Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Յաւելուած

Քոյր մը ե՞րբ եւ ինչո՞ւ իր գլուխը պէտք է ծածկէ

Քոյր մը ե՞րբ եւ ինչո՞ւ իր գլուխը պէտք է ծածկէ

Քրիստոնեայ կին մը պաշտամունքի կապակցաբար ե՞րբ եւ ինչո՞ւ իր գլուխը պէտք է ծածկէ։ Նկատի առնենք այս նիւթին շուրջ Պօղոս առաքեալի ներշնչեալ քննարկութիւնը, որուն միջոցաւ ան մեզի հարկ եղած ուղղութիւնը կը հայթայթէ, որպէսզի կարենանք Աստուած պատուող ճիշդ որոշումներ կայացնել (Ա. Կորնթացիս 11։3-16)։ Պօղոս կը յայտնէ երեք ազդակներ. 1) գործունէութիւններ, 2) պարագաներ եւ 3) շարժառիթներ, որոնց համար կինը պէտք է գլուխը ծածկէ։

Գործունէութիւններ։ Պօղոս կը նշէ անոնցմէ երկուքը. աղօթել ու մարգարէանալ (համար 4 եւ 5)։ Աղօթքը Եհովայի հետ երկիւղած խօսակցութիւն մըն է։ Իսկ մարգարէանալը, ներկայիս կը կիրարկուի Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած որեւէ ուսուցման, որ քրիստոնեայ ծառայ մը կը կատարէ։ Արդեօք Պօղոս կ’ըսէ որ ամէ՞ն անգամ որ կին մը աղօթէ կամ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը սորվեցնէ, իր գլուխը ծածկէ։ Ո՛չ։ Ան պէտք է ծածկէ որոշակի պարագաներու։

Պարագաներ։ Պօղոսի խօսքերը կը թելադրեն երկու պարագաներ. ընտանիքը եւ ժողովքը։ Ընտանեկան պարագային ակնարկելով, Պօղոս կ’ըսէ. «Կնոջ գլուխը՝ այր մարդ[ն է]. . . ամէն կին, որ գլուխը բաց աղօթքի կը կայնի կամ մարգարէութիւն կ’ընէ, անպատիւ կ’ընէ իր գլուխը» (համար 3 եւ 5)։ Ընտանեկան կարգադրութեան մէջ, Եհովան ամուսինը նշանակած է որպէս կնոջ գլուխը։ Եթէ կինը իր ամուսինին հեղինակութիւնը չընդունի եւ Եհովային կողմէ իր ամուսինին նշանակուած պատասխանատուութիւնները ինք ստանձնէ, ան իր ամուսինը կ’անպատուէ։ Օրինակ, եթէ ան ստիպուի իր ամուսինին ներկայութեան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել, իր գլուխը ծածկելով ընդունած կ’ըլլայ իր ամուսինին հեղինակութիւնը։ Ան այդպէս կ’ընէ ամուսինը մկրտուած ըլլայ կամ ոչ, քանի որ ամուսինը ընտանիքին գլուխն է *։ Իսկ եթէ ան ստիպուի իր անչափահաս մկրտուած զաւկին ներկայութեան աղօթել կամ սորվեցնել, նոյնպէս իր գլուխը պէտք է ծածկէ, ոչ թէ զաւակը ընտանիքին գլուխը ըլլալուն պատճառով, այլ՝ քանի որ քրիստոնէական ժողովքին մէջ մկրտուած տղամարդոց հեղինակութիւն շնորհուած է։

Իսկ ժողովքային պարագային ակնարկելով, Պօղոս կ’ըսէ. «Եթէ մէկը հակառակիլ ուզէ անոր, մենք այնպիսի սովորութիւն չունինք, ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիները» (համար 16)։ Քրիստոնէական ժողովքին մէջ հեղինակութիւնը տրուած է մկրտուած տղամարդոց (Ա. Տիմոթէոս 2։11-14. Եբրայեցիս 13։17)։ Միայն տղամարդիկ են որ երէցներ եւ օգնական ծառաներ կը նշանակուին, Աստուծոյ հօտին հոգ տանելու աստուածատուր պատասխանատուութիւնը կրելու համար (Գործք 20։28)։ Սակայն կարգ մը պարագաներու, քրիստոնեայ կնոջմէ կը խնդրուի որ ստանձնէ պարտականութիւն մը, որ սովորաբար կը կատարէ որակեալ մկրտուած տղամարդ մը։ Օրինակ՝ անկէ կրնայ խնդրուիլ որ դաշտի ծառայութեան ժողով մը վարէ, որովհետեւ որակեալ մկրտուած տղամարդ մը մատչելի կամ ներկայ չէ։ Կամ թէ ան կրնայ նախապէս ծրագրուած Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւն մը վարել, մկրտուած տղամարդու մը ներկայութեան *։ Եւ քանի որ երկու պարագաներն ալ քրիստոնէական ժողովքի գործունէութիւններուն մաս կը կազմեն, ան պէտք է իր գլուխը ծածկէ, ցոյց տալու համար թէ ինք ստանձնած է պարտականութիւն մը, որ սովորաբար տղամարդու մը կը նշանակուի։

