ՍԱՂՄՈՍ 137։1-9

137  Բաբելոնի գետերուն քով՝Հո՛ն կը նստէինքՈւ Սիօնը մտքերնիս բերելով կու լայինք։   Անոր մէջ՝ ուռիներուն վրայԿախեցինք մեր քնարները.   Վասն զի մեզ գերի ընողներըՀոն մեզմէ երգ մը խնդրեցինՈւ մեր կողոպտիչները* ուրախութիւն,Ըսելով. «Երգեցէ՛ք մեզի Սիօնի երգերէն»։   Տէրոջը երգը ի՜նչպէս երգենքՕտար երկրի մէջ։   Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ,Թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ.   Թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի,Եթէ քեզ չյիշեմ,Եթէ Երուսաղէմը իմ գլխաւոր ուրախութենէսԱւելի մեծ չհամարեմ։   Յիշէ՛, ո՛վ Տէր, Եդովմի որդիներըԵրուսաղէմի օրուանը մէջ,Որոնք կ’ըսէին. «Փլցուցէ՛ք, փլցուցէ՛քՄինչեւ անոր հիմը»։   Ո՛վ Բաբելոնի աւերող* աղջիկ,Երանի՜ անոր՝ որ քեզի կը հատուցանէՄեզի ըրած գործերուդ փոխարէնը։   Երանի՜ անոր՝ որ քու զաւակներդ կը բռնէՈւ քարի կը զարնէ։

Ստորանիշներ

137։3 Կամ, գերեվարները
137։8 Կամ, աւրուելու