ՍԱՂՄՈՍ 86։1-17

Աղօթք Դաւիթի 86  Ո՛վ Տէր, խոնարհեցուր քու ականջդ։Պատասխան տո՛ւր ինծի, վասն զի աղքատ ու տնանկ եմ։   Պահէ իմ անձս, վասն զի ես սուրբ եմ։Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզի յուսացող ծառադ դո՛ւն փրկէ։   Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Տէր,Վասն զի քեզի կը կանչեմ ամէն օր։   Ուրախացուր քու ծառայիդ անձը,Վասն զի դէպի քեզ կը վերցնեմ իմ անձս, ո՜վ Տէր։   Վասն զի դո՛ւն, ո՛վ Տէր, բարի ու ներող եսԵւ խիստ ողորմած այն ամենուն, որոնք քեզի կը կանչեն։   Ակա՛նջ դիր իմ աղօթքիս, ո՛վ Տէր,Ու մտի՛կ ըրէ իմ աղաչանքներուս ձայնին։   Նեղութեանս օրը քեզի կ’աղաղակեմ,Վասն զի դուն ինծի կը պատասխանես։   Աստուածներուն մէջ քեզի նման մէկը չկայ, ո՛վ Տէր,Եւ քու գործերուդ պէս չկայ։   Բոլոր ազգերը, որոնք դուն ստեղծեցիր, պիտի գանՈւ երկրպագութիւն ընեն քու առջեւդ, ո՛վ Տէր,Եւ քու անուանդ փառք պիտի տան։ 10  Վասն զի դուն մեծ ես ու հրաշքներ կ’ընես։Միայն դո՛ւն Աստուած ես։ 11  Ո՛վ Տէր, սորվեցուր ինծի քու ճամբադ,Որպէս զի քու ճշմարտութեանդ մէջ քալեմ.Միացուր իմ սիրտս*, որպէս զի քու անունէդ վախնայ։ 12  Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս,Ու յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ։ 13  Վասն զի քու ողորմութիւնդ մեծ եղաւ իմ վրասՈւ դուն փրկեցիր իմ անձս խորունկ դժոխքէն։ 14  Ո՛վ Աստուած, ամբարտաւանները ինծի դէմ ելանՈւ խումբ մը բռնաւորներ իմ անձս փնտռեցինԵւ քեզ իրենց առջեւ չդրին։ 15  Բայց դուն, ո՛վ Տէր, գթած ու ողորմած Աստուած ես,Երկայնամիտ ու ողորմութիւնով եւ ճշմարտութիւնով լեցուն ես։ 16  Նայէ՛ ինծի ու ողորմէ՛ ինծի։Քու զօրութիւնդ տո՛ւր քու ծառայիդՈւ քու աղախինիդ որդին փրկէ՛։ 17  Բարութեան նշան մը ցուցո՛ւր ինծի,Որպէս զի զիս ատողները տեսնեն ու ամչնան։Վասն զի դուն, ո՛վ Տէր, ինծի օգնեցիր ու զիս մխիթարեցիր։

Ստորանիշներ

86։11 Կամ, Իմ սիրտս պիտի ուրախանայ