ՅՈԲԱՅ 16։1-22
16 Յոբ պատասխանեց.
2 «Ես ատոնց պէս շատ բաներ լսած եմ.Ամէնքդ ալ ձանձրացնող մխիթարիչներ էք։
3 Դատարկ խօսքերը վերջ ունի՞ն.Կամ ի՞նչ բանէ դրդուած պատասխան կու տաք։
4 Ես ալ ձեզի պէս կրնայի խօսիլ։Եթէ ձեր անձը իմ անձիս տեղը ըլլար,Կրնայի ձեզի դէմ խօսքեր դիզելՈւ ձեզի դէմ գլուխս երերցնել։
5 Սակայն իմ բերնովս կրնայի ձեզ զօրացնելՈւ շրթունքներուս մխիթարութիւնը ձեր տրտմութիւնը կրնար փարատել։
6 Եթէ խօսիմ՝ տրտմութիւնս չի փարատիրԵւ եթէ լռեմ՝ ի՞նչ կը պակսի ինձմէ։
7 Բայց հիմա Աստուած զիս յոգնեցուց.Բոլոր տունս* ամայի ըրաւ»։
8 Նաեւ զիս բռնեց* ու ասիկա ինծի դէմ վկայութիւն մըն էՈւ իմ նիհարութիւնս ինծի դէմ ելլելով՝ զիս կ’ամբաստանէ։
9 Անոր բարկութիւնը զիս պատռեց ու ինծի թշնամի եղաւ,Ակռաները իմ վրաս կրճտեց։Թշնամիս սուր աչքերով ինծի նայեցաւ։
10 Բերաննին վրաս բացինՈւ զիս նախատելու համար ծնօտներուս ապտակ զարկին.Մէկտեղ վրաս հաւաքուեցան։
11 Աստուած զիս ամբարշտին յանձնեցՈւ անօրէններուն ձեռքը ձգեց։
12 Հանգիստ էի ու զիս ճնշեցՈւ վզէս բռնելով՝ զիս ջախջախեցՈւ զիս իրեն նշանակէտ ըրաւ։
13 Անոր աղեղնաւորները իմ բոլորտիքս առին։Երիկամունքներս կը խոցէ ու ինծի չի խնայեր.Մաղձս գետինը կը թափէ։
14 Կոտորածի վրայ կոտորած ընելով զիս կոտորեց,Իմ վրաս զինուորի մը պէս յարձակեցաւ։
15 Մորթիս վրայ քուրձ կարեցիՈւ եղջիւրս հողով* աղտոտեցի։
16 Երեսս լալէն ուռեցաւ*Ու աչքիս թարթիչներուն վրայ մահուան շուք կայ.
17 Թէեւ ձեռքերուս մէջ անօրէնութիւն չկայՈւ աղօթքս մաքուր է։
18 Ո՛վ երկիր, իմ արիւնս մի՛ ծածկերՈւ աղաղակս հանգստանալու տեղ թող չգտնէ։
19 Հիմա ալ՝ ահա իմ վկաս երկնքի մէջ է ուՓաստաբանս բարձր տեղերն է։
20 Զիս ծաղր ընողները իմ բարեկամներս են։Աչքերս Աստուծոյ առջեւ արցունք կը թափեն։
21 Երանի՜ թէ մարդ կարենար Աստուծոյ հետ վիճաբանիլ,Ինչպէս մարդ՝ իր ընկերին հետ։
22 Վասն զի քիչ տարիներ անցնելէ յետոյ՝Այնպիսի ճամբայ մը պիտի երթամ, ուրկէ ա՛լ պիտի չդառնամ։
Ստորանիշներ
^ 16։7 Եբր., ժողովս
^ 16։8 Կամ, խորշոմութիւններով ծածկեց
^ 16։15 Կամ, հողի մէջ
^ 16։16 Կամ, կարմրեցաւ