Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԳԼՈՒԽ 2

Ինչպէ՞ս կրնաս մաքուր խղճմտանք մը պահել

Ինչպէ՞ս կրնաս մաքուր խղճմտանք մը պահել

«Մաքուր խղճմտանք ունեցէք» (Ա. ՊԵՏՐՈՍ 3։16

1, 2. Կողմնացոյցը ինչո՞ւ կարեւոր գործիք մըն է, եւ անիկա ինչպէ՞ս կրնայ նմանցուիլ խղճմտանքին։

ՆԱՒԱՎԱՐԸ իր նաւը կը ղեկավարէ անծայրածիր ովկիանոսի մը ալիքներուն ընդմէջէն։ Ուղեւորը հետիոտն ամայի անապատէ մը կ’անցնի։ Օդաչուն իր օդանաւով ամպերուն վերեւ կը սաւառնի։ Գիտե՞ս թէ այս երեքը հասարակաց ինչ բան ունին։ Իւրաքանչիւրը կրնայ շատ մեծ դժուարութեան հանդիպիլ եթէ կողմնացոյց չունենայ, յատկապէս՝ եթէ արդի արուեստագիտական ա՛յլ ընտրանք մը մատչելի չըլլայ։

2 Կողմնացոյցը պարզ գործիք մըն է, սովորաբար մագնիսական սլաքով մը, որ միշտ կը նշէ դէպի հիւսիս։ Եթէ կողմնացոյցը ճիշդ կերպով գործէ եւ յատկապէս՝ եթէ ճշգրիտ քարտէսի մը հետ միասին գործածուի, անիկա կրնայ կեանքեր փրկել։ Կարգ մը կերպերով անիկա կարելի է նմանցնել թանկագին պարգեւի մը, զոր Եհովան մեզի տուած է. խղճմտանքը (Յակոբոս 1։17)։ Առանց խղճմտանքի, կրնանք ամբողջովին կորսուիլ։ Իսկ երբ զայն պատշաճօրէն գործածենք, ան կրնայ մեզի օգնել մեր ճամբան գտնելու եւ կեանքի ճիշդ ընթացքին մէջ մնալու։ Ուստի նկատի առնենք թէ ի՛նչ է խղճմտանքը եւ անիկա ինչպէ՛ս կը գործէ։ Ապա կրնանք հետեւեալ կէտերը քննարկել. 1) խղճմտանքը ինչպէ՞ս կարելի է մարզել, 2) ինչո՞ւ ուրիշներու խղճմտանքը պէտք է նկատի առնենք, եւ 3) մաքուր խղճմտանք մը ինչպէ՞ս օրհնութիւններ կը բերէ։

Ի՛ՆՉ Է ԽՂՃՄՏԱՆՔԸ ԵՒ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԷ

3. Յունարէն «խղճմտանք» բառին բառացի իմաստը ի՞նչ է, եւ անիկա մարդոց մէջ ի՞նչ եզակի կարողութիւն մը կը նկարագրէ։

3 Աստուածաշունչին մէջ, «խղճմտանք» բառին յունարէնը բառացիօրէն կը նշանակէ «ինքնաճանաչում»։ Միւս բոլոր երկրային արարածներուն հակառակը, Աստուած մեզ օժտած է մենք մեզ ճանչնալու կարողութեամբ։ Առումով մը, կրնանք կանգ առնել եւ մեր անձին վրայ ակնարկ մը նետելէ ետք բարոյապէս մենք մեզ դատել։ Մեր խղճմտանքը, գործելով որպէս ներքին վկայ կամ դատաւոր, կրնայ քննել մեր արարքները, կեցուածքներն ու ընտրութիւնները։ Անիկա կրնայ մեզ առաջնորդել որ ճիշդ որոշումներ կայացնենք կամ մեզ զգուշացնել սխալ որոշումներ կայացնելէ։ Անկէ ետք, անիկա կրնայ մեզ մխիթարել՝ մեր լաւ ընտրութեան համար կամ ալ մեզ պատժել՝ մեր սխալ ընտրութեան համար, սուր խղճահարութիւն պատճառելով։

