Իմաստութեան անզուգական աղբիւր մը
Գլուխ 12
Իմաստութեան անզուգական աղբիւր մը
«Ո՛վ Տէր, որչա՜փ շատ են քու գործերդ. որոնք՝ բոլորը՝ իմաստութիւնով ըրիր։ Երկիրը լեցուած է քու ստեղծածներովդ»։ (Սաղմոս 104։24) Անհուն տիեզերքի շքեղութենէն մինչեւ ծաղիկի մը քնքուշ գեղեցկութիւնը, այո, համայն ստեղծագործութիւնը կը վկայէ իր Ստեղծիչին անմրցելի իմաստութեան։ Այս Ի. դարու արուեստագիտութիւնը շուքի մէջ կը մնայ, երբ բաղդատուի Աստուծոյ գործերուն հետ։ Եթէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքն է, ուրեմն, անկէ կ’ակնկալենք նաեւ որ մարդկային կարողութիւններէն գերիվեր եղող իմաստութիւն մը ապացուցանէ։ Արդեօք ա՞յս է պարագան։
1. (Յառաջաբանը ներառեալ.) (ա) Աստուծոյ անմրցելի իմաստութեան ապացոյցը ո՞ւր կը տեսնենք։ (բ) Իմաստութեան նկատմամբ Աստուածաշունչը ի՞նչ խրատ կու տայ։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ իմաստութեան կարեւորութիւնը կը շեշտէ։ Անիկա կ’ըսէ. «Ամէն բանին գլուխը իմաստութիւնն է։ Իմաստութիւն ստացիր։ Ու բոլոր ստացած բաներուդ հետ խոհեմութիւն ստացիր»։ (Առակաց 4։7) Ան նաեւ կը գիտակցի որ մարդիկ յաճախ իմաստութեան պակասը ունին, ուստի մեզ կը քաջալերէ. «Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ»։—Յակոբու 1։5
2. Անհատ մը ինչպէ՞ս կրնայ իր իմաստութիւնը աւելցնել։
2 Աստուած ինչպէ՞ս ‘առատապէս իմաստութիւն կու տայ’։ Նախ մեզ քաջալերելով որ Աստուածաշունչը կարդանք եւ անկէ սորվինք։ Աստուածաշունչի Առակաց Առակաց 2։1, 2, 5, 6) Երբ կիրարկենք Աստուածաշունչի խրատները եւ տեսնենք անոնց գործնական արժէքը, այն ատեն կը գիտակցինք որ անիկա իրապէս աստուածային իմաստութիւն կ’արտացոլացնէ։
գիրքը մեզ կը յորդորէ. «Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիս ու իմ պատուիրանքներս քովդ պահես, այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տաս ..., այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնաս եւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։ Վասնզի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ»։ (Իմաստուն Խօսքեր
3, 4. (ա) Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ արծաթասիրութեան ունայն ըլլալուն մասին։ (բ) Աստուածաշունչը ի՞նչ լաւ հաւասարակշռութիւն մը կը յայտնաբերէ, երբ դրամի արժէքին մասին կը խրատէ մեզ։
3 Ասիկա աւելի լաւ գնահատելու համար, քանի մը սուրբ գրային համարներ քննենք։ Նկատի առէք այս իմաստուն խօսքը. «Անոնք որ հարստանալ կ’ուզեն, կ’իյնան փորձութեան ու որոգայթի եւ շատ յիմարական ու վնասակար ցանկութիւններու մէջ ...։ Վասնզի բոլոր չարութիւններուն արմատը արծաթասիրութիւնն է»։ (Ա. Տիմոթէոս 6։9, 10) Ասիկա բաղդատեցէք, մանաւանդ արեւմտեան երկիրներուն մէջ գլխաւորաբար դրամ հետապնդող մարդոց արդի տեսակէտին հետ։ Շատեր իրենց փնտռած հարստութիւնը ձեռք կը ձգեն, սակայն դժբախտաբար, տակաւին ունայնութեան եւ դժգոհութեան զգացում մը կ’ունենան։ Հոգեբան մը նշեց. «Կարեւոր անձնաւորութիւն եւ հարուստ ըլլալը բան մը իրագործած, գոհունակ, իրապէս յարգուած կամ սիրուած ըլլալու զգացումը չի տար»։1