Սակայն կան պաշտամունքի շատ մը երեսակներ, որոնք չեն պահանջեր որ քոյրը գլուխը ծածկէ։ Օրինակ՝ ան պէտք չունի իր գլուխը ծածկելու, երբ քրիստոնէական ժողովներուն պատասխաններ կու տայ, իր ամուսինին կամ ա՛յլ մկրտուած եղբօր մը հետ դռնէ դուռ կը ծառայէ, իր չմկրտուած երեխաներուն հետ կ’ուսումնասիրէ կամ կ’աղօթէ։ Անշուշտ, այս առնչութեամբ կրնան ա՛յլ հարցեր ծագիլ, եւ եթէ քոյրը որոշ հարցի մը նկատմամբ վստահ չէ, կրնայ յաւելեալ պրպտում ընել *։ Եթէ ան տակաւին վստահ չէ եւ իր խղճմտանքը զինք կը մղէ իր գլուխը ծածկելու, ասիկա սխալ պիտի չըլլայ, ինչպէս որ այս էջին վրայի պատկերը ցոյց կու տայ։

Շարժառիթներ։ 10–րդ համարին մէջ կը գտնենք երկու պատճառներ, թէ քրիստոնեայ կինը ինչո՛ւ պիտի ուզէ իր գլուխը ծածկել. «Պէտք է որ կինը իր գլխուն շուք [«հեղինակութեան նշան», ՆԱ] դնէ հրեշտակներուն համար»։ Առաջին պատճառը կը գտնուի «հեղինակութեան նշան» արտայայտութեան մէջ։ Իր գլուխը ծածկելը կերպ մըն է ցոյց տալու, թէ կինը կ’ընդունի այն հեղինակութիւնը, որ Եհովան տուած է ժողովքի մկրտուած տղամարդոց։ Այդպէս ընելով ան Եհովա Աստուծոյ իր սէրն ու հաւատարմութիւնը ցոյց կու տայ։ Երկրորդ պատճառը կը գտնուի «հրեշտակներուն համար» արտայայտութեան մէջ։ Կինը իր գլուխը ծածկելով ինչպէ՞ս կ’ազդէ այդ հզօր հոգեղէն արարածներուն։

Հրեշտակները կ’ազդուին տեսնելով թէ ինչպէս աստուածային հեղինակութիւնը կը ճանչցուի Եհովայի ամբողջ կազմակերպութեան մէջ, թէ՛ երկինքը եւ թէ երկրի վրայ։ Անոնք նաեւ կ’օգտուին այս առնչութեամբ անկատար մարդոց օրինակէն։ Ի վերջոյ, հրեշտակները եւս պէտք է Եհովայի կարգադրութեան ենթարկուին. թէեւ անցեալին անոնցմէ շատեր ասոր մէջ ձախողեցան (Յուդա 6)։ Սակայն ներկայիս, հրեշտակներ կրնան տեսնել պարագաներ, երբ քրիստոնեայ քոյր մը ժողովքի մկրտուած տղամարդէ մը աւելի փորձառու, աւելի գիտելիքներ ունեցող եւ աւելի խելացի ըլլալով հանդերձ, ան յօժարօրէն կ’ենթարկուի անոր հեղինակութեան։ Կարգ մը պարագաներու, կինը կրնայ օծեալ քրիստոնեայ մը ըլլալ, որ յետագային Քրիստոսի մէկ ժառանգակիցը պիտի դառնայ եւ ի վերջոյ Քրիստոսի հետ երկինքի մէջ պիտի իշխէ, ծառայելով շա՜տ աւելի բարձր դիրքի մը վրայ, քան՝ հրեշտակները։ Ի՜նչ հիանալի օրինակ են քոյրերը հրեշտակներուն համար։ Իրապէս, բոլոր քոյրերը մե՜ծ առանձնաշնորհում ունին, քանի որ իրենց հաւատարիմ ու ենթարկուող վարքով, միլիոնաւոր հաւատարիմ հրեշտակներու առջեւ խոնարհ հնազանդութիւն կը ցուցաբերեն։

^ պարբ. 3 Քրիստոնեայ կին մը իր հաւատացեալ ամուսինին ներկայութեան սովորաբար բարձրաձայն չ’աղօթեր, բացի անսովոր պարագաներու, ինչպէս՝ եթէ ամուսինը հիւանդութեան պատճառով համր է։

^ պարբ. 1 Երբ քոյր մը նախապէս ծրագրուած Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարէ չմկրտուած արու հրատարակիչի մը ներկայութեան որ իր ամուսինը չէ, պէտք չունի իր գլուխը ծածկելու։

^ պարբ. 2 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, հաճիս տե՛ս Դիտարան 15 փետրուար 2015, էջ 30, Դիտարան 15 յուլիս 2002, էջ 26-27 (անգլերէնով) եւ 15 փետրուար 1977, էջ 125-128 (անգլերէնով)։