ՅՈԲԱՅ 31։1-40

31  «Աչքերուս հետ ուխտ ըրի.Ուրեմն ի՞նչպէս կոյսի վրայ մտածեմ։   Քանզի վերէն՝ Աստուծմէ՝ ի՞նչ բաժին պիտի տրուի ինծիՈւ բարձր տեղերէն, Ամենակարողէն՝ ի՞նչ ժառանգութիւն։   Կորուստը ամբարշտին համար սահմանուած չէ՞Ու սոսկալի պատիժը՝ անօրէնութիւն գործողներուն համար։   Միթէ Անիկա իմ ճամբաներս չի՞ տեսներՈւ ամէն քայլերս չի՞ համրեր։   Եթէ ստութեան մէջ քալեցի,Կամ իմ ոտքս նենգութեան արտորաց,   Թող կշռէ զիս արդարութեան կշիռքովՈւ Աստուած իմ անմեղութիւնս գիտնայ։   Եթէ ոտքս ճամբայէն խոտորեցաւՈւ սիրտս աչքերուս ետեւէն գնացՈւ ձեռքերուս արատ մը փակաւ,   Թող ես սերմանեմ եւ ուրիշը ուտէՈւ բուսցուցածս արմատէն թող փրցուի։   Եթէ սիրտս կնոջ մը ետեւէն մոլորեցաւ,Կամ թէ դրացիիս դուռը դարանամուտ եղայ, 10  Իմ կինս ուրիշի մը համար աղօրիքի քար թող դարձնէԵւ ուրիշները անոր վրայ թող ծռին։ 11  Վասն զի այս պղծագործութիւն էՈւ դատաւորներէն դատուելու՝ անօրէնութիւն։ 12  Լափող կրակ մըն է, որ պիտի վառի մինչեւ զիս կորսնցնէՈւ բոլոր արդիւնքս արմատէն խլէ։ 13  Եթէ ծառայիս կամ աղախինիս իրաւունք ընել չուզեցիՈւ ինծի հետ վէճ ունեցան, 14  Ես ի՞նչ պիտի ընեմ, երբ Աստուած ելլէՈւ երբ քննէ ի՞նչ պատասխան պիտի տամ անոր։ 15  Չէ՞ որ զիս որովայնի մէջ ստեղծողը զանոնք ալ ստեղծեց։Մէկ չէ՞ մեզ ամէնքս ալ արգանդի մէջ ձեւակերպողը։ 16  Եթէ աղքատին խնդրածը չտուիՈւ որբեւայրիին աչքերը մարեցուցի, 17  Եթէ պատառս մինակ կերայՈւ անկէ որբն ալ չկերաւ, 18  (Վասն զի երիտասարդութենէս ի վեր հօր պէս մեծցուցի զանիկա*Ու մօրս արգանդէն անոր* խնամք տարի), 19  Եթէ հանդերձ չունեցող մը՝ կորսուելու վրայ,Կամ ծածկոց չունեցող չքաւոր մը տեսայ 20  Ու եթէ անոր երանքը չօրհնեցին զիսՈւ իմ ոչխարներուս բուրդէն չտաքցան, 21  Եթէ ձեռքս որբին դէմ վերցուցի,Երբ տեսայ թէ դրանը մէջ ինծի օգնականներ կան, 22  Թող իմ անրակս ուսէս իյնայՈւ բազուկս արմուկէս կտրուի։ 23  Քանի որ Աստուծոյ դատաստանէն* կը վախնայիՈւ անոր մեծափառութեանը առջեւ չէի կրնար կենալ։ 24  Եթէ յոյսս ոսկիի վրայ դրի,Զուտ ոսկիին ըսի թէ՝ ‘Իմ վստահութիւնս դուն ես’. 25  Եթէ ստացուածքս շատ ըլլալուն համարՈւ ձեռքս շատ ստանալուն համար ուրախացայ, 26  Եթէ արեւին նայեցայ՝ անոր խիստ փայլուն եղած ատենը,Կամ պայծառութեամբ քալող լուսնին 27  Ու սիրտս գաղտնօրէն հրապուրուեցաւՈւ բերանս ձեռքս համբուրեց 28  Որ այս ալ պատիժի արժանի անօրէնութիւն մըն է,Քանի որ վերը բնակող Աստուածը խաբած կ’ըլլայի, 29  Եթէ զիս ատողին թշուառութեանը վրայ ուրախացայ,Կամ անոր փորձանքի հանդիպելուն ատեն խնդացի 30  Լեզուիս* ալ չթողուցի, որ մեղք գործէ՝Անէծքով անոր մեռնիլը ուզելով, 31  Եթէ վրանիս մարդիկը չըսին՝‘Ո՞վ անոր միսէն չէ կշտացած* 32  Հիւրը երբեք գիշերը դուրսը չէր մնար,Ճանապարհորդին դուռս կը բանայի. 33  Եթէ յանցանքներս Ադամին* պէս ծածկեցիՈւ անօրէնութիւնս ծոցիս մէջ պահեցի, 34  Շատ բազմութենէ վախնալովՈւ ազգերուն անարգութիւնը զիս վախցնելով,Ա՛լ չխօսիմ ու դռնէն չելլեմ։ 35  Երանի՜ թէ ինծի ականջ դնող մը ըլլար.Ահա այս է իմ փափաքս, որ Ամենակարողը ինծի պատասխան տայՈւ իմ ոսոխիս ամբաստանագիր մը գրէր։ 36  Անշուշտ զանիկա իմ ուսիս վրայ պիտի կրէիՈւ պսակի պէս ինծի պիտի կապէի. 37  Քայլերուս համրանքը անոր պիտի ըսէի,Իշխանի պէս պիտի մօտենայի անոր։ 38  Եթէ իմ երկիրս ինծի դէմ բողոքէՈւ անոր ակօսները լան, 39  Եթէ անոր արդիւնքը առանց ստակի կերայ,Կամ անոր տէրերուն հոգին հանեցի, 40  Ցորենին տեղ՝ փուշՈւ գարիին տեղ որոմ թող բուսցնէ»։ Յոբին խօսքերը լմնցան։

Ստորանիշներ

31։18 Այսինքն, որբը
31։18 Այսինքն, որբեւայրիին
31։23 Եբր., կորուստէն
31։30 Եբր., Քիմքիս
31։31 Եբր., Երանի՜ թէ անոր միսէն կշտանայինք
31։33 Կամ, մարդու