Ժողովողի 7։12) Ուստի, Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ տեսնելու, որ թէեւ դրամը անհրաժեշտ է, բայց անիկա ամենէն կարեւոր բանը չէ։ Անիկա պարզապէս անհրաժեշտութիւն մըն է եւ սահմանափակ արժէք մը կ’ունենայ, եթէ զայն պատշաճօրէն գործածելու իմաստութիւնը չունենանք։
4 Անշուշտ, ասիկա այն գաղափարը չի տար թէ գործնական անհատ մը ամբողջովին կռնակ պէտք է դարձնէ դրամին։ Աստուածաշունչը հաւասարակշռուած իմաստութիւն մը ցոյց կու տայ, երբ կ’ըսէ. «Իմաստութեան հովանաւորութիւնը արծաթին հովանաւորութեան պէս է։ Բայց գիտութեան օգուտն այս է, որ իմաստութիւնը զինք ստացողները կ’ապրեցնէ»։ (5, 6. (ա) Չար ընկերակցութիւններէն խուսափելու Աստուածաշունչին խրատը ինչո՞ւ իմաստուն է։ (բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ‘իմաստուններուն հետ քալել’էն օգտուիլ։
5 Աստուածաշունչի հետեւեալ խօսքն ալ տեղին է. «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերակցողը չար կ’ըլլայ»։ (Առակաց 13։20) Բնաւ նշմարա՞ծ էք թէ մեր ընկերակիցները որքա՜ն զօրաւոր ազդեցութիւն մը ունին մեր վրայ։ Երիտասարդներ, իրենց ընկերներէն ազդուած, խմիչքի, թմրեցուցիչի եւ անբարոյութեան անձնատուր եղած են։ Եթէ աղտոտ լեզու գործածողներուն հետ ընկերակցինք, վերջապէս մենք ալ կը սկսինք անոնց նմանիլ։ Անպարկեշտ անհատներու հետ շարունակ ընկերակցելով, մենք ալ անպարկեշտ կը դառնանք։ Իսկապէս, ինչպէս Աստուածաշունչն ալ կ’ըսէ. «Չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն»։—Ա. Կորնթացիս 15։33
6 Միւս կողմէն, բարի ընկերակցութիւները կրնան բարելաւել մեզ։ ‘Իմաստուններուն հետ քալելով’, աւելի իմաստուն պիտի ըլլանք։ Ինչպէս գէշերը, աղէկ բարքերն ալ փոխանցիկ են։ Անգամ մը եւս, Աստուածաշունչը իմաստութիւն կ’արտացոլացնէ, երբ կը քաջալերէ մեզ որ զգուշութեամբ ընտրենք մեր ընկերները։
7. Ի՞նչ բան Աստուածաշունչը խրատներու անզուգական աղբիւր մը կը դարձնէ։
7 Մեր կեանքերը առաջնորդելու համար, Աստուածաշունչը
այսպիսի բազմաթիւ պատուէրներ կը պարունակէ։ Անիկա խրատներու անզուգական աղբիւր մըն է։ Անոր խրատները միշտ օգտակար են։ Անոնք բնաւ անգործնական կամ վնասաբեր չեն։ Աստուածաշունչի խրատներու լայն շարքը անբաղդատելի է։ Զանոնք իրենց կեանքերուն մէջ կիրարկողները եւ միշտ անոնց օգուտները քաղողները Աստուածաշունչը կը գնահատեն որպէս իմաստութեան անզուգական աղբիւր մը։Իմաստուն Սկզբունքներ
8. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել նոյնիսկ երբ դիմագրաւենք պարագայ մը, որու մասին անիկա բացայայտօրէն չի խօսիր։
