ՍԱՂՄՈՍ 44։1-26

Կորխի որդիներուն երգը 44  Ո՛վ Աստուած, մեր ականջներովը լսեցինք,Հայրերնիս մեզի պատմեցինԱյն գործը, որ իրենց օրերուն մէջ գործեցիր՝Հին ժամանակը։   Դուն քու ձեռքովդ հեթանոսները քշեցիրՈւ զանոնք* տնկեցիր։Չարչարեցիր ժողովուրդներըՈւ տարածեցիր զանոնք։   Քանզի ո՛չ թէ իրենց սրովը ժառանգեցին երկիրըՈւ ո՛չ թէ իրենց բազուկը զիրենք փրկեց,Այլ քու աջ ձեռքդ ու քու բազուկդ եւ քու երեսիդ լոյսը՝Վասն զի անոնց հաճեցար։   Դուն ինքդ ես իմ Թագաւորս, ո՛վ Աստուած.Դուն Յակոբին փրկութիւններ ապահովեցիր։   Քեզմով մեր թշնամիները գետինը պիտի զարնենք.Մեր վրայ ելլողները քու անունովդ ոտքի տակ պիտի առնենք։   Վասն զի աղեղիս չեմ յուսարՈւ թուրս զիս չի կրնար ազատել.   Հապա դուն մեզ կը փրկես մեր թշնամիներէնՈւ մեզ ատողները ամօթով կ’ընես։   Ամէն օր Աստուծմով կը պարծենանքՈւ յաւիտեան քու անունդ պիտի գովենք։ (Սէլա։)   Սակայն մեզ մերժեցիր ու խայտառակ ըրիրՈւ մեր զօրքերուն հետ չելար։ 10  Թշնամիէն մեզ ետ դարձուցիրՈւ մեզ ատողները մեզ կողոպտեցին։ 11  Մեզ ոչխարի պէս ուտուելու տուիրՈւ հեթանոսներուն մէջ մեզ ցրուեցիր։ 12  Քու ժողովուրդդ ոչինչ գնով ծախեցիր,Առանց մեծ գին պահանջելու։ 13  Մեր դրացիներուն առջեւ մեզ խայտառակ ըրիր,Մեր բոլորտիքը եղողներուն՝ ծաղր ու ծանակ։ 14  Մեզ հեթանոսներուն մէջ ծաղրանքի առարկայ ըրիրՈւ ժողովուրդներուն մէջ գլուխ երերցնելու պատճառ։ 15  Ամէն օր իմ նախատինքս առջեւս էՈւ երեսիս ամօթը զիս կը ծածկէ՝ 16  Նախատողին ու հայհոյողին ձայնէն՝Թշնամիին ու վրէժխնդրին երեսէն։ 17  Այս ամէնը մեր վրայ եկաւ,Սակայն մենք քեզ չմոռցանք եւՔու ուխտդ սուտ չհանեցինք։ 18  Մեր սրտերը ետ չդարձան,Մեր քալուածքները քու ճամբայէդ դուրս չելան. 19  Թէպէտ չագալներուն եղած տեղը մեզ ճզմեցիրՈւ մահուան ստուերովը մեզ ծածկեցիր։ 20  Եթէ մեր Աստուծոյն անունը մոռցեր ենք,Կամ օտար աստուծոյ ձեռքերնիս երկնցուցեր ենք, 21  Միթէ Աստուած այս բանը պիտի չփնտռէ՞,Քանի որ ինք սրտին գաղտնիքները գիտէ, 22  Բայց ամէն օր քեզի համար կը սպաննուինք,Մորթուելու ոչխարի պէս կը սեպուինք։ 23  Արթնցի՛ր, ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ կը քնանաս.Ելի՛ր, մի՛ մերժեր մեզ յաւիտեան։ 24  Ինչո՞ւ երեսդ կը ծածկես,Մեր տրտմութիւնը ու տառապանքը կը մոռնաս։ 25  Վասն զի մեր անձը մինչեւ հողը ծռեցաւ,Մեր փորը գետինը փակաւ։ 26  Ելի՛ր, օգնէ՛ մեզիՈւ ազատէ՛ մեզ քու անուանդ համար։

Ստորանիշներ

44։2 Այսինքն, հայրերնիս