Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՛նչու կը ծերանանք ու կը մեռնինք

Ի՛նչու կը ծերանանք ու կը մեռնինք

Գլուխ 6

Ի՛նչու կը ծերանանք ու կը մեռնինք

1. Գիտնականներ մարդկային կեանքին մասին ի՞նչ բան չեն կրցած բացատրել։

ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ չեն գիտեր թէ մարդիկ ի՛նչու կը ծերանան ու կը մեռնին։ Այնպէս կը թուի որ մեր բջիջները պէտք է շարունակաբար վերանորոգուին եւ մենք պէտք է յաւիտեան ապրինք։ Գիրք մը (Hyojun Soshikigaku) կ’ըսէ. «Մեծ խորհուրդ մըն է թէ ծերացող բջիջները ի՛նչպէս անհատի մը ալեւորութեան ու մահուան հետ առնչուած են»։ Շատ մը գիտնականներ կը հաւատան որ կեանքը «բնական, բնածին» սահման մը ունի։ Կը խորհի՞ք որ անոնց գաղափարը ճիշդ է։

2. Կեանքը վաղանցիկ ըլլալուն պատճառաւ, ոմանք ի՞նչ ըրած են։

2 Մարդիկ միշտ երկարակեաց ըլլալու տենչը ունեցած են եւ նոյնիսկ փորձած են անմահութեան հասնիլ։ Հ.Դ.Ա չորրորդ դարէն ի վեր, անմահութիւն տալու համբաւը վայելող դեղահատեր Չինացի ազնուականներու ուշադրութիւնը գրաւած են։ Կարգ մը կայսրեր սնդիկով շինուած, այդպէս կոչուած կենսաջուրեր փորձած եւ մեռած են։ Համայն աշխարհի մէջ, շատեր կը հաւատան որ մահը իրենց գոյութեան վերջը չէ։ Պուտտայականները, Հինտուները, Մահմետականները եւ ուրիշներ, հանդերձեալ կեանքի մասին շատ փայլուն յոյսեր ունին։ Քրիստոնեայ Աշխարհի մէջ, շատեր երկնային երանութեան հանդերձեալ կեանք մը կը սպասեն։

3. (ա) Մարդիկ ինչո՞ւ յաւիտենական կեանքի կը տենչան։ (բ) Մահուան մասին ո՞ր հարցումները պատասխանի կը կարօտին։

3 Մահուընէ ետք երանութեան գաղափարին մէջ կը տեսնուի յաւիտենական կեանքի կարօտը։ Աստուծոյ կողմէ մեր մէջ զետեղուած յաւիտենականութեան գաղափարին մասին Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ»։ (Ժողովողի 3։11) Ան առաջին մարդիկը ստեղծեց երկրի վրայ յաւիտեան ապրելու ակնկալութեամբ։ (Ծննդոց 2։16, 17) Արդ, մարդիկ ինչո՞ւ կը մեռնին։ Մահը ինչպէ՞ս աշխարհ մտաւ։ Աստուծոյ հայթայթած գիտութիւնը այս հարցումներուն վրայ լոյս կը սփռէ։—Սաղմոս 119։105

ՁԱԽՈՐԴ ԾՐԱԳԻՐ ՄԸ

4. Յիսուս ինչպէ՞ս բնորոշեց մարդկային մահուան պատասխանատու ոճրագործը։

4 Ոճրագործ մը կը փորձէ իր հետքերը ոչնչացնել։ Նոյնը ըրաւ միլիառաւոր մարդոց մահուան պատճառ եղող ոճրագործը։ Ան այնպէս մը կարգադրեց որ մարդոց մահը խորհրդաւոր բանի մը վերածուի։ Յիսուս Քրիստոս այս ոճրագործին ինքնութիւնը երեւան հանեց, երբ զինք սպաննել ջանացողներուն ըսաւ. «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել։ Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր եւ ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ, վասնզի անոր ներսիդին ճշմարտութիւն չկայ»։—Յովհաննու 8։31, 40, 44

