ԳԼՈՒԽ 1
«Ասիկա է Աստուծոյ սէրը»
«Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ 5։3)։
1, 2. Ի՞նչ բան կը մղէ քեզ Եհովա Աստուած սիրելու։
ԱՍՏՈՒԱԾ կը սիրե՞ս։ Եթէ Եհովա Աստուծոյ նուիրուելով իրեն հետ փոխյարաբերութեան մէջ եկած ես, պատասխանդ պէտք է այո՛ ըլլայ։ Բնական է որ Եհովան սիրենք, քանի որ իրապէս ի՛նք մեզ սիրեց։ Աստուածաշունչը ասիկա հետեւեալ կերպով կ’արտայայտէ. «Մենք զանիկա [Եհովան] կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց» (Ա. Յովհաննէս 4։19)։
2 Եհովան նա՛խ ինք իր սէրը մեզի հանդէպ արտայայտած է։ Ան մեզի հայթայթած է գեղեցիկ բնակավայր մը՝ երկրագունդը։ Ան նաեւ կը հոգայ մեր ֆիզիքական ու նիւթական կարիքները (Մատթէոս 5։43-48)։ Աւելի կարեւոր բան մը, ան հոգ կը տանի մեր հոգեւոր կարիքներուն, մեզի տալով իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը։ Ասկէ զատ, ան կոչ կ’ընէ որ իրեն աղօթենք, հաւաստիացնելով՝ թէ պիտի լսէ մեզ եւ իր սուրբ հոգին պիտի տայ որ օգնէ մեզի (Սաղմոս 65։2. Ղուկաս 11։13)։ Իսկ ամենակարեւորը, ան իր ամենաթանկագին Որդին ղրկեց մեր Փրկարարը ըլլալու, որպէսզի մեղքէ ու մահէ ազատագրուինք։ Եհովան մեզի հանդէպ ինչ մե՜ծ սէր ցուցաբերած է (կարդա՛ Յովհաննէս 3։16. Հռովմայեցիս 5։8)։
3. ա) Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու համար մեզմէ ի՞նչ պահանջուած է։ բ) Ի՞նչ կարեւոր հարցում մը պէտք է քննարկենք եւ անոր պատասխանը ո՞ւր կը գտնուի։
3 Եհովան կ’ուզէ որ մենք իր սէրէն առյաւէտ օգտուինք։ Յուդա 21)։ ‘Անձերնիդ պահեցէք’ արտայայտութիւնը կը թելադրէ, որ Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնալու համար մեզմէ բան մը պահանջուած է՝ իր սիրոյն ընդառաջել մասնայատուկ կերպերով։ Ուստի սա կարեւոր հարցումը պէտք է նկատի առնենք. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ Աստուծոյ հանդէպ սէրս ցոյց տալ’։ Ասոր պատասխանը կը գտնուի Յովհաննէս առաքեալի ներշնչեալ խօսքերուն մէջ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Ուստի եթէ կ’ուզենք մեր Աստուծոյն ցոյց տալ թէ զինք որքան շա՛տ կը սիրենք, պէտք է ուշադրութեամբ քննենք այս խօսքերուն իմաստը։
Սակայն ասիկա լիովին մեզմէ կախեալ է։ Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ. «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք. . . յաւիտենական կեանքի համար» («ԱՍԻԿԱ Է ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՍԷՐԸ»
4, 5. ա) «Աստուծոյ սէրը» արտայայտութիւնը ի՞նչ բանի կ’ակնարկէ։ բ) Նկարագրէ թէ Աստուծոյ սէրը ինչպէ՛ս սկսաւ սրտիդ մէջ աճիլ։
