Մասնաւորաբար անչափահասները կ’ազդուին իրենց նմաններուն ճնշումէն։ Անոնք կրնան իրենք իրենց վրայ վստահութիւն չունենալ եւ երբեմն իրենց ընկերները հաճեցնելու եւ տպաւորելու ցանկութեամբ կը տարուին։ Հետեւաբար, որքա՜ն կենսական է որ լաւ ընկերներ ընտրեն։
15. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ լաւ ընկերներ ընտրեն։
15 Ծնողներ գիտեն որ երախաները միշտ լաւ ընտրութիւն չեն ըներ. անոնք առաջնորդութեան պէտք ունին։ Ասիկա չի՛ նշանակեր որ դուք իրենց ընկերները պիտի ընտրէք։ Այլ, մինչ կը մեծնան, անոնց ներատեսութիւն սորվեցուցէք եւ օգնեցէք որ գիտնան թէ իրենց ընկերներուն մէջ ի՛նչ յատկութիւններ պէտք է արժեւորեն։ Գլխաւոր յատկութիւնը պէտք է Մարկոս 12։28-30) Անոնց սորվեցուցէք որ սիրեն ու յարգեն ա՛յն անձերը, որոնք պարկեշտ, ազնիւ, առատաձեռն եւ աշխատասէր են։ Ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին, ձեր զաւակներուն օգնեցէք որ սուրբ գրային անձնաւորութիւններուն մէջ այսպիսի յատկութիւններ զատորոշեն, ապա ժողովքին մէջ ուրիշներու մէջ նկարագրի նոյն գծերը գտնեն։ Դուք անոնց օրինակ հանդիսացէք, ձե՛ր բարեկամները ընտրելու մէջ նոյն դատանիշները գործածելով։
ըլլայ Եհովայի հանդէպ սէր եւ Անոր աչքին շիտակը ընելու փափաք։ (16. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն ընկերներու ընտրութեան վրայ հսկել։
16 Գիտէ՞ք որոնք են ձեր երախաներուն ընկերները։ Խնդրեցէք ձեր երախաներէն որ զանոնք տուն բերեն, որպէսզի անոնց հետ ծանօթանաք։ Նաեւ, ձեր զաւակներուն հարցուցէք թէ ուրիշներ ի՛նչ կը մտածեն այս ընկերներուն մասին։ Արդեօք անոնք անհատապէս ուղղամի՞տ են թէ ոչ կրկնակի կեանք մը կը վարեն։ Եթէ պարագան երկրորդն է, ձեր զաւակներուն հետ տրամաբանեցէք թէ ինչո՛ւ այսպիսի ընկերակցութիւն մը կրնայ իրենց վնաս հասցնել։ (Սաղմոս 26։4, 5, 9-12) Եթէ ձեր զաւկին վարուելակերպին, հագուածքին, նիստուկացին եւ խօսակցութեան մէջ անհաճելի փոփոխութիւններ նշմարէք, թերեւս հարկ զգաք անոր ընկերներուն մասին իր հետ խօսակցիլ։ Ձեր զաւակը թերեւս ժամանակ կ’անցընէ ընկերոջ մը հետ, որ իր վրայ բացասական ազդեցութիւն կը բանեցնէ։—Բաղդատել՝ Ծննդոց 34։1, 2։
17, 18. Չար ընկերակցութեան դէմ զգուշացնելէ զատ, ծնողներ ի՞նչ գործնական օգնութիւն կրնան մատուցանել։
17 Սակայն չի՛ բաւեր ձեր զաւակներուն պարզապէս սորվեցնել, թէ չար ընկերներէն զգուշանան։ Անոնց օգնեցէք որ լաւ ընկերներ գտնեն։ Հայր մը ըսաւ. «Միշտ կը փորձէինք անոր տեղը լեցնել։ Ուստի, երբ դպրոցէն ուզեցին որ մեր տղան ոտնագնդակի խումբին միանայ, կինս եւ ես նստեցանք եւ իրեն հետ խօսեցանք թէ անիկա ինչո՛ւ լաւ գաղափար մը չէր՝ հոն գտնուող նոր ընկերներուն պատճառաւ։ Ապա, առաջարկեցինք որ ժողովքի երախաները հաւաքենք եւ զանոնք պարտէզ տանինք, որպէսզի ոտնագնդակ խաղան։ Ասիկա խնդիրը լուծեց»։