4, 5. ա) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ Ադամն ու Եւան խղճմտանք մը ունէին, եւ ի՞նչ եղաւ հետեւանքը երբ անոնք Աստուծոյ օրէնքը զանց ըրին։ բ) Ո՞ր օրինակները ցոյց կու տան, թէ նախաքրիստոնէական ժամանակներուն հաւատարիմ մարդիկ իրենց խղճմտանքին ականջ տուին։

4 Այս կարողութիւնը սկիզբէն դրուեցաւ մարդուն ու կնոջ մէջ։ Ադամն ու Եւան ցոյց տուին թէ խղճմտանք մը ունէին, երբ իրենց մեղանչելէն ետք ամօթի զգացում մը ունեցան (Ծննդոց 3։7, 8)։ Ցաւօք սրտի, անոնց խղճահարութիւնը այլեւս օգուտ մը չունեցաւ։ Անոնք դիտումնաւոր կերպով Աստուծոյ օրէնքը անտեսելով, գիտակցաբար ընտրած էին դառնալ ըմբոստներ, Եհովա Աստուծոյ հակառակորդներ։ Որպէս կատարեալ մարդիկ, անոնք կը գիտակցէին իրենց ըրածին. այլեւս ետդարձ չկար։

5 Ադամի ու Եւայի հակառակը, անկատար մարդոցմէ շատեր իրենց խղճմտանքին ականջ տուին։ Օրինակի համար, հաւատարիմ Յոբ կրցաւ ըսել. «Իմ արդարութիւնս հաստատ բռներ եմ ու զանիկա պիտի չթողում ու կեանքիս մէջ սիրտս բնաւ պիտի չյանդիմանէ զիս» (Յոբ 27։6) *։ Յոբ իրապէս խղճամիտ մարդ էր։ Ան ուշադրութեամբ ականջ տուաւ իր խղճմտանքին, թոյլ տալով որ անիկա առաջնորդէ իր արարքներն ու որոշումները։ Հետեւաբար, ան իսկական գոհունակութեամբ կրցաւ ըսել, թէ իր խղճմտանքը զինք չէր յանդիմաներ, զինք ամօթահար կամ յանցապարտ զգացնելով։ Նկատի առ Յոբի ու Դաւիթի միջեւ եղած հակադրութիւնը։ Դաւիթ «զղջաց», Եհովայի օծեալ թագաւորին՝ Սաւուղի հանդէպ անյարգալից վերաբերմունք ցուցաբերելէ ետք (Ա. Թագաւորաց 24։6)։ Այդ սուր խղճահարութիւնները վստահաբար Դաւիթի օգտակար եղան, իրեն դաս տալով որ այլեւս անյարգալից վերաբերմունք չունենայ։

6. Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ թէ խղճմտանքը ամբողջ մարդկութեան շնորհուած պարգեւ մըն է։

6 Խղճմտանքի այս պարգեւը միմիայն Եհովայի ծառաներո՞ւն շնորհուած է։ Նկատի առ Պօղոս առաքեալի ներշնչեալ սա խօսքերը. «Հեթանոսները, որոնք օրէնք չունին, երբ բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն, օրէնք չունենալով՝ իրենց անձերուն օրէնքը բուն իրենք կ’ըլլան, որոնք օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խղճմտանքին վկայութիւնովը եւ իրենց խորհուրդներուն իրար յանդիմանելովը կամ իրարու իրաւունք տալովը» (Հռովմայեցիս 2։14, 15)։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք Եհովայի օրէնքներուն բոլորովին անծանօթ են, երբեմն կրնան մղուիլ այս ներքին վկային ընդառաջելու՝ աստուածային սկզբունքներուն համաձայն գործելով։