4 Յովհաննէս առաքեալ ի՞նչ բան ի մտի ունէր, երբ «Աստուծոյ սէրը» արտայայտութիւնը գործածեց։ Անիկա կ’ակնարկէ, ոչ թէ մեզի հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն, այլ իրեն հանդէպ մեր սիրոյն։ Կրնա՞ս մտաբերել այն ժամանակը, երբ սկսաւ սրտիդ մէջ Եհովայի հանդէպ սէր աճիլ։
5 Պահ մը խորհէ այն ժամանակին մասին, երբ առաջին անգամ ըլլալով Եհովային եւ իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտցար եւ սկսար հաւատք ունենալ։ Նաեւ սկսար հասկնալ, որ թէեւ ծնած էիր մեղաւոր ու Աստուծմէ օտարացած, բայց Եհովան Քրիստոսի միջոցով ճամբան բացաւ, որ Ադամի կորսնցուցած կատարելութիւնը ձեռք ձգես եւ յաւիտենական կեանքը ժառանգես (Մատթէոս 20։28. Հռովմայեցիս 5։12, 18)։ Սկսար գնահատել Եհովայի կատարած զոհողութեան մեծութիւնը, որ իր ամենաթանկագին Որդին ղրկեց, որպէսզի քեզի համար մեռնի։ Ասկէ ազդուելով, սկսար սէր զգալ Աստուծոյ հանդէպ, որ ա՛յսքան մեծ սէր ցոյց տուած է քեզի հանդէպ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։9, 10)։
6. Հարազատ սէրը ինչպէ՞ս կը դրսեւորուի, եւ Աստուծոյ սէրը քեզ մղեց ի՞նչ ընելու։
6 Սակայն այս զգացումը Եհովայի հանդէպ հարազատ սիրոյդ միայն սկիզբն էր։ Սէրը լոկ զգացում մը չէ, ոչ ալ անիկա պարզապէս բառերով կ’արտայայտուի, ինչպէս «ես Եհովան կը սիրեմ» ըսելով։ Ինչպէս հաւատքը, նոյնպէս ալ հարազատ սէրը գործի կը մղէ (Յակոբոս 2։26)։ Անիկա յատկապէս կը դրսեւորուի այնպիսի գործերով, որոնք մեր սիրած անհատին հաճելի են։ Ուստի, երբ Եհովայի հանդէպ սէրը սրտիդ մէջ արմատ կապեց, մղուեցար ապրիլ այնպիսի կեանք մը, որ երկնաւոր Հօրդ հաճելի է։ Եթէ մկրտուած Վկայ մըն ես, այս խոր սէրն ու նուիրուածութիւնը պատճառ դարձան, որ կեանքիդ կարեւորագոյն որոշումը կայացնես։ Անձդ Եհովայի նուիրեցիր Իր կամքը ընելու համար, եւ նուիրումդ խորհրդանշեցիր մկրտուելով (կարդա՛ Հռովմայեցիս 14։7, 8)։ Եհովայի տրուած այս լուրջ խոստումը կատարելը կը պարփակէ այն ինչ որ Յովհաննէս ետքը կը նշէ։
«ԱՆՈՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔՆԵՐԸ ՊԱՀԵՆՔ»
7. Աստուծոյ կարգ մը պատուիրանները ի՞նչ են եւ զանոնք պահելը ի՞նչ կ’ընդգրկէ։
7 Յովհաննէս կը բացատրէ թէ Աստուծոյ սէրը կը նշանակէ՝ ‘Անոր պատուիրանքները պահել’։ Ի՞նչ են Աստուծոյ պատուիրանները։ Եհովան իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ շարք մը մասնայատուկ պատուիրաններ կու տայ մեզի։ Օրինակ՝ ան կ’արգիլէ գինովութեան, սեռային անբարոյութեան, կռապաշտութեան, գողութեան ու ստախօսութեան նման սովորութիւններ (Ա. Կորնթացիս 5։11. 6։18. 10։14. Եփեսացիս 4։28. Կողոսացիս 3։9)։ Աստուծոյ պատուիրանները պահելը կ’ընդգրկէ՝ Աստուածաշունչի յստակ բարոյական չափանիշներուն համաձայն ապրիլ։
