ՍԱՂՄՈՍ 34։1-22

Սաղմոս Դաւիթի, այն ատեն որ Աբիմելէքի առջեւ յիմար ձեւացաւ 34  Ամէն ժամանակ Տէրը պիտի գովեմ։Անոր գովութիւնը միշտ իմ բերանս պիտի ըլլայ։   Իմ անձս Տէրոջմով պիտի պարծի։Խոնարհները պիտի լսեն եւ ուրախ ըլլան։   Ինծի հետ Տէրը մեծցուցէ՛քՈւ մէկտեղ բարձրացնենք անոր անունը։   Տէրը փնտռեցի ու ինծի պատասխան տուաւԵւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց։   Անոր նայեցան ու լոյս առինԵւ անոնց երեսները չամչցան։   Այս աղքատը աղաղակեց ու Տէրը լսեց անորԵւ զանիկա իր բոլոր նեղութիւններէն փրկեց։   Տէրոջը հրեշտակը իր բանակը անկէ վախցողներուն չորս կողմը կը դնէՈւ զանոնք կ’ազատէ։   Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ։   Տէրոջմէ վախցէ՛ք, ո՛վ անոր սուրբեր,Վասն զի անկէ վախցողներուն բան մը պակաս չ’ըլլար։ 10  Առիւծի կորիւնները չքաւորութիւն ու անօթութիւն կը կրեն,Սակայն Տէրը փնտռողներուն բարութիւն մը պակաս պիտի չըլլայ։ 11  Եկէ՛ք, ո՛րդիք, մտի՛կ ըրէք ինծի,Տէրոջը վախը ձեզի պիտի սորվեցնեմ։ 12  Ո՞վ է այն մարդը որ ապրիլ կ’ուզէՈւ շատ օրեր կը սիրէ՝ բարութիւն տեսնելու համար։ 13  Քու լեզուդ չարութենէ պահէՈւ շրթունքներդ՝ նենգութիւն խօսելէ։ 14  Չարութենէ հեռացիր ու բարութիւն ըրէ,Խաղաղութիւն փնտռէ ու անոր ետեւէն գնա՛։ 15  Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ ենՈւ անոր ականջները՝ անոնց աղաղակին։ 16  Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է,Անոնց յիշատակը երկրէն բնաջնջելու համար։ 17  Արդարները կ’աղաղակեն ու Տէրը կը լսէՈւ իրենց բոլոր նեղութիւններէն կը փրկէ զանոնք։ 18  Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած էՈւ հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ։ 19  Արդարին նեղութիւնները շատ են,Բայց Տէրը բոլորէն կը փրկէ զանիկա։ 20  Անոր բոլոր ոսկորները կը պահէ,Անոնցմէ մէկը չի կոտրուիր։ 21  Չարութիւնը ամբարիշտը պիտի մեռցնէՈւ արդարը ատողները պիտի դատապարտուին։ 22  Տէրը իր ծառաներուն անձը կը փրկէԵւ իրեն յուսացողներէն բնաւ մէկը պիտի չդատապարտուի։

Ստորանիշներ