18 Իմաստուն ծնողներ կ’օգնեն իրենց զաւակներուն որ լաւ բարեկամներ գտնեն, ապա անոնց հետ օգտակար զբօսանքներ ունենան։ Բայց բազմաթիւ ծնողներու համար, զբօսանքի հարցն ալ դժուարութիւններ կը յարուցանէ։
Ի՞ՆՉՊԻՍԻ ԶԲՕՍԱՆՔ
19. Աստուածաշունչէն ի՞նչ օրինակներ ցոյց կու տան որ սխալ չէ երբ ընտանիքներ կը զուարճանան։
19 Աստուածաշունչը կը դատապարտէ՞ զուարճանալը։ * (Ժողովողի 3։4) Վաղեմի Իսրայէլի մէջ Աստուծոյ ժողովուրդը հաճոյք կ’առնէր երաժշտութենէն, պարէն, խաղերէն եւ հանելուկներէն։ Յիսուս Քրիստոս հարսանեկան մեծ խնճոյքի մը եւ Մատթէոս Ղեւիի կողմէ իրեն համար տրուած «մեծ կոչունք»ի մը ներկայ գտնուեցաւ։ (Ղուկաս 5։29. Յովհաննու 2։1, 2) Որոշ է ուրեմն, որ Յիսուս ուրիշներու ուրախութիւնը խանգարող մը չէր։ Ձեր տան մէջ ալ խնդալն ու զուարճանալը բնա՛ւ մեղք թող չնկատուի։
Բնա՛ւ։ Անիկա կ’ըսէ որ «ծիծաղելու ժամանակ, . . . ու կաքաւելու ժամանակ» կայ։20. Երբ ծնողներ իրենց ընտանիքին համար զբօսանքներ կը հայթայթեն, ի՞նչ բան ի մտի պէտք է ունենան։
20 Եհովա «ուրախ Աստուած» է։ (Ա. Տիմոթէոս 1։11, ՆԱ) Ուստի, Եհովայի պաշտամունքը ուրախութեան աղբիւր մը պէտք է ըլլայ եւ ոչ թէ կեանքը տխրութեամբ մթագնող բան մը։ (Բաղդատել՝ Բ. Օրինաց 16։15։) Երախաները բնականաբար կենսունակութեամբ եւ կորովով լեցուն են, որոնք խաղով ու զբօսանքով կը դրսեւորուին։ Լաւ ընտրուած զբօսանք մը զուարճանալէն աւելին կ’ընէ։ Անիկա կերպ մըն է որ երախան սորվի եւ հասուննայ։ Տան գլուխը ի՛նք պատասխանատու է իր ընտանիքի բոլոր կարիքները հոգալու, ի միջի այլոց՝ զբօսանքը։ Սակայն, ասոր մէջ հաւասարակշռութիւն կը պահանջուի։
21. Ներկայ ժամանցներուն մէջ ի՞նչ որոգայթներ կը գտնուին։
21 Այս ճգնաժամային «վերջին օրեր»ուն, մարդկային ընկերութիւնը լեցուն է «աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր» մարդոցմով, ինչպէս մարգարէացուած էր Աստուածաշունչին մէջ։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5) Շատերուն համար, զբօսանքը գլխաւոր տեղը կը գրաւէ կեանքի մէջ։ Ժամանցի ա՛յնքան շատ կերպեր կան, որ անիկա շատ դիւրաւ կրնայ փոխարինել աւելի կարեւոր բաները։ Ասկէ զատ, արդի ժամանցներէն շատերը սեռային անբարոյութիւն, բռնութիւն, թմրեցուցիչի սխալ գործածութիւն եւ ուրիշ շատ վնասակար սովորութիւններ կը քաջալերեն։ (Առակաց 3։31) Անչափահասները վնասակար ժամանցներէն պաշտպանելու համար ի՞նչ կարելի է ընել։
22. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան մարզել իրենց զաւակները, որպէսզի զբօսանքի նկատմամբ շիտակ որոշումներ տան։