8, 9. Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ ի՛նչ բան Եհովան կը հաճեցնէ, նոյնիսկ այն պարագային, երբ Աստուածաշունչի ուղղակի օրէնք մը չկայ. օրինակ մը տուր։
8 Սակայն Եհովան հաճեցնել չի նշանակեր միա՛յն իր մասնայատուկ պատուիրաններուն հնազանդիլ։ Օրուան ընթացքին բազմաթիւ կացութիւններու առջեւ կրնանք գտնուիլ, որոնց համար Եհովան Աստուածաշունչին միջոցաւ մասնայատուկ պատուիրաններ չէ տուած մեզի,– կեանքի բոլոր երեսակները ղեկավարող օրէնքներ, որոնք կրնան մեզ կաշկանդել։ Այսպիսի պարագաներու, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ ի՛նչ բան Եհովան կը հաճեցնէ։ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ Աստուծոյ մտածելակերպը նշող յստակ տեղեկութիւններ։ Ուստի Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, կը սորվինք թէ Եհովան Սաղմոս 97։10. Առակաց 6։16-19)։ Ինչպէս նաեւ կը սկսինք գիտնալ այն կեցուածքներն ու արարքները, զորս ան կ’արժեւորէ։ Եհովայի անձնաւորութեան ու ճամբաներուն մասին ո՛րքան աւելի սորվինք, ա՛յնքան աւելի պիտի կարենանք թոյլ տալ իր մտածելակերպին, որ մեր որոշումները կաղապարէ եւ մեր արարքներուն ազդէ։ Հետեւաբար, նոյնիսկ այն պարագային, երբ Աստուածաշունչի մասնայատուկ օրէնք մը չկայ, յաճախ կրնանք գիտնալ թէ «ի՞նչ է Տէրոջը կամքը» (Եփեսացիս 5։17)։
ի՛նչը կը սիրէ եւ ի՛նչը կ’ատէ (կարդա՛9 Օրինակ՝ Աստուածաշունչը չի բովանդակեր ուղղակի պատուէր մը, որ բռնութիւն կամ սեռային անբարոյութիւն բովանդակող շարժապատկերներ կամ հեռատեսիլի յայտագիրներ չդիտենք։ Սակայն նման բաներ չդիտելու նկատմամբ մասնայատուկ օրէնքի մը կարիքը ունի՞նք։ Արդէն գիտենք թէ Եհովան այս հարցերը ինչպէս կը դիտէ։ Իր Խօսքը բացայայտօրէն մեզի կ’ըսէ. «[Եհովա] կ’ատէ ամբարիշտը ու բռնութիւն սիրողը» (Սաղմոս 11։5)։ Անիկա նաեւ կ’ըսէ. «Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները» (Եբրայեցիս 13։4)։ Այս ներշնչեալ խօսքերուն վրայ խոկալով, կրնանք յստակօրէն ըմբռնել թէ ի՛նչ է Եհովայի կամքը։ Հետեւաբար, կ’ընտրենք չդիտել մեր Աստուծոյ ատած սովորութիւնները վառ կերպով ցուցադրող յայտագիրներ։ Գիտենք թէ Եհովան մեզի կը հաճի, երբ կը խուսափինք այն բարոյական ապականութենէն, որ այս աշխարհը կը փորձէ մեզի ներկայացնել իբրեւ անվնաս ժամանց *։
