ՍԱՂՄՈՍ 18։1-50
Գլխաւոր երաժշտին՝ Տէրոջը ծառային Դաւիթին Սաղմոսը
18 Ո՛վ Տէր, իմ զօրութի՛ւնս, քեզ պիտի սիրեմ։
2 Տէրը իմ վէմս, ամրութիւնս ու փրկիչս է։Իմ Աստուածս իմ պարիսպս է, ես անոր կը յուսամ,Անիկա իմ վահանս ու իմ փրկութեանս եղջիւրըՈւ իմ բարձր աշտարակս է։
3 Օրհնեալ Տէրը կը կանչեմՈւ իմ թշնամիներէս կ’ազատիմ։
4 Մահուան լարերը իմ բոլորտիքս առինՈւ անօրէնութեան հեղեղները զիս վախցուցին։
5 Գերեզմանին լարերը զիս պաշարեցինՈւ մահուան որոգայթները իմ առջեւս առին։
6 Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը կանչեցիՈւ իմ Աստուծոյս աղաղակեցի.Անիկա իր տաճարէն իմ ձայնս լսեցՈւ իմ աղաղակս անոր առջեւ՝ անոր ականջը հասաւ։
7 Այն ատեն երկիր սասանեցաւ ու դողացՈւ լեռներուն հիմերը շարժեցան ու սասանեցան,Քանզի Անիկա բարկացաւ։
8 Անոր քթէն ծուխ ելաւՈւ բերնէն՝ մաշող կրակ,Անկէ կայծակներ բռնկեցան։
9 Անիկա երկինքը խոնարհեցուց ու իջաւ,Անոր ոտքերուն տակ մառախուղ կար։
10 Քերովբէի մը վրայ ելաւ ու թռաւՈւ հովին թեւերուն վրայ սլացաւ։
11 Խաւարը իրեն ծածկոյթ ըրաւՈւ իր բոլորտիքը՝ իրեն բնակարան,Թանձր ջուրերը ու երկնքի ամպերը ըրաւ։
12 Անոր պայծառութենէն ամպերը անցանԿարկուտով ու կրակի կայծակներով։
13 Տէրը երկնքին մէջ որոտացԵւ Բարձրեալը իր ձայնը լսել տուաւԿարկուտով ու կրակի կայծակներով։
14 Իր նետերը ղրկեց ու զանոնք ցրուեցԵւ շատ կայծակներ ղրկեց ու զանոնք խռովեցուց։
15 Քու յանդիմանութիւնովդ, ո՛վ Տէր,Քու բարկութեանդ հովին փչելովըՋուրերուն յատակները երեւցանՈւ աշխարհի հիմերը յայտնուեցան։
16 Բարձրէն ղրկեց ու զիս բռնեցԵւ շատ ջուրերէն զիս հանեց։
17 Իմ զօրեղ թշնամիէս ու զիս ատողներէն ազատեց զիս.Թէեւ ինձմէ զօրաւոր էին։
18 Իմ նեղութեանս օրը իմ առջեւս առին,Բայց Տէրը ինծի հաստատութեան գաւազան եղաւ
19 Եւ զիս լայնարձակ տեղ մը հանեցՈւ զիս ազատեց, վասն զի ինծի հաւնեցաւ։
20 Տէրը իմ արդարութեանս փոխարէն կը հատուցանէ,Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ հատուցում կ’ընէ ինծի.
21 Վասն զի Տէրոջը ճամբաները պահեցիՈւ իմ Աստուծոյս դէմ ամբարշտութիւն չըրի։
22 Քանզի անոր բոլոր դատաստանները իմ առջեւս էինՈւ անոր օրէնքները ինձմէ չհեռացուցի։
23 Նաեւ անոր առջեւ կատարեալ եղայՈւ անօրէնութենէ զգուշացայ։
24 Տէրը ինծի հատուցում ըրաւ իմ արդարութեանս համեմատ,Իմ ձեռքերուս մաքրութեանը համեմատ՝ որ անոր աչքերուն առջեւ է։
25 Ողորմածին հետ ողորմած կ’ըլլաս,Կատարեալ մարդուն հետ կատարեալ կ’ըլլաս.