8 Բայց ի՞նչ կրնանք ընել երբ պարագայ մը դիմագրաւենք, որու մասին Աստուածաշունչին մէջ բացայայտօրէն չէ յիշուած։ Յաճախ, մեզ առաջնորդելու համար սկզբունքներ կը գտնենք։ Օրինակի համար, շատեր իրենց կեանքին մէջ օր մը, ծխախոտ գործածելու սովորութեան նկատմամբ որոշումի մը առջեւ կը գտնուին։ Քանի որ Յիսուսի օրերուն Միջին Արեւելքի մէջ ծխախոտը անծանօթ էր, Աստուածաշունչը չի խօսիր այդ մասին։ Այսուհանդերձ, այս հարցին շուրջ իմաստուն որոշումի մը յանգելու համար, Աստուածաշունչին օգտակար սկզբունքները կրնան օգնել մեզի։
9–11. Աստուածաշունչի սկզբունքները ի՞նչ կերպով կ’օգնեն մեզի որ ծխախոտ գործածելու շուրջ իմաստուն որոշումի մը յանգինք, եւ ինչպէ՞ս կ’օգտուինք այս սկզբունքներուն հետեւելով։
9 Թէեւ ոմանք ծխախոտի գործածութիւնը հաճոյք կը
սեպեն, սակայն անիկա կը պարփակէ իր թոքերուն մէջ խտացուած ապականիչ տարրեր ներշնչել։ Ծխող մը իր մարմինը, ինչպէս նաեւ իր զգեստները եւ իր շուրջի օդը, կ’ապականէ։ Ասկէ զատ, ծխելը մոլութիւն մըն է։ Անոնք, որոնք կը փափաքին ծխելը դադրեցնել, յաճախ շատ դժուարութիւն կը կրեն։ Ասիկա ի մտի ունենալով, կրնանք Աստուածաշունչին դիմել ծխախոտ գործածելու մասին իմաստուն եզրակացութեան մը յանգելու մէջ օգնութիւն ստանալու համար։10 Նախ, նկատի առնենք մոլութեան հարցը։ Ուտելիքի մասին խօսելով, Պօղոս ըսաւ. «Ես բանի մը իշխանութեան տակ պիտի չըլլամ»։ (Ա. Կորնթացիս 6։12) Պօղոս ազատ էր որեւէ կերակուր ուտելու, սակայն ան գիտէր որ այդ ատեն կարգ մը անհատներ զգայուն խղճմտանք մը ունէին։ Ուստի, ան ըսաւ որ ինք կարգ մը կերակուրներու այնքան «մոլին» չէր որ չկարենար անոնցմէ հրաժարիլ ուրիշները չգայթակղեցնելու համար։ Եթէ անհատ մը չի կրնար ծխախոտ ծխելը, կամ ծամելը, դադրեցնել, ան իրապէս ‘անոր իշխանութեան տակ է’։ Հետեւաբար, կերակուրի մասին Պօղոսի խօսքերը կրնանք տեղին ըլլալով կիրարկել ծխախոտի գործածութեան։ Մենք մեզի թոյլ պէտք չէ տանք որ սովորութեան մը գերին դառնանք։
11 Երկրորդ, նկատի առնենք ապականութեան հարցը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք»։ (Բ. Կորնթացիս 7։1) Կասկած չկայ. ծխախոտը մարմինը կը պղծէ կամ կ’ապականէ։ Այս ապականութեան հարցը լուրջ է, քանի որ, ըստ Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութեան (WHO), անիկա ամէն տարի մէկ միլիոն անհատներու վաղահաս մահուան պատճառ կ’ըլլայ։ Եթէ մարմնի ամէն կերպ պղծութենէ մաքուր մնալու Աստուածաշունչի սկզբունքին հետեւինք, պիտի պահպանուինք ծխախոտի, թմրեցուցիչի եւ ուրիշ պղծութիւններու պատճառաւ յառաջացող առողջապահական լուրջ վտանգներէն։
Օգտակար Խօսքեր
12. Աստուածաշունչի խրատները ինչո՞ւ միշտ սերտ կապակցութիւն ունին մեր ֆիզիքական եւ զգացական բարօրութեան հետ։
12 Պէտք չէ զարմանանք որ Աստուածաշունչի խրատներուն հետեւիլը ֆիզիքական գետնի վրայ օգտակար է։ Աստուածաշունչի խրատները Աստուծմէ կու գան։ Որպէս մեր Ստեղծիչը, ան լաւագոյնս գիտէ թէ մենք ի՛նչպէս կազմուած ենք եւ ի՛նչ բանի կարիքը ունինք։ (Սաղմոս 139։14–16) Իր խրատները միշտ սերտ կապակցութիւն ունին մեր ֆիզիքական եւ զգացական բարօրութեան հետ։
13, 14. Աստուածաշունչի չստելու խրատին հետեւիլը ինչո՞ւ իմաստուն ընթացքն է։