10, 11. Ինչո՞ւ կ’ընտրենք Եհովայի հնազանդիլ, եւ իրեն հանդէպ ինչպիսի՞ հնազանդութիւն կը ցուցաբերենք։
10 Ի՞նչ է գլխաւոր պատճառը, որուն համար Աստուծոյ պատուիրանները կը պահենք։ Ինչո՞ւ կ’ուզենք ամէն օր Աստուծոյ մտածելակերպին հետ ներդաշնակ ապրիլ։ Այսպիսի ընթացք մը չենք ընտրեր, պարզապէս Գաղատացիս 6։7, 8ա)։ Փոխարէն, Եհովայի հնազանդիլը կը նկատենք իրեն հանդէպ մեր սէրը ցուցաբերելու թանկագին պատեհութիւն մը։ Ճիշդ ինչպէս որ երեխայ մը կը տենչայ իր հօր հաւանութեան ժպիտը շահիլ, նոյնպէս մենք կ’ուզենք Եհովայի հաւանութիւնը ստանալ (Սաղմոս 5։12)։ Ան մեր Հայրն է, եւ մենք կը սիրենք զինք։ Ոչի՛նչ մեզի աւելի մեծ ուրախութիւն կամ խոր գոհունակութիւն կու տայ, քան՝ գիտակցիլը թէ մեր ապրելակերպը ‘Եհովայի հաւանութիւնը կը ստանայ’ (Առակաց 12։2, ՆԱ)։
պատիժէ խոյս տալու կամ Աստուծոյ կամքը անտեսելուն վնասակար հետեւանքներէն խուսափելու համար (11 Հետեւաբար, մենք դժկամութեամբ չենք հնազանդիր Եհովայի, ոչ ալ կ’որոշենք թէ ո՛ր պատուիրաններուն պիտի հնազանդինք եւ որոնց՝ ոչ *։ Ընդհակառակը, մենք ‘սրտանց կը հնազանդինք’ (Հռովմայեցիս 6։17)։ Կը զգանք ճիշդ ինչպէս որ զգաց սաղմոսերգուն, որ գրեց. «Պիտի ուրախանամ քու պատուիրանքներովդ՝ որոնք սիրեցի» (Սաղմոս 119։47)։ Արդարեւ, մենք կը սիրենք Եհովայի հնազանդիլ։ Կը գիտակցինք որ ան արժանի է մեր ամբողջական ու անվերապահ հնազանդութեան եւ զայն կը պահանջէ մեզմէ (Բ. Օրինաց 12։32)։ Կ’ուզենք որ Եհովա մեր մասին ըսէ, այն ինչ որ իր Խօսքը Նոյի մասին կ’ըսէ. «Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս» (Ծննդոց 6։22)։ Այս հաւատարիմ նահապետը, տասնամեակներ շարունակ Աստուծոյ հնազանդ ըլլալով անոր հանդէպ սէր ցուցաբերեց։
12. Ե՞րբ է որ մեր հնազանդութիւնը Եհովայի սիրտը կ’ուրախացնէ։
12 Եհովա ինչպէ՞ս կը զգայ երբ սիրայօժար իրեն կը հնազանդինք։ Իր Խօսքը կ’ըսէ թէ ասիկա իր ‘սիրտը կ’ուրախացնէ’ (Առակաց 27։11)։ Մեր հնազանդութիւնը իրապէս կ’ուրախացնէ՞ տիեզերքի Գերիշխան Տէրոջ սիրտը։ Ա՛րդարեւ եւ վաւերական պատճառով մը։ Եհովա մեզ ստեղծած է կամքի ազատութեամբ։ Ասիկա կը նշանակէ թէ մենք ընտրելու ազատութիւն ունինք,– Աստուծոյ հնազանդիլ կամ չհնազանդիլ (Բ. Օրինաց 30։15, 16, 19, 20)։ Երբ յօժարակամօրէն կ’ընտրենք Եհովայի հնազանդիլ եւ մեր շարժառիթը Աստուծոյ հանդէպ սէրն է, այն ատեն մեր երկնաւոր Հօր աւելի հաճոյք եւ ուրախութիւն կը պատճառենք (Առակաց 11։20)։ Միեւնոյն ատեն, լաւագոյն կենցաղը ընտրած կ’ըլլանք։
«ԱՆՈՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱՆՔՆԵՐԸ ԾԱՆՐ ԲԱՆ ՉԵՆ»
13, 14. Ինչո՞ւ կրնայ ըսուիլ թէ Աստուծոյ «պատուիրանքները ծանր բան չեն», եւ ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է լուսաբանել։
13 Յովհաննէս առաքեալ Եհովայի պահանջներուն մասին շատ հաւաստիացուցիչ բան մը կ’ըսէ մեզի. «Անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն» (Ա. Յովհաննէս 5։3) *։ Եհովայի պահանջները անտրամաբանական կամ կաշկանդիչ չեն։ Անոր օրէնքներուն հնազանդիլը անկատար մարդոց կարողութենէն վեր չէ։
14 Ասիկա կրնանք լուսաբանել հետեւեալ կերպով։ Ենթադրենք որ մօտիկ բարեկամ մը քեզմէ կը խնդրէ, որ իրեն օգնես ուրիշ բնակարան մը փոխադրուելու։ Փոխադրուելիք շատ սնտուկներ կան։ Անոնցմէ մաս մը թեթեւ ըլլալով կրնայ մէկ հոգի վերցնել, բայց կան սնտուկներ որոնք ծանր են եւ հազիւ երկու հոգիով կարելի է վերցնել։ Արդեօք ան քեզմէ պիտի խնդրէ՞ որ շալկես այն սնտուկները, որոնք ինք գիտէ թէ քեզի համար շատ ծանր են։ Անշո՛ւշտ ոչ։ Ան պիտի չուզէ որ ծանր սնտուկները առանձին վերցնելով դուն քեզի վնաս հասցնես։ Նմանապէս, մեր սիրալիր ու ազնիւ Աստուածը մեզմէ չի խնդրեր որ պահենք պատուիրաններ, զորոնք գործադրելը շատ դժուար Բ. Օրինաց 30։11-14)։ Եհովան մեր սահմանափակումները կը հասկնայ, քանի որ «ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք» (Սաղմոս 103։14)։
է (15. Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովայի պատուիրանները մեր լաւագոյն օգուտին համար են։
15 Եհովայի պատուիրանները բնա՛ւ ծանր բան չեն. անոնք մեր մեծագոյն օգտին համար են (կարդա՛ Եսայի 48։17)։ Ասոր համար, Մովսէս կրցաւ վաղեմի իսրայէլ ազգին ըսել. «Տէրը մեզի պատուիրեց, որ այս բոլոր կանոնները գործադրենք ու մեր Տէր Աստուծմէն վախնանք, որպէս զի մեզի աղէկ ըլլայ միշտ ու ողջ պահէ մեզ, ինչպէս ենք այսօր» (Բ. Օրինաց 6։24)։ Մենք ալ կրնանք վստահ ըլլալ, որ երբ Եհովան իր օրէնքները մեզի տուաւ, ի մտի ունէր մեր լաւագոյն շահերը,– մեր երկարատեւ ու յաւիտենական բարօրութիւնը։ Կրնա՞յ ասոր հակառակը ըլլալ։ Բնաւ երբեք, Եհովա Աստուծոյ իմաստութիւնը անսահման է (Հռովմայեցիս 11։33)։ Հետեւաբար, ան գիտէ թէ ի՛նչն է մեզի համար լաւագոյնը։ Եհովա նաեւ սիրոյ մարմնացումն է (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Սէրը Իր իսկական բնոյթն է, որ կը ներգործէ իր բոլոր խօսքերուն եւ արարքներուն մէջ, նաեւ՝ իր ծառաներուն տուած բոլոր պատուիրաններուն հիմն է։
16. Հակառակ այս նուաստացած աշխարհին եւ անկատար մարմնի հակումներուն, ինչո՞ւ կրնանք հնազանդ ընթացքի մը հետամուտ ըլլալ։