7. Ինչո՞ւ խղճմտանքը երբեմն կրնայ սխալիլ։

7 Սակայն կարգ մը պարագաներու խղճմտանքը կրնայ սխալիլ։ Ինչո՞ւ։ Վերադառնանք կողմնացոյցի օրինակին. եթէ անիկա մագնիսի մը քով դրուի, անկէ ազդուելով կրնայ հիւսիսէն տարբեր ուղղութիւն մը նշել։ Եւ եթէ ճշգրիտ քարտէսի մը օգնութեամբ չգործածուի, կողմնացոյցը կրնայ գրեթէ անարժէք դառնալ։ Նմանապէս, եթէ մեր խղճմտանքը անհարկիօրէն ազդուի մեր սրտին անձնասէր ցանկութիւններէն, անիկա կրնայ մեզի սխալ ուղղութիւն տալ։ Եւ եթէ Աստուծոյ Խօսքին ստոյգ առաջնորդութեամբ չգործածուի, թերեւս չկարենանք շատ մը կարեւոր հարցերու մէջ ճիշդը սխալէն զանազանել։ Իրապէս, որպէսզի մեր խղճմտանքը պատշաճօրէն գործէ, կարիքը ունինք Եհովայի սուրբ հոգիին առաջնորդութեան։ Պօղոս գրեց. «Իմ խիղճս ալ ինծի կը վկայէ Սուրբ Հոգիով» (Հռովմայեցիս 9։1)։ Սակայն ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ թէ մեր խղճմտանքը Եհովայի սուրբ հոգիին հետ ներդաշնակ է։ Ասիկա մարզումի հարց է։

ԽՂՃՄՏԱՆՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ՄԱՐԶԵԼ

8. ա) Սիրտը ինչպէ՞ս կրնայ խղճմտանքին ազդել, եւ մեր որոշումներուն նկատմամբ ամենակարեւոր բանը ի՞նչ է։ բ) Ինչո՞ւ մաքուր խղճմտանք մը միշտ ալ բաւարար չէ քրիստոնեայի մը համար (տե՛ս ստորանիշը)։

8 Ինչպէ՞ս կրնաս խղճմտանքի վրայ հիմնուած որոշում մը կայացնել։ Ոմանք պարզապէս իրենց զգացումները կը քննեն, ապա կ’որոշեն թէ ի՛նչ պիտի ընեն։ Յետոյ թերեւս ըսեն. «Խիղճս հանգիստ է»։ Սակայն սրտին ցանկութիւնները կրնան այնքան զօրաւոր ըլլալ, որ նոյնիսկ կրնան խղճմտանքին ազդել։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ» (Երեմիա 17։9)։ Ուրեմն մեր սրտին ցանկութիւնը ամենակարեւոր բանը չէ, այլ նախ պէտք է նկատի առնենք թէ Եհովա Աստուած ի՛նչ բանի կը հաճի *։

9. Ի՞նչ է աստուածավախութիւնը, եւ զայն ունենալը ինչպէ՞ս կրնայ մեր խղճմտանքին ազդել։

9 Եթէ որոշում մը իսկապէս հիմնուած է մեր մարզուած խղճմտանքին վրայ, անիկա պիտի արտացոլէ մեր աստուածավախութիւնը եւ ոչ թէ՝ մեր անձնական ցանկութիւնները։ Նկատի առ օրինակ մը։ Թէեւ հաւատարիմ Նէեմիա կառավարիչը իրաւունք ունէր կարգ մը վճարումներ եւ տուրքեր պահանջելու Երուսաղէմի բնակիչներէն, սակայն ան չպահանջեց։ Ինչո՞ւ։ Ան չկրցաւ տանիլ այն գաղափարն իսկ, թէ Աստուծոյ ժողովուրդը հարստահարելով կրնար Եհովայի հաճութիւնը կորսնցնել։ Ան ըսաւ. «Ես Աստուծմէ վախնալով՝ այնպէս չըրի» (Նէեմիա 5։15)։ Անկեղծ աստուածավախութիւնը՝ մեր երկնաւոր Հայրը տհաճեցնելու սրտագին վախը, կենսական է։ Այսպիսի յարգալից վախ մեզ պիտի մղէ Աստուծոյ Խօսքէն առաջնորդութիւն փնտռելու, երբ որոշումներ պիտի կայացնենք։

10, 11. Ոգելից ըմպելիներու գործածութեան վերաբերեալ Աստուածաշունչի ի՞նչ սկզբունքներ կան, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զանոնք գործադրելու համար Աստուծոյ առաջնորդութիւնը ստանալ։

10 Օրինակ՝ նկատի առ ոգելից ըմպելիներու գործածութեան հարցը։ Խնճոյքներու ընթացքին բոլորս ալ պիտի դիմագրաւենք սա որոշումը. խմե՞մ թէ ոչ։ Նախ պէտք է պրպտենք թէ Աստուածաշունչի ո՛ր սկզբունքները ասոր առնչուած են։ Աստուածաշունչը ալքոլի չափաւոր գործածութիւնը չի դատապարտեր, այլ Եհովան կը փառաբանէ գինիի պարգեւին համար (Սաղմոս 104։14, 15)։ Սակայն Աստուածաշունչը կը դատապարտէ գինովութիւնը ու անառակութիւնները (Ղուկաս 21։34. Հռովմայեցիս 13։13)։ Ասկէ զատ, անիկա գինովութիւնը կը դասէ շատ լուրջ մեղքերու շարքին, ինչպէս՝ պոռնկութիւնը եւ շնութիւնը (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) *։