13 Օրինակի համար, Աստուածաշունչը մեզի կը խրատէ չստել։ Ստախօսութիւնը կը յիշուի Եհովայի ատած եօթը բաներուն մէջ, իսկ Յայտնութիւն գիրքը ստախօսները կը դասէ անոնց մէջ, որոնք Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ տեղ պիտի չունենան։ (Առակաց 6։19. Յայտնութիւն 21։8) Այսու ամենայնիւ, ստախօսութիւնը համատարած է։ Առեւտրական պարբերաթերթ մը կը նշէ. «Միացեալ Նահանգները խարդախութեան, խաբեբայութեան եւ նման եղծանումներու աննախընթաց փորձառութիւնը կ’ունենան»։2
14 Որքան ալ սովորական ըլլայ, ստախօսութիւնը գէշ է թէ՛ ընկերութեան եւ թէ անհատին համար։ Տեղին ըլլալով, լրագրող Քլիֆորտ Լոնկլէյ նշեց. «Ստախօսութիւնը խոր կերպով կը վնասէ ստախօսին եւ սուտը խօսուած անհատին, մտքին եւ իրականութեան միջեւ եղող կենսական կապը խզելով»։3 Ամերիկեան Հոգեբանական Օրաթերթը (Անգլ.) կը նշէ. «Սուտը խօսուած անհատին հոգեբանութիւնը կրնայ լրջօրէն վնասուիլ։ Կեանքի գլխաւոր որոշումները կրնան հիմնուիլ շիտակ կարծուած սխալ տեղեկութիւններու վրայ։ Ստախօսութիւնը կրնայ ստախօսներուն վրայ ալ գէշ ազդեցութիւն մը ունենալ»։4 Որքա՜ն աւելի լաւ է ճշմարտութիւնը խօսիլ, ինչպէս Աստուածաշունչը իմաստուն կերպով կը խրատէ։
15, 16. Ուրիշներուն հանդէպ սէր ցուցաբերելու Աստուածաշունչի խրատին հետեւիլը ի՞նչ կերպով մեր օգտին համար է։
15 Աւելի դրական մօտեցում մը. Աստուածաշունչը մեզ կը յորդորէ որ ուրիշներով հետաքրքրուինք, անոնց հանդէպ սէր ցուցաբերենք եւ անոնց օգտակար ըլլանք։ Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը հանրածանօթ են. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք»։—16 Աշխարհը որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլար, եթէ իւրաքանչիւրս հետեւէր այս կանոնին։ Ասկէ զատ, ըստ Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած հոգեբանական ուսումնասիրութեան մը, մարդիկ աւելի լաւ պիտի զգային։ Ուսումնասիրութեան ենթարկուած 1,700 անհատները ըսին թէ ուրիշներուն օգնելը իրենց հանդարտեցուցած եւ ամոքած է ջղագրգռութեան հետեւանքներէն, ինչպէս գլխացաւերէ եւ ձայնակորուստէ։ Տեղեկագրութիւնը կ’եզրափակէ. «Այնպէս կը թուի թէ ուրիշներուն հոգ տանիլը նոյնքան մարդկային բնոյթին մաս կը կազմէ որքան մեր անձին հոգ տանիլը»։5 Ասիկա մեզ կը յիշեցնէ Աստուածաշունչին սա պատուէրը. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս»։ (Մատթէոս 22։39. բաղդատել Յովհաննու 13։34, 35–ը։) Բնական է սիրել մեր անձը։ Բայց Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ, զգացականօրէն աւելի առողջ ըլլալու համար, մեր անձին հանդէպ մեր տածած սէրը պէտք է հաւասարակշռենք ուրիշներու հանդէպ մեր ցուցաբերած սիրով։
Ամուսնութիւն եւ բարոյականութիւն
17. Աստուածաշունչի խրատները ինչո՞ւ երբեմն ժամանակավրէպ կ’երեւնան։