26 Մաքուրին հետ մաքուր կ’ըլլասՈւ ծուռին հետ կը ծռիս։
27 Վասն զի դուն վշտացած ժողովուրդը կ’ազատեսՈւ ամբարտաւան աչքերը կը ցածցնես։
28 Քանզի դուն իմ ճրագս կը վառես։Իմ Տէր Աստուածս իմ խաւարս կը լուսաւորէ։
29 Քանզի քեզմով գունդի մը վրայ կ’արշաւեմՈւ իմ Աստուծմովս պարիսպէ կ’անցնիմ։
30 Աստուծոյ ճամբան կատարեալ էՏէրոջը խօսքերը փորձուած են։Անիկա ամէն իրեն յուսացողներուն ասպար է։
31 Քանզի Տէրոջմէն զատ ո՞վ է Աստուած,Կամ մեր Աստուծմէն զատ ո՞վ է վէմ։
32 Աստուած է որ ինծի զօրութիւն կը հագցնէՈւ իմ ճամբաս կատարեալ կ’ընէ։
33 Իմ ոտքերս եղջերուի ոտքերուն պէս կ’ընէՈւ իմ բարձր տեղերուս վրայ զիս կը կայնեցնէ։
34 Ձեռքերս պատերազմի կը վարժեցնէՈւ իմ բազուկներս պղնձէ աղեղ կը լարեն*։
35 Ինծի քու փրկութեանդ ասպարը տուիր.Եւ քու աջ ձեռքդ զիս զօրացուցՈւ քու քաղցրութիւնդ զիս մեծցուց։
36 Քալելու համար ճամբաս ներքեւս լայնցուցիրՈւ իմ ոտքիս յօդուածները չսասանեցան։
37 Իմ թշնամիներս հալածեցի ու անոնց հասայՈւ ետ չդարձայ՝ մինչեւ որ զանոնք հատցուցի.
38 Զանոնք գետինը զարկի ու կանգնելու կարող չեղան։Անոնք իմ ոտքերուս տակ ինկան։
39 Պատերազմի համար ինծի զօրութիւն հագցուցիր,Իմ վրաս ելլողները տակս ձգեցիր։
40 Իմ թշնամիներուս կռնակը ինծի դարձնել տուիր*,Որպէս զի զիս ատողները ջարդեմ։
41 Աղաղակեցին, բայց ազատող չկար։Տէրոջը աղաղակեցին, բայց անոնց պատասխան չտուաւ։
42 Ու զանոնք հովին առջեւէն մղուած փոշիի պէս մանրեցիԵւ փողոցներուն ցեխին պէս մէկդի ձգեցի զանոնք։
43 Ժողովուրդին կռիւներէն զիս ազատեցիրՈւ զիս ազգերու գլուխ ըրիր։Ժողովուրդը, որ չէի ճանչնար, ինծի ծառայեց։
44 Իրենց ականջներով լսածնուն պէս՝ ինծի հնազանդեցան.Օտարները ինծի խոնարհութիւն ըրին*։
45 Օտարները տկարացանԵւ իրենց պահուըտած տեղերէն դողացին։
46 Տէրը կենդանի է։Իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայԵւ իմ փրկութեանս Աստուածը բարձր ըլլայ։
47 Աստուած է, որ իմ վրէժս կը լուծէՈւ ժողովուրդները ինծի կը հնազանդեցնէ։
48 Իմ թշնամիներէս զիս կը փրկէ.Նաեւ զիս իմ հակառակորդներէս աւելի բարձրացուցիրՈւ բռնաւոր մարդէն զիս ազատեցիր։
49 Անոր համար, ո՛վ Տէր, ազգերուն մէջ քեզ պիտի գովեմ։Ես քու անուանդ սաղմոս պիտի երգեմ։
50 Իր թագաւորին փրկութիւնները մեծցնողըՈւ իր օծեալին՝ Դաւիթին ու անոր սերունդինՅաւիտեան ողորմութիւն ընողը՝ Ա՛ն է։
Ստորանիշներ
^ 18։34 Կամ, բազուկներովս պղնձէ աղեղ մը կը կոտրուի
^ 18։40 Կամ, պարանոցը ինծի տուիր
^ 18։44 Եբր., ստեցին