11 Այսպիսի սկզբունքներ քրիստոնեայի մը խղճմտանքը կը կրթեն եւ աւելի զգայուն կը դարձնեն։ Ուստի, եթէ խնճոյքի մը մէջ խմիչք խմելու որոշում մը դիմագրաւենք, մենք մեզի հետեւեալներուն նման հարցումներ ուղղենք. ‘Ինչպիսի՞ խնճոյք մըն է։ Կարելի՞ է որ անիկա անղեկավարելի դառնալով վերածուի գինարբուքի։ Ի՞նչ տկարութիւն ունիմ։ Ալքոլի հանդէպ տենչ ունի՞մ։ Անոր մոլի՞ն եմ։ Զայն կը գործածե՞մ տրամադրութիւնս բարձրացնելու եւ վերաբերմունքս փոխելու համար։ Խմելուս չափ ու սահման դնելու համար հարկ եղած ինքնազսպումը ունի՞մ’։ Մինչ Աստուածաշունչի սկզբունքներուն եւ անոնց յարուցած հարցումներուն վրայ կը խոկանք, լաւ կ’ըլլայ որ Եհովայի առաջնորդութեան համար աղօթենք (կարդա՛ Սաղմոս 139։23, 24)։ Այս կերպով, Եհովային թոյլ տուած կ’ըլլանք որ մեզ առաջնորդէ իր սուրբ հոգիով։ Նաեւ մարզած կ’ըլլանք մեր խղճմտանքը որ աստուածային սկզբունքներուն հետ ներդաշնակ ըլլայ։ Սակայն կայ ա՛յլ ազդակ մը, որ պէտք է նկատի առնենք երբ որոշում կը կայացնենք։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՆԿԱՏԻ ԱՌՆԵԼ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ԽՂՃՄՏԱՆՔԸ

Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքը կրնայ օգնել քեզի որոշելու թէ ոգելից ըմպելիներ խմե՛ս կամ ոչ

12, 13. Ի՞նչ կարգ մը պատճառներով քրիստոնեաներուն խղճմտանքները իրարմէ կը տարբերին, եւ այսպիսի տարբերութիւններ ինչպէ՞ս պէտք է ձեռք առնենք։

12 Երբեմն կրնաս անակնկալի գալ, երբ իմանաս թէ քրիստոնեաներուն խղճմտանքները որքա՜ն իրարմէ կը տարբերին։ Անհատ մը կրնայ որոշ սովորութիւն մը անընդունելի գտնել, մինչ ուրիշ մը՝ անկէ ախորժիլ եւ զայն դատապարտելու հիմ մը չտեսնել։ Օրինակ՝ անհատի մը համար կրնայ հաճոյալի ըլլալ քանի մը բարեկամներով երեկոյ մը հաւաքուիլը եւ խմիչք խմելը, մինչ ուրիշի մը համար՝ խրտչելի։ Ինչո՞ւ այսպիսի տարբերութիւններ կան, եւ անոնք ինչպէ՞ս պէտք է ազդեն մեր որոշումներուն։

13 Մարդիկ իրարմէ կը տարբերին բազմաթիւ պատճառներով։ Անոնցմէ մէկը իրենց անցեալն է։ Օրինակ՝ ոմանք չափազանց գիտակից են իրենց մէկ տկարութեան, որուն դէմ անցեալին կրնան պայքարած ըլլալ, բայց միշտ ալ յաջողած չըլլալ (Գ. Թագաւորաց 8։38, 39)։ Այսպիսիներ կրնան յատկապէս զգայուն ըլլալ։ Եւ եթէ այսպիսի անհատ մը տունդ գայ, թերեւս իր խղճմտանքը զինք մղէ որ հրամցուած խմիչքը մերժէ։ Այս պարագային պիտի նեղանա՞ս, կամ պիտի պնդե՞ս։ Ո՛չ։ Իր պատճառներուն ծանօթ ըլլաս կամ ոչ, որոնց մասին թերեւս չուզէ խօսիլ տեղւոյն վրայ, եղբայրսիրութիւնը պիտի մղէ քեզ որ նկատառու ըլլաս։