17 Թէեւ Աստուածաշունչի խրատները խոր իմաստութիւն մը կ’ապացուցանեն, սակայն անոր ըսածը մարդոց միշտ հաճելի չէ։ Յաճախ անիկա կը քննադատուի որպէս ժամանակավրէպ։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Քանի որ թէեւ Աստուածաշունչի խրատները մեր երկարատեւ բարօրութեան համար են, սակայն զանոնք կիրարկելը ինքնակրթութիւն
ու անձնուրացութիւն կը պահանջէ. յատկութիւններ որոնք ժողովրդական չեն ներկայիս։18, 19. Ամուսնութեան եւ բարոյականութեան համար Աստուածաշունչի չափանիշները ի՞նչ են։
18 Առնենք ամուսնութեան եւ բարոյականութեան հարցը։ Այս մասին Աստուածաշունչի չափանիշները շատ խիստ են։ Անիկա միակնութիւն՝ մէկ ամուսին մէկ կին՝ կը թելադրէ։ Իսկ թէեւ ծայրայեղ պարագաներու, անիկա կը թոյլատրէ ամուսնալուծումը կամ բաժանումը, սակայն, ընդհանուր առմամբ, կ’ըսէ որ ամուսնութիւնը կենսատեւ կապ մըն է։ «‘Չէ՞ք կարդացեր թէ ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք’, ու աւելցուց. ‘Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։ Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ’»։—Մատթէոս 19։4–6. Ա. Կորնթացիս 7։12–15
19 Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը սեռային մտերմութիւնը միմիայն ամուսնական շրջանակէն ներս կ’արտօնէ։ Անիկա ամուսնութենէ դուրս կ’արգիլէ զայն։ Կը կարդանք. «Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները ... Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն»։—Ա. Կորնթացիս 6։9, 10
20. Բարոյականութեան մասին Աստուածաշունչի չափանիշները ի՞նչ կերպերով մեծապէս կ’անտեսուին ներկայիս։
20 Ներկայիս այս չափանիշները մեծապէս կ’անտեսուին։ Ընկերաբանութեան ուսուցչապետ Տէյվիտ Մասէ կը նշէ. «Ներկայ դարու ընթացքին, մեր մշակոյթը հսկայական փոփոխութիւններու ենթարկուած է եւ շատ մը հին սովորութիւններ ու հաստատութիւններ իրենց հիմերէն խախտած են։ Ամուսնութիւնը բացառութիւն չէ կազմած»։6 Բարոյական մեղկ բարքերը սովորական են։ Իրարու հետ ժամադրուող պատանիներու միջեւ սեռային յարաբերութիւնները յաճախ բնական կը նկատուին։ Սովորական բան մըն է ամուսնութենէն առաջ միասնաբար կենակցիլը, ‘վստահ ըլլալու համար’։ Իսկ ամուսնանալէ ետք, անսովոր չէ որ կողակիցներ սեռային ապօրինի արկածախնդրութիւններ ունենան։
21. Ամուսնութեան եւ բարոյականութեան մասին Աստուածաշունչի չափանիշներուն մեծապէս անտեսուիլը ի՞նչ հետեւանքներ ունեցած է։
21 Բարոյական այս աւելի մեղկ մթնոլորտը ուրախութեան նպաստա՞ծ է։ Ընդհակառակը, անիկա միայն խռովութիւններ բերած է, որոնք մարդոց վրայ շատ սուղի նստած են, տխրութիւն եւ քայքայուած ընտանիքներ յառաջացնելով։ Կայ նաեւ սեռային գետնի վրայ տարափոխիկ ախտերու համաճարակ մը, որ ուղղակիօրէն կապ ունի մեղկ բարոյականութեան հետ։ Անոնցմէ են՝ ջերմամիզութիւնը (gonorrhea), ֆրանկախտը (syphilis) եւ Գլամիտիան (Chlamydiae), զորս կարելի չէ հսկողութեան տակ առնել։ Վերջին տարիներուն, պոռնկութիւնը եւ միասեռականութիւնը արագացուցած են ԱԴԱ–ի (AIDS) տարածումը։ Կայ նաեւ երախայ ունեցող մանկամարդուհիներու համաճարակ մը, որոնք տակաւին նոր ելած են պատանեկութենէն։ Տիկիններու Տան Օրաթերթը (Անգլ.) նշեց. «60–ական եւ 70–ական թուականներուն, սեռին վրայ դրուած շեշտը, փոխանակ մարդոց անսահման ուրախութիւն բերելու, անոնց կարգ մը լուրջ թշուառութիւններ բերած է»։7
