ՍԱՂՄՈՍ 80։1-19
Գլխաւոր երաժշտին՝ Ասափին Սաղմոսը
80 Ականջ դի՛ր, ո՛վ Իսրայէլին Հովիւը,Որ Յովսէփին հօտի պէս կ’առաջնորդես։Դո՛ւն, որ քերովբէներու վրայ կը նստիս, պայծառացի՛ր։
2 Եփրեմին ու Բենիամինին եւ Մանասէին առջեւԱրթնցո՛ւր քու զօրութիւնդՈւ եկո՛ւր մեզ փրկէ։
3 Ո՛վ Աստուած, մեզի՛ դարձիրԵւ քու երեսդ փայլեցուր ու պիտի փրկուինք։
4 Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած,Մինչեւ ե՞րբ պիտի բարկանաս քու ժողովուրդիդ աղօթքին։
5 Արտասուքի հաց կը կերցնես անոնցՈւ մեծ չափով արտասուք կը խմցնես անոնց։
6 Մեզ նախատինքի առարկայ կ’ընես մեր դրացիներունՈւ մեր թշնամիներուն մէջ ծաղրանքի առարկայ։
7 Ո՛վ զօրաց Աստուած, մեզի՛ դարձիրԵւ քու երեսդ փայլեցո՛ւր ու պիտի փրկուինք։
8 Եգիպտոսէն որթատունկ մը փոխադրեցիր,Հեթանոսները վռնտեցիր ու զանիկա տնկեցիր։
9 Անոր առջեւէն տե՛ղ պատրաստեցիր,Անոր արմատները հաստատեցիրԵւ անիկա երկիրը լեցուց։
10 Լեռները ծածկուեցան անոր հովանիովըՈւ անոր ճիւղերը Աստուծոյ եղեւիններուն պէս եղան։
11 Իր ճիւղերը երկնցուց մինչեւ ծովըՈւ իր բարունակները՝ մինչեւ Գետը։
12 Ինչո՞ւ փլցուցիր անոր ցանկերը,Որ ճամբայէն բոլոր անցնողները անոր պտուղը քաղեն։
13 Անտառին խոզը ապականեց զանիկաՈւ դաշտի գազանները կերան զանիկա։
14 Ո՛վ զօրաց Աստուած, կ’աղաչե՛մ, դարձի՛ր.Նայէ՛ երկնքէն ու տե՛սՈւ այցելէ՛ այս որթատունկին,
15 Որ քու աջ ձեռքովդ տնկեցիրՈւ արմատը՝ որ քեզի համար զօրացուցիր։
16 Թող անոնք կրակով այրուին ու կտրուին,Քու սաստէդ թող կորնչին։
17 Թող քու ձեռքդ մարդուն վրայ ըլլայՈւ քու աջ ձեռքդ մարդու որդիին վրայ, որ քեզի համար զօրացուցիր։
18 Մենք այլեւս պիտի չդառնանք քեզմէ.Կենդանացո՛ւր մեզ ու քու անունդ պիտի կանչենք։
19 Ո՛վ Տէր, զօրա՛ց Աստուած, մեզի՛ դարձիրԵւ քու երեսդ փայլեցո՛ւր ու պիտի փրկուինք։