14, 15. Առաջին դարու քրիստոնեաներուն խղճմտանքները ի՞նչ հարցի շուրջ իրարմէ կը տարբերէին, եւ Պօղոս ի՞նչ յանձնարարեց իրենց։

14 Պօղոս առաքեալ նկատեց թէ առաջին դարու քրիստոնեաներուն խղճմտանքները իրարմէ մեծապէս կը տարբերէին։ Այդ ժամանակ, կարգ մը քրիստոնեաներ կը մերժէին այն ուտելիքները, որոնք կուռքերու զոհաբերուելէ ետք կը ծախուէին շուկային մէջ (Ա. Կորնթացիս 10։25)։ Սակայն Պօղոսի խղճմտանքը կ’ընդունէր շուկային մէջ ծախուած այսպիսի ուտելիքներ ուտել։ Իրեն համար կուռքերը ոչինչ էին։ Ուտելիքները երբեք չէին կրնար պատկանիլ կուռքերուն, քանի որ Եհովան ստեղծած էր զանոնք եւ իրեն կը պատկանէին։ Այսուհանդերձ, Պօղոս հասկցաւ թէ ուրիշներ այս հարցին նկատմամբ իր տեսակէտը չէին բաժներ։ Ոմանք թերեւս քրիստոնեաներ չդարձած՝ կռապաշտութեան մեծապէս միջամուխ եղած էին։ Անոնց համար որեւէ բան որ նոյնիսկ նախապէս կռապաշտութեան առնչուած էր՝ ընդվզեցուցիչ էր։ Պօղոս ի՞նչ լուծում յանձնարարեց։

15 Ան ըսաւ. «Մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք ո՛չ միայն մեր անձին հաճոյ ըլլալու համար։ Քանզի Քրիստոս ալ ո՛չ թէ իր անձին հաճոյ եղաւ» (Հռովմայեցիս 15։1, 3)։ Պօղոս պատճառաբանեց, թէ պէտք է մեր եղբայրներուն կարիքները՝ մերիններէն առաջ դասենք, ճիշդ ինչպէս Քրիստոս ըրաւ։ Ասոր առնչուած քննարկութեան մը ընթացքին, Պօղոս ըսաւ թէ ինք բնա՛ւ միս պիտի չուտէր, չգայթակղեցնելու համար այն ոչխարներէն մէկը, որուն համար Քրիստոս իր կեանքը զոհած էր (կարդա՛ Ա. Կորնթացիս 8։13. 10։23, 24, 31-33

16. Աւելի զգայուն խղճմտանք ունեցողները ինչո՞ւ պէտք է խուսափին իրենցմէ տարբեր խղճմտանք ունեցողները դատելէ։

16 Միւս կողմէ, անոնք՝ որոնք աւելի զգայուն խղճմտանք մը ունին, պէտք չէ քննադատեն ուրիշները, պնդելով որ բոլորն ալ խղճմտանքի առնչուած հարցերը դիտեն իրենց ակնոցով (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։10)։ Իրապէս, մեր խղճմտանքը պէտք է գործածուի մե՛ր անձը դատելու համար եւ ոչ թէ՝ ուրիշները։ Մտաբերէ Յիսուսի խօսքերը. «Մի՛ դատէք, որպէս զի չդատուիք» (Մատթէոս 7։1)։ Ժողովքին մէջ բոլորս պիտի ուզենք խուսափիլ խղճմտանքի առնչուած անձնական հարցերը խնդիրներու վերածելէ։ Փոխարէն, պիտի ջանանք կերպեր փնտռել՝ սէրն ու միութիւնը քաջալերելու, զիրար կերտելու, եւ ոչ թէ զիրար քանդելու համար (Հռովմայեցիս 14։19

ՄԱՔՈՒՐ ԽՂՃՄՏԱՆՔ ՄԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ԲԵՐԷ

Մաքուր խղճմտանքը կրնայ մեզ կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին առաջնորդել, ուրախութիւն եւ ներքին խաղաղութիւն յառաջացնելով

