ՍԱՂՄՈՍ 84։1-12

Գլխաւոր երաժշտին՝ Կորխի որդիներուն Սաղմոսը 84  Ի՜նչպէս սիրելի են քու բնակարաններդ,Ո՛վ զօրաց Տէր։   Իմ անձս կը փափաքի ու նաեւ կը մարիՏէրոջը սրահներուն համար։Իմ սիրտս ու մարմինս ցնծութեամբ կ’աղաղակենԿենդանի Աստուծոյն։   Ճնճղուկն ալ տուն գտաւՈւ ծիծեռնակը իրեն բոյն՝ իր ձագերը դնելու համար,Քու սեղաններուդ քով, ո՛վ զօրաց Տէր,Իմ Թագաւորս ու Աստուածս։   Երանի՜ անոնց որ քու տանդ մէջ կը բնակին։Անոնք անդադար քեզ պիտի օրհնեն։ (Սէլա։)   Երանի՜ այն մարդոց, որոնց զօրութիւնը քեզմէ էՈւ իրենց սրտին մէջ տանդ ճամբաները կան։   Արտասուաց հովիտէն անցնելով աղբիւրի պէս կ’ընեն զանիկա։Առաջին անձրեւն ալ օրհնութիւնով պիտի ծածկէ զանիկա*։   Անոնք զօրութենէ զօրութիւն պիտի երթան,Մինչեւ որ Սիօնի մէջ Աստուծոյ առջեւ երեւնան.   Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքս,Ականջ դի՛ր, ո՛վ Յակոբին Աստուածը։ (Սէլա։)   Ո՛վ մեր վահանը Աստուած, տե՛սՈւ քու օծեալիդ երեսին նայէ՛։ 10  Վասն զի քու սրահներուդ մէջՄէկ օրը ուրիշ տեղի հազարէն աղէկ է։Աւելի նախընտրեցի իմ Աստուծոյս տանը շեմին վրայ կենալ,Քան թէ ամբարիշտներու վրաններուն մէջ բնակիլ։ 11  Քանզի Տէր Աստուածը արեւ ու վահան է.Տէրը շնորհք ու փառք պիտի տայ։Բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէՈւղղութեամբ քալողներէն։ 12  Ո՛վ զօրաց Տէր,Երանելի՜ է քեզի յուսացող մարդը։

Ստորանիշներ

84։6 Կամ, աւազանները կը լեցնէ