22. Բարոյականութեան հարցով, ի՞նչ բան մեծագոյն ուրախութիւնը կը բերէ։
22 Ուստի, հիմա ընկերաբանութեան ուսուցչապետ Քարլֆրէտ Պ. Պրոտըրիքի արտայայտութեան նման խօսքեր կը լսենք. «Թերեւս հիմա բաւական չափահաս ենք նշմարելու թէ մեզի համար աւելի լաւ պիտի ըլլար նախամուսնական յարաբերութիւններէն խուսափիլ, որ աւելի կը յարմարի մեր քաղաքակիցներուն կարիքներուն եւ անոնց ազատութեան իրաւունքին. ազատութիւն մը՝ ախտերէ, ազատութիւն մը՝ անփափաքելի յղութենէ»։8 Անժխտելիօրէն փաստուած է որ բարոյականութեան մասին Աստուածաշունչի չափանիշները մեծագոյն ուրախութիւնը կը բերեն։
Օգտակար Սկզբունքներ
23. (ա) Եթէ ամուսնութիւն մը ապերջանիկ է, կարելի միակ լուծումը ամուսնալուծո՞ւմն է։ (բ) Ուրախ եւ կայուն ամուսնութեան բանալիներէն երկուքը ի՞նչ են։
23 Քանի որ ամուսնութիւնը կենսատեւ ըլլալու համար Ա. Կորնթացիս 11։3. Ա. Տիմոթէոս 2։11–14
ծրագրուած է, պէտք է գիտնանք թէ ի՛նչպէս կրնանք յաջողիլ անոր մէջ։ Ոմանք կը պատճառաբանեն թէ աւելի լաւ է ապերջանիկ ամուսնութեան մը վերջ դնել, քան թէ անոր մէջ մնալ ու դժբախտ ըլլալ։ Սակայն ուրիշ փոխընտրութիւն մը կայ. Ամուսնութիւնը ապերջանկացնող հարցերը լուծելու վրայ աշխատիլ։ Ահաւասիկ մարզ մը, որու մէջն ալ Աստուածաշունչը օգտակար է։ Նախապէս տեսանք թէ անիկա մեզ կը խրատէ մեր կողակիցին հանդէպ հաւատարիմ գտնուիլ եւ ասիկա ուրախ, կայուն ամուսնութեան մը բանալին է։ Ուրիշ կարեւոր մարզ մըն է ընդունիլ թէ ամուսնութեան մէջ միայն մէկ գլուխ պէտք է ըլլայ եւ Աստուածաշունչը այս պաշտօնը կը յանձնէ ամուսինին։ Կնոջ խրատ կը տրուի, որ իր ամուսնոյն աջակցի եւ անոր հետ չի՛ մրցի։ Իսկ միւս կողմէն, այր մարդուն կ’ըսուի, որ իր դիրքը իր կնոջ բարօրութեան համար գործածէ եւ անձնասէր չըլլայ։—24, 25. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կը քաջալերէ այրերուն եւ կիներուն որ ամուսնութեան մէջ իրենց պատշաճ դերը կատարեն։
24 Աստուածաշունչը ամուսիններուն կ’ըսէ. «Այրերը իրենց կիները [պէտք է] սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ»։ (Եփեսացիս 5։28, 29) Սիրալիր ամուսին մը իր հեղինակութիւնը փափկանկատութեամբ ի գործ կը դնէ։ Թէեւ ինքն է գլուխը, բայց ան չի մոռնար որ իր կնոջ հանդէպ նկատողութիւն ցոյց պէտք է տայ եւ անոր կարծիքը հարցնէ։ Ամուսնութիւնը ընկերակցութիւն մըն է, ոչ թէ՝ բռնատիրութիւն մը։
Եփեսացիս 5։33) Ան իր ամուսինը կը յարգէ իր դիրքին համար եւ այս յարգանքը կը յայտնաբերէ անոր աջակցելով, ինչպէս որ ամուսինը իր կնոջ հանդէպ իր սէրը կը յայտնաբերէ անոր հոգ տանելով։ Շատ մը արդիախոհներու համար, այսպիսի խրատ անընդունելի է։ Սակայն այն ամոլները, որոնք իրենց յարաբերութիւնները սիրոյ եւ յարգանքի վրայ կը հիմնեն, ինչպէս կը խրատէ Աստուածաշունչը, միշտ ուրախ են։