17. Ներկայիս շատերու խղճմտանքին ի՞նչ պատահած է։

17 Պետրոս առաքեալ գրեց. «Մաքուր խղճմտանք ունեցէք» (Ա. Պետրոս 3։16)։ Եհովա Աստուծոյ աչքին մաքուր խղճմտանք մը սքանչելի օրհնութիւն մըն է։ Անիկա չի նմանիր ներկայիս շատերու ունեցած խղճմտանքին։ Պօղոս խօսեցաւ անոնց մասին, որոնց «խղճմտանքը խանձուած է» (Ա. Տիմոթէոս 4։2)։ Տաք երկաթը միսը կը խանձէ, զայն սպիացնելով եւ անզգայ դարձնելով։ Նմանապէս, շատեր ունին խղճմտանք մը որ խորքին մէջ մեռած է,– ա՛յնքան սպիացած եւ անզգայ դարձած, որ երբ յանցանք գործեն, այլեւս չի յառաջացներ ազդարարութիւններ, բողոքներ կամ ամօթի ու յանցապարտութեան զգացումներ։ Անոնք ուրախ են որ այսպիսի զգացումներ չունին։

18, 19. ա) Յանցապարտութեան կամ ամօթի զգացումները ի՞նչ օգուտ կրնան ունենալ։ բ) Ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ մեր խղճմտանքը շարունակէ մեզ պատժել անցեալի մեղքերու համար, որոնց համար արդէն զղջացած ենք։

18 Իրականութեան մէջ, յանցապարտութեան զգացումները կրնան կերպ մը ըլլալ՝ մեզի ըսելու համար թէ սխալ մը գործած ենք։ Եթէ մեղաւորը այսպիսի զգացումներէ մղուած զղջայ, նոյնիսկ անոր ամենագէշ մեղքերը կրնան ներուիլ։ Օրինակ՝ Դաւիթ թագաւոր լուրջ մեղք մը գործեց, բայց իրեն ներում շնորհուեցաւ, գլխաւորաբար իր անկեղծ զղջումին համար։ Իր սխալ ընթացքին հանդէպ ունեցած իր ատելութիւնը, եւ անկէ ետք Եհովայի օրէնքներուն հնազանդելու իր վճռականութիւնը պատճառ դարձան, որ անձամբ համտեսէ թէ Եհովան «բարի ու ներող» է (Սաղմոս 51։1-19. 86։5)։ Սակայն ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ մեր զղջումէն եւ ներում ստանալէն ետք յարատեւեն յանցապարտութեան ու ամօթի զօրաւոր զգացումները։

19 Երբեմն խղճմտանքը կրնայ երկար ժամանակ մեղաւորին խղճի խայթ պատճառել, ինչ որ այլեւս օգուտ մը չունի։ Նման պարագաներու, մեր ինքնադատ սիրտը պէտք է հաւաստիացնենք, թէ Եհովան մարդկային բոլոր զգացումներէն մեծ է։ Պէտք է Իր սիրոյն եւ ներումին հաւատանք եւ զանոնք ընդունինք, ինչպէս որ ուրիշները կը քաջալերենք որ այնպէս ընեն (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 3։19, 20)։ Միւս կողմէ, մաքուր խղճմտանքը կը յառաջացնէ ներքին խաղաղութիւն, անդորրութիւն եւ խոր ուրախութիւն, որ այս աշխարհին մէջ հազուագիւտ է։ Շատեր, որոնք ատեն մը լուրջ մեղքերու միջամուխ եղած են, այս հոյակապ հանգստութիւնը զգացած են եւ այժմ կարող են մաքուր խղճմտանք մը պահել, մինչ կը ծառայեն Եհովա Աստուծոյ (Ա. Կորնթացիս 6։11

20, 21. ա) Այս հրատարակութիւնը ծրագրուած է քեզի օգնելու որ ի՞նչ ընես։ բ) Որպէս քրիստոնեաներ ի՞նչ ազատութիւն կը վայելենք, բայց զայն ինչպէ՞ս պէտք է գործածենք։