5. (ա) Բանսարկու Սատանայ եղողը սկիզբը ո՞վ էր։ (բ) «Սատանայ» եւ «Բանսարկու» բառերը ի՞նչ կը նշանակեն։

5 Այո, Բանսարկուն չարամիտ «մարդասպան» մըն է։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ որ ան իրական անձնաւորութիւն մըն է եւ ոչ թէ պարզապէս մէկու մը սրտին մէջ չարութեան զգացումը։ (Մատթէոս 4։1–11) Թէեւ ան որպէս արդար հրեշտակ ստեղծուած էր, բայց «ճշմարտութեան մէջ չկեցաւ»։ Բանսարկու Սատանայ անունը ո՛րքան կը յարմարի անոր։ (Յայտնութիւն 12։9) Ան «Սատանայ» կոչուած է, քանի որ Եհովայի հակառակեցաւ ու ընդդիմացաւ։ Այս ոճրագործը նաեւ «Բանսարկու» կը կոչուի, որ կը նշանակէ «Զրպարտող», քանի որ ան Աստուած սխալ ներկայացուցած ու վարկաբեկած է։

6. Սատանան ինչո՞ւ ըմբոստացաւ Աստուծոյ դէմ։

6 Ի՞նչ բան մղեց որ Սատանան Աստուծոյ դէմ ըմբոստանայ։ Ագահութիւնը։ Ան ագահօրէն տենչաց այն պաշտամունքին, զոր մարդիկ կը մատուցանէին Եհովայի։ Բանսարկուն այսպիսի պաշտամունք մը ստանալու ցանկութիւնը իր մէջէն չվանեց, գիտնալով հանդերձ որ անիկա միայն Ստեղծիչին կը պատկանէր։ (Տես Եզեկիէլ 28։12–19) Ընդհակառակը, այն հրեշտակը որ Սատանայ դարձաւ, այս ագահ ցանկութիւնը սնուցանեց, մինչեւ որ անիկա բեղմնաւորուեցաւ ու մեղքը ծնաւ։—Յակոբու 1։14, 15

7. (ա) Մարդոց մահուան պատճառը ի՞նչ է։ (բ) Ի՞նչ է մեղքը։

7 Մարդկութեան վրայ մահ բերող ոճրագործութիւնը կատարողը բնորոշեցինք։ Բայց մարդկային մահուան բուն պատճառը ի՞նչ է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մահուան խայթոցը մեղքն է»։ (Ա. Կորնթացիս 15։56) Իսկ ի՞նչ է մեղքը։ Այս բառը հասկնալու համար, Աստուածաշունչի բնագիր լեզուներուն մէջ անոր ունեցած իմաստը նկատի առնենք։ «Մեղանչել» թարգմանուած Եբրայերէն եւ Յունարէն բայերը կը նշանակեն «վրիպիլ», նշանակէտէ մը վրիպիլ կամ նպատակակէտի մը չհասնիլ։ Բոլորս ալ ո՞ր նշանակէտին մէջ վրիպած ենք։ Աստուծոյ կատարեալ հնազանդութիւն տալու նշանակէտին մէջ։ Սակայն, մեղքը ինչպէ՞ս աշխարհ մտաւ։

ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

8. Սատանան ինչպէ՞ս ջանաց մարդոց պաշտամունքը շահիլ։

8 Սատանան զգուշութեամբ դաւադրութիւն մը ծրագրեց, խորհելով որ անոր միջոցաւ պիտի կարենար բոլոր մարդոց իշխել եւ անոնց կողմէ պաշտուիլ։ Ան որոշեց մարդկային առաջին զոյգը՝ Ադամն ու Եւան՝ դրդել, որ Աստուծոյ դէմ մեղանչեն։ Եհովա Աստուած մեր առաջին ծնողքին գիտութիւն մը տուած էր որ զիրենք յաւիտենական կեանքի պիտի առաջնորդէր։ Անոնք գիտէին որ իրենց Ստեղծիչը բարի էր, քանի որ զիրենք Եդեմի գեղեցիկ պարտէզին մէջ դրած էր։ Ադամ մասնաւորաբար իր երկնաւոր Հօրը բարութիւնը զգաց, երբ Ան գեղեցիկ կին մը տուաւ իրեն, որպէս օգնական։ (Ծննդոց 1։26, 29. 2։7–9, 18–23) Մարդկային առաջին զոյգին կեանքը Աստուծոյ հնազանդելէն կախեալ էր։