25 Կիներուն տրուած Աստուածաշունչի մէկ խրատն է. «Կինը իր այրէն ակնածի»։ (26. Ամուսնութեան մասին Աստուածաշունչի չափանիշները իրապէս գործնակա՞ն են։ Բացատրեցէք։
26 Խաղաղականի Կղզիներէն եկած հետեւեալ փորձառութենէն կը տեսնուի թէ ամուսնութեան մասին Աստուածաշունչի խրատները իրապէս գործնական են։ Զոյգ մը, տասը տարի միասնաբար ապրելէ ետք, կը համոզուին որ իրենց ամուսնութիւնը ձախողութիւն մըն է։ Ուստի անոնք կը ծրագրեն իրարմէ բաժնուիլ։ Ապա կինը Եհովայի Վկայի մը հետ խօսակցութիւն մը կ’ունենայ եւ միասնաբար ամուսնացած զոյգերու վերաբերեալ Աստուածաշունչի խրատները կ’ուսումնասիրեն։ Ամուսինը կը տեղեկագրէ. «Մինչ կինս Աստուածաշունչի սկզբունքները կը սորվէր, կը ջանար զանոնք իր կեանքին մէջ կիրարկել։ Մի քանի շաբաթ ետք, կարգ մը փոփոխութիւններ նշմարեցի»։ Մեծապէս հետաքրքրուած, ան իր կնոջ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան միացաւ եւ սորվեցաւ ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ ամուսիններուն։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան կ’ըսէ. «Հիմա գտած ենք իրական ուրախ ընտանեկան կեանքի մը հիմը»։
27. Աստուածաշունչին ո՞ր սկզբունքները կիրարկելը կրնայ տնտեսապէս աղքատութենէ տառապող Քրիստոնեաներուն օգնել։
27 Աղքատութեան հետ գլուխ ելլելը ուրիշ մարզ մըն է, որու մէջն ալ Աստուածաշունչի խրատները օգտակար են։ Օրինակի համար, ծխելը եւ խմելը, որոնք սահմանափակ եկամուտը կը վատնեն, երկուքն ալ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հակառակ են։ (Առակաց 23։19–21) Աստուածաշունչը նաեւ կը յանձնարարէ աշխատասիրութիւնը. ծանր աշխատող անհատ մը յաճախ կրնայ կերպով մը կերակրել իր ընտանիքը քան ծոյլ կամ յուսակտուր անհատ մը։ (Առակաց 6։6–11. 10։26) Ասկէ զատ, ‘անօրէնութիւն գործողներուն չնախանձելու’ մասին տրուած խրատին հետեւիլը անհատ մը ետ կը պահէ ոճիրի կամ բախտախաղի նման բաներու դիմելէ որպէս աղքատութիւնը մեղմացնելու կերպեր։ (Սաղմոս 37։1) Այսպիսի սովորութիւններ թերեւս արագ լուծում կը մատուցանեն նիւթական դժուարութիւններուն, սակայն անոնց երկարատեւ պտուղը շատ դառն է։
28–30. (ա) Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելը ինչպէ՞ս Քրիստոնեայ կնոջ մը օգնեց աղքատութեան հետ գլուխ ելլելու։ (բ) Տնտեսապէս աղքատ վիճակ ունեցող հազարաւոր Քրիստոնեաներու փորձառութիւնները ի՞նչ կը վկայեն։
28 Այս խրատը իրապէս կ’օգնէ՞ այն անհատներուն որոնք շատ աղքատ են, թէ ոչ անիկա պարզապէս իտէալական տեսակէտ մըն է։ Համայն աշխարհէն շատ մը փորձառութիւններ ցոյց կու տան այս խրատին գործնական ըլլալը։ Պարագայ մը յիշենք. Ասիոյ մէջ Քրիստոնեայ կին մը այրի մնաց, առանց որեւէ եկամուտի եւ պատանիի մը հոգածութիւնը ունենալով։ Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս օգնեց իրեն եւ իր տղուն։