22 Ծնողներ պէտք է որոշ սահմաններ եւ արգելքներ դնեն։ Բայց անկէ աւելին, անոնք իրենց զաւակներուն պէտք է սորվեցնեն թէ ի՛նչպէս կրնան դատել ժամանցի մը վնասակար ըլլալը եւ թէ ո՛րքան ժամանակ պէտք է տրամադրեն անոր։ Այսպիսի մարզում մը ժամանակ ու ջանք կը պահանջէ։ Օրինակ մը առնենք։ Երկու տղայ ունեցող հայր մը նշմարեց որ իր անդրանիկ որդին բաւական յաճախ ձայնասփիւռի նոր կայան մը կ’ունկնդրէ։ Ուստի, օր մը որ իր բեռնակառքով գործի կ’երթար, հայրը նոյն կայանը բացաւ։ Ան պարբերաբար կանգ առաւ եւ որոշ երգերու բառերը գրեց։ Ապա իր տղոց հետ նստաւ եւ անոնց հետ խօսակցեցաւ իր լսած բաներուն մասին։ Հայրը անոնց կարծիքը դրսեւորող հարցումներ ուղղեց. զոր օրինակ՝ «Ի՞նչ կը խորհիք», ու ապա համբերութեամբ ականջ տուաւ անոնց պատասխաններուն։ Աստուածաշունչի գործածութեամբ այս հարցին շուրջ տրամաբանելէ ետք, տղաքը համաձայնեցան այդ կայանը չունկնդրել։
23. Ծնողներ ի՞նչպէս կրնան իրենց զաւակները պաշտպանել ապառողջ զբօսանքներէն։
23 Քրիստոնեայ իմաստուն ծնողներ հսկողութեան տակ կ’առնեն երաժշտութիւնը, հեռատեսիլի յայտագիրները, պատկերիզները, զաւեշտի գրքերը, պատկերիզներու խաղերը եւ շարժապատկերները։ Անոնք կողքի գծագրութեան, երգի բառերուն կը նային ու կը կարդան լրագիրներու ու փորձագէտներու քննադատութիւնները։ Շատեր ուղղակի ապշահար եղած են ներկայիս երախաներուն մատուցուած «ժամանցներ»էն։ Անոնք որոնք կը փափաքին իրենց զաւակները պաշտպանել պիղծ ազդեցութիւններէ, ընտանեօք կը նստին ու անոնց վտանգներուն մասին կը խօսին, գործածելով Աստուածաշունչը եւ սուրբ գրային գրականութիւնները, ինչպէս՝ Երիտասարդները կը Հարցնեն—Գործնական Պատասխաններ՝ գիրքը եւ Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերուն յօդուածները։ * Երբ ծնողներ որոշ սահմանագծեր դնեն, փոփոխամիտ ու անտրամաբանական չըլլալով, ընդհանրապէս լաւ արդիւնք կը քաղեն։—Մատթէոս 5։37. Փիլիպպեցիս 4։5
24, 25. Ի՞նչ են առողջ զբօսանքի կարգ մը կերպերը, զորս ընտանիքներ միասնաբար կրնան վայելել։
24 Անշուշտ, ժամանցի վնասակար տեսակները արգիլելը պայքարին միայն մէկ մասն է։ Վատը պէտք է փոխարինել լաւով, ապա թէ ոչ՝ երախաները սխալ ընթացքի մէջ կրնան իյնալ։ Քրիստոնեայ բազմաթիւ ընտանիքներ ջերմ եւ ուրախ զբօսանքներու անհամար յիշատակներ ունին. անոնք միասնաբար զբօսախնճոյք, լեռնագնացութիւն, բանակում, խաղեր եւ մարմնամարզանք ըրած ու ազգականներ եւ բարեկամներ տեսնելու համար ճամբորդած են։ Ոմանք նկատած են որ միասնաբար բարձրաձայն կարդալը հաճոյք ու հանգստութեան մեծ աղբիւր մըն է։ Ուրիշներ կը սիրեն երգիծական
կամ հետաքրքրական պատմութիւններ պատմել։ Տակաւին ուրիշներ միասնաբար հաճելի նախասիրութիւններ զարգացուցած են. փայտի վրայ ձեռային աշխատանք կամ ուրիշ որեւէ արուեստ, երաժշտական գործիքներ նուագել, գծագրել կամ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնները ուսումնասիրել։ Երբ երախաները այսպիսի տարբեր բաներէն հաճոյք առնել սորվին, անոնք մեծապէս կը պաշտպանուին պիղծ զբօսանքներէ եւ կը սորվին որ ժամանց ունենալ չի նշանակեր պարզապէս նստիլ եւ ուրիշներու կողմէ զբօսնիլ։ Յաճախ անհատապէս մասնակցութիւն բերելը՝ դիտելէն աւելի հաճոյք կը պատճառէ։25 Ընկերային հաւաքոյթներն ալ հաճելի զբօսանքներ կրնան ըլլալ։ Եթէ անոնք լաւ հսկուած ըլլան, առանց արտառոց կերպով մեծ, կամ ժամանակ–սպառող ըլլալու, կրնան զուարճութենէն աւելին տալ ձեր երախաներուն։ Անոնք կրնան ժողովքին մէջ սիրոյ կապը խորացնել։—Բաղդատել՝ Ղուկաս 14։13, 14. Յուդա 12։
ՁԵՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿՐՆԱՅ ՅԱՂԹԵԼ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
26. Ընտանիքները ապառողջ ազդեցութիւններէ պաշտպանելու համար, ո՞ր կարեւորագոյն յատկութիւնը պէտք է։
26 Ձեր ընտանիքը աշխարհի քանդիչ ազդեցութիւններէն պաշտպանելը, անկասկած ծանր աշխատանք կը պահանջէ։ Բայց կայ բան մը որ ուրիշ բաներէն աւելի ձեր ջանքերը յաջողութեամբ պիտի պսակէ։ Անիկա սէ՛րն է։ Ընտանեկան սերտ, սիրալիր կապը, ձեր բնակարանը ապահով ապաստանարան մը պիտի դարձնէ եւ հաղորդակցութիւն պիտի յառաջացնէ, որ վատ ազդեցութեան դէմ մեծ պաշտպանութիւն մըն է։ Ասկէ աւելին, շատ աւելի կարեւոր է ուրիշ սէր մը մշակել՝ Եհովայի սէրը։ Երբ ընտանիքի մը մէջ այսպիսի սէր ներթափանցէ, շատ հաւանական է որ երախաները մեծնան, ատելով աշխարհի ազդեցութեան ենթարկուելով Աստուած տհաճեցնելու գաղափարն իսկ։ Իսկ Եհովան սրտանց սիրող ծնողներ, պիտի ջանան իր սիրալիր, տրամաբանական, հաւասարակշռուած անձնաւորութիւնը ընդօրինակել։ (Եփեսացիս 5։1. Յակոբու 3։17) Եթէ ծնողներ այսպէս վարուին, երախաները պատճառ չեն ունենար Եհովայի պաշտամունքը նկատելու որպէս արգիլուած բաներու շարան մը կամ զուարճութենէ ու ծիծաղէ զուրկ կեանք մը, որմէ կ’ուզեն կարելի եղածին չափ շուտ փախչիլ։ Ընդհակառակը, անոնք պիտի տեսնեն որ Աստուած պաշտելը ամենէն ուրախ եւ ամենէն ճոխ ապրելակերպն է։
27. Ընտանիք մը ի՞նչպէս կրնայ աշխարհին յաղթել։
27 Եհովայի համար ուրախութեան աղբիւր մըն են այն ընտանիքները, որոնք ուրախ ու հաւասարակշռուած ըլլալով ծառայութեան մէջ՝ միացած կը մնան, սրտանց ջանք թափելով որ «անբիծ ու անարատ» մնան այս աշխարհի ապականիչ ազդեցութիւններէն։ (Բ. Պետրոս 3։14. Առակաց 27։11) Այսպիսի ընտանիքներ Յիսուս Քրիստոսի քայլերուն կը հետեւին, որ զինք ապականելու Սատանայի աշխարհին բոլոր ջանքերը ի դերեւ հանեց։ Իր մարդկային կեանքին վերջաւորութեան, Յիսուս կրցաւ ըսել. «Ես աշխարհին յաղթեցի»։ (Յովհաննու 16։33) Թող որ ձեր ընտանիքն ալ աշխարհին յաղթէ եւ յաւիտենական կեանքը վայելէ։
^ պարբ. 12 Յաւելեալ ուսումի մասին տես՝ Եհովայի Վկաները եւ Ուսումը գրքոյկը, հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ, էջ 4-7։
^ պարբ. 19 Հոս «ծիծաղ» թարգմանուած Եբրայերէն բառին ուրիշ ձեւերը կրնան թարգմանուիլ որպէս «խաղալ», «որոշ հաճոյք հրամցնել», «տօնախմբել», կամ նոյնիսկ՝ «զուարճանալ»։
^ պարբ. 23 Հրատարակուած՝ Նիւ Եորքի Դիտարանի, Սուրբ Գրոց եւ Թերթիկի Ընկերութեան կողմէ։