ՍԱՂՄՈՍ 68։1-35
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսն ու երգը
68 Թող ելլէ՛ Աստուած եւ անոր թշնամիները թող ցրուինՈւ զինք ատողները իր երեսէն թո՛ղ փախչին։
2 Ցրուէ՛ զանոնք ինչպէս մուխը կը ցրուի,Ինչպէս մոմը կրակին առջեւ կը հալի,Այնպէ՛ս թող կորսուին ամբարիշտները Աստուծոյ երեսէն։
3 Բայց արդարները թո՛ղ ուրախանան,Աստուծոյ առջեւ թո՛ղ ցնծանԵւ ուրախութիւնով թո՛ղ զուարճանան։
4 Երգեցէ՛ք Աստուծոյ, սաղմոս երգեցէ՛ք անոր անուանը.Ճամբայ պատրաստեցէ՛ք ամպերու վրայ հեծնողին.Որուն անունը Եահ* էՈւ ցնծացէք անոր առջեւ։
5 Որբերուն հայրը ու որբեւայրիներուն դատաւորըԱստուած է՝ իր սուրբ բնակարանին մէջ։
6 Աստուած լքեալները տան մէջ կը բնակեցնէ,Կապուածները յաջողութեան կ’առաջնորդէ,Բայց ապստամբները չոր տեղ պիտի բնակին։
7 Ո՛վ Աստուած, քու ժողովուրդիդ առջեւէն գացած ատենդ,Անապատէն անցած ատենդ, (Սէլա,)
8 Երկիրը շարժեցաւ, երկինքն ալ շաղ կաթեցուց Աստուծոյ երեսէն։Սինան ալ շարժեցաւ Աստուծոյ, Իսրայէլին Աստուծոյն երեսէն։
9 Ո՛վ Աստուած, թէեւ քու ժառանգութիւնդ չորցած էր,Դուն առատ անձրեւով ոռոգեցիր զանիկա։
10 Քու ժողովուրդդ անոր մէջ բնակեցաւ.Քու բարութիւնովդ աղքատին համար պատրաստեցիր, ո՛վ Աստուած։
11 Տէրը պատգամ տուաւ.Աւետիս տուողները մեծ բազմութիւն են.
12 «Զօրքերուն թագաւորները կը փախչին, կը փախչին»։Տան մէջ բնակող կիները աւարը կը բաժնեն,
13 Թէեւ գոմերուն մէջտեղը պառկած ըլլան,Աղաւնիի թեւերուն պէս արծաթով պատուածՈւ անոր փետուրները դեղին ոսկիով։
14 Ամենակարողին՝ այն երկրին վրայ թագաւորներ ցրուած ատենը,Երկիրը Սելմօնին մէջի ձիւնին պէս ճերմկցաւ։
15 Աստուծոյ լեռը Բասան լեռն է,Բազմագագաթ լեռը Բասան լեռն է,
16 Ո՛վ բազմագագաթ լեռներ, ինչո՞ւ նախանձով կը նայիք.Ասիկա այն լեռն է՝ որուն մէջ Աստուած հաճեցաւ բնակիլ։Յիրաւի Տէրը հոն պիտի բնակի յաւիտեան։
17 Աստուծոյ կառքերը երկու անգամ տասը հազար են, հազարաւոր անգամ հազար*.Տէրը անոնց մէջ է, իր սուրբ տեղն է իբրեւ Սինայի մէջ։
18 Բարձր տեղը ելար, գերութիւնը գերի ըրիր,Պարգեւներ առիր մարդոց համարՈւ ապստամբներուն համար ալ,Որպէս զի Տէր Աստուած անոնց մէջ բնակի։
19 Տէրը օրհնեալ ըլլայ օրէ օր.Եթէ բեռ ալ դնէ մեր վրայ*,Աստուած է մեր փրկիչը։ (Սէլա։)
20 Աստուած մեզի փրկութեան Աստուած է,Մեզ մահուանէն ազատողը Տէր Եհովան է։
21 Աստուած պիտի փշրէ իր թշնամիներուն գլուխը,Նաեւ իր անօրէնութիւններուն մէջ պտըտողին մազոտ գանկը։
22 Տէրը ըսաւ. «Զանոնք Բասանէն ետ դարձնեմ.Ծովուն անդունդներէն ետ դարձնեմ.
23 Այնպէս որ ոտքդ արեան մէջ թաթխուի,Շուներուդ լեզուն թշնամիներէն իր բաժինը առնէ»։
24 Քու քալուածքներդ տեսան, ո՛վ Աստուած.Իմ Աստուծոյս, իմ Թագաւորիս, քալուածքները սուրբ տեղին մէջ։
25 Առջեւէն երգողները գացին,Ետեւէն նուագածուները՝Թմբուկ զարնող կոյսերուն մէջտեղը։
26 «Ժողովուրդներուն մէջ Աստուած օրհնեցէ՛ք,Տէրը՝ դո՛ւք որ Իսրայէլի աղբիւրէն էք»։
27 Այն տեղ են փոքր Բենիամինը, անոնց տիրապետողը,Յուդայի իշխանները իրենց բազմութիւնովը,Զաբուղոնի իշխանները ու Նեփթաղիմի իշխանները։
28 Քու Աստուածդ քու զօրութիւնդ հաստատեց։Զօրացո՛ւր, ո՛վ Աստուած, այն բանը որ մեզի համար ըրիր։
29 Երուսաղէմ եղող տաճարիդ համար՝Թագաւորները քեզի ընծաներ պիտի բերեն։
30 Եղէգներու մէջ բնակող գազանները ու ցուլերուն ժողովըԺողովուրդներուն զուարակներուն հետ սաստէ՛,Որպէս զի խոնարհին՝ անոնք որ արծաթի կը ցանկան,Պատերազմ սիրող ժողովուրդները ցրուէ՛։
31 Եգիպտոսէն ազնուականներ պիտի գան.Եթովպիա իր ձեռքերը շուտով Աստուծոյ պիտի երկնցնէ։
32 Ո՛վ երկրի թագաւորութիւններ, երգեցէ՛ք Աստուծոյ,Սաղմոս ըսէ՛ք Տէրոջը, (Սէլա,)
33 Անոր՝ որ յաւիտեանս յաւիտենից երկինքներուն վրայ կը նստի*Ահա անիկա ձայն կու տայ իր զօրաւոր ձայնովը,
34 Փառք տուէ՛ք Աստուծոյ.Անոր մեծավայելչութիւնը Իսրայէլի վրայ էՈւ անոր զօրութիւնը ամպերուն մէջ է։
35 Ահաւոր ես, ո՛վ Աստուած, քու սուրբ տեղերուդ մէջ։Իսրայէլի Աստուածը՝Ինք կու տայ իր ժողովուրդին ոյժ ու կարողութիւն։Աստուած օրհնեալ ըլլայ։
Ստորանիշներ
^ 68։4 Կամ, Եհովա, այսինքն, ՈՐ ԷՆ
^ 68։17 Կամ, հազարաւոր հրեշտակներ
^ 68։19 Կամ, որ օրէ օր մեր վրայ բարերարութեան բեռ կը դնէ
^ 68։33 Եբր., կը հեծնէ