29 Այս կինը աշխատասէր էր, ինչպէս Աստուածաշունչը կը խրատէ։ Ան սկսաւ հագուստներ կարել եւ զանոնք ծախել։ Քանի որ ան պարկեշտ եւ վստահելի էր, դարձեալ ըստ Աստուածաշունչի խրատին, շուտով մնայուն յաճախորդներ ունեցաւ։ (Կողոսացիս 3։23) Ապա, իր տան մէկ սենեակը փոքր ճաշարանի մը վերածեց եւ ամէն առտու ժամը 4–ին կ’արթննար կերակուր պատրաստելու համար, այսպիսով ան իր եկամուտը կ’աւելցնէր։ «Ասով հանդերձ», կ’ըսէ ան, «ստիպուած ենք պարզ կեանք մը վարել»։ Բայց ան կը յիշէ Աստուածաշունչին խրատը. «Կերակուր ու հանդերձ ունենալով՝ անոնցմով բաւականանանք»։—Ա. Տիմոթէոս 6։8
30 Ան կ’աւելցնէ. «Թէեւ աղքատութեան սեմին կ’ապրիմ, սակայն ընդվզում կամ դառնութիւն չեմ զգար։ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը լաւատես կը դարձնէ զիս»։ Ասկէ զատ, ան նկատած է որ Յիսուսի տուած նշանաւոր խոստումը իրապէս գործնական է իր պարագային։ Յիսուս ըսաւ. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ [նիւթական անհրաժեշտութիւնները] ձեզի պիտի տրուին»։ (Մատթէոս 6։33) Աստուծոյ ծառայութիւնը իր կեանքին մէջ միշտ առաջին տեղը դնելով, ան, կերպով մը, նիւթական անհրաժեշտութիւններ ունենալու փորձառութիւնը ունեցած է։ Այս Քրիստոնեայ կնոջ փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսապէս աղքատ վիճակ ունեցող Քրիստոնեաներուն անթիւ փորձառութիւնները, յաւելեալ վկայութիւն մըն են թէ Աստուածաշունչի խրատները իրապէս գործնական են։
31. Ի՞նչ կը պատահի երբ Աստուածաշունչի խրատին հետեւինք, եւ այս իրողութիւնը ի՞նչ բանի կը վկայէ։
31 Այս գլուխին մէջ Աստուածաշունչին պարունակած ճոխ խրատները համառօտաբար նկատի առինք եւ քանի մը պարագաներ տեսանք, որոնց մէջ այս խրատները օգտակար եղած են։ Յիշուած փորձառութիւնները կարելի է հազարապատկել։ Բազմիցս փաստուած է որ երբ մարդիկ Աստուածաշունչին հետեւին, անկէ կ’օգտուին։ Երբ զայն անտեսեն, կը տառապին։ Խրատներու ո՛չ մէկ հաւաքածոյ, հին կամ նոր, կրնայ այսքան զգալի օգտակարութիւն ունենալ եւ ամէն ցեղի անհատներու կիրարկուիլ։ Կարելի չէ որ այսպիսի խրատներ պարզապէս մարդկային իմաստութենէ բխած ըլլան։ Աստուածաշունչը այսպիսի իմաստութեան ճոխ գանձարան մը ըլլալը ուժեղ ապացոյց մըն է թէ անիկա Աստուծոյ Խօսքն է։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Մէջբերում՝ էջ 168]
Ուրիշներուն օգնելը օգտակար է ամենուս
[Նկար՝ էջ 163]
Իմաստուններուն հետ քալելով իմաստուն կ’ըլլանք։ Բայց անմիտներուն հետ ընկերակցիլը չար ազդեցութիւն պիտի ունենայ մեր վրայ
[Նկար՝ էջ 165]
Ծխախոտ ծխելէն պէտք է խուսափիլ, քանի որ անիկա Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հակառակ է
[Նկար՝ էջ 171]
Ամուսնութեան շուրջ Աստուածաշունչի խրատին հետեւողները ուրախութեան ամուր հիմ մը ունին
[Նկար՝ էջ 173]
Աստուածաշունչի խրատները կիրարկելը աղքատութեան լուրջ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու մէջ կ’օգնէ