16 Ասիկա չի նշանակեր թէ Աստուծոյ հնազանդիլը դիւրին ընթացք մըն է։ Պէտք է պայքարինք այս նուաստացած աշխարհին դէմ, որ «չարին մէջ է» (Ա. Յովհաննէս 5։19)։ Պէտք է նաեւ մարտնչինք անկատար մարմնին դէմ, որ կը դրդէ մեզ Աստուծոյ օրէնքները բեկանելու (Հռովմայեցիս 7։21-25)։ Սակայն Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրը կրնայ յաղթական դուրս գալ։ Եհովան կ’օրհնէ բոլոր անոնց, որոնք կ’ուզեն իրենց հնազանդութեամբ փաստել իրենց սէրը։ Ան իր սուրբ հոգին կու տայ «իրեն հնազանդ եղողներուն» (Գործք 5։32)։ Այդ հոգին մեր մէջ կ’արտադրէ գեղեցիկ պտուղ,– թանկարժէք յատկութիւններ, որոնք կրնան մեզի օգնել հնազանդ ընթացքի մը հետամուտ ըլլալու (Գաղատացիս 5։22, 23)։
17, 18. ա) Այս հրատարակութեան մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք, եւ մինչ ասիկա կ’ընենք, ի՞նչ բան պէտք է ի մտի ունենանք։ բ) Յաջորդ գլուխին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկուի։
17 Այս հրատարակութեան մէջ պիտի քննարկենք Եհովայի սկզբունքներն ու բարոյական չափանիշները, նաեւ իր կամքը նշող շատ մը ցուցմունքներ։ Մինչ ասիկա կ’ընենք, պէտք է ի մտի ունենանք կարգ մը կարեւոր բաներ։ Նախ, Եհովա մեզ չի ստիպեր որ իր օրէնքներուն ու սկզբունքներուն հնազանդինք. ան մեր սրտաբուխ ու յօժարակամ հնազանդութիւնը կ’ուզէ։ Նաեւ, չմոռնանք որ Եհովան մեզմէ կը խնդրէ որ ապրինք այնպէ՛ս մը, որ հիմա իսկ ճոխ օրհնութիւններ ստանանք, եւ ապագային՝ յաւիտենական կեանք։ Իսկ մեր բոլորանուէր հնազանդութիւնը նկատենք թանկարժէք պատեհութիւն մը, Եհովային ցոյց տալու թէ զինք որքան շա՛տ կը սիրենք։
18 Եհովան մեզ սիրալիրօրէն օժտած է խղճմտանքով մը, մեզի օգնելու համար որ ճիշդը սխալէն զանազանենք։ Այսուհանդերձ, որպէսզի խղճմտանքը վստահելի առաջնորդ մը ըլլայ, անիկա պէտք է մարզուի։ Յաջորդ գլուխը ասիկա պիտի քննարկէ։
^ պարբ. 9 Օգտակար ժամանց ինչպէ՛ս ընտրելու նկատմամբ, տե՛ս այս գրքին 6–րդ գլուխը։
^ պարբ. 11 Նոյնիսկ չար ոգիները կրնան դժկամութեամբ հնազանդիլ։ Օրինակ՝ երբ Յիսուս դեւերուն հրամայեց որ կարգ մը դիւահար մարդոցմէ դուրս ելլեն, դեւերը հարկադրուեցան իր հեղինակութիւնը ընդունիլ եւ իրեն հնազանդիլ, թէեւ դժկամութեամբ (Մարկոս 1։27. 5։7-13)։
^ պարբ. 13 Մատթէոս 23։4–ի մէջ, այս նոյն «ծանր» բառը գործածուած է «բեռներ» բառը նկարագրելու համար, այսինքն՝ այն մանրամասն օրէնքներն ու մարդակերտ աւանդութիւնները, որոնք դպիրներն ու փարիսեցիները դրին հասարակ ժողովուրդին վրայ։