9. Աստուած ի՞նչ պատուէր տուաւ առաջին մարդուն եւ ասիկա ինչո՞ւ տրամաբանական էր։

9 Աստուած Ադամի պատուիրեց. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր, քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։ (Ծննդոց 2։16, 17) Որպէս Ստեղծիչ, Եհովա Աստուած իրաւունք ունէր բարոյական չափանիշներ դնելու եւ իր արարածներուն համար սահմանելու ինչ որ բարի եւ ինչ որ չար էր։ Իր պատուէրը տրամաբանական էր, քանի որ Ադամն ու Եւան պարտէզին մնացեալ ծառերուն պտուղէն կրնային ուտել։ Անոնք Եհովայի արդար իշխանութեան հանդէպ իրենց գնահատութիւնը կրնային ցոյց տալ, այս օրէնքին հնազանդելով, փոխանակ հպարտութեամբ իրենց անձնական բարոյական չափանիշները դնելու։

10. (ա) Սատանան ինչպէ՞ս կը մօտենայ մարդոց, զանոնք իր կողմը քաշելու համար։ (բ) Սատանան ի՞նչ շարժառիթ վերագրեց Եհովայի։ (գ) Աստուծոյ վրայ Սատանայի յարձակման մասին ի՞նչ է ձեր կարծիքը։

10 Բանսարկուն ծրագրեց առաջին մարդիկը Աստուծմէ հեռացնել։ Զանոնք իր կողմը քաշելու համար, Սատանան սուտ խօսեցաւ։ Օձ մը գործածելով, ինչպէս որովայնախօսները խամաճիկ մը կը գործածեն, Բանսարկուն Եւայի հարցուց. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ Պարտէզին որեւէ ծառէն պիտի չուտէք»։ Երբ Եւան կրկնեց Աստուծոյ պատուէրը, Սատանան ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ Ապա ան Եհովայի սխալ շարժառիթներ վերագրեց, ըսելով. «Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ (Ծննդոց 3։1–5) Այս կերպով, Բանսարկուն այն գաղափարը տուաւ որ Աստուած զիրենք լաւ բանէ մը կը զրկէր։ Ի՜նչ զրպարտիչ յարձակում մը ճշմարտախօս ու սիրալիր երկնաւոր Հօր՝ Եհովայի՝ վրայ։

11. Ադամն ու Եւան ինչպէ՞ս Սատանայի մեղսակիցները եղան։

11 Եւա դարձեալ ծառին նայեցաւ եւ այժմ անոր պտուղը մասնայատուկ կերպով ցանկալի թուեցաւ իրեն։ Ուստի, ան պտուղէն առաւ ու կերաւ։ Հետագային, իր ամուսինն ալ յօժարակամօրէն միացաւ իրեն, Աստուծոյ անհնազանդ գտնուելով։ (Ծննդոց 3։6) Թէեւ Եւան խաբուեցաւ, բայց երկուքն ալ, ինքն ու Ադամը, մարդկային ցեղին տիրապետելու Սատանայի ծրագրին թիկունք կանգնեցան։ Իրականութեան մէջ անոնք Սատանայի մեղսակիցները եղան։—Հռովմայեցիս 6։16. Ա. Տիմոթէոս 2։14

12. Աստուծոյ դէմ մարդուն ըմբոստութեան արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։