20 Այս գիրքը ծրագրուած է քեզի օգնելու, որ այդ ուրախութիւնը գտնես, եւ Սատանայի աշխարհին խռոված այս վերջին օրերուն մաքուր խղճմտանք մը պահես։ Անշուշտ, անիկա չի կրնար քննարկել Աստուածաշունչի բոլոր օրէնքներն ու սկզբունքները, որոնց մասին պէտք է խորհիս եւ կիրարկես օրը օրին ծագող պարագաները ձեռք առնելու համար։ Ասկէ զատ, խղճմտանքի ձգուած հարցերու պարագային, մի՛ սպասեր յստակ, սեւ եւ ճերմակ կանոններ։ Այս գրքին նպատակն է քեզի օգնել որ խղճմտանքդ կրթես եւ զգայուն դարձնես, խորհրդածելով թէ Աստուծոյ Խօսքը առօրեայ կեանքիդ մէջ ինչպէ՛ս կը կիրարկուի։ Մովսիսական օրէնքին հակառակը, «Քրիստոսին օրէնքը» իր հետեւորդները կը հրաւիրէ ա՛լ աւելի խղճմտանքի եւ սկզբունքներու համաձայն ապրելու, քան՝ գրաւոր կանոններու համաձայն (Գաղատացիս 6։2)։ Ուստի Եհովա քրիստոնեաներուն կը պարգեւէ արտակարգ ազատութիւն մը։ Սակայն իր Խօսքը մեզի կը յիշեցնէ թէ այս ազատութիւնը երբեք չգործածենք «չարութեան ծածկոցի մը պէս» (Ա. Պետրոս 2։16)։ Փոխարէն, այս ազատութիւնը մեզի կ’ընծայէ սքանչելի պատեհութիւն մը՝ Եհովայի հանդէպ մեր սէրը արտայայտելու։

21 Ուրեմն աղօթէ՛ Աստուածաշունչի սկզբունքներով առաջնորդուելու մասին եւ ապրէ՛ անոնց համաձայն։ Այսպէս պիտի շարունակես այն կարեւոր ընթացքը որ սկսար, երբ առաջին անգամ ըլլալով Եհովան ճանչցար։ «Զգայարանքներդ» պիտի մարզուին «սովորութեամբ» (Եբրայեցիս 5։14)։ Աստուածաշունչով մարզուած խղճմտանքդ, կեանքիդ իւրաքանչիւր օրը օրհնութիւն մը պիտի ըլլայ քեզի համար։ Ուղեւորը առաջնորդող կողմնացոյցին նման, խղճմտանքդ քեզի պիտի օգնէ երկնաւոր Հայրդ հաճեցնող որոշումներ կայացնելու։ Ասիկա ստոյգ կերպ մըն է անձդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահելու։

^ պարբ. 5 Եբրայերէն Սուրբ Գրութիւններուն մէջ «խղճմտանք» բառը չէ գործածուած։ Սակայն նոյն միտքը բացայայտ է Յոբի օրինակին նման ուրիշ օրինակներու մէջ, ուր «սիրտ» բառը գործածուած է։ Այս բառը ընդհանրապէս կ’ակնարկէ ներքին անձին, մարդուն որոշ մէկ մասին,– իր խղճմտանքին։ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն մէջ, «խղճմտանք» թարգմանուած յունարէն բառին կը հանդիպինք շուրջ 30 անգամ։

^ պարբ. 8 Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ մաքուր խղճմտանք մը ունենալը միշտ ալ բաւարար չէ։ Օրինակի համար, Պօղոս ըսաւ. «Ես իմ անձիս վրայով բան մը չեմ գիտեր. բայց ոչ թէ ասով կ’արդարանամ. հապա զիս դատողը Տէրն է» (Ա. Կորնթացիս 4։4)։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք քրիստոնեաները կը հալածեն, ինչպէս ատեն մը Պօղոս կ’ընէր, թերեւս կը հալածեն մաքուր խղճով մը, խորհելով թէ Աստուած իրենց այս ընթացքին կը հաճի։ Հետեւաբար, կարեւոր է որ մեր խղճմտանքը մաքուր ըլլայ թէ՛ մեր աչքին եւ թէ Աստուծոյ աչքին (Գործք 23։1. Բ. Տիմոթէոս 1։3

^ պարբ. 10 Նկատողութեան արժանի է, որ բազմաթիւ բժիշկներ կ’ըսեն թէ ալքոլամոլներու համար խմիչքի չափաւոր գործածութիւնը անկարելի է. ալքոլամոլին համար «չափաւոր խմել» կը նշանակէ՝ չխմել։