12 Ադամն ու Եւա իրենց արարքին հետեւանքները պէտք էր կրէին։ Անոնք Աստուծոյ պէս չեղան, մասնաւոր գիտութիւն մը ունենալով։ Ընդհակառակը, անոնք ամչցան ու պահուըտեցան։ Եհովա Ադամէն հաշիւ պահանջեց եւ հետեւեալ դատավճիռը տուաւ. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետին դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։ (Ծննդոց 3։19) «Այն օրը» որ մեր առաջին ծնողքը կերան բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն, անոնք Աստուծոյ կողմէ դատապարտուեցան եւ իր աչքին մեռան։ Ապա, Դրախտէն վտարուեցան եւ դէպի ֆիզիքական մահ իրենց վայրէջքը սկսաւ։

ՄԵՂՔՆ ՈՒ ՄԱՀԸ Ի՞ՆՉՊԷՍ ՏԱՐԱԾՈՒԵՑԱՆ

13. Մեղքը ինչպէ՞ս տարածուեցաւ մարդկային ամբողջ ցեղին վրայ։

13 Մարդոց պաշտամունքը ստանալու Սատանայի ծրագիրը երեւութապէս յաջողած էր։ Բայց, ան չկրցաւ իր երկրպագուները ողջ պահել։ Երբ մեղքը մարդկային առաջին զոյգին վրայ սկսաւ ներգործել, այլեւս անոնք չէին կրնար իրենց սերունդին կատարելութիւն փոխանցել։ Քարի մը վրայ փորագրուած գրութեան մը նման, մեղքը խոր կերպով քանդակուած էր մեր առաջին ծնողքին ծիներուն մէջ։ Հետեւաբար, անոնք միայն անկատար սերունդ մը կրնային յառաջ բերել։ Քանի որ անոնց բոլոր զաւակները իրենց մեղանչելէն ետք յղացուեցան, անոնց սերունդը մեղքն ու մահը ժառանգեց։—Սաղմոս 51։5. Հռովմայեցիս 5։12

14. (ա) Իրենց մեղքերը ուրացողները որո՞նց կարելի է նմանցնել։ (բ) Իսրայելացիներուն ինչպէ՞ս զգացնել տրուեցաւ իրենց մեղաւոր ըլլալը։

14 Այսօր սակայն, շատեր չեն գիտակցիր որ մեղաւորներ են։ Աշխարհի կարգ մը մասերուն մէջ, ժառանգական մեղքի գաղափարը ընդհանրապէս անծանօթ է։ Բայց անիկա չի փաստեր որ մեղքը գոյութիւն չունի։ Կեղտոտ երես ունեցող տղեկ մը կրնայ ըսել որ ինք մաքուր է եւ իր միտքը կրնայ փոխել միայն երբ ինքզինք տեսնէ հայելիի մը մէջ։ Վաղեմի Իսրայելացիները այս տղեկին կը նմանէին, երբ Մովսէս մարգարէին միջոցաւ Աստուծոյ Օրէնքը ստացան։ Օրէնքը որոշապէս գիտցուց որ մեղք գոյութիւն ունէր։ «Ես մեղքը պիտի չճանչնայի, եթէ օրէնքով չըլլար», կը բացատրէ Պօղոս առաքեալ։ (Հռովմայեցիս 7։7–12) Հայելիին մէջ նայող տղուն նման, իրենք զիրենք Օրէնքին ընդմէջէն տեսնելով, Իսրայելացիները նկատեցին որ Եհովայի աչքին անմաքուր էին։

15. Աստուծոյ Խօսքին հայելիին մէջ նայելով ի՞նչ բան կը յայտնուի։

15 Աստուծոյ Խօսքին հայելիին մէջ նայելով եւ անոր չափանիշները նշմարելով, կրնանք տեսնել որ անկատար ենք։ (Յակոբու 1։23–25) Օրինակ, նկատի առէք թէ Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն ինչ ըսաւ Աստուած եւ իրենց դրացին սիրելու մասին, ինչպէս արձանագրուած է Մատթէոս 22։37–40–ի մէջ։ Մարդիկ ո՛րքան յաճախ այս մարզերուն մէջ նշանակէտէն կը վրիպին։ Աստուծոյ եւ իրենց դրացիներուն հանդէպ սիրոյ մէջ թերացողներէն շատեր նոյնիսկ չեն խղճահարուիր։—Ղուկաս 10։29–37

ՍԱՏԱՆԱՅԻ ՀՆԱՐԱՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԶԳՈՒՇԱՑԷ՛Ք

16. Ի՞նչ կրնանք ընել Սատանայի հնարքներուն զոհ չերթալու համար եւ ասիկա ի՛նչու դժուար է։

16 Սատանան ամէն կերպ կը փորձէ որ մենք յօժարակամօրէն մեղանչենք։ (Ա. Յովհաննու 3։8) Արդեօք անոր դաւերէն խուսափելու կերպ մը կա՞յ։ Այո, բայց անոր համար կը պահանջուի դիտումնաւոր կերպով մեղանչելու մեր հակումին դէմ պայքարիլ։ Ասիկա դիւրին չէ, քանի որ մեղանչելու մեր բնածին հակումը շատ զօրաւոր է։ (Եփեսացիս 2։3) Պօղոս իրական պայքար մը պէտք էր մղէր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ մեղքը իր մէջ կը բնակէր։ Եթէ Աստուծոյ հաճութիւնը կ’ուզենք ունենալ, մենք ալ մեր մէջ եղող մեղաւոր հակումներուն դէմ պէտք է պայքարինք։—Հռովմայեցիս 7։14–24. Բ. Կորնթացիս 5։10

17. Ի՞նչ բան մեր մեղաւոր հակումներուն դէմ պայքարիլը կը դժուարացնէ։

17 Մեղքի դէմ պայքարիլը դիւրին չէ, քանի որ Սատանան անդադար առիթներ կը փնտռէ, խորամանկ կերպերով մեզ մղելու որ Աստուծոյ օրէնքները բեկանենք։ (Ա. Պետրոս 5։8) Քրիստոնեայ հաւատակիցներուն հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը ցոյց տալով, Պօղոս կ’ըսէ. «Կը վախնամ՝ որ ինչպէս օձը Եւան խաբեց իր խորամանկութիւնովը, նոյնպէս ալ ձեր մտքերը ապականին Քրիստոսին վրայ եղած միամտութենէն»։ (Բ. Կորնթացիս 11։3) Սատանան այսօր ալ նոյնանման հնարքներ կը գործածէ։ Ան կը փորձէ կասկածի սերմեր ցանել Եհովայի բարութեան եւ անոր պատուէրներուն հնազանդելուն շահաւէտ ըլլալուն վրայ։ Բանսարկուն կը ջանայ օգտագործել մեր ժառանգական մեղաւոր հակումները, ու մեզ կը մղէ որ հպարտ, ագահ, ատելավառ եւ խտրասէր ընթացք մը հետապնդենք։

18. Սատանան մեղքը քաջալերելու համար ինչպէ՞ս կը գործածէ աշխարհը։

18 Մեզի դէմ Բանսարկուին գործածած հնարքներէն մէկն է իր զօրութեան ներքեւ եղող աշխարհը։ (Ա. Յովհաննու 5։19) Եթէ զգոյշ չըլլանք, մեզ շրջապատող աշխարհին մէջ գտնուող ապականած եւ անպարկեշտ անհատները մեր վրայ ճնշում պիտի բանեցնեն, որպէսզի Աստուծոյ բարոյական չափանիշները բեկանող մեղաւոր ընթացք մը որդեգրենք։ (Ա. Պետրոս 4։3–5) Շատեր կ’անտեսեն Աստուծոյ օրէնքները եւ նոյնիսկ իրենց խիղճը կը լռեցնեն, զայն վերջապէս անզգայ դարձնելով։ (Հռովմայեցիս 2։14, 15. Ա. Տիմոթէոս 4։1, 2) Ոմանք աստիճանաբար այնպիսի ընթացք մը կ’որդեգրեն, որ նախապէս իրենց անկատար խղճմտանքն իսկ չէր թոյլատրեր։—Հռովմայեցիս 1։24–32. Եփեսացիս 4։17–19

19. Մաքուր կեանք մը վարելը ինչո՞ւ բաւարար չէ։

19 Այս աշխարհի մէջ մաքուր կեանք մը վարելը մեծ քաջագործութիւն մըն է։ Սակայն, մեր Արարիչը հաճեցնելու համար, անկէ աւելին պահանջուած է։ Պէտք է նաեւ Աստուծոյ հաւատանք եւ իրեն հանդէպ պատասխանատու զգանք։ (Եբրայեցիս 11։6) «Ով որ բարին ընելը գիտնայ ու չընէ, ան մեղք է անոր», գրեց Յակոբոս աշակերտ։ (Յակոբու 4։17) Արդարեւ, Աստուած եւ իր պատուիրանները դիտումնաւոր կերպով անտեսելը ինքնին մեղք է։

20. Սատանան ինչպէ՞ս կրնայ ձեզի արգելք ըլլալ որ շիտակը ընէք, սակայն ի՞նչ բան պիտի օգնէ ձեզի այսպիսի ճնշումներու դիմադրելու։

20 Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեամբ Աստուծոյ գիտութիւնը փնտռէք, շատ հաւանաբար Սատանան հակառակութիւն պիտի բերէ ձեր վրայ։ Անկեղծօրէն կը մաղթենք որ թոյլ չտաք այսպիսի ճնշումներու որ ձեզ ետ պահեն շիտակը ընելէն։ (Յովհաննու 16։2) Թէեւ կառավարիչներէն շատեր Յիսուսի հաւատացին իր ծառայութեան ընթացքին, բայց իրենց համայնքին կողմէ մերժուելէ վախնալով, զայն չդաւանեցան։ (Յովհաննու 12։42, 43) Սատանան անգութօրէն կը ջանայ վախցնել Աստուծոյ գիտութիւնը փնտռող ոեւէ անհատի։ Սակայն, միշտ պէտք է յիշէք եւ գնահատէք Եհովայի ըրած հոյակապ բաները։ Կրնաք նոյնիսկ հակառակ եղողներուն օգնել որ նոյն գնահատութիւնը ունենան։

21. Ինչպէ՞ս կրնանք աշխարհին եւ մեր մեղաւոր հակումներուն վրայ յաղթանակ տանիլ։

21 Ա՛յնքան ատեն որ անկատար ենք՝ պիտի մեղանչենք։ (Ա. Յովհաննու 1։8) Այսուհանդերձ, այս պայքարին մէջ առանձին չենք։ Այո, չարին՝ Բանսարկու Սատանայի՝ դէմ մղուած այս պայքարէն կրնանք յաղթական դուրս գալ։ (Հռովմայեցիս 5։21) Իր երկրային ծառայութեան վերջաւորութեան, Յիսուս իր աշակերտները խրախուսեց հետեւեալ խօսքերով. «Աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի»։ (Յովհաննու 16։33) Նոյնիսկ անկատար մարդիկ կրնան աշխարհի յաղթել՝ Աստուծոյ օգնութեամբ։ Սատանան իշխանութիւն չունի անոնց վրայ որ իրեն կը հակառակին ու ‘Աստուծոյ կը հնազանդին’։ (Յակոբու 4։7. Ա. Յովհաննու 5։18) Ինչպէս պիտի տեսնենք, Աստուած մեղքի ու մահուան կապանքներէն ազատագրութիւն մը հայթայթած է։

ՁԵՐ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈՐՁԵՑԷՔ

Ո՞վ է Բանսարկու Սատանան։

Ինչո՞ւ մարդիկ կը ծերանան ու կը մեռնին։

Ի՞նչ է մեղքը։

Սատանան ինչպէ՞ս մարդիկը կը մղէ որ կամովին Աստուծոյ դէմ մեղանչեն։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Էջը ծածկող նկար